Showing posts with label արեւմտահայերէն. Show all posts
Showing posts with label արեւմտահայերէն. Show all posts

22.12.23

«Բագին»-ի կրակը չի կրնար մարիլ, որովհետեւ գրականութիւնը ժողովուրդի մը ինքնացման գերագոյն արտայայտութիւնն է»

 

«Բագին» գրական գեղարուեստական հանդէսին առաջին թիւը լոյս տեսած է յունուար 1962-ին` այդ օրերու ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ: Իսկ մօտաւորապէս երեսուն տարի առաջ ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ «Բագին»-ի խնամքը փոխանցուած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան:

«Բագին» 60 տարիներ շարունակ ստացած է ե՛ւ ՀՅԴ Բիւրոյի, ե՛ւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անվերապահ աջակցութիւնն ու եզակի գուրգուրանքը:

Հայրենիքն ու սփիւռքը կամրջող «Բագին»-ի 60-ամեայ ճառագայթող երթին եւ անոր յաղթանակած ուղիին մանրամասնութիւններուն եւ նորութիւններուն մասին «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց «Բագին» գրական ամսագրի խմբագիր Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեանին հետ:

31.1.23

Արեւմտահայ ապրող գրականութեան միջավայրը

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Այս վերնագրի իւրաքանչիւր բառը կը պահանջէ կարճ բացատրութիւն մը, որպէսզի աւելի ըմբռնելի դառնայ վերլուծման մեկնակէտը։

«Արեւմտահայ» հասկացութիւնը, ի հարկէ, միայն կարելի է հասկնալ լեզուական իմաստով։ Մեծ Եղեռնի հետեւանքով յառաջացած աղէտալի խզումը եւ ցրուումը ենթադրեց «Արեւմտեան Հայաստան» (մերթ՝ Թրքահայաստան) հասկացութեան շիջումը որպէս մշակութային երեւոյթ եւ ծնունդը «Սփիւռք» հասկացութեան, որ իր վերջնական ձեւաւորումը սկսաւ ստանալ յատկապէս 1960ական թուականներուն, երբ վերապրողներուն եւ անոնց որդիներուն շառաւիղները ասպարէզ իջան։ Հետեւաբար, եթէ «արեւմտահայ» եւ «սփիւռքահայ» հասկացութիւններուն միջեւ ժառանգական գիծ մը կայ, անիկա ապահովուած է լեզուական գործօնի՝ արեւմտահայերէնի առկայութեամբ։

14.8.22

Արեւմտահայերի անունների տառադարձութիւն

 ՍԵԴԱ ՍՏԱՄԲՈԼՑԵԱՆ

Արեւմտահայերի լատինատառ անունները արեւելահայերի մեծ մասը սխալ է հայերէնացնում, այսինքն՝ արտայայտում հայերէն տառերով։ Ցաւօք, այս առումով տգէտ են նաեւ պետական այն մարմինների աշխատողները, որոնք գրանցում են Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացող արեւմտահայերին։ Այս տգիտութեան հետեւանքով աղաւաղւում են արեւմտահայերի հայատառ անունները։ Բացարձակապէս անընդունելի են Վասկեն, Կեւորկ, Անահիդ եւ այլ այսպիսի տառադարձումները։ Ոչ մի արեւմտահայ իր հայատառ անունն այսպէս չի գրում, ուստի արեւելահայն էլ չպիտի գրի եւ չպիտի աղաւաղի այս անունները։ Խորհրդային շրջանում բազմահազար արեւմտահայեր հայրենադարձուեցին ու եկան Հայաստան իրենց օտարագիր փաստաթղթերով։ Բայց նրանց նոր փաստաթղթերում հայատառ անունները չէին աղաւաղւում․ Խորհրդային Հայաստանի համապատասխան մարմիններում գիտէին ինչպէս ճիշդ տառադարձել արեւմտահայերի անունները։ Իսկ այժմեան Հայաստանում համատարած անգրագիտութիւն է այս առումով, եւ սա ամօթալի է։

7.2.21

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան. «Գուրգուրալ այն բոլոր աշխատանքներուն վրայ, որոնք պիտի զարգացնեն Սփիւռքի հայախօս հաւաքականութիւնը»

 

«Ազդակ»-ի առցանց 23-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 5 Փետրուարին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան զեկուցեց «Արեւմտահայ ապրող գրականութեան միջավայրերը» նիւթին մասին: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

7.7.20

Ռազմիկ Փանոսեան. «Սփիւռքը պէտք է ստանձնէ իր հարցերը լուծելու ղեկավարի պատասխանատուութիւնը»


ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան յայտարարեց, որ Սփիւռքը պէտք է ստանձնէ իր հարցերը լուծելու ղեկավարի պատասխանատուութիւնը։
Թագաժահրի շրջանին, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը հանդէս եկաւ իրերայաջորդ նախաձեռնութիւններով, որոնց հիմնական նպատակն էր նպաստել Սփիւռքի կենսունակութեան։ Փանոսեանի պաշտօնի կոչուած շրջանէն ի վեր այս հաստատութիւնը արդէն ի յայտ կու գայ նոր տեսլականով մը՝ Սփիւռքի գոյատեւումը երաշխաւորելու ուղղուած որոնումներու ճանապարհին։ Վերջերս Ռազմիկ Փանոսեան հարցազրոյց մը տուաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

23.5.20

140ամեայ ագեվազը

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Ամենէն գեղեցիկ ու հետաքրքրական երեւոյթներէն մէկն է՝ որոշ բան մը փնտռելու ատեն, բոլորովին ուրիշ աշխարհ բացող մանրուք մը գտնել։ Ինչպէս յայտնի է, «հայերէն» անհրաժարելի բառերու շարքին կը պատկանի կենգուրու բառը, որ անշուշտ պէտք է մեր բառապաշարին մաս կազմէ քանի որ... «միջազգային» բառ է, իմա՛՝ ռուսերէնէ  кенгуруի (kenguru) ընդօրինակութիւնը, եւ եթէ բոլոր լեզուներուն մէջ այդ բառը կը գործածուի իր տարբերակներով (օր. անգլ. kangaroo, սպ. canguro), մենք ո՞ր արտի ցորենն ենք, որ սեփական բառ ստեղծենք։ 

14.3.20

Վարդան Մատթէոսեանի նոր գրքերը

ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ
 
Սփիւռքահայ երախտաշատ բանասէր, պատմաբան Վարդան Մատթէոսեանը 2010-2019 թթ. աշխատել է ԱՄՆ Արեւելեան թեմի (Կիլիկիայի կաթողիկոսութեան պատկանող) Ազգային առաջնորդարանում որպէս նրան կից Ազգային ուսումնական խորհրդի տնօրէն: Այդ ծիրում նա իրականացրել է մի շարք հրատարակութիւններ, ինչպէս հայերէն-անգլերէն «Հայաստանի պատմական ատլասը» (2012)ՙ իր խմբագրութեամբ (հայոց պատմութեան գլխաւոր դրուագների ներկայացումն էՙ քարտէզներով ու պատկերազարդումներով, սկզբից մինչեւ մեր օրերը) եւ «Զրուցենք» հայերէն-անգլերէն զրուցատրութեան շարքի երեք պրակները (2016-2018) հայերէն նոր սովորողների համար:

7.12.18

«Մենք պատասխանատուութիւն ունինք ժամանակի առջեւ արեւմտահայութեան կրթական ճանապարհին»

ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

1995 թուականի Դեկտեմբեր 18էն Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ իր գործունէութիւնը սկսաւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնը, որ անցած տարիներուն տարած է լայնածաւալ աշխատանքներ գիտակրթական, ինչպէս նաեւ գրամշակութային ոլորտներուն մէջ: «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի կրթական հիմնական ուղղութիւնը սփիւռքահայ եւ հայրենի ուսուցիչներու վերապատրաստութիւնն է, իսկ յառաջիկային արդէն՝ պատրաստութիւնը։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արեւմտահայերէնի յանձնախումբի հանդիպումը Անթիլիասի մէջ

29 Նոյեմբեր 2018-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փամպուքեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արեւմտահայերէնի յանձնաժողովի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:
Աշխատանքային հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան կատարուած աշխատանքները, ի մասնաւորի ուղղագրութեան առնչուած ուղեցոյցը: Որոշ փոփոխութիւններէ ետք, յիշեալ ուղեցոյցը պիտի ղրկուի յանձնաժողովի արտասահմանի անդամներուն՝ ստանալու համար անոնց տեսակէտը։ Նոյն ուղեցոյցը նաեւ պիտի տեղադրուի Կաթողիկոսարանի կայքէջին վրայ, որպէսզի լեզուագէտներ, ուսուցիչներ, մտաւորականներ եւ արեւմտահայերէնի մասնագէտներ կարենան յանձնաժողովին հաղորդել իրենց տեսակէտները։
Ժողովը նաեւ քննեց սոյն աշխատանքը արհեստագիտութեան ճամբով հանրութեան տրամադրելու կարելիութիւնները: 
Ժողովի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այս աշխատանքը պիտի շարունակուի, որովհետեւ արեւմտահայերէնը Սփիւռքին մէջ հայապահպանման կարեւոր կռուաններէն մէկն է:

12.3.18

Հայերէն blog – գրական գործարան մը

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ
 
Տարի մը եւ տասը ամիսէ ի վեր արեւմտահայերէնով հետաքրքրուող, նոր խօսք, գեղարուեստական ճաշակ, նոր միտք որոնող ընթերցողներուն ուշադրութենէն չէ վրիպած հայկական կայքէջի մը ծնունդը, որ համացանցի վրայ էջք կատարած է անձայն, առանց շեփորահարելու իր աշխատանքը: Հայերէնի ծարաւով համացանցային աշխարհին մէջ շրջող ընթերցողն է միայն, որ կը գտնէ այս կայքէջը ու պեղելով անոր բովանդակութիւնը կ’ըմբռնէ, որ Հայերէն պլօկը օրըստօրէ հայերէնասիրութիւնը ապրումէն կեանքի, կեանքէն արտայայտչաձեւի կը վերածէ ու կը յայտնաբերէ հայերէն մտածող, հայերէնով շնչող եւ ստեղծագործող, հայերէնը ապրեցնող գրիչներ:
Կը խորհիմ, թէ պատահականութեան արդիւնքով չէ, որ Հայերէն պլօկը խորհրդանիշ ընտրած է պտղաբերութեան նշանը՝ նուռը. խորհրդանիշը անոնց, որոնց աշխատանքը կը ծնի ամբողջական ու կրքոտ նուիրումէն: Առանց այդ նուիրումին ու հոգեկան հզօր շարժումին, հաւանաբար այսքան բանուկ գործարանի մը չվերածուէր Հայերէն պլօկը: Գործարան կ’ըսենք, որովհետեւ անոր էջերուն վրայ օրական դրութեամբ արտադրուող տեղադրումներ կը տեսնենք։ Տեղադրումներ, որոնք սովորական պարտականութեան մը տուրքը չէ որ կը վճարեն, այլ հայերէնով վերածնելու կարելիութիւնը ցոյց կու տան՝ լեզուի նահանջը երգելով ծուլութեան անձնատուր եղողներուն։
Խմբագիրներու միջեւ հրապարակային զրոյցը եւ մտքերու փոխանակումը շահեկան համարելով, քանի մը հարցում կ’ուղղենք Հայերէն պլօկի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Իշխան Չիֆթճեանին՝ ծանօթանալու եւ մեր ընթերցողները ծանօթացնելու հայ գիր ու գրականութեան շարժիչ ոյժը ցայտուն պահելու կոչուած այս կայքէջին՝ Հայերէն պլօկին առաջադրանքներուն։

1.2.18

Արեւմտահայերէնը արդէն առանձին լեզուական ծածկագիր ունի

«Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի՝ արեւմտահայերէնին ISO 639-3 լեզուական ծածկագիր (code) տալու ջանքերը վերջապէս յաջողութեամբ պսակուած են: SIL International-ը, որ ISO 639-3ը արձանագրող մարմինն է, 30 Յունուար 2018ին արեւմտահայերէնին առանձին լեզուական ծածկագիր՝ «hyw», տալու որոշում տուած է:

12.12.17

Ի՞նչ փոխանցել, ինչպէ՞ս փոխանցել

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
 
Վերջերս, աւելի ճիշդ՝ Նոյեմբերի 18-ին, Ուաշինկթըն DC-ի մէջ, Հայկական ուսումնասիրութեանց կեդրոնի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժնի կազմակերպութեամբ գիտաժողով մը տեղի ունեցած է «Հայերէնը յաջորդ սերունդին փոխանցելու» նիւթով: Անշուշտ խօսքը արեւմտահայերէնի մասին է:
Մինչեւ հիմա սովորաբար հայերէնը պահպանելու մասին կ՛ըլլային գիտաժողովները, ասիկա քայլ մը առաջ է, քանի որ կարծես թէ պահելը ապահովուած է ու կը մտածուի, թէ ինչպէս զայն փոխանցուելու է մեզմէ վերջ եկող սերունդին:

16.10.17

Սփիւռքակեդրոն դաստիարակութիւն ու կրթական մօտեցումներու անհրաժեշտութիւն


ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ 

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի այս խօսքը իբրեւ դասախօսութիւն ներկայացուած է Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին (Երեւան, 18 Սեպտեմբեր 2017)։ Հրատարակութեան յանձնուած է մանր սրբագրութիւններէ ետք։

17.9.17

Մի քանի առաջարկութիւն-հիմնաւորումներ ի նպաստ դասական ուղղագրութեան կանոնակարգման

ԼՈՒՍԻՆԷ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
Ամէն ազգ, ինչպէս ամէն ոք, եթէ չի կորցրել ինքնապաշտպանութեան առողջ բնազդը, ազատութիւն է տենչում եւ խորշում է կապանքներից։ Սահմանափակումները տրտմեցնում են, ճնշում ինքնութիւնը... Հէնց դրա համար ազգն ինքնութեան պահպանութեան եղանակներ է փնտռում իր ծագման պահից, եւ արտաքին ու ներքին բոլոր ճնշումներին նա կարողանում է դիմակայել միայն ազգային արժէքներով։ Հայոց ազգային գիրը հէնց դրա համար ծնուեց-վերածնուեց, եւ սեփական լեզուամտածողութիւնը հնարաւոր եղաւ պահպանել հէնց ազգային գրով հաստատուած ուղղագրական համակարգով... Իւրաքանչիւր նշան լսելի հնչիւնական միաւորի տեսանելի կաղապարն է, եւ ձայնագրութեան համակարգով անցած իւրաքանչիւր բառ տեսանելի խորհրդանշան-կաղապարն է որեւէ գաղափարի. հէնց այդ համակարգով էլ անխախտ ու կառուցիկ է բոլոր ժամանակների միջով սուրացող ազգային լեզուամտածողութիւնը։
Միայն ա՛յս նպատակով գործող սահմանափակումներն ու կաշկանդող շրջանակներն են արդարացուած. նրանք հնարաւորութիւն են տալիս ազատ եւ անկախ լինել...

11.9.17

Ռազմիկ Փանոսեան. «Ես իրապէս կը հաւատամ, որ արեւմտահայերէնի զարգացումն ու ամրապնդումը Սփիւռքի հարցն է»

Խմբագրութիւն «Նոր Յառաջ»-ի. Այս ամառ՝ Յուլիս 10-էն մինչեւ Օգոստոս 20, վեց շաբաթներու երկայնքին, Կեդրոնական Ֆրանսայի հրաբխային Օվերնեըի Պուրպուլ քաղաքին մէջ, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը՝ արեւմտահայերէնի ամրապնդման, փոխանցման եւ իւրացման գործընթացները նորարարելու նպատակը հետապնդող հնգամեայ ծրագիրի ծիրէն ներս կազմակերպած էր չորս տեսակի մեծ հաւաքներ.- նորարարական ստեղծագործական աշխատանոց, 10-15 տարեկան պատանիներու «Զարմանազան» ճամբար, ուսուցիչներու վերաորակաւորման եւ վերապատրաստման միամսեայ դասընթացքներ՝ Փարիզի համալսարանի INALCO արեւելեան լեզուներու ուսուցման բաժանմունքի հետ գործակցաբար, եւ վերջապէս՝ Օգոստոս 11-էն 20 նոյն վայրին մէջ երիտասարդական Վիքի-ճամբարը, որ արդէն երկու տարի է կանոնաւոր կերպով կը կազմակերպուի Հայաստանի Վիքի կեդրոնին հետ։
Ֆրանսայի մէջ կազմակերպուած այս նախաձեռնութիւնները իրականացան Լիոնէն «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան գործակցութեամբ, որ Ֆրանսայի Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզութեան նախարարութենէն ճանչցուած է իբր պատանիներու համար ամառնային եւ արձակուրդային ճամբարներ կազմակերպելու իրաւասու կառոյց։
Նորարարական ծրագրին համար Յուլիս 10-էն 17 Պուրպուլ հաւաքուած էին մշակութային, գրական, թարգմանական, թատերական, դերասանական, շարժանկարային, երաժշտական, մանկավարժական արուեստներու շուրջ քառասուն մասնագէտներ ու գործիչներ, որոնք երկրորդ տարին ըլլալով, 7 խմբակներու բաժնուած, շարունակեցին նախորդ տարին ճամբայ հանուած նախագիծերը։ Զարմանազան ճամբարին իրենց մասնակցութիւնը բերին ԱՄՆ-էն, Գանատայէն, Ֆրանսայէն, Աւստրիայէն, Պոլիսէն, 40 պատանիներ եւ շուրջ քսան ուղեկիցներ եւ պատասխանատուներ։ Ուսուցիչներու վերաորակաւորման դասընթացքներուն մասնակցեցան ԱՄՆ-էն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Պոլսէն 17 ուսուցիչներ եւ 7 դասախօսներ։ Իսկ Վիքի-ճամբարին՝ 25 երիիտասարդներ, 17-էն 26 տարեկան։
Այս նախաձեռնութիւնները իրագործուեցան «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի տնօրինութեամբ, իսկ ծրագրերու իրագործումի պատասխանատուն էր Անի Կարմիրեան։ Ստորեւ կը հրատարակենք վերոնշեալ ծրագրերու իրագործման մասին պրն. Փանոսեանի հետ «Նոր Յառաջ»-ի կատարած հարցազրոյցը։

9.7.17

Հարցազրոյց UCLA համալսարանի հայագիտական ամպիոնի դասախօս Յակոբ Կիւլլիւճեանի հետ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ


«Նոր Յառաջ» - Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները զօրաւոր լուսարձակի տակ են։ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը կը դիմէ սփիւռքահայ մեծ կազմակերպութիւններուն՝ Բարեգործականին, IdeA-ին, Ամերիկայի Հայկական Համագումարին, մեծահարուստներու... անոնց նեցուկը ապահովելու համար։ Տնտեսականէն անդին դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները կրթական ու մշակութային բնագաւառներուն մէջ։
Յակոբ Կիւլլիւճեան - Տալիքս միայն տպաւորութիւններ են, որոնք չեն հիմնաւորուած ցանկագրուած տուեալներով։ Տպաւորութիւն մը սակայն ընդհանրապէս ցուցանիշ է առկայ իրականութեան մը։ Հայաստան-Սփիւռք կրթական ու մշակութային յարաբերութիւններու գաղափարն իսկ մտքիս մէջ կը յառաջացնէ ապշութիւն՝ գրեթէ չնաշխարհիկ բանի մը յիշատակման պէս։ Խօսքս կը վերաբերի պաշտօնական յարաբերութիւններու, որոնք սահմանափակուած կը թուին ըլլալ արժանաւորներու թէ այլոց տրուող առատ շքանշաններու։ Մնացեալ կապերը ընդհանրապէս ոչ-պետական մակարդակի վրայ են ու հետզհետէ աւելի աշխոյժ կը թուին ըլլալ։ Մէկ կողմէ կան Հայաստանի աւանդական գիտական ու կրթական հաստատութիւններու նախաձեռնութիւնները, ուր դեռ կը յամենայ հին սովորութիւնը, օրինակ՝ գիտաժողովներու մասնակցութեան միջազգային հրաւէր ուղարկելու ձեռնարկի թուականէն երկու շաբաթ առաջ։ Միւս կողմէ, սակայն, մեծ կենսունակութիւն կ՚ապրին մասնաւոր խմբաւորումներու եւ անհատներու կողմէ յառաջ մղուած ձեռնարկները։

12.5.17

Փակենք, որ բիւջէ լցնենք

ՆԱՅԻՐ ԵԱՆ
 
Մեր մտաւորականները վրդովուած են ու հիասթափուած. կառավարութեան շրջանակներում խօսակցութիւններ են պտտւում, թէ նոյն հայրենի կառաւորութեանն առընթեր Լեզուի պետական տեսչութիւնը փակուելու է: Պատճառների մասին միայն ենթադրութիւններ կանՙ անիմաստ կառոյց է, ոչ մի գործառոյթ չի իրականացնում, պետբիւջէից իզուր փող է յատկացւում տեսչութիւնը պահելու համար եւ այլն, եւ այլն: Հիմքերն, ամէն դէպքում, փող խնայելուն են միտուած:

30.1.17

Նամակ «Պայքար» շաբաթաթերթին



Ֆորթ Լի (Նիւ Ճըրզի), 17 Յունուար 2017

Յարգարժան խմբագրութիւն
«Պայքար» շաբաթաթերթի
Պոստըն

Յարգելի հայրենակիցներ,
Կ՚ուզեմ գնահատանքս յայտնել «Պայքար»ի վերհրատարակութեան առիթով, որ կու գայ դարմանելու 90-ական թուականներու անոր շիջումով յառաջացած բացը, ու նաեւ հանդիսանալու վերջին տարիներուն յեղյեղուող արեւմտահայերէնի տագնապին հանդէպ լռելեայն հակազդեցութիւն մը։
Լաւ է, որ թերթի երկրորդ թիւին՝ 8 Յունուարի խմբագրականը, տրամադրուած է արեւմտահայերէնի ճակատագրի աւելի քան փշոտ հարցին, որ անքակտելի է արեւելահայերէնի ճակատագրէն։ Հոն, սակայն, կարգ մը վիճելի հաստատումներ կատարուած են, որոնց մասին կ՚արժէ խօսիլ։

12.1.17

Արեւմտահայերէն-արեւելահայերէն. մերձեցման հարցեր

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
 
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
Հայերէնը մէկ եւ անտրոհելի հասկացութիւն է բոլոր հայերուս համար, անկախ անկէ՝ թէ որակապէս իրարմէ որքանով կը տարբերին մեր խօսուածքները, բարբառ ըլլան անոնք, խօսակցական լեզու, թէ գրական հայերէնի ճիւղերէն մէկը:
Գրական հայերէնի երկու ճիւղերը՝ արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը, երբեք չեն դիտուած իբրեւ երկու լեզուներ, որովհետեւ զանոնք կրողները դաւանած են մէկ հայրենիքի ու մէկ ազգի գաղափարը, հետեւաբար զանոնք նկատած են իբրեւ միեւնոյն ազգային լեզուի գրական տարբերակները, որոնք կազմաւորուած են պատմաքաղաքական  եւ աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ, ծառայած՝ ազգային ինքնութեան պահպանման, նպաստած մեր մշակոյթի զարգացման  ու ժառանգաբար հասած մինչեւ մեր օրերը՝ իւրաքանչիւրը իր տարածաշրջանին մէջ կամ խառն ի խուռն, ինչպէս է պարագան մերօրեայ քանի մը գաղութներուն:

12.12.16

Հարցազրոյց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժնի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի Հետ

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Վերջերս  «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժինի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան այցելեց  Լիբանան: «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Ռազմիկ Փանոսեանի հետ` մօտէն հետեւելու հիմնարկութեան կազմակերպած ու հովանաւորած ձեռնարկներուն ու գիտաժողովներու ընթացքին եւ քննարկելու ուսումնական ծրագիրներու նոր մեթոտաբանութեան եւ արհեստագիտութեան անհրաժեշտութեան, մարդուժի տագնապին, հայ սփիւռքի մարտահրաւէրներուն եւ արեւմտահայերէնի զարգացման եւ այլ հարցերու մասին:

Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, ներկայացնելով «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժնի ամառնային գործունէութիւնն ու ծրագիրները, ըսաւ, թէ հիմնարկութեան ընդհանուր նպատակը արեւմտահայերէնի պահպանման եւ տարածման  մարդուժ պատրաստելն է: Մարդուժ հասկացութեան մէջ կը մտնեն ոչ միայն ուսուցիչները, այլեւ` բոլոր անոնք, որոնք կ՛արտադրեն ու կը ստեղծեն արեւմտահայերէնով: