Showing posts with label Միշիկըն-Տիրպոռն համալսարան. Show all posts
Showing posts with label Միշիկըն-Տիրպոռն համալսարան. Show all posts

19.4.16

«Հայերը եւ Պաղ Պատերազմը» գիտաժողովը՝ անհրաժեշտ եւ ուսանելի ձեռնարկ մը

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Հայաստանի ան­կա­խու­թեան հռչա­կագիրն ու հան­րա­քուէն (1990-1991) փաս­տա­կան կերպով նշե­ցին աւե­լի քան քա­ռաս­նա­մեայ Պաղ Պա­տերազ­մին աւար­տը, որուն նշան­նե­րը ար­դէն 1989ին տրուած էին։ Այ­նուհե­տեւ, այդ շրջա­նը կար­ծէք մեր հա­ւաքա­կան գիտակցութեան մէջ ան­տե­սու­մի, եթէ ոչ մո­ռացու­թեան մատ­նուեցաւ։ Քօղ մը ծած­կեց թէ՛ Հա­յաս­տան-Սփիւռք եւ թէ՛ ներսփիւռքեան բազ­մա­թիւ դէպ­քերն ու երե­ւոյթնե­րը, ու այս վիճակին մէջ նաեւ դեր խաղացին ու կը խա­ղան հա­յաշ­խարհի քա­ղաքա­կան իրադրութիւնը յետ-խորհրդա­յին տարինե­րուն, Պաղ Պա­տերազ­մի ժա­մանա­կաշրջա­նի իբրեւ թէ ոչ-ու­սուցո­ղական բնոյ­թը, ժամանա­կային բա­ւարար հե­ռաւո­րու­թեան չգոյութիւնը, դե­րակա­տար­նե­րուն շա­տերուն ողջ (եր­բեմն՝ գոր­ծօն) ըլ­լա­լը, սկզբնաղբիւրներու ան­բա­ւարար մատ­չե­լիու­թիւնը, եւ այլն։

7.3.16

«Հայերը եւ պաղ պատերազմը» թեմայով գիտաժողով Միշիկընի համալսարան-Տիրպոռնի մէջ՝ Ապրիլ 1-3ին

Միշիկընի Համալսարան-Տիրպոռնի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Կեդրոնը պիտի հիւրընկալէ «Հայերը եւ Պաղ Պատերազմը» թեմայով աննախընթաց, բազմա-գիտակարգային, միջազգային գիտաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ 1-3 Ապրիլ 2016-ին։ Երեսուն ակադեմականներ՝ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներէն, Եւրոպայէն եւ Հայաստանէն, պիտի մասնակցին այս գիտաժողովին։

27.8.12

Հայաստանի եւ արտասահմանի հայագէտներու միջեւ հեռացուածութեան պատճառները

ԱՆԻ ԵՂԻԱԶԱՐԵԱՆ
 
Ստորեւ տրուող հարցազրոյցը կատարուած է Միշիկընի համալսարանի (Տիրպորնի մասնաճիւղ) Հայագիտական Հետազօտութեանց Կեդրոնի տնօրէն, պատմաբան Արա Սանճեանի հետ։ 
 
- Պարոն Սանճեան, Հայաստանում ու արտերկրում հայագիտության զարգացումը ինչպէ՞ս էք գնահատում:
- Եթէ հայագիտութիւնը սահմանենք իբրեւ պատմական կամ ժամանակակից Հայաստանին, ինչպէս նաեւ առհասարակ հայ ժողովուրդի անցեալին ու ներկային առնչուող հումանիտար եւ հասարակական գիտութիւններու ամբողջութիւնը, ապա անոր զարգացման մակարդակը պէտք է քննել առնուազն երկու տարբեր հարթութիւններու վրայ։ Իսկ իբրեւ զարգացման չափորոշիչ պիտի ընդունիմ այն հանգամանքը թէ Հայաստանն ու հայութիւնը որքանո՛վ են ներկայ վերջին տարիներուն հրատարակուող գիտական գրականութեան մէջ` միջազգային յարգանք վայելող հրատարակչատուներու կողմէ լոյս ընծայուած գիրքերու եւ գրախօսուող կամ ազդեցութեան գործակից ունեցող միջազգային գիտական հանդէսներու մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութիւններու ընդմէջէն։