Showing posts with label Երեւանի պետական համալսարան. Show all posts
Showing posts with label Երեւանի պետական համալսարան. Show all posts

5.4.18

Ներառումի պահանջով

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

Ինչպէս հայ իրականութեան հետ առնչուող եւ յուզող միւս բոլոր խնդիրները,  հայոց պատմութեան դասագիրքերու վերամշակումը նաեւ պէտք է առաջնային օրակարգային հարց դառնայ սփիւռքի եւ Հայաստանի պատկան մարմիններու աշխատանքներուն մէջ: Այս իմաստով, Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Հիմնարկի նախաձեռնութիւնը միայն գնահատելի է եւ կը կարօտի լուրջ ու հետեւողական մօտեցումի:  Ըստ վերջերս հրապարակուած յիշեալ հիմնարկի մէկ յայտարարութեան, դասագրքաստեղծ այս աշխատանքը ընթացք առած է արդէն 2013-էն եւ իր աւարտին կը հասնի մօտիկ ապագային: Նախաձեռնութիւնը իր ամբողջ էութեամբ քաջալերելի ըլլալով հանդերձ, հարկ է պահ մը անդրադառնալ կազմակերպչական մանրամասութիւններուն եւ ընդգծել որոշ առանցքային բացթողումներ, որոնց լիարժէք քննարկումը միայն կը միտի ամրապնել անոր գիտակրթական նպատակը եւ ամրագրել արդիւնքներուն ուսումնական յաջողութիւնը:

18.12.16

Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան 150ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ 15 Դեկտեմբերին, համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան 150ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը:
Բացման խօսքով հանդէս եկած են Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէն Արամ Սիմոնեանը եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը: Ընթերցուած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի եւ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի ուղարձները, յղուած՝ գիտաժողովի մասնակիցներուն:

22.11.13

«Առան, Շիրվան եւ Ադրբեջան». Հայաստանի համար կարեւոր միջազգային հնչեղութեան միջոցառում

ԱՆԻ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Օրերս ԵՊՀ Արեւելագիտութեան ֆակուլտետի իրանագիտութեան ամբիոնը կազմակերպել էր «Առան, Շիրվան եւ Ադրբեջան» միջազգային հնչեղութեան գիտաժողով, որին ներկայ էին տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդների` Ադրբեջանում «ազգային փոքրամասնութիւն» բնորոշումը ստացած թալիշների, թաթերի, լեզգիների, աւարների ներկայացուցիչներ: Գիտաժողովին մասնակցում էին արեւմտեան հեղինակաւոր ուսումնական հաստատութիւնների պրոֆեսորներ, տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդների ներկայացուցիչ գիտնականներ եւ ասպիրանտներ: Գիտաժողովի ընթացքը չխաթարեց անգամ էլեկտրաէներգիայի ժամանակաւոր անջատումը:

21.12.12

Իսկապէ՞ս «իմ տունն այստեղ է»

ՅՈՎՍԷՓ ԱՐԹԻՆԵԱՆ (*)

«Իմ տունն այստեղ Է» վերնագրեալ տեսաֆիլմի խտասալիկ մը լոյս ընծայուեցաւ վերջերս, Հայաստանի մայր ԲՈՒՀի (Բարձրագոյն Ուսումնական Հաստատութիւն)՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) 90ամեակին առիթով, ուր կը պատմուի համալսարանին անցած ուղիին մասին՝ հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր:
Մէկ ժամէ աւելի տեւող այս տեսանիւթին մէջ կը ներկայացուին Համալսարանին հիմնադրութեան պատմութիւնը եւ անցած հանգրուանները, որ ներկայ Հայաստանի պատմութեան հետ զուգահեռ կ՚ընթանայ, Ա. հանրապետութեան ընթացքին համալսարան հիմնելու որոշում՝ բայց դժուարութիւններու պատճառով անոր իրականացումը կը կայանայ խորհրդային իշխանութեան առաջին տարուան ընթացքին, ապա քայլ առ քայլ Համալսարանի յառաջացում եւ ընդլայնում, որմէ կը տարանջատուին գիտագործնական մասնագիտութիւնները ուսուցանող բաժինները այլ ԲՈՒՀերու հիմնումով, այդպիսով ԵՊՀին արժանիօրէն տալով մայր ԲՈՒՀ կոչումը: