Blog for informed opinions / Կայքագիր իրազեկ կարծիքներու համար / Blog para opiniones informadas
20.10.26
Գիրքի մը հրատարակութեան պատմութիւնը
19.10.26
Մեծարենց եւ Սիրունի՝ աղօթքի ու յիշատակի օր Պոլսոյ մէջ
Չորս Աւետարանիչներու տօնին առթիւ, Շաբաթ, 17 Հոկտեմբերին, Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւոր եւ գրական յիշատակի ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցան եկեղեցական արարողութիւններ եւ Յակոբ Ճօլօլեան-Սիրունիի «Այս հիւանդ, հանճարեղ պատանին» հատորի շնորհանդէսը, որուն իր բարձր հովանաւորութիւնը շնորհած էր Թուրքիոյ Հայոց Ն. Ա. Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը։ Միսաք Մեծարենցի կեանքին ու գործին նուիրուած եւ «Անտարես» հրատարակչատան կողմէ Երեւանի մէջ հրատարակուած այս աշխատութիւնը հրատարակութեան պատրաստած են ամերիկաբնակ բանասէր ու պատմաբան դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան եւ Պոլսոյ հոգեւորականաց դասէն, բանասէր դոկտ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեան։
16.10.26
Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ գիրքը»-ի արեւմտահայերէն թարգմանութեան ներկայացումը Երեւանի մէջ / Western Armenian Translation of Antonia Arslan's "The Book of Mush" Launched in Yerevan
Երեքշաբթի, 13 Հոկտեմբերին, իտալահայ անուանի գրող Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ գիրքը» վիպակի արեւտահայերէն թարգմանութիւնը ներկայացուած Է Երեւանի «Զանգակ» գրատան մէջ։ Թարգմանութիւնը լոյս տեսած էր 2025-ին Ազգային Առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակչատունէն՝ դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի թարգմանութեամբ։
Ձեռնարկը տեղի ունեցած է «Թիւֆէնկեան» բարեգործական հիմնադրամի եւ «Save Armenia»-ի աջակցութեամբ։ Բացման խօսքը կատարած է հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Անդրանիկ Գասպարեան, որ շեշտած է Հայաատանի մէջ գիրքի ներկայացումին կարեւորութիւնը,։
29.10.25
Վ. Մատթէոսեան. «Կարապենցի կերպարը միասնութիւն կերտող կերպար էր»
ՍԻՒՆԷ ՖԱՐՄԱՆԵԱՆ
Այս տարի լրանում է սփիւռքահայ արդի գրականութեան գագաթներից մէկի՝ Յակոբ Կարապենցի ծննդեան 100-ամեակը:
Յակոբ Կարապենցն իր ստեղծագործութիւններով խորապէս արտացոլում է սփիւռքահայ կեանքը, դրա վերջ չունեցող ինքնութեան որոնումը, դեգերումները, խարխափումները եւ օտարութեան ցաւը: Ինչպէս նշում են գրականագէտները, նրա ստեղծագործութիւնները աչքի են ընկնում նուրբ հոգեբանական վերլուծութեամբ, իրականութեան քննադատական ընկալմամբ եւ մարդասիրական տոնով:
Ժամանակի հեռաւորութիւնից, թէեւ կարող է թւալ, թէ Կարապենցի վեր հանած խնդիրները այսօրւայ կեանքի ֆոնին որոշակիօրէն կորցրել են իրենց արդիականութիւնը, այդուհանդերձ, նրա աշխատութիւնների խորքային ընկալումը, մեզ երիցս համոզում է, որ սփիւռքահայ կեանքի մարտահրաւէրները, խնդիրները եւ առաջնահերթութիւնները միգուցէ ժամանակի թելադրանքով փոխել են իրենց բնոյթը, բայց նրանց էութիւնը մնացել է նոյնը:
Ստորեւ ներկայացնում ենք խմբագրութեանս անդամ Սիւնէ Ֆարմանեանի օգտաշատ հարցազրոյցը Վարդան Մատթէոսեանի հետ, որը մեզ կօգնի նոր դիտակէտից ընկալել Կարապենցին:
«Ալիք»
22.2.25
Կոստան Զարեանի 140-ամեակը Երեւանի մէջ
Ստորեւ կու տանք մեր աշխատակից Վարդան Մատթէոսեանի խօսքը։
22.12.23
«Բագին»-ի կրակը չի կրնար մարիլ, որովհետեւ գրականութիւնը ժողովուրդի մը ինքնացման գերագոյն արտայայտութիւնն է»
«Բագին» գրական գեղարուեստական հանդէսին առաջին թիւը լոյս տեսած է յունուար 1962-ին` այդ օրերու ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ: Իսկ մօտաւորապէս երեսուն տարի առաջ ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ «Բագին»-ի խնամքը փոխանցուած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան:
«Բագին» 60 տարիներ շարունակ ստացած է ե՛ւ ՀՅԴ Բիւրոյի, ե՛ւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անվերապահ աջակցութիւնն ու եզակի գուրգուրանքը:
Հայրենիքն ու սփիւռքը կամրջող «Բագին»-ի 60-ամեայ ճառագայթող երթին եւ անոր յաղթանակած ուղիին մանրամասնութիւններուն եւ նորութիւններուն մասին «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց «Բագին» գրական ամսագրի խմբագիր Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեանին հետ:
9.8.22
Լոյս տեսած է «Զարեան/Տառէլ» հատորը, աշխատասիրութեամբ Վարդան Մատթէոսեանի
Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը կը ծանուցէ, թէ իր Հրատարակչական հիմնադրամի Օշական մատենաշարէն լոյս տեսած է Կոստան Զարեանի Կղզին եւ մի մարդ եւ Լօրընս Տառէլի Պրոսպերոյի կղզին գործերը պարփակող միացեալ հատորը, Զարեան/Տառէլ ընդհանուր խորագրին տակ։
Ընդառաջելով մատենաշարի խմբագրական խորհուրդի դիմումին, հատորին կազմութիւնը, խմբագրութիւնը եւ բոլոր ծանօթագրութիւններու պատրաստութիւնը կատարած է հանրածանօթ գրականագէտ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որու գրական վաստակին մէջ նկատառելի տեղ կը գրաւէ Զարեանի կեանքին ու գործին ուսումնասիրութիւնը։
21.7.22
Վարդան Մատթէոսեանի եւ Արծուի Բախչինեանի նոր հատորը՝ "A Woman of the World: Armen Ohanian, the 'Dancer of Shamakha'"
Ֆրէզնոյի Գալիֆոռնիոյ նահանգային համալսարանի հրատարակչատան հայկական մատենաշարը լոյս ընծայեց իր 16րդ հատորը՝ Վարդան Մատթէոսեանի եւ Արծուի Բախչինեանի «Աշխարհի կինը. Արմէն Օհանեան՝ «շամախեցի պարուհին» (A Woman of the World: Armen Ohanian, the ‘Dancer of Shamakha’”)։
13.1.22
Օրորա Մարտիկանեանի յուշագրութեան սպաներէն նոր թարգմանութիւնը
29.10.21
Ժխտում՝ բառերի պատերազմի պայմաններում
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Ալիք Մեդիա»յի հարցազրոյցը` ամերիկաբնակ գիտնական, հայագէտ Վարդան Մատթէոսեանի հետ` «Հայոց ցեղասպանութեան անուանման քաղաքականութիւնը. լեզու, պատմութիւն եւ “Մեծ եղեռն”» անգլերէն աշխատութեան առթիւ։
-«Մեծ եղեռն» արտայայտութիւնը քննելու ձեր գործունէութիւնը տարիների պատմութիւն ունի. ի՞նչը մղեց դիմելու նման ուսումնասիրութեան:
20.10.21
Համազգայինի «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» ժամանակակից գրականութեան 2021 թուականի մրցանակ
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ԱՄՆի Շրջ. Վարչութիւնը յայտարարած է «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» ժամանակակից գրականութեան 2021 տարեշրջանի մրցանակի արդիւնքը։ Այս մրցանակը կը կրէ հայ գրականութեան երախտաւոր, գրաքննադատ եւ «Հայրենիք» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր Մինաս Թէօլէօլեանի եւ իր կողակիցին` հայոց լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցչուհի Գոհար Թէօլէօլեանի անունը:
Մրցոյթին բազմազան գրութիւններու ընդմէջէն անդամներուն մեծամասնութեան ձայնով դատական կազմը, երկար խորհդակցութիւններէ ետք, մեծ դժուարութեամբ որոշեց հայերէնի մրցանակը յատկացնել Քարին Չթճեան Փրեսթիի «Աստղիկը կ՛ուզէ արագ մեծնալ» մանկական նկարազարդ գիրքին, իսկ անգլերէն մրցանակը՝ Լօլա Գունտաքճեանի երկլեզու (անգլերէն եւ սպաներէն) բանաստեղծական հատորին՝ "The moon in the cusp of my hand"։
Դատական կազմի անդամներն են՝ դոկտ. Սիմա Աբրահամեան (Մոնթրէալ), դոկտ.
Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճըրզի), Կարէն Ջալլաթեան
(Գալիֆորնիա), Անոյշ Ակներեան (Մոնթրէալ) եւ դոկտ. Միրնա Տուզճեան
(Գալիֆորնիա):
11.10.21
Լոյս տեսաւ Վարդան Մատթէոսեանի «Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանման քաղաքականութիւնը. լեզու, պատմութիւն եւ "Մեծ Եղեռն"» անգլերէն աշխատութիւնը
Լոնտոնի Bloomsbury Publishing ընկերութեան ճիւղերէն մէկը՝ I. B. Tauris հրատարակչատունը, վերջերս լոյս ընծայեց հայագէտ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի անգլերէն
աշխատասիրութիւնը՝
The Politics of Naming the Armenian Genocide: Language, History and ‘Medz
Yeghern’ («Հայոց ցեղասպանութիւնը
անուանման քաղաքականութիւնը. լեզու, պատմութիւն եւ “Մեծ Եղեռն”»), որ հրատարակչատան
նոր՝ «Հայերը արդի եւ վաղ արդի աշխարհին մէջ» մատենաշարին առաջին հատորը կը կազմէ։