Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբեր եւ Երկուշաբթի, 1
Հոկտեմբեր 2018-ին, Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ տեղի ունեցաւ Թաւրիզի
հայագիտական Բ․ գիտաժողովը՝ հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Գրիգոր եպս․ Չիֆթճեանի։ Ըստ կազմակերպիչ յանձնախումբի
հաղորդած տեղեկութեան, գիտաժողովը ամենամեայ դրութեամբ տեղի պիտի ունենայ։
Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս, հայագիտական տարբեր բնագաւառներու մէջ
հմտութիւն ձեռք ձգած շուրջ տասնեակ մը ուսումնասէրներ իրենց
զեկոյցներով հանդէս եկան եւ ներկայացուցին իրենց ուսումնասիրութեանց
արդիւնքը։ Այս տարի եւս, գիտաժողովը յատուկ նշանաբան մը չունէր, նիւթերու
այլազանութիւնը կը յատկանշուէր։ Զեկուցումներ ներկայացուեցան հետեւեալ
բնագաւառներէն․ Ատրպատականի Թեմի տեղական պատմութիւն եւ գիտարշաւ, Հայոց
Ցեղասպանութիւն, հայ հին եւ նոր գրականութիւն, երաժշտութիւն,
միսիոնագիտութիւն եւ ընկերաբանութիւն։ Զեկուցաբերները ժամանած էին
Գերմանիոյ տարբեր քաղաքներէն, Յունաստանէն եւ Ճաբոնէն։ Միջին Արեւելքի
անապահով կացութիւնը նկատի առնելով, կարգ մը զեկուցաբերներ իրենց
մասնակցութենէն դժբախտաբար հրաժարած էին։ Գիտաժողովին լեզուն անգլերէնն էր։
Ներկայ գտնուեցան թաւրիզահայ համայնքի անդամներ, որոնց մէջ երիտասարդներու
թիւը զգալի ու քաջալերական էր։
Blog for informed opinions / Կայքագիր իրազեկ կարծիքներու համար / Blog para opiniones informadas
Showing posts with label հայագիտութիւն. Show all posts
Showing posts with label հայագիտութիւն. Show all posts
18.10.18
26.12.17
Աշխարհիկ հոգեհանգիստ՝ «Բազմավէպ»-ի խմբագիրներուն համար
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Եթէ հնդկահայերը խլեցին հայերէն անդրանիկ թերթը հրատարակելու պատիւը (1794, Մատրաս), ապա Ս. Ղազարու Մխիթարեաններն ալ կրնան հպարտանալ ԱՌ ԱՅՍՕՐ հայերէն երիցագոյն ու ամենաերկարակեաց պարբերականը դիեցուցած ու ապրեցուցած ըլլալու իրողութեամբ։
Խօսքը կը վերաբերի «Բազմավէպ»-ին։
Բացառիկ երեւոյթ մըն է սա,— ըստ Հ. Լեւոն Զէքիեանի մէկ հաստատումին՝ «Բազմավէպ» ոչ միայն Իտալիոյ մէջ ցայժմ հրատարակուող թերթերուն նահապետն է, այլեւ չորրորդը՝ աշխարհի հնագոյն պարբերականներուն։
Շուրջ 175 տարիէ ի վեր այս պարբերաթերթը կը քալէ հայ կեանքին հետ անխափան։
Խօսքը կը վերաբերի «Բազմավէպ»-ին։
Բացառիկ երեւոյթ մըն է սա,— ըստ Հ. Լեւոն Զէքիեանի մէկ հաստատումին՝ «Բազմավէպ» ոչ միայն Իտալիոյ մէջ ցայժմ հրատարակուող թերթերուն նահապետն է, այլեւ չորրորդը՝ աշխարհի հնագոյն պարբերականներուն։
Շուրջ 175 տարիէ ի վեր այս պարբերաթերթը կը քալէ հայ կեանքին հետ անխափան։
10.11.17
Իշխան Չիֆթճեան. «Ղարաբաղի սահմանները պաշտպանող զինուորը եւ հայագիտութեամբ զբաղող գիտնականը էութեամբ չեն տարբերիր իրարմէ. երկուքն ալ սահմաններ կը պաշտպանեն»
13/16 Հոկտեմբեր 2017-ին Թաւրիզի մէջ տեղի ունեցաւ
հայագիտական գիտաժողով մը, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի
Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Գրիգոր Սրբ. Եպս. Չիֆթճեանի,
կազմակերպութեամբ Թեմական Խորհուրդին: Գիտաժողովին հայագիտութեան կալուածը
շօշափող այլազան նիւթերով հանդէս եկան հայ եւ օտար հայագէտներ:
Լրատուական տեղեկութիւններէն անդին, գիտաժողովի
առաջադրանքին ու անոր ընթացքին արծարծուող նիւթերուն ընթերցողները իրազեկ դարձնելու համար, Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցած է
գիտաժողովի մասնակից, Համպուրկի համալսարանի դասախօս եւ գիտաժողովի
կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Իշխան Չիֆթճեանի հետ:
20.10.17
Թաւրիզի առաջին հայագիտական գիտաժողովը
ԱՌԱՋԻՆ ՕՐ
Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ատրպատականի ազգային առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» սրահում պաշտօնական բացումը կատարուեց Թաւրիզի հայագիտական առաջին գիտաժողովին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ թեմակալ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմական Խորհրդի:
Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ատրպատականի ազգային առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» սրահում պաշտօնական բացումը կատարուեց Թաւրիզի հայագիտական առաջին գիտաժողովին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ թեմակալ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմական Խորհրդի:
Տարբեր երկրներից ժամանած օտար հայագէտներ
մասնակցում էին սոյն գիտաժողովին, հայագիտութեան կալուածը շօշափող այլազան
նիւթերով՝ հայկական ձեռագրագիտութիւն, պատմութիւն, վաւերագրութիւն,
ազգագրութիւն, հայ-գերմանական յարաբերութիւններ, հայ-քրդական
յարաբերութիւններ, Գերմանիա եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն, Գերմանացիների
հայախնամ առաքելութիւնը Թաւրիզում եւ Սպահանում, հայ ժողովրդի յետեղեռնեան
վերընձիւղումը, գոյապայքարը եւ արդար պահանջատիրութիւնը, որոնք
ներկայացուեցին առաջին օրուայ երեք նիստերում: Գիտաժողովը ընթացաւ անգլերէն
լեզուով:
9.7.17
Հարցազրոյց UCLA համալսարանի հայագիտական ամպիոնի դասախօս Յակոբ Կիւլլիւճեանի հետ
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
«Նոր Յառաջ» - Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները զօրաւոր լուսարձակի տակ են։ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը կը դիմէ սփիւռքահայ մեծ կազմակերպութիւններուն՝ Բարեգործականին, IdeA-ին, Ամերիկայի Հայկական Համագումարին, մեծահարուստներու... անոնց նեցուկը ապահովելու համար։ Տնտեսականէն անդին դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները կրթական ու մշակութային բնագաւառներուն մէջ։
Յակոբ Կիւլլիւճեան - Տալիքս միայն տպաւորութիւններ են, որոնք չեն հիմնաւորուած ցանկագրուած տուեալներով։ Տպաւորութիւն մը սակայն ընդհանրապէս ցուցանիշ է առկայ իրականութեան մը։ Հայաստան-Սփիւռք կրթական ու մշակութային յարաբերութիւններու գաղափարն իսկ մտքիս մէջ կը յառաջացնէ ապշութիւն՝ գրեթէ չնաշխարհիկ բանի մը յիշատակման պէս։ Խօսքս կը վերաբերի պաշտօնական յարաբերութիւններու, որոնք սահմանափակուած կը թուին ըլլալ արժանաւորներու թէ այլոց տրուող առատ շքանշաններու։ Մնացեալ կապերը ընդհանրապէս ոչ-պետական մակարդակի վրայ են ու հետզհետէ աւելի աշխոյժ կը թուին ըլլալ։ Մէկ կողմէ կան Հայաստանի աւանդական գիտական ու կրթական հաստատութիւններու նախաձեռնութիւնները, ուր դեռ կը յամենայ հին սովորութիւնը, օրինակ՝ գիտաժողովներու մասնակցութեան միջազգային հրաւէր ուղարկելու ձեռնարկի թուականէն երկու շաբաթ առաջ։ Միւս կողմէ, սակայն, մեծ կենսունակութիւն կ՚ապրին մասնաւոր խմբաւորումներու եւ անհատներու կողմէ յառաջ մղուած ձեռնարկները։
4.7.17
«Այս գրադարանին դերը ո՛չ միայն ժառանգութիւնը պահպանել է, այլ նաեւ՝ գործել իբրեւ գիտական հաստատութիւն»
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
«Նոր Յառաջ» - Ինչպէ՞ս դրուած են ՀԲԸՄ-ի «Նուպարեան» գրադարանի հիմերը։
Պորիս Աճէմեան - Ընդհանուր գիծերու մէջ ծանօթ ենք գրադարանի ծննդոցին, բայց անոր պատմութիւնը տակաւին չէ գրուած եւ կը պարունակէ մութ ծալքեր։ Տեղեակ ենք որ գիրքերու մեծ մասը 1920-ին գրադարան հասած է Պոլսոյ հայ մատենագիրներու նուիրատւութեան միջոցաւ, որոնք իրենց անձնական հաւաքածոները կտակած են «Նուպարեան» գրադարանին։ Գրադարանը աչքի կ՚իյնայ իր տպագիր հաւաքածոներու հարստութեամբ (աւելի քան 43.000 գիրքեր եւ 1500 անուն թերթեր եւ հանդէսներ), ինչպէս նաեւ իր տրամադրութեան տակ գտնուող կարեւոր արխիւներով։ Սակայն մենք շատ քիչ տեղեկութիւն ունինք անոնց ձեւաւորման մասին, ինչպէս է Արամ Անտոնեանի հաւաքագրած արխիւներու պարագան։ Ան առաջինն էր, որ պատասխանատուութիւնը ստանձնեց կազմակերպելու «Նուպարեան» գրադարանը՝ 1928-էն մինչեւ իր մահը՝ 1951-ին։
Պորիս Աճէմեան - Ընդհանուր գիծերու մէջ ծանօթ ենք գրադարանի ծննդոցին, բայց անոր պատմութիւնը տակաւին չէ գրուած եւ կը պարունակէ մութ ծալքեր։ Տեղեակ ենք որ գիրքերու մեծ մասը 1920-ին գրադարան հասած է Պոլսոյ հայ մատենագիրներու նուիրատւութեան միջոցաւ, որոնք իրենց անձնական հաւաքածոները կտակած են «Նուպարեան» գրադարանին։ Գրադարանը աչքի կ՚իյնայ իր տպագիր հաւաքածոներու հարստութեամբ (աւելի քան 43.000 գիրքեր եւ 1500 անուն թերթեր եւ հանդէսներ), ինչպէս նաեւ իր տրամադրութեան տակ գտնուող կարեւոր արխիւներով։ Սակայն մենք շատ քիչ տեղեկութիւն ունինք անոնց ձեւաւորման մասին, ինչպէս է Արամ Անտոնեանի հաւաքագրած արխիւներու պարագան։ Ան առաջինն էր, որ պատասխանատուութիւնը ստանձնեց կազմակերպելու «Նուպարեան» գրադարանը՝ 1928-էն մինչեւ իր մահը՝ 1951-ին։
11.5.17
Ինչպէս ունենալ միջազգային մակարդակով մրցունակ հայագիտութիւն. գիտնականի առաջարկները
ՀԱՅԿՈՒՀԻ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«Թէեւ վերջին տարիներին Հայաստանում շատ է խօսւում գիտութեան խնդիրների մասին` փոփոխութիւններ չեմ տեսնում: Ակադեմիայում, օրինակ, ամէն ինչ այնպէս է, ինչպէս որ էր: Մինչդեռ դա գիտութեան ղեկավարման լաւագոյն մօտեցումը չէ: Անհրաժեշտ է թէ՛ անձերի, թէ՛ մօտեցումների, թէ՛ գործելաոճի փոփոխութիւն»,- ասում է բանասիրական գիտութիւնների դոկտոր, ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան Ւնստիտուտի բանահիւսութեան տեսութեան եւ պատմութեան բաժնի աւագ գիտաշխատող Արմէն Պետրոսեանը` մեկնաբանելով գիտութեան վիճակը Հայաստանում:
Պատասխանելով այն հարցին, թէ որոնք է համարում առաջնահերթ լուծում պահանջող խնդիրները մեր երկրում գիտութիւնը պահպանելու եւ հետագայում զարգացնելու համար, Պետրոսեանն անդրադառնում է միայն հումանիտար ոլորտին, որի նրբութիւններին տեղեակ է: «Եթէ սկսեմ ասել այն, ինչ մտածում եմ, եւ այն, ինչ գիտեմ` շատ ողբերգական պատկեր կը ստացուի: Ուստի մեղմ ձեւակերպումներ կը տամ»,- ասում է նա:
14.12.16
Քառորդ դարու աշխատանք
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի «Հայաստան» հրատարակչութենէն լոյս տեսած է
հայրենի պատմա-բանասէր, հայագէտ ու սփիւռքագէտ Արծուի
Բախչինեանի «Հայերը համաշխարհային պարարուեստում» գիրքը,
որ կը ներկայացնէ աշխարհի աւելի քան քառասուն երկիրներէ շուրջ
եօթ հարիւր յիսուն հայ կամ հայկական ծագում ունեցող պարուհիներ,
պարադիրներ եւ պարուսոյցներ:
Համաշխարհային պարարուեստին մէջ հայազգի գործիչներու մասին
այսպիսի գիրք հրատարակելու հայ հեղինակին վաղեմի
ցանկութիւնը իրականութիւն դարձած է պարարուեստի երախտաւոր,
Երեւանի պարարուեստի ուսումնարանի առաջին սփիւռքահայ
ուսանող, Լիբանանի առաջին արհեստավարժ պալէի պարուհիներէն,
այժմ գանատաբնակ պալէի ուսուցչուհի՝ Սօնա Փոլատեան-Օրճանեանի
սիրայօժար մեկենասութեան շնորհիւ:
Արծուի Բախչինեան, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ծանօթ անուն
մըն է թէ՛ իր գիրքերով եւ թէ՛ պատմա-բանասիրական
գործունէութեամբ, 2009 թուականէն ի վեր կ՚աշխատի Հայաստանի
Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի
Սփիւռքի եւ հայկական գաղթօճախներու պատմութեան բաժնին մէջ, ուր
ան սիրով հիւրընկալեց «Ժամանակ»ը, պատմեց թէ՛ իր նոր լոյս տեսած
գիրքին մասին (մակագրելով զայն) եւ թէ՛ ալ հայագէտի,
պատմա-բանասէրի այսօրուան այլեւայլ խնդիրներուն հանդէպ իր
մօտեցումները ներկայացուց։
25.5.15
Հարցազրոյց Երեւանի «Մաշտոց» Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի հետ
«Նոր Յառաջ» - Քանի՞ տարի է որ Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնը կը
վարէք եւ ընդհանրապէս ի՞նչ բարեմասնութիւններ պէտք է ունենալ այդ
պատասխանատուութիւնը ստանձնելու համար։
Հրաչեայ Թամրազեան - 2007էն ի վեր կը վարեմ Երեւանի Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնը։ Այս պատասխանատու գործին համար նախ պէտք է երկար տարիներ հոն աշխատելու փորձառութիւնը ունենալ եւ բնականաբար քաջածանօթ ըլլալ ձեռագրական աշխարհին, միջնադարագէտ ըլլալն ալ պայման է, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական յատկութիւնները անհրաժեշտ են, նկատի ունենալով որ Մատենադարանը շատ ինքնատիպ հիմնարկ մըն է։ Պէտք է կարենալ երիտասարդներու հետ աշխատիլ՝ նոր սերունդներ ներգրաւելու առումով։ Այս հիմնարկին մէջ աշխատողը այլեւս չի կրնար անկէ դուրս իր կեանքը պատկերացնել։
Հրաչեայ Թամրազեան - 2007էն ի վեր կը վարեմ Երեւանի Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնը։ Այս պատասխանատու գործին համար նախ պէտք է երկար տարիներ հոն աշխատելու փորձառութիւնը ունենալ եւ բնականաբար քաջածանօթ ըլլալ ձեռագրական աշխարհին, միջնադարագէտ ըլլալն ալ պայման է, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական յատկութիւնները անհրաժեշտ են, նկատի ունենալով որ Մատենադարանը շատ ինքնատիպ հիմնարկ մըն է։ Պէտք է կարենալ երիտասարդներու հետ աշխատիլ՝ նոր սերունդներ ներգրաւելու առումով։ Այս հիմնարկին մէջ աշխատողը այլեւս չի կրնար անկէ դուրս իր կեանքը պատկերացնել։
3.11.14
Զեկուցումներ՝ հայագիտական եւ գրադարանագիտական ժողովներու մասին
«Ազդակ»ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններուն ծիրին մէջ, 30 հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան շահեկան
զրոյց-լսարան մը տեղի ունեցաւ «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ,
ներկայութեամբ հայագիտական եւ առնչակից նիւթերով հետաքրքրուող
մտաւորականներու, մասնագէտներու եւ գրասէրներու:
Զեկուցաբերներն էին` ամերիկեան Միշիկըն համալսարանի Տիրպոռնի մասնաճիւղի Հայագիտական Հետազօտութեանց Կեդրոնի վարիչ դոկտ. Արա Սանճեան, «Հայկազեան»
համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն դոկտ.
Անդրանիկ Տագէսեան եւ «Հայկազեան» համալսարանի զոյգ գրադարաններու տնօրէն
Սոնիա Սիսլեան:
15.10.14
Հայկական «ազգային ազատագրական գիտութիւն»ը
ԱՐՄԷՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Մեզ մոտ երկու անգամ երկուսը նույնպես չորս է, միայն մի տեսակ ավելի կայտառ է դուրս գալիս:
Իվան Տուրգենև, «Ծուխ»
Սովետահայ իրականության մեջ, ստալինյան դաժան դարաշրջանից հետո, եկավ խրուշչովյան «Ձնհալը», և ազատության զեփյուռը նոր շունչ հաղորդեց սովետական մարդկանց: Ավարտվեց սարսափի թագավորությունը: Մարդկանց այլևս հոծ խմբերով չէին աքսորում Սիբիր կամ տեղում գնդակահարում, որոշ չափով թափանցիկ դարձավ «երկաթե վարագույրը», ինքը՝ երկրի առաջնորդը, գնում էր տարբեր երկրներ, սկսեցին տպագրվել արգելված գրողները, գնդակահարված շատերը վերականգնվեցին որպես «իսկական կոմունիստներ» և անմեղ մարդիկ, սկսեց թարգմանվել և տպվել «իմպերիալիստական» երկրների գրականությունը, մարդիկ լսում էին «Բիթլզ» և այլն, և այլն:
ՍՍՀՄ հանրապետություններում սկսվեց ազգային զարթոնքը: Սկսեցին գործել ընդհատակյա հայրենասիրական խմբակներ, 1965-ին Երևանում տեղի ունեցավ հայոց ցեղասպանության հիսունամյակին նվիրված առաջին հսկայական, ոչ պետականորեն կազմակերպված ցույցը: Մեր ժողովուրդը, օտար բռնակալների դարավոր լծի ու գաղութացման պայմաններում, ձևավորել էր առաջընթացի և պայքարի մեկ ձև՝ ազգային ազատագրական շարժումը: Եվ մեր ձնհալն էլ ձեռք բերեց նման գծեր. այն ևս մեր ժողովրդին այնքան հայտնի ազգային ազատագրական շարժման մի դրսևորում էր: Տարբեր հանրապետություններում ընթացող պրոցեսները շատ առումներով նույնական էին, բայց և տարբեր, «տեղական կոլորիտով»: Դե, ադրբեջանցիները պետք է դեռ փնտրեին իրենց ինքնությունը, վրացիները՝ ձգտեին վերականգնել Ստալինի անկումով խաթարված՝ ՍՍՀՄ երկրորդ ժողովուրդ լինելու հանգամանքը, նրանց պատմաբանները հասցնեին իրենց մինչև Իսպանիա, իսկ մերձբալթյան ժողովուրդները պարսավեին ռուսական լուծը և շարժվեին դեպի Եվրոպա, ազատություն ու անկախություն:
Այս ֆոնի վրա պետք է վերագնահատվեր մեր ժողովրդի պատմությունը, ավելի ազգային, ոչ ստանդարտ ստալինյան-սովետական դիրքերից նորից գրվեր այն: Ձնհալը վերագնահատում էր պատմությունը: Բացահայտվել և դատապարտվել էր «անհատի պաշտամունքը», ինչպես ասվեց՝ արդարացվել էին գնդակահարված և աքսորված զոհերը: Մեր պրոֆեսիոնալները «Ձնհալի» դիրքերից վերաշարադրում էին մեր պատմությունը, վերագնահատում գրականությունն ու արվեստը: Բայց դա, ակնհայտորեն, բավարար հեղափոխաբար չէր արվում: Պրոֆեսիոնալները հակված չեն հեղափոխականության: Նրանք սովորաբար չեն հավատում ըստ նոր քամիների ուղղության բոլոր հին գաղափարները վերաձևելու տեսություններին, չեն հավատում արագընթաց, կայծակնային նոր լուծումներին և հեշտ չեն անցնում «ապստամբների» կողմը: Ազգային ազատագրական շարժումներում, ինչպես հեղափոխությունների ժամանակ, ռազմադաշտի առաջին դիրքերը զբաղեցնում են հերոսները և կրակոտ երիտասարդ մտավորականները՝ սիրողները, մարտնչող դիլետանտները: Նրանց զինանոցում են՝ խիզախ հայրենասիրությունը, երիտասարդությունը, գիտելիքների պակասը, սուր լեզուն և բոլորին քննադատելու ու հեղինակություններին հակադրվելու հզոր կամքը: Այսպես առաջացավ հայոց նոր պատմագրության և ընդհանրապես հայագիտության նոր, ժամանակակից ճյուղը՝ «ազգային ազատագրական գիտությունը»:
Առաջին ծիծեռնակներն ու ձեռքբերումներն արդեն տպավորիչ էին: Իսկ շարժումը տասնամյակների ընթացքում գրանցում էր նորանոր ձեռքբերումներ: Նախ, մեր երկրի հնագույն կայսրությունը՝ Ուրարտուն, վերագնահատվեց ու բացահայտվեց որպես հայկական պետություն, իր հայ արքաներով ու հայ բնակչությամբ, և նույնիսկ Ուրարտու տերմինն ինքը սկսեց մերժվել՝ որպես հակահայ մի բան: Ուրարտուի պատմությանը, լեզվին ու մշակույթին նվիրված աշխատությունները սկսեցին նշավակվել՝ որպես հակահայ դավադրության դրսևորումներ: Ուրարտերենն սկսեց ընթերցվել հայերեն, Մեծամորում գտնված մի մ.թ. XVIII դարի արաբատառ դրամ՝ որպես մ.թ.ա. XVIII դարի հայերեն-հայասերեն արձանագրություն և այլն: Սա արվում էր շատ հեղափոխաբար և այնքան հակագիտական մակարդակով, որ նույնիսկ «շարժման» ավելի կիրթ ազատամարտիկներին չէր գոհացնում: Ստեղծվեց ավելի մեղմ տեսակետ, որտեղ ուրարտերենը հայերեն չէր համարվում, այլ «նոր խուռիերեն»: Նոր տեսակետները մի քանիսն էին, և նրանց հեղինակները, ինչպես լինում է հեղափոխությունների ժամանակ, երբեմն նաև իրար դեմ էին պայքարում: Շարժմանը հսկայական լիցք տվեց Թամազ Գամկրելիձեի և Վյաչեսլավ Իվանովի մենագրության լույսընծայումը (1984 թ.): Ուրեմն, նույնիսկ օտարներն են գրում, որ հնդեվրոպացիների հայրենիքը Հայաստանն է, իսկ մեր գիտնականներն այդ մասին դավադրաբար լռել են:
Այս շարժումը չէր կարող շատ մեծ, հեղափոխական փոփոխություններ առաջացնել սովետահայ գիտության մեջ. կային բարձր հեղինակություն վայելող գիտնականներ՝ պրոֆեսիոնալներ, որոնք երբեմն կարճ, հատու խոսքով անդրադառնում էին նոր քամիների տեսություններին և մերժում, ժխտում կամ ջախջախում դրանք: Այն ժամանակ պետությունը, այսպես թե այնպես, կանգնած էր գիտնականների՝ պրոֆեսիոնալների կողքին: Երկար տասնամյակների ընթացքում մասնագիտական ու մասսայական մամուլում տպվեց ընդամենը մի քանի քննադատական հոդված` ուղղված «ազգային ազատագրական» տեսությունների դեմ:
Պատկերը որոշակիորեն փոխվեց ՍՍՀՄ փլուզումից ու վերահաս ազատությունից հետո: Վաստակավոր, հայտնի գիտնականներ՝ Գ. Ջահուկյանը, Գ. Սարգսյանը և այլք մեղադրվում էին հայրենադավության և հակազգային մեղքերի մեջ: Ինչ վերաբերում է, ասենք, Ուրարտուով զբաղված այլազգի գիտնականներին՝ Պիոտրովսկի, Մելիքիշվիլի, Դյակոնով, նրանք արդեն բացեիբաց հայտարարվում էին հակահայ, հրեա-մասոններ ու նման բաներ: Եվ այդ գիծը շարունակվում է մինչև այժմ: Հայհոյողները, անտեղյակության ու չիմացության պատճառով, չգիտեին, որ այդ հեղինակները, համեմատած իրենց արևմտյան գործընկերների հետ, «պրոհայկական նացիոնալիստներ» էին:
«Ազգային ազատագրական գիտությունը» իր ձևավորման սկզբնական էտապում իր մեջ որոշ առաջադիմական տարրեր էր կրում: Այն կիսագաղութային վիճակից դուրս գալու, հոգևոր և մտավոր ազատության ձգտման արտահայտություն էր, «Ձնհալի» և ազատագրական շարժման բաղադրիչներից մեկը: Նորմալ զարգացման դեպքում այն ժամանակի հետ պիտի կորցներ իր ագրեսիվ ազգայնականության և հակագիտականության տարրերը, ձուլվեր իսկական գիտությանը: Բայց մեզանում, այլևայլ պատճառներով, այն դարձավ մեր հայագիտության, եթե կարելի է այսպես ասել, հիմնական ուղղություններից մեկը: Այն, ինչ առաջ կարելի էր միայն ոչ գիտական կամ ոչ հեղինակավոր հանդեսներում ու հրատարակություններում տպագրել, մտել է արդեն դասագրքեր և մասնագիտական հրատարակություններ:
Այդ ուղղության բազմաթիվ դրույթներ ընդունվել են մեր գիտական հանրության մի նշանակալի մասի կողմից, այդ դրույթներով են առաջնորդվում արդեն շատ գիտաշխատողներ, դասախոսներ: Բայց նույնն են մնում ազատագրական շարժման մշտական բաղադրիչները՝ ոչ պրոֆեսիոնալիզմը, անտեղյակությունը ժամանակակից գիտության զարգացումներին, տենդենցիոզությունը, գիտական նորմալ կարծիքների վերաբերյալ ագրեսիվ կեցվածքը, օտարազգի և մեր ականավոր գիտնականներին մահացու մեղքերի մեջ մեղադրելու հակումը: Ընդ որում՝ այդ դրսևորումները երբեմն հասնում են այն աստիճանի, որ նույնիսկ չափավոր «ազգային ազատագրականներն» էլ չեն կարողանում զսպել իրենց ծիծաղը: Եթե ըստ Տուրգենևի հերոսի՝ սլավոնասերների մոտ էլ երկու անգամ երկուսը չորս էր, բայց՝ ավելի կայտառ կերպով, ապա մեր ազատագրականների մոտ այն չորս չէ, այլ այնքան, ինչքան մարդ կարող է միայն երևակայել, միայն թե ավելի ու ավելի հնացվի ու պանծացվի մեր պատմությունը:
Հայաստանյան հայագիտության այս վիճակը պայմանավորված է մի շարք օբյեկտիվ և սուբյեկտիվ գործոններով: Այդ գործոններից մեկն է հավասարակշռված գիտական քննադատության բացակայությունը: Մասնագետները հակված չեն գլուխ դնել ագրեսիվ մերձգիտականության հետ: Եվ շատերն ուղղակի անտեղյակ են գիտության ժամանակակից վիճակից, մինչդեռ կարելի է պարզ լեզվով այն ներկայացնել:
Այս հոդվածով ես սկսում եմ «ազգային ազատագրական գիտության» վերաբերյալ իմ հոդվածաշարը: Այն կլինի մեղմ ոճով, առանց անունների, առանց հայհոյանքների ու օպոնենտներին մահացու մեղքերի մեջ մեղադրելու: Պետք է հատուկ շեշտվի, որ հարցի ամենաչնչին քաղաքականացումն իսկ կխանգարի գործին և կարժեզրկի նախաձեռնությունը:
- See more at: http://www.ilur.am/news/view/35702.html#sthash.UkrluyLr.dpuf
Մեզ մօտ երկու անգամ երկուսը նոյնպէս չորս է,
միայն մի տեսակ աւելի կայտառ է դուրս գալիս:
Իվան Տուրգենեւ, «Ծուխ»
Իվան Տուրգենեւ, «Ծուխ»
Սովետահայ իրականութեան մէջ, ստալինեան դաժան դարաշրջանից յետոյ, եկաւ խրուշչովեան «ձնհալ»ը, եւ ազատութեան զեփիւռը նոր շունչ հաղորդեց սովետական մարդկանց: Աւարտուեց սարսափի թագաւորութիւնը: Մարդկանց այլեւս հոծ խմբերով չէին աքսորում Սիբիր կամ տեղում գնդակահարում, որոշ չափով թափանցիկ դարձաւ «երկաթէ վարագոյր»ը, ինքը` երկրի առաջնորդը, գնում էր տարբեր երկրներ, սկսեցին տպագրուել արգելուած գրողները, գնդակահարուած շատերը վերականգնուեցին որպէս «իսկական կոմունիստներ» եւ անմեղ մարդիկ, սկսեց թարգմանուել եւ տպուել «իմպերիալիստական» երկրների գրականութիւնը, մարդիկ լսում էին «Բիթլզ» եւ այլն, եւ այլն:
14.12.13
70ամեակ. պրոֆեսոր Հայր Պօղոս Լեւոն Զէքիեան
ԱՐԱ ԶԱՐԵԱՆ
Այս
տարուայ Դեկտեմբերի 11-ին Վենետիկի Քա Ֆոսքարի պետական համալսարանի Քա
Կապելլօ բաժանմունքի Աուլա Բարատտոյի անուան նիստերի դահլիճում տեղի ունեցաւ
ականաւոր հայագէտ, լեզուաբան, աստուածաբան, գրականագէտ, հայոց լեզուի ու
գրականութեան ամբիոնի երկարակեաց վարիչ` պրոֆ. Պօղոս Լեւոն Զէքիեանին
նուիրուած երեկոյթ: Առիթը` հայագէտի ծննդեան 70-ամեակն էր եւ երկարատեւ ու
բեղմնաւոր աշխատանքային գործունէութեան պաշտօնական աւարտը համալսարանական
ատեանում:
16.10.13
«Արմինիըն Ռիվիւ»ի նոր թիւն ու նոր օգնական խմբագիրը
«Արմինիըն Ռիվիւ»ի խմբագրութիւնը տեղեկացուցած է,
թէ արդէն լոյս տեսած պարբերաթերթին նորագոյն թիւը (2013ի Գարուն-Ամառ), եւ թէ խմբագրական կազմը օժտուած է նոր անդամով մը՝ յանձին Դալար Շահինեանի որպէս օգնական խմբագիր: Խմբագրական կազմի միւս անդամներն են Ասպետ Գոչիկեան (գլխաւոր խմբագիր), Տիգրան Խալիկեան (վարիչ խմբագիր) եւ Վարդան Մատթէոսեան (գրախօսականներու խմբագիր)։
25.9.13
Հայագիտութիւնը եւ ճշմարտութիւնը
Հայագիտութիւնը, գիտական բոլոր ասպարէզներուն
նման, պարտի իբր մեկնակէտ եւ վախճանակէտ ունենալ ճշմարտութեան բացայայտումը։ Եւ
քանի որ հայագիտութիւնը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի ազգային դիմագիծին ճշմարիտ
արտացոլումներէն մին, ապա հայագիտական ճշմարտութիւնն ալ կը պահանջէ լիարժէք
մօտեցում՝ հայ կեանքը կազմաւորող բոլոր կալուածներուն եւ նիւթերուն` բոլոր երեսակներով։
8.7.13
Պէտք է հասակարագէտներու նո՛ր սերունդ
ՄԱՆԷ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Վերջերս շատ կը քննարկուի, նոյնիսկ կը քննադատուի այն փաստը, որ մեր
հասարակագիտական ոլորտի մասնագէտները, հակառակ այն հանգամանքին, որ
քանակային առումով չեն զիջիր բնագիտական ոլորտի մասնագէտներուն,
այնուամենայնիւ, միջազգային ասպարէզէն ներս բաւական յետ են կը մնան գիտական
արդիւնքի ցուցանիշներով:
Արա Սանճեան. «Տնտեսութեան մասնաւոր հատուածը կրնայ էական դերակատարում ունենալ գիտութեան զարգացման ուղղութեամբ»
ՄԱՆԷ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Վերջին շրջանին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, գիտական հանրութեան մէջ, նաեւ` պարզապէս հայաստանեան հասարակութեան մէջ, մեծ քննարկում յառաջացուցած է ցեղասպանութիւնը գիտական՝ ցեղասպանագիտական հողի վրայ դնելու թեման։ Կը խօսուի Հայոց Ցեղասպանութիւնն, ի վերջոյ, աշխարհի վրայ գիտական լեզուով բարձրաձայնելու անհրաժեշտութեան, նաեւ` հրամայական պահանջի մասին, կը կազմակերպուին մրցանակաբաշխութիւններ՝ խրախուսելու եւ խթանելու այդ թեմայով գիտական յօդուածներու տպագրութիւնը։
Այս եւ նման հարցերու շուրջ զրուցեցինք դոկտոր Արա Սանճեանի հետ։
Մեզի պէ՛տք են արհեստավարժ քատրեր
ՄԱՆԷ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Պէ՛տք է Հայաստանի մէջ գիտութիւնը խթանուի.
այս համոզումը ունի ծագումով լիբանանահայ, ԱՄՆ Միշիկընի Համալսարանի
Հայագիտական հետազօտութիւններու Կեդրոնի տնօրէն դոկտոր Արա Սանճեան, որուն
հետ մեր զրոյցը Հայաստանի մէջ գիտութեան վիճակի ու բարելաւման ուղիներ
փնտռելու մասին էր։
21.12.12
Իսկապէ՞ս «իմ տունն այստեղ է»
ՅՈՎՍԷՓ ԱՐԹԻՆԵԱՆ (*)
«Իմ տունն այստեղ Է» վերնագրեալ տեսաֆիլմի խտասալիկ մը լոյս ընծայուեցաւ վերջերս, Հայաստանի մայր ԲՈՒՀի (Բարձրագոյն Ուսումնական Հաստատութիւն)՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) 90ամեակին առիթով, ուր կը պատմուի համալսարանին անցած ուղիին մասին՝ հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր:
Մէկ ժամէ աւելի տեւող այս տեսանիւթին մէջ կը ներկայացուին Համալսարանին հիմնադրութեան պատմութիւնը եւ անցած հանգրուանները, որ ներկայ Հայաստանի պատմութեան հետ զուգահեռ կ՚ընթանայ, Ա. հանրապետութեան ընթացքին համալսարան հիմնելու որոշում՝ բայց դժուարութիւններու պատճառով անոր իրականացումը կը կայանայ խորհրդային իշխանութեան առաջին տարուան ընթացքին, ապա քայլ առ քայլ Համալսարանի յառաջացում եւ ընդլայնում, որմէ կը տարանջատուին գիտագործնական մասնագիտութիւնները ուսուցանող բաժինները այլ ԲՈՒՀերու հիմնումով, այդպիսով ԵՊՀին արժանիօրէն տալով մայր ԲՈՒՀ կոչումը:
2.12.12
Մեծ տէրութիւնների արխիւները, հայագիտական ժառանգութիւնն ու ադրբեջանական քարոզչութիւնը
ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ
Տարիներ առաջ` 2006 թ., կիսատ թողնելով Մեծ Բրիտանիայի արխիւներում Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ մեր ուսումնասիրութիւնները, մենք այն ամփոփեցինք երկու մենագրութեամբ եւ երկու տասնեակից աւելի գիտական յօդուածներով, որոնք լոյս տեսան ինչպէս հայրենիքում, այնպէս էլ մի շարք լեզուներով` տարբեր երկրներում: Ցաւալի էր, որ 2000 թ.-ից ի վեր, ընդհուպ` մինչեւ 2006 թ., գլխաւորապէս Մեծ Բրիտանիայի արխիւային նախարարութիւնում ձեռնարկած մեր ուսումնասիրութիւնն այդպէս էլ չկարողացանք բաղձալի աւարտին հասցնել գլխաւորապէս նիւթական միջոցների սղութեան պատճառով:
27.8.12
Հայաստանի եւ արտասահմանի հայագէտներու միջեւ հեռացուածութեան պատճառները
ԱՆԻ ԵՂԻԱԶԱՐԵԱՆ
Ստորեւ տրուող հարցազրոյցը կատարուած է Միշիկընի համալսարանի (Տիրպորնի մասնաճիւղ) Հայագիտական Հետազօտութեանց Կեդրոնի տնօրէն, պատմաբան Արա Սանճեանի հետ։
- Պարոն Սանճեան, Հայաստանում ու արտերկրում հայագիտության զարգացումը ինչպէ՞ս էք գնահատում:
- Եթէ հայագիտութիւնը սահմանենք իբրեւ պատմական կամ ժամանակակից Հայաստանին, ինչպէս նաեւ առհասարակ հայ ժողովուրդի անցեալին ու ներկային առնչուող հումանիտար եւ հասարակական գիտութիւններու ամբողջութիւնը, ապա անոր զարգացման մակարդակը պէտք է քննել առնուազն երկու տարբեր հարթութիւններու վրայ։ Իսկ իբրեւ զարգացման չափորոշիչ պիտի ընդունիմ այն հանգամանքը թէ Հայաստանն ու հայութիւնը որքանո՛վ են ներկայ վերջին տարիներուն հրատարակուող գիտական գրականութեան մէջ` միջազգային յարգանք վայելող հրատարակչատուներու կողմէ լոյս ընծայուած գիրքերու եւ գրախօսուող կամ ազդեցութեան գործակից ունեցող միջազգային գիտական հանդէսներու մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութիւններու ընդմէջէն։
- Եթէ հայագիտութիւնը սահմանենք իբրեւ պատմական կամ ժամանակակից Հայաստանին, ինչպէս նաեւ առհասարակ հայ ժողովուրդի անցեալին ու ներկային առնչուող հումանիտար եւ հասարակական գիտութիւններու ամբողջութիւնը, ապա անոր զարգացման մակարդակը պէտք է քննել առնուազն երկու տարբեր հարթութիւններու վրայ։ Իսկ իբրեւ զարգացման չափորոշիչ պիտի ընդունիմ այն հանգամանքը թէ Հայաստանն ու հայութիւնը որքանո՛վ են ներկայ վերջին տարիներուն հրատարակուող գիտական գրականութեան մէջ` միջազգային յարգանք վայելող հրատարակչատուներու կողմէ լոյս ընծայուած գիրքերու եւ գրախօսուող կամ ազդեցութեան գործակից ունեցող միջազգային գիտական հանդէսներու մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութիւններու ընդմէջէն։
Subscribe to:
Posts (Atom)