Showing posts with label «Ազդակ». Show all posts
Showing posts with label «Ազդակ». Show all posts

3.11.14

Մամուլի ուսումնասիրութեան կենտրոն` «Ազդակ»ում

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
 
Սփիւռքի պատմութիւնը, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնների հոլովոյթը, համայնքների, աւանդական կուսակցութիւնների, կրօնական յարանուանութիւնների անցեալն ուսումնասիրելու հարցում կարեւորագոյն աղբիւրի, անգամ սկզբնաղբիւրի դեր են կատարելու մոլորակի տարբեր անկիւններում հրատարակուած հայկական պարբերականները: Հետեւաբար, սփիւռքեան մամուլի պահպանութիւնը եւ ուսումնասիրողներին հասու դարձնելը կարեւոր է: Ինչպէ՞ս փրկել Հալէպի «Գանձասար»ը, Պոլսի «Ժամանակ»ն ու «Մարմարա»ն, Թբիլիսիի «Վրաստան»ը, Թեհրանի «Ալիք»ը, Լոս Անջելեսի «Ասպարէզ»ը, Բոստոնի «Հայրենիք»ը եւ մեր միւս պարբերականները, որոնցից մի քանիսն ունեն աւելի քան հարիւր տարուայ տպագրութեան պատմութիւն:

Զեկուցումներ՝ հայագիտական եւ գրադարանագիտական ժողովներու մասին

«Ազդակ»ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններուն ծիրին մէջ, 30 հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան շահեկան զրոյց-լսարան մը տեղի ունեցաւ «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, ներկայութեամբ հայագիտական եւ առնչակից նիւթերով հետաքրքրուող մտաւորականներու, մասնագէտներու եւ գրասէրներու:
Զեկուցաբերներն էին` ամերիկեան Միշիկըն համալսարանի Տիրպոռնի մասնաճիւղի Հայագիտական Հետազօտութեանց Կեդրոնի վարիչ դոկտ. Արա Սանճեան, «Հայկազեան» համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան եւ «Հայկազեան» համալսարանի զոյգ գրադարաններու տնօրէն Սոնիա Սիսլեան:

24.10.14

95-ամեայ գրադարան մը եւ…փակուած գրատուն մը

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Երբեմն ափսոսանքով կը նկատեմ, թէ մեր շուրջբոլորը որքա՜ն մեծ է թիւը այն մարդոց, որոնք կ՛անգիտանան տարբերութիւնը ընդմէջ  ԳՐԱԴԱՐԱՆին ու ԳՐԱՏՈՒՆին: Կը շփոթեն զանոնք իրարու հետ, կը կարծեն, թէ նոյն բաներն են ատոնք…
Ի՞նչ է պատճառը այս լեզուական մոլորումին: Գրատան մը դիմացէն չե՞ն անցած, գրադարանի մը օդը չե՞ն շնչած, թէ՞ առհասարակ ամէն տեսակ կապ շատո՜նց խզեր են ԳԻՐՔ կոչուած թուղթէ իրեղէնին հետ…

17.6.14

Ոչ եւս է Պօղոս Սնապեան

Յունիս 14, 2014ի առաւօտուն, կարճատեւ հիւանդութենէ ետք, Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է գրագէտ ու քննադատ, «Բագին» ամսագրի երկարամեայ  խմբագիր եւ Համազգայինի հայագիտական երբեմնի հիմնարկի գրականութեան դասախօս Պօղոս Սնապեանը։

1.2.14

«Արմինիըն Ռիվիւ»ն պիտի թուայնացուի


Ռուբէն Դարբինեանի մտայղացումով եւ նախաձեռնութեամբ 1948-էն ի վեր, որոշ ընդմիջումներով Պոսթընի մէջ հրատարակուող «Արմինիըն Ռիվիւ» հանդէսը հայագիտական նիւթեր հետազօտողներուն համար արժէքաւոր աղբիւր մըն է: Այս հանդէսին էջերուն ստորագրած են ժամանակակից հայ գրականութեան եւ պատմագիտութեան վաւերական անուններ: Հանդէսի էջերուն կը հանդիպինք ոչ միայն ամերիկահայ, այլ նաեւ սփիւռքահայ եւ հայրենի գիտնականներու պատմա-քաղաքական եւ մշակութաբանական բնոյթի աշխատութիւններուն:

15.12.13

Մամուլի թուայնացում

Ուրախալի է իմանալ, որ սփիւռքահայ կարգ մը թերթեր ձեռնարկած են իրենց հաւաքածոներուն թուայնացման աշխատանքին, ինչ որ մօտ ապագային կարելի պիտի դարձնէ, որ պատմական արժէք ունեցող այդ հատորները մատչելի ըլլան հանրութեան ամէնուրեք։

18.9.13

Բարի նախանձի շարքէն

ԱԲՕ ՊՕՂԻԿԵԱՆ

Ուսանող էի ու վկայականի համար «Մենք» գրական շարժումին մասին ուսումնասիրութիւն պէտք է պատրաստէի: Շաւարշ Միսաքեանի հիմնած «Յառաջ» օրաթերթի էջերուն վրայ, վստահ էի, որ ահագին նիւթ կար «Մենք»ի շարժումը սկսող գրողներուն մասին: «Ստիպուած»՝ կնոջս հետ Փարիզ գացի: Թերթի սեփականատէր-խմբագիրը Շաւարշի դուստր Արփիկն էր, որ սիրով տրամադրեց «Յառաջ»ի հաւաքածոները՝ խմբագրատան մէջ պրպտումներս կատարելու:

10.3.12

Երեք թերթի պատմութիւն


ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

2009-ի ամառը, տասնամեակներու բազմարդիւն գործունէութենէ ետք, լոյս պիտի տեսնէր Փարիզի «Յառաջ» թերթին վերջին թիւը: Այդ ամառ Փարիզ գտնուելով` այցելեցի փակուելու շեմին կանգնած հրատարակչատունը: Թէեւ վերջին թիւը լոյս տեսած էր, սակայն գրասենեակները տակաւին կը գործէին, իսկ թերթը իր վերջին շունչը կու տար: «Յառաջ»-ին հաւատարիմ ընթերցողները գիտեն, որ թերթը լոյս կը տեսնէր տպագրական հին եղանակով: Այլ խօսքով, ամէն օր կապարէ ձուլածոյ տառերը բառացիօրէն ձեռքով քով քովի կը շարուէին, պատկերները (քլիշէ)` նոյնպէս:

15.10.11

Ֆութպոլային մեկնաբանութիւններ բաց նամակի մը առիթով

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը, իր լաւագոյն ելոյթները ունենալով քսան տարուան ընթացքին, հասած էր մինչեւ Եւրոպայի ախոյեանութեան 2012ի աւարտականներուն դուռը։ Վերջին խաղին (Հոկտեմբեր 11), պարտուելով Իրլանտայէն 2-1 արդիւնքով՝ Տապլինի մէջ, դուրս մնացած է աւարտականի մասնակցութենէն։ Հայրենի հաւաքականը մինչեւ վերջին վայրկեան իր լաւագոյնը փորձած է արդիւնքը փոխելու համար (միայն յաղթանակ մը իրեն կու տար յաջորդ հանգրուանի անցագիրը), հակառակ անոր, որ 55 վայրկեան տասը հոգիով խաղացած է, իսկ 59րդ վայրկեանին 2-0 կը կորսնցնէր։ Խաղի այս ընթացքին մէջ անկասկած իր բաժինը ունեցած է բերդապահ Ռոման Բերեզովսկիի դաշտէն վտարումը 26-րդ վայրկեանին՝ իրաւարարին գործած կոպիտ սխալի մը պատճառով. իբրեւ թէ ան գնդակը թեւով դպած էր տուգանային հրապարակէն դուրս՝ վերջին պաշտպանը ըլլալով, ինչ որ ինքնաբերաբար վտարումի ազդանշան է։ Սակայն, թէ՛ դրուագին տեսագրութեան կրկնութիւնը եւ թէ՛ իրլանտացի յառաջապահ Սայմըն Քոքսի խոստովանութիւնը, թէ ի՛նքն էր եւ ոչ թէ Բերեզովսկին, որ գնդակը կանխաւ ձեռքով դպած էր (ուստի՝ խաղը պէտք է այդ պահուն կասեցուէր), բաւարար են ցոյց տալու վճիռին անարդարութիւնը։

27.6.11

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան այցելեց «Ազդակ»


ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երէկ «Ազդակ» այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ հանդիպում ունեցաւ արժանթինահայ բանասէր եւ պատմաբան դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ խօսելու արժանթինահայ գաղութին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, հայկական դպրոցներու պարզած վիճակին եւ ընդհանրապէս սփիիւռքահայ կեանքի ներկայ անցուդարձերուն մասին:
«Ազդակ», Յունիս 11, 2011