8.7.13

Պէտք է հասակարագէտներու նո՛ր սերունդ

ՄԱՆԷ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
 
Վերջերս շատ կը քննարկուի, նոյնիսկ կը քննադատուի այն փաստը, որ մեր հասարակագիտական ոլորտի մասնագէտները, հակառակ այն հանգամանքին, որ քանակային առումով չեն զիջիր բնագիտական ոլորտի մասնագէտներուն, այնուամենայնիւ, միջազգային ասպարէզէն ներս բաւական յետ են կը մնան գիտական արդիւնքի ցուցանիշներով:
Ինչպէ՞ս բացատրել այն հանգամանքը, որ մեր հասարակագէտները չեն կրնար միջազգային ասպարէզէն ներս համաքայլ ընթանալ մեր բնագէտներուն հետ, աւելին՝ չափազանց յետ մնացած են, եւ արդեօք ի՞նչ քայլեր պէտք է առնել՝ վիճակը շտկելու համար։ Այս հարցերուն շուրջ մէկ տարի առաջ «Սիրանկիւն» հաղորդման ժամանակ անդրադարձած էր Միշիկընի Համալսարանի Տիրպոռնի մասնաճիւղի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Կեդրոնի տնօրէն դոկտոր Արա Սանճեան. «Իմ մասնագիտութիւնս պատմութիւնն է։ Հետեւաբար, ես աւելի լաւ ծանօթ եմ հասարակագիտական, հումանիտար ոլորտներուն։ Երբ 2011 թուականին եղան արտասահմանեան գիտական ամսագրերու մէջ հայաստանաբնակ երիտասարդ մասնագէտներու կողմէ տպագրուած յօդուածներու համար առաջին մրցանակաբաշխութիւնները, եւ 90-է աւելի մրցանակներէն միայն մէկը բաժին ինկաւ հասարակագէտներուն, ես չզարմացայ, քանի որ ատիկա ինծի համար անակնկալ չէր, բայց նաեւ ուրիշ իմաստով ուրախացայ, քանի որ մինչ այդ ես տեղեակ չէի, որ Հայաստանի բնագէտները (ֆիզիկոս) այդքան լուրջ արդիւնքներ ունին, եւ ատիկա ինծի համար մեծ ուրախութիւն էր»։
«Ես պիտի խօսիմ այն մասին, թէ ի՛նչ պէտք է ընել. առաջին հերթին ժամանակի ոգիին համահունչ պատմաբան քատրեր պատրաստելու գլխաւոր մարտահրաւէրն այսօր արեւմտեան քաղաքակրթութեան մէջ հումանիտար եւ հասարակագիտական այլ ոլորտներէն պատմութեան բնագաւառ մուտք գործած գիտական նոր տեսութիւններուն ու մօտեցումներուն զանոնք հաղորդակից դարձնելն է։ Ես շատ բացեր նկատեցի, երբ Հայաստանի մէջ ուսանելէ ետք ուսումնառութիւնս շարունակեցի Լոնտոնի համալսարանէն ներս։ Եւրոպայի մէջ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք ձեւաւորուեցաւ նոր մտածելակերպ, նոր տեսութիւններ, նոր մօտեցումներ, որոնք դժբախտաբար Հայաստանի ուսումնական ծրագրերուն մէջ դեռեւս բաւարար չափով տեղ չեն գտած։ Հիմա կը նկատեմ, որ Երեւանի մէջ արդէն կան խմբակներ, որոնք կը փորձեն փոքրիկ քայլերով այդ բացը լրացնել։ Կը կարծեմ, որ այդ ծրագրերը պէտք է լայնցնել, իմ նշած կրթական բացս լրացնելու համար։ Նաեւ՝ պարտադիր չէ որդեգրել այդ բոլոր տեսակէտներն ու մօտեցումները. պարզապէս անհրաժեշտ է անոնց մասին տեղեակ ըլլալ, որպէսզի գոնէ հիմնաւորես մերժումդ, թէ ի՛նչ իմաստով ընդունելի չես համարեր զանոնք։
Երկրորդ խնդիրը այս նոր տեսութիւններուն մասին հաւասարապէս հայերէնով եւ առնուազն մէկ արեւմտաեւրոպական լեզուով արտայայտուելու հնարաւորութիւնն ապահովելն է։ Այս նպատակակէտին հասնելու համար պէտք է զուգահեռաբար ձեռնարկել երկու աշխատանքի։ Առաջին` իրականացնել թարգմանչական հետեւողական ծրագիր, որ ժամանակակից հայերէնը մէկ անգամ եւս արդիականանայ, եւ հնարաւոր դառնայ արեւմտաեւրոպական նոր տեսութիւններն ու գաղափարներն արտայայտել մայրենիով։ Երկրորդ` պէտք է շեշտակիօրէն բարելաւել արեւմտաեւրոպական լեզուներու ուսուցումը Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներուն մէջ։
Եթէ այս աշխատանքները յաջողութեամբ իրականացուին, ապա կ’ունենանք հայաստանաբնակ հայագէտներու նոր սերունդ, որ` լաւ տիրապետելով հայերէնին, միաժամանակ ինքզինք ազատ կը զգայ միջազգային հումանիտար ու հասարակագիտական ոլորտներէն ներս»։

-Պարո՛ն Սանճեան, հաղորդման ընթացքին, բազմաթիւ այլ հարցերու կողքին, դուք խօսեցաք նաեւ այն մասին, թէ ի՛նչ ընել, որպէսզի մեր՝ հայաստանեան հասարակագէտները միջազգային ասպարէզէն ներս կարողանան համաքայլ ընթանալ այլ երկիրներու հետ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ մեր բնագէտներուն հետ: Ի՞նչ կ’ըսէ՞ք, Հայաստանի մէջ եւ դուրսը տարբե՞ր են այս նպատակներուն հասնելու համար անմիջական խնդիրները։
-Բնականաբար։ Հայաստանի պարագային, աշխատանքը աւելի առանցքային է եւ աւելի լարուած պէտք է ըլլայ, քանի որ հայաստանեան բուհական համակարգին միջոցով է, որ ամենամեծ թիւով հումանիտար ու հասարակագիտական ոլորտի հայազգի ապագայ մասնագէտներ առաջին անգամ պիտի ծանօթանան համաշխարհային միտքի ժամանակակից տեսութիւններուն։ Այդ պատճառով ալ իմ նշած դասականներուն հայերէն բարձրորակ թարգմանութիւնները հրապարակելը հրատապ խնդիր է, որպէսզի անոնց քննարկումը լսարաններէն ներս տեղի ունենայ հայերէնով։ Պէտք է ունենալ նոր դասականներուն առնուազն հիմնական գործերուն հայերէն բարձրորակ թարգմանութիւնները:

-Նոր դասականներէն ի՞նչ անուններ կը թուարկէիք:
-Օրինակ՝ Էտուարտ Փալմըր Թոմսոն, Քլիֆորտ Կիրց, Էտուարտ Սայիտ, Միշէլ Ֆուքօ, Ժան Ֆրանսուա Լէօթար եւ այլն: Թարգմանական այս նախաձեռնութիւնը հումանիտար ու հասարակագիտական գիտութիւններու ուսուցման տեսական մասը խորացնելու կարեւոր մէկ օղակը պէտք է հանդիսանայ` սկսելով բակալաւրիատի տարիներէն եւ շարունակելով մագիստրատուրայի եւ ասպիրանտուրայի շրջանին:

