Showing posts with label Ս. Ղազար. Show all posts
Showing posts with label Ս. Ղազար. Show all posts

17.5.25

Փերուէն բանաստեղծ մը Սուրբ Ղազարի մէջ

 ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

 «Օտար ջրերում հայացեալ Կղզի
Հայոց հին լոյսն է քեզնով նորանում...»

Յովհաննէս Շիրազ

Պայրընէն մինչեւ Փրուստ, Ժորժ Սանտէն մինչեւ Թակոր, նշանաւոր ու ոչ-նշանաւոր գրողներու, արուեստագէտներու եւ պետական մարդոց երկար ցուցակ մը այցելած է Մխիթարեան միաբանութեան Ս. Ղազար կղզին։ Այդ ցանկին պէտք է աւելցնել ԺԹ. դարու երկրորդ կէսին հեռաւոր Փերուէն եկած այցելու մը՝ բանաստեղծ եւ ապագայ դիւանագէտ Խուան տէ Արոնա։

26.12.17

Աշխարհիկ հոգեհանգիստ՝ «Բազմավէպ»-ի խմբագիրներուն համար

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Եթէ հնդկահայերը խլեցին հայերէն անդրանիկ թերթը հրատարակելու պատիւը (1794, Մատրաս), ապա Ս. Ղազարու Մխիթարեաններն ալ կրնան հպարտանալ ԱՌ ԱՅՍՕՐ հայերէն երիցագոյն ու ամենաերկարակեաց պարբերականը դիեցուցած ու ապրեցուցած ըլլալու իրողութեամբ։
Խօսքը կը վերաբերի «Բազմավէպ»-ին։
Բացառիկ երեւոյթ մըն է սա,— ըստ Հ. Լեւոն Զէքիեանի մէկ հաստատումին՝ «Բազմավէպ» ոչ միայն Իտալիոյ մէջ ցայժմ հրատարակուող թերթերուն նահապետն է, այլեւ չորրորդը՝ աշխարհի հնագոյն պարբերականներուն։
Շուրջ 175 տարիէ ի վեր այս պարբերաթերթը կը քալէ հայ կեանքին հետ անխափան։