Showing posts with label Մխիթարեաններ. Show all posts
Showing posts with label Մխիթարեաններ. Show all posts

17.5.25

Փերուէն բանաստեղծ մը Սուրբ Ղազարի մէջ

 ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

 «Օտար ջրերում հայացեալ Կղզի
Հայոց հին լոյսն է քեզնով նորանում...»

Յովհաննէս Շիրազ

Պայրընէն մինչեւ Փրուստ, Ժորժ Սանտէն մինչեւ Թակոր, նշանաւոր ու ոչ-նշանաւոր գրողներու, արուեստագէտներու եւ պետական մարդոց երկար ցուցակ մը այցելած է Մխիթարեան միաբանութեան Ս. Ղազար կղզին։ Այդ ցանկին պէտք է աւելցնել ԺԹ. դարու երկրորդ կէսին հեռաւոր Փերուէն եկած այցելու մը՝ բանաստեղծ եւ ապագայ դիւանագէտ Խուան տէ Արոնա։

26.12.17

Աշխարհիկ հոգեհանգիստ՝ «Բազմավէպ»-ի խմբագիրներուն համար

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Եթէ հնդկահայերը խլեցին հայերէն անդրանիկ թերթը հրատարակելու պատիւը (1794, Մատրաս), ապա Ս. Ղազարու Մխիթարեաններն ալ կրնան հպարտանալ ԱՌ ԱՅՍՕՐ հայերէն երիցագոյն ու ամենաերկարակեաց պարբերականը դիեցուցած ու ապրեցուցած ըլլալու իրողութեամբ։
Խօսքը կը վերաբերի «Բազմավէպ»-ին։
Բացառիկ երեւոյթ մըն է սա,— ըստ Հ. Լեւոն Զէքիեանի մէկ հաստատումին՝ «Բազմավէպ» ոչ միայն Իտալիոյ մէջ ցայժմ հրատարակուող թերթերուն նահապետն է, այլեւ չորրորդը՝ աշխարհի հնագոյն պարբերականներուն։
Շուրջ 175 տարիէ ի վեր այս պարբերաթերթը կը քալէ հայ կեանքին հետ անխափան։

1.12.17

Մխիթարեան միաբանութեանը նուիրուած ֆրանսերէն նոր հատոր

Ա. Բ.
 
Մխիթարեան միաբանութեան համար յոբելեանական այս տարում Լիոնում գործող «Հայկական աղբիւրներ» մշակութային ընկերակցութիւնը անցեալ ամիս հրատարակել է «Մխիթարեան հայրերի յոբելեանը. Սուրբ Ղազարի միաբանութեան Մայրավանքի երեքհարիւրամեակը, 1717-2017» ժողովածուն: Հատորը համակարգել են ֆրանսիացի հայագէտ Բեռնար Ութիէն եւ լիոնաբնակ պատմաբան Մաքսիմ Եւադեանը (որոնք նաեւ նախաբանի հեղինակներն են)՝ ականաւոր գիտնական, հայագէտ, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւնում Վատիկանի պատուիրակ Լեւոն արք. Զէքիեանի ղեկավարութեամբ:

28.10.17

«Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւն-300» խորագրով միջազգային գիտաժողովը Երեւանի մէջ

Հոկտեմբեր 24-ին, Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ Մխիթարեան միաբանութեան հաստատման 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, ՀՀ Գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) հայագիտական եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի, Երեւանի պետական համալսարանի, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկ-մատենադարանի, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Գիտութեան պետական կոմիտէի աջակցութեամբ ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ սկսած է «Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւն-300» խորագրով միջազգային երկօրեայ գիտաժողովը:

18.10.12

Մխիթար եւ մխիթարեանք (հայ գրքի 5րդ դարադարձի առիթով)

ՄԱՐՕ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

Ըղեղս հպարտ կը զգայ ինքզինքը՝ հպարտութեամբը Մխիթարեան Իտէալին...
Դ. Վարուժան

Ազգ մը, որ Մխիթարի պէս նկարագիր մը «արտադրած է», իրաւունք չունի ինքնիրմէ յուսահատելու: Մխիթար միայնակ կատարեց հսկայ գործ մը….Հայ ժողովուրդը, որ այսօր կը մաքառի իր ամբողջական ազատագրումը ձեռք ձգելու համար եւ ատով ուրիշ բան չ՚ըներ, բայց եթէ Մխիթարի գործը լրացնել, պէտք չէ, որ վհատի իր սկսած պայքարին ահաւոր դժուարութիւններէն….Պէտք է, որ ան ամէն վայրկեան իր աչքին առջեւ ունենայ իր մեծ Մխիթարին օրինակը, պէտք է որ համոզուի, թէ ամէնէն անիրականանալի կարծուած ծրագիրներն իսկ կ՚իրականանան, երբ մարդ գիտէ ինք իր վրայ հաւատք ունենալ, զոհողութիւն յանձն առնել եւ մաքառիլ: Պէտք է, որ հայ ժողովուրդը ամբողջութեամբ ցոյց տայ այն կամքը, ինքնավստահութիւնն ու անվկանդ  յարատեւութիւնը, զոր Մխիթար ի յայտ բերաւ իր գործունէութեան մէկ ծայրէն միւսը, եւ ան ալ պիտի հասնի իր ծրագիրն իրականացնելու, ինչպէս Մխիթար յաջողեցաւ իր երազը
մարմնաւորել:
Արշակ Չօպանեան