Showing posts with label Եթովպիա. Show all posts
Showing posts with label Եթովպիա. Show all posts

4.7.17

«Այս գրադարանին դերը ո՛չ միայն ժառանգութիւնը պահպանել է, այլ նաեւ՝ գործել իբրեւ գիտական հաստատութիւն»

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
 
Հարցազրոյց՝ պատմաբան, ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի աւանդապահ Պորիս Աճէմեանի հետ։

«Նոր Յառաջ» - Ինչպէ՞ս դրուած են ՀԲԸՄ-ի «Նուպարեան» գրադարանի հիմերը։
Պորիս Աճէմեան - Ընդհանուր գիծերու մէջ ծանօթ ենք գրադարանի ծննդոցին, բայց անոր պատմութիւնը տակաւին չէ գրուած եւ կը պարունակէ մութ ծալքեր։ Տեղեակ ենք որ գիրքերու մեծ մասը 1920-ին գրադարան հասած է Պոլսոյ հայ մատենագիրներու նուիրատւութեան միջոցաւ, որոնք իրենց անձնական հաւաքածոները կտակած են «Նուպարեան» գրադարանին։ Գրադարանը աչքի կ՚իյնայ իր տպագիր հաւաքածոներու հարստութեամբ (աւելի քան 43.000 գիրքեր եւ 1500 անուն թերթեր եւ հանդէսներ), ինչպէս նաեւ իր տրամադրութեան տակ գտնուող կարեւոր արխիւներով։ Սակայն մենք շատ քիչ տեղեկութիւն ունինք անոնց ձեւաւորման մասին, ինչպէս է Արամ Անտոնեանի հաւաքագրած արխիւներու պարագան։ Ան առաջինն էր, որ պատասխանատուութիւնը ստանձնեց կազմակերպելու «Նուպարեան» գրադարանը՝ 1928-էն մինչեւ իր մահը՝ 1951-ին։