-Գործնական ի՞նչ քայլեր պէտք է կատարել։
-Բակալաւրիատէն սկսած, ուսանողներուն տրուող յանձնարարութիւններուն անքակտելի մէկ մասը պէտք է հանդիսանայ արտասահմանի մէջ հրատարակուած մենագրութիւններու եւ ազդեցութեան գործակից ունեցող կամ գրախօսուող միջազգային հանդէսներու մէջ լոյս տեսած յօդուածներու ընթերցումը, մշակումը եւ գրաւոր աշխատանքներու ժամանակ անոնց յղումը, որպէսզի ուսանողն աստիճանաբար ծանօթանայ ժամանակակից հումանիտար ու հասարակագիտական բառապաշարին (jargon), գրականութեան աւանդոյթներուն, հարցադրումներուն, գրելաոճին, գիտական կարգ ու սարքի կազմման ընթացքին գերիշխող սովորոյթներուն, սորվի ազատօրէն փնտռտուք կատարել եւ օգտուիլ ելեկտրոնային շտեմարաններէ, որոնք բարեբախտաբար արդէն հասանելի են Երեւանի մէջ։
Այս ոլորտներուն մէջ տակաւին բաւարար չէ գիտական հանդէսներու ելեկտրոնային շտեմարաններուն բաժանորդագրուիլը։ Այս մասնագիտութիւններուն մէջ գիտական նորարարութիւններուն մէկ կարեւոր մասը կը շարունակէ հրապարակ իջնել տպագիր կամ ելեկտրոնային գիրքի տեսքով։ Եթէ այս ամէնուն վրայ աւելցնենք խորհրդային տարիներուն արտասահմանի մէջ լոյս տեսած, այդ տարիներուն Հայաստան չհասած, բայց իրենց թարմութիւնը տակաւին չկորսնցուցած տպագիր գիրքերը, ապա պարզ կը դառնայ, որ Երեւանի գիտահետազօտական գրադարաններու համալրումը արտասահմանեան բարձրորակ տպագիր գրականութեամբ կը մնայ կարեւոր մարտահրաւէր մը։
Հայաստանի մէջ հումանիտար ու հասարակագիտական ոլորտներու մէջ համաշխարհային վերջին ուղղութիւններու մասին հայերէնով դասաւանդելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ապագայ մասնագէտ ուսանողներու օտար լեզուի իմացութիւնը խորացնելու առաջադրանքները զուգահեռաբար յառաջ տանելու համարձակ փորձ մը կրնայ հանդիսանալ մագիստրոսական եւ, առաւել եւս, ասպիրանտական մակարդակի վրայ ընտրովի մի քանի առարկայի դասաւանդումը (դասախօսութիւն, քննարկում, գրաւոր առաջադրանքներ) միաժամանակ երկու լեզուով` հայերէն եւ օտար (ռուսերէն, անգլերէն կամ ֆրանսերէն)։ Այս կէտերուն հետեւիլը թոյլ կու տայ հայաստանաբնակ մասնագէտին ինքզինք հաւասարապէս ինքնավստահ զգալու ե՛ւ հայկական, ե՛ւ միջազգային շրջանակներու մէջ։

-Միայն եւրոպակա՞ն լեզուներ։
-Ճիշդ էք, անհրաժեշտ է նաեւ ուշադրութիւն դարձնել այլ լեզուներով գրականութիւն ձեռք բերելու վրայ եւ այդ լեզուներով իրականացուող հետազօտութիւններու ուսումնասիրութեան։ Օրինակ, պատմութեան եւ յարակից գիտակարգերու պարագային առանձնայատուկ է Ատրպէյճանի մէջ տպուած գրականութեան ու պարբերական մամուլի ձեռքբերման անհրաժեշտութիւնը` ո՛չ թէ անոնց տեսական խորութեան կամ թարմութեան համար, այլ` որովհետեւ Հայաստանին շատ անհրաժեշտ է մանրամասնօրէն տեղեակ ըլլալ թէ ի՛նչ է անցուդարձը եւ ի՛նչ զարգացման միտումներ կան իր անմիջական հարեւանին մօտ, որու հետ աւելի քան քսան տարի է, որ փաստական պատերազմական վիճակ կը տիրէ։ Առաւել եւս, ատրպէյճանագիտութիւնը համաշխարհային առումով քիչ զարգացած մասնագիտութիւն է, եւ բարձրորակ հայ ատրպէյճանագէտներ այս ասպարէզին մէջ շատ արագ կրնան աչքի զարնել։ Քանի որ Ատրպէյճանի հետ երկկողմանի փոխյարաբերութիւններ չկան, ապա այս գրականութեան ձեռքբերումը եւ Հայաստան փոխադրումը հաւանաբար կարելի է կարգաւորել Մոսկուայի միջոցով։

-Ինչպէ՞ս իրականացնել Հայաստանի մէջ ուսում ստացող ուսանողութեան կապերն արտասահմանեան հումանիտար ու հասարակագիտական ժամանակակից մտքին հետ։
-Պէտք է աւելցնել անմիջական շփումները` Երեւանի մէջ դասախօսելու հրաւիրելով արտասահմանեան մասնագէտներ (ընդ որում ո՛չ միայն հայագէտներ, այլ նաեւ ուրիշ ժողովուրդներու պատմութեան, մշակոյթի ու ժամանակակից խնդիրներու մէջ մասնագիտացած փրոֆեսորներ) եւ միաժամանակ հեշտացնելով միջազգային հեղինակաւոր գիտաժողովներուն հայաստանեան ասպիրանտներու մասնակցութիւնը։

-Ինչպէ՞ս օգտուիլ արտասահմանեան եւ սփիւռքահայ դասախօսներու հմտութիւններէն։
-Անոնցմէ կարելի կ’ըլլայ աւելի մեծ չափով օգտուիլ եթէ հայաստանեան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնները` արտասահմանեան շատ եւ շատ համալսարաններու նման, ունենան երրորդ` ամառնային ուսումնաշրջան մը, գուցէ աւելի խտացուած ժամանակացոյցով։ Ուսանողները կրնան այդ պարագային դասեր ունենալ նաեւ ամառը, ճիշդ է, աւելի քիչ թուաքանակով առարկաներ, քան աշնանային ու ձմեռնային ուսումնաշրջաններու ժամանակ, բայց ամառը դասաւանդուած իւրաքանչիւր առարկայ կ’ունենայ նոյնքան վարկանիշ (credit) որքան ուսումնական սովորական տարեշրջանի ընթացքին նոյնքան դասաժամ ծանրաբեռնուածութեամբ դասաւանդուող որեւէ այլ առարկայ։
Ամառնային ուսումնաշրջանի առկայութեան պարագային, աւելի հեշտ կ’ըլլայ ժամանակաւորապէս Հայաստան հրաւիրել նաեւ ծնունդով Հայաստանէն մասնագէտներ, որոնք իրենց դոկտորական աստիճանը ստացած են արտասահմանի մէջ եւ յետոյ` հոն աշխատանք գտնելով, չեն վերադարձած։ Ամառնային ուսումնաշրջանը առիթ կու տայ, որ այդպիսի մասնագէտներ իրենց ամառնային արձակուրդը անցընեն իրենց ընտանիքներուն հետ, կապուած մնան իրենց ծննդավայրին հետ եւ իրենց գիտելիքներէն բաժին հանեն Հայաստանի նորահաս սերունդին։
Վերջապէս, պէտք է նիւթապէս օժանդակել Հայաստանի մէջ մասնագիտացող խոստմնալից մագիստրանտներուն եւ ասպիրանտներուն, որպէսզի իրենց ուսումնառութեան շրջանին, ինչպէե նաեւ անկէ ետք, կարողանան ճամբորդել եւ արտասահմանի մէջ մասնակցիլ հեղինակաւոր գիտաժողովներու, շփուին այլազգի մասնագէտներու հետ։ Իսկ պատմաբաններու պարագային, շատ օգտակար կրնայ ըլլալ Մոսկուայի մէջ ունենալ թէկուզ մէկ կացարան` ռուսական ու խորհրդային արխիւներուն մէջ հետազօտութիւններ կատարողներուն համար։ Ատիկա շեշտակիօրէն կը նուազեցնէ գործուղման ծախսերը։

-Այս հարցի պարագային, մասնաւորը կամ ռուսաստանեան սփիւռքը կրնա՞յ աջակցիլ։
-Այո, ի հարկէ։ Նման օրինակներ եղած են։ Իսկ ընդհանրապէս, պէտք է ըսել, որ կան բազմաթիւ ուղիներ, որոնց միջոցով տնտեսութեան մասնաւոր հատուածը կրնայ օժանդակել Հայաստանի մէջ հումանիտար ու հասարակագիտական ոլորտի զարգացման։ Օրինակ, տարբեր հիմնադրամներ կրնան իրականացնել այս հարցազրոյցներու ընթացքին նշուած մէկ կամ քանի մը ծրագրեր` իրենց նախասիրութիւններէն մեկնելով։ Թուարկուած առաջարկներուն վրայ կրնամ աւելցնել եւս մէկը` Երեւանի Պետական Համալսարանի կամ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի կառոյցէն ներս ստեղծել յատուկ գրասենեակ մը, որ խմբագրական ու խորհրդատուական օժանդակութիւն ցուցաբերէ ազդեցութեան գործակից ունեցող կամ գրախօսուող միջազգային հանդէսներու մէջ յօդուած տպագրել ցանկացող ասպիրանտներուն կամ երիտասարդ գիտաշխատողներուն ու դասախօսներուն։

«Եռագոյն» (yerakuyn.com), Յունիս 22, 2013

No comments:

Post a Comment