ՄԱՐՕ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
Ըղեղս հպարտ կը զգայ ինքզինքը՝ հպարտութեամբը Մխիթարեան Իտէալին...
Դ. Վարուժան
Ազգ մը, որ Մխիթարի պէս նկարագիր մը «արտադրած է», իրաւունք չունի ինքնիրմէ յուսահատելու: Մխիթար միայնակ կատարեց հսկայ գործ մը….Հայ ժողովուրդը, որ այսօր կը մաքառի իր ամբողջական ազատագրումը ձեռք ձգելու համար եւ ատով ուրիշ բան չ՚ըներ, բայց եթէ Մխիթարի գործը լրացնել, պէտք չէ, որ վհատի իր սկսած պայքարին ահաւոր դժուարութիւններէն….Պէտք է, որ ան ամէն վայրկեան իր աչքին առջեւ ունենայ իր մեծ Մխիթարին օրինակը, պէտք է որ համոզուի, թէ ամէնէն անիրականանալի կարծուած ծրագիրներն իսկ կ՚իրականանան, երբ մարդ գիտէ ինք իր վրայ հաւատք ունենալ, զոհողութիւն յանձն առնել եւ մաքառիլ: Պէտք է, որ հայ ժողովուրդը ամբողջութեամբ ցոյց տայ այն կամքը, ինքնավստահութիւնն ու անվկանդ
յարատեւութիւնը, զոր Մխիթար ի յայտ բերաւ իր գործունէութեան մէկ ծայրէն միւսը, եւ ան ալ պիտի հասնի իր ծրագիրն իրականացնելու, ինչպէս Մխիթար յաջողեցաւ իր երազը
մարմնաւորել:
Արշակ Չօպանեան