ՄԱՆԷ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Պէ՛տք է Հայաստանի մէջ գիտութիւնը խթանուի.
այս համոզումը ունի ծագումով լիբանանահայ, ԱՄՆ Միշիկընի Համալսարանի
Հայագիտական հետազօտութիւններու Կեդրոնի տնօրէն դոկտոր Արա Սանճեան, որուն
հետ մեր զրոյցը Հայաստանի մէջ գիտութեան վիճակի ու բարելաւման ուղիներ
փնտռելու մասին էր։
Անոր համոզումով, եթէ մեր պետութիւնը ճիշդ հարկային քաղաքականութիւն
որդեգրէ, ուղղորդէ գործարարը դէպի գիտութիւն, ապա գիտութեան
յատկացուած գումարները նկատելիօրէն կ’աւելնան` այժմեան ծիծաղելիօրէն ցած՝
ՀՆԱ–ի (GDP) 0.24 առ հարիւրի համեմատ։ Եւ քանի որ մեր պետութիւնը սուղ միջոցներ
ունի, ապա այսօր երեւան եկած նորահարուստներուն միջոցները գիտութեան
խթանման համար ներգրաւելը կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի։
Ըստ պրն. Սանճեանի՝ բարեգործութիւնը վերջ ի վերջոյ հասարակական յարգանք
վայելելու ձգտում է նաեւ։ Բոլոր հարուստներն ալ` քրիստոնէութեան
ընդունումէն ետք, եւ գուցէ նաեւ` առաջ, երբ որեւէ նուիրատուութիւն ըրած
են, թաքուն եւ երբեմն ալ՝ բացայայտ, նման ակնկալիքներ ունեցած են։ Ի
հարկէ, պէտք է գործէ նաեւ գիտութեան կարեւորութեան եւ հոն ներդրումներ
կատարելու անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը։ Այստեղ ցաւալի փաստ մը կայ, որ
Հայաստանի այժմեան նորահարուստ դասակարգը առաջին սերունդն է, եւ անիկա
ընդհանուր առմամբ լաւ կրթութիւն չունի: Եթէ անոնց զաւակները, որ պիտի
ժառանգեն անոնց պիզնէսները` օգտուելով իրենց հնարաւորութիւններէն, աւելի
լաւ կրթութիւն ստանան, լեզուներու տիրապետեն եւ ուսանին աշխարհի լաւագոյն
համալսարաններուն մէջ, ապա երկրորդ սերունդը աւելի կիրթ կ’ըլլայ։
Այդ ժամանակ կրնանք ակնկալել, որ հարուստ դասակարգը ապագային կրնայ
գիտակցաբար մասնակից դառնալ գիտութեան ֆինանսաւորման ու զարգացման գործին։
Այժմ կառավարութիւնը պէտք է քաջալերէ տնտեսութեան մասնաւոր հատուածի
աջակցութիւնը գիտութեան եւ ձեւ գտնէ զանոնք անուղղակի եւ ուղղակիօրէն
համապատասխան հարկային դաշտ ուղղորդելու։
-Պարո՛ն Սանճեան, Հայաստանի մէջ տնտեսութեան մասնաւոր հատուածը
ինչպէ՞ս կրնայ նպաստել կրթութեան ու գիտութեան մարդասիրական եւ
հասարակագիտական ոլորտի յառաջընթացին։
-Շատ չտարածուելու համար, թոյլ տուէ՛ք, որ պատասխանիս մէջ կեդրոնանամ իմ
մասնագիտութեանս` պատմութեան վրայ, թէեւ ըսելիքներէս շատերը նոյնպէս կրնան
վերաբերիլ շարք մը այլ մարդասիրական եւ հասարակագիտական գիտակարգերու
(discipline)։
Հայագիր պատմագրութիւնը միջազգային չափանիշերու վերստին հասցնելու համար
իմ տեսակէտս նախապէս քանի մը առիթներով յայտներ եմ հայաստանեան տարբեր
լրատուամիջոցներու տուած հարցազրոյցներուս ժամանակ։ Այստեղ դարձեալ պիտի
փորձեմ ամփոփել միտքերս` ի սկզբանէ շեշտելով, որ առաջարկուող ծրագրի
ֆինանսաւորման համար շատ ցանկալի կ’ըլլար Հայաստանի պետութեան, տնտեսութեան
մասնաւոր հատուածի, սփիւռքահայ բարեգործական միութիւններու եւ անհատ
բարերարներու համագործակցութիւնը։
Իմ կարծիքովս, ժամանակի ոգիին համահունչ պատմագէտ քատրեր պատրաստելու
գլխաւոր մարտահրաւէրն այսօր, ի սկզբանէ, զանոնք Երկրորդ Համաշխարհային
Պատերազմէն ետք արեւմտեան քաղաքակրթութեան մէջ մարդասիրական եւ
հասարակագիտական ոլորտներէն այս բնագաւառ մուտք գործած գիտական նոր
տեսութիւններուն ու մօտեցումներուն հաղորդակից դարձնելն է, որպէսզի այդ
երիտասարդ մասնագէտներն իրենց գիտական տեսակէտներն ու հետազօտութիւններու
արդիւնքները Հայաստանէն դուրս ներկայացնելու պարագային լաւագոյնս կատարեն
իրենց առաքելութիւնը, որեւէ խոչընդոտի չհանդիպին, կարողանան Հայաստանն ու
հայկականը համադրել տարածաշրջանային եւ միջազգային համատեքստերու մէջ,
ինչպէս նաեւ յետագային դառնան ուսանողական յաջորդ սերունդներու արժանաւոր
դաստիարակներ։
Այս նպատակին հասնելու համար պէտք է զուգահեռաբար ձեռնարկել երկու
աշխատանքի։ Առաջին` իրականացել հետեւողական ծրագիր, որ ժամանակակից
հայերէնը անգամ մը եւս արդիականանայ, եւ հնարաւոր դառնայ արեւմտաեւրոպական
նոր տեսութիւններն ու գաղափարները արատայայտել մայրենիով։ Այդ բոլորին
հասնելու համար պէտք է ունենալ այս նոր դասականներու (Էտուարտ Փալմըր Թոմսոն,
Քլիֆորտ Կիրց, Էտուարտ Սայիտ, Միշէլ Ֆուքօ, Ժան Ֆրանսուա Լէօթար եւ այլն)
առնուազն հիմնական գործերուն հայերէն բարձրորակ թարգմանութիւնները:
Երկրորդ` պէտք է շեշտակիօրէն բարելաւել արեւմտաեւրոպական լեզուներու
ուսուցումը Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներուն մէջ, որպէսզի անգլերէն,
ֆրանսերէն կամ գերմաներէն լաւ իմանալը չհամարուի մասնագիտութիւն, եւ
հումանիտար ու հասարակագիտական առարկաներու դասախօսներն ու ուսանողները
բակալաւրիատի (BA/BS) ու մագիստրատուրայի (MA/MS) ընթացքին կարողանան
ռուսերէնի հետ մէկտեղ օգտուիլ նաեւ առնուազն անգլերէն գրականութենէն,
ինչպէս նաեւ հայկական շրջանակէն դուրս հանգիստ հաղորդակցին իրենց օտարազգի
գործընկերներուն հետ։
Եթէ այս զուգահեռ աշխատանքները յաջողութեամբ իրականացուին, ապա
կ’ունենանք հայաստանաբնակ հայագէտներու նոր սերունդ, որ ինքզինք հաւասարապէս
հարազատ պիտի զգայ ե՛ւ հայագիր հայագիտության, ե՛ւ միջազգային հումանիտար
ու հասարակագիտական ոլորտներէն ներս։
Այս մակարդակին հասնելու համար պէտք է ուսումնասիրել ո՛չ թէ եւրոպական
մեծաթիւ` տասնեակ միլիոնանոց ժողովուրդներու, այլ եւրոպական աւելի փոքրաթիւ
ժողովուրդներու (օրինակ` Պուլկարիա, Ֆինլանտա, Սլովաքիա, Դանիա,
մերձպալթեան երկիրներ) փորձը, որոնք իրենց ազգային մշակոյթը պահպանելու
նոյնանման մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։
- Իսկ եթէ մանրամասնե՞նք այս առաջադրանքները…
-Ի հարկէ առաջին քայլը փրոֆեսիոնալ այն քատրերու պատրաստումն է, որոնք պիտի
ղեկավարեն հումանիտար ու հասարակագիտական ոլորտի թարմացման ու
արդիականացման գործընթացը։ Այստեղ եւս տարուելիք աշխատանք կայ ե՛ւ
Հայաստանի ե՛ւ արտասահմանի մէջ` հայաստանեան քատրերու որակաւորման
բարձրացման ուղղութեամբ։
Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ի վեր, բազմաթիւ հայաստանաբնակ
երիտասարդ-երիտասարդուհիներ իրենց ուսումը շարունակած են Եւրոպայի ու
Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ` դառնալով մագիստրոսներ ու դոկտորներ։
Բացառութեամբ «Լոյս» հիմնադրամի կողմէ տրամադրուած եւ քանի մը այլ հայկական
ծագում ունեցող դրամաշնորհներէ, այս ուսանողները արտասահմանի մէջ ուսում
ստացած են գերազանցապէս օտարերկրեայ միջոցներով` առանց հայաստանեան
գիտա-ուսումնական կեդրոններու հետ լուրջ համագործակցութեան։ Առաւել եւս,
ո՛չ բոլոր մասնագիտութիւնները ունեցած են համաչափ հնարաւորութիւններ։
Իմ տպաւորութիւնս այն է, որ հայագիտութեան աւանդականօրէն հիմնարար երեք
ճիւղերուն` պատմութեան, լեզուաբանութեան ու բանասիրութեան կամ
գրականագիտութեան մէջ խորացող ուսանողները շատ քիչ կ’օգտուին արտասահմանեան
դրամաշնորհներէ` ի տարբերութիւն հասարակագիտական այլ մասնագիտութիւններու։
Անհիմն չեմ համարեր ինծի հասած այն տեղեկութիւնը, թէ պատմութեան
հայաստանաբնակ ուսանողներուն ամերիկեան կրթական դրամաշնորհներ չեն
տրամադրեր, որովհետեւ Ուաշինկթընի մէջ գոյացած է կարծրատիպ, թէ հայերը պէտք
եղածէն աւելի «մխրճուած» են իրենց պատմութեան մէջ, եւ ամերիկեան
կառավարական շրջանակները այդ «մխրճուածութիւնն» օգտակար չեն համարեր։
Պատմութեան` իբրեւ մասնագիտութիւն, անօգտակար ըլլալու մասին նոյնանման
մօտեցման ես անձնապէս հանդիպած եմ, շուրջ տասը տարի առաջ, ամերիկեան մէկ
մասնաւոր հիմնադրամի մօտ, բայց այս անգամ Լիբանանի մէջ։
Կը կարծեմ թէ ուր որ չկայ արտասահմանէն օժանդակութիւն ստանալու
հնարաւորութիւն, ապա հոն առկայ բացը պէտք է փակեն հայկական կառոյցները։ Եթէ
Հայաստանի մէջ կատարուի վիճակագրական լուրջ ուսումնասիրութիւն, թէ վերջին
20 տարիներուն ինչքա՛ն ուսանող իր ուսումը ստացած է արտասահմանի մէջ, ի՛նչ
մասնագիտութիւններով, ո՛վ հոգացած է ուսման ծախսերը, անոնցմէ քանի՛ն այսօր
իրենց մասնագիտութեամբ կ’աշխատին Հայաստանի մէջ, եւ այլն, եւ եթէ պարզուի,
ինչպէս կ’ենթադրեմ, թէ կան անհրաժեշտ մասնագիտութիւններ, որոնք խորթ զաւակի
իրավիճակին մէջ յայտնուած են, ապա արտասահմանի մէջ հայաստանեան քատրեր
պատրաստելու համար ծախսուող հայկական նիւթական միջոցները պէտք է
անպայմանօրէն ի նկատի ունենան այս բացթողումը եւ փորձեն մեղմել անոր
պատճառած վնասը։
- Իսկ այդ քատրերու գիտական ներուժի արդիւնաւէտ կիրարկման խնդի՞րը:
-Այո՛, սա նոյնիսկ նախորդէն աւելի կարեւոր խնդիր է։ Պէտք է մշակուի
ծրագիր, թէ Հայաստանն ինչպէ՛ս լաւագոյնս պիտի օգտուի արտասահմանի մէջ
որակաւորուած այս քատրերու ձեռք բերած գիտելիքներէն ու հմտութիւններէն երբ
անոնք վերադառնան։ Այն մեկնաբանութիւնը, թէ նոյնիսկ Հայաստանի պետական
պիւտճէէն կրթաթոշակ ստացած ուսանողը կրնայ նոյնքան օգտակար ըլլալ
Հայաստանին, եթէ վկայական ստանալէ ետք աշխատի արտասահմանի մէջ, ես տեսակ մը
«այրած սրտի մխիթարանք» կը համարեմ։ Հայութեան
տրամադրութեան տակ եղող սահմանափակ նիւթական միջոցները պէտք է առաջին
հերթին ուղղուին անոնց, ովքեր պատրաստակամ են անմիջականօրէն մասնակից
դառնալու Հայաստանի մէջ գիտութեան ու կրթութեան յառաջընթացին։ Իսկ եթէ,
նիւթականէն բացի, կան այլ խոչընդոտներ, որոնք չեն քաջալերեր տուեալ
մագիստրոսի կամ դոկտորի վերադարձը իր հայրենիք եւ ծննդավայր, ապա այդ
խոչընդոտները վերացնելը նոյնքան անհրաժեշտ է, որքան կրթաթոշակ կամ
վերադարձէն անմիջապէս ետք որոշ ժամանակ աշխատավարձի կողքին խրախուսավճար
տրամադրելը։
«Եռագոյն» (yerakuyn.com), Յունիս 14, 2013
No comments:
Post a Comment