Showing posts with label Ցեղասպանութիւն. Show all posts
Showing posts with label Ցեղասպանութիւն. Show all posts

26.10.14

Մեծ Եղեռնի նոր յուշարձանը Ռումանիոյ մէջ



 ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ («Նոր Յառաջ», Հոկտեմբեր 4), Ժ.Չ. կը տեղեկացնէր Մեծ Եղեռնի յիշատակին նուիրուած ու ռումանական Փիթէշթի քաղաքը տեղադրուած խաչքարին բացումը, որ տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 27ին։ Բացման արարողութիւնը զուգադիպած է «Ա. Աշխարհամարտը եւ անոր ազդեցութիւնը հայ սփիւռքի կազմաւորման վրայ» համաժողովին (Պուքրէշ, Սեպտեմբեր 26-28)։

11.8.14

Լիրբ քաղաքականութիւնը կամ՝ քաղաքականութեան լրբութիւնը

ԱՆԱՐԺԱՆ ԴՊԻՐ
 
Մեր խորագիրը հաստատող օրինակներ չեն պակսած քաղաքականութեան ստեղծման առաջին օրէն իսկ եւ այսօր ալ չեն պակսիր: Ընդհակառակն: Այդ առումով, նորութիւն մը չենք հրամցներ այս գրութեամբ: Բայց, երբեմն  անընդունելի արտայայտութիւնները այնքան գայթակղեցուցիչ կը դառնան, որ անկարելի կ՚ըլլայ սանձել մարդկային բնազդը, կը պայթի նոյնիսկ հայու համբերութեան հաստամաշկ «տոպրակ»ը: 
Հոս, թէեւ մեր լուսարձակը պիտի չբանանք միջազգային անթիւ, անհամար լրջագոյն իրադարձութիւններու վրայ, բայց եւ այնպէս, անոնցմէ ոմանց անմիջական ընդմէջէն պիտի ակնարկենք ուղղակի մեզի՛, հայ ազգին վերաբերող հարցին՝ իր հարիւրամեակը թեւակոխելու պատրաստուող ողբերգութեան նկատմամբ ցուցաբերուող անարգ կեցուածքին, անարդարութեան: 

4.8.13

Թրքական ժխտողականութիւն եւ միակողմանի պատասխաններ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

ԻՒԹԱՅԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ
Յունիս 5-8ին, Թիֆլիսի մէջ գումարուած է «Կովկասը կայսերական վերջալոյսին. ազգայնականութիւն, ազգութիւն եւ ազգակերտում (1870ականներ-1920ականներ)» գիտաժողովը, որուն գլխաւոր հովանաւորներն էին ԱՄՆի Իւթայի համալսարանի (University of Utah) թրքական ուսմանց ծրագիրը եւ Ամերիկայի Թրքական Համախմբումը (Turkish Coalition of America)։ Այլ հովանաւորներ էին Թրքական Համագործակցութեան եւ Զարգացման Գործակալութիւնը, թրքական «Հասան Գալիոնճը» համալսարանը, Թիֆլիսի Պետական համալսարանը, Ատրպէյճանի Գիտութիւններու Ակադեմիան եւ թուրք անհատ գիտնական մը՝ Մեհմէտ Արիսան։

8.7.13

Արա Սանճեան. «Տնտեսութեան մասնաւոր հատուածը կրնայ էական դերակատարում ունենալ գիտութեան զարգացման ուղղութեամբ»

ՄԱՆԷ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
 
Վերջին շրջանին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, գիտական հանրութեան մէջ, նաեւ` պարզապէս հայաստանեան հասարակութեան մէջ, մեծ քննարկում յառաջացուցած է ցեղասպանութիւնը գիտական՝ ցեղասպանագիտական հողի վրայ դնելու թեման։ Կը խօսուի Հայոց Ցեղասպանութիւնն, ի վերջոյ, աշխարհի վրայ գիտական լեզուով բարձրաձայնելու անհրաժեշտութեան, նաեւ` հրամայական պահանջի մասին, կը կազմակերպուին մրցանակաբաշխութիւններ՝ խրախուսելու եւ խթանելու այդ թեմայով գիտական յօդուածներու տպագրութիւնը։ 
Այս եւ նման հարցերու շուրջ զրուցեցինք դոկտոր Արա Սանճեանի հետ։

17.5.13

Անուն մը գարշապարներու տակ, կամ՝ վսեմն ու նսեմը

ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼԼԻՒճԵԱՆ
 

Խոհանոցի սեղանին առջեւ նստած կը խօսի ընթրիքէն ետք։ Ճիշդ ետեւը հեռատեսիլէն ֆրանսերէն լուրերը կիսով կը խափանեն իր նախադասութիւնները, բայց չ՚ուզեր գործիքը լռեցնել։ Չի փափաքիր առանձին խօսիլ. հաւանաբար կ՚երկիւղի իր իսկ ձայնէն։
Իննսուն տարեկան, այլ երիտասարդական կորովով մը Մոնմարթրի հարիւր յիսուն աստիճանները ամեն օր բարձրացող մարդ է։ Դիմացը նստած է տասնեակ հազարաւոր մղոն անդիէն եկած երիտասարդ զոյգ մը։ Թէեւ զիրենք գրեթէ վեց տասնամեակ կը բաժնէ, անոնցմէ մէկը եղբօրորդին է։ Ասոր կնոջ է որ կը խօսի վկան, առանց ամենեւին հայեացքը մօտեցնելու միւսին։

3.10.11

Հարիւր տարուան լքուածութիւն

ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ – ԱՅՏԱ ԷՐՊԱԼ

 Անգլերէնէ թարգմանեց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
ԺԹ. դարու Օսմանեան կայսրութեան հայոց պատմութիւնը[1] պատմութիւնն է մեծ խոստումներու եւ աւելի մեծ լքուածութեան։ Ապրիլ 24ի գիշերը եւ յաջորդող երկու շաբաթներուն ձերբակալուած աւելի քան 200 արեւմտահայ մտաւորականները խորապէս գիտակից էին իրենց առանձնութեան։ Գրիգոր Զօհրապի իթթիհատական բարեկամները, որոնց հետ ընթրած ու թուղթ խաղացած էր, պիտի նախընտրէին անոր սպանութիւնը չկանխել։ Սակայն, լքուածութիւնը պիտի շարունակէ հայոց ուղեկիցը ըլլալ։ Միջագետքի ճամբարներէն վերապրողները այնքան առանձին էին, որքան Անատոլիոյ հեռաւոր լեռներուն կամ գիւղերուն ապաստանեալները։ Իսկ անոնք, որոնք կրօնափոխութեան կամ բռնի կենակցութեան շնորհիւ վերապրեցան, ո՛չ միայն 1915ի ամրան, այլեւ յաջորդող հարիւր տարիներուն լքուեցան։

17.5.11

Ես ո՛չ խճանկար, ո՛չ էպրու եւ ո՛չ ալ Անատոլիոյ գոյն եմ

ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ
Հայացուց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ապրիլ 24, 2011ին, 25ամեայ թրքահայ զինուոր մը՝ Սեւակ Շահին Պալըքճը, սպաննուեցաւ թուրք զինակիցի մը՝ Քըվանչ Աղաօղլուի կողմէ, իր ծառայութիւնը աւարտելէ երեք շաբաթ առաջ։ Պաշտօնապէս «արկած» որակուած այս