Showing posts with label Տիգրան Խալիկեան. Show all posts
Showing posts with label Տիգրան Խալիկեան. Show all posts

6.11.17

«Արաս»-էն հրատարակութեան տարափ

Երկար տարիներէ ի վեր, Պոլսոյ գրական կեանքին մէջ հաճելի աւանդութեան մը վերածուած է գիրքի փառատօնը, որ իր դրոշմը կը բերէ՝ աշնան մռայլ օրերուն ալեկոծելով հրատարակչական ընդարձակ շուկան։ Այս տարի, հայերէն գիրքերը թրքերէն ընթերցող հասարակութեան մատուցող «Արաս» հրատարակչատունը մեծ եռանդով պատրաստուած է փառատօնին։ Հրատարակութիւններու բաւական հարուստ ցանկ մը կայ մեր դիմաց, որու միջոցաւ «Արաս» պիտի փորձէ ընթերցողին ուշադրութիւնը ապահովել հայերէն գրականութեան ընդարձակ դաշտին։ Անմիջապէս փառատօնի նախօրեակին «Արաս» կը ներկայանայ արեւմտահայերէն գրականութեան դասական կարեւոր հեղինակներէն Զապէլ Եսայեանի հետզհետէ մոռցուած մէկ գործով։ «Սպասման սրահին մէջ» անուն գիրքը նախապէս լոյս տեսած էր թերթօնի ձեւով եւ ապա առանձին հատորի մէջ չէր հրատարակուած։ «Արաս»՝ «Ծաղիկ» շաբաթաթերթի էջերէն քաղելով, անգամ մը եւս կը վերակենդանացնէ այս գործը։ Այսպէսով լոյս աշխարհ եկած կ՚ըլլայ Եսայեանի անտիպ գործերու եռեակի մը առաջին հատորը։

16.10.13

«Արմինիըն Ռիվիւ»ի նոր թիւն ու նոր օգնական խմբագիրը

«Արմինիըն Ռիվիւ»ի խմբագրութիւնը տեղեկացուցած է, թէ արդէն լոյս տեսած պարբերաթերթին նորագոյն թիւը (2013ի Գարուն-Ամառ), եւ թէ խմբագրական կազմը օժտուած է նոր անդամով մը՝ յանձին Դալար Շահինեանի որպէս օգնական խմբագիր: Խմբագրական կազմի միւս անդամներն են Ասպետ Գոչիկեան (գլխաւոր խմբագիր), Տիգրան Խալիկեան (վարիչ խմբագիր) եւ Վարդան Մատթէոսեան (գրախօսականներու խմբագիր)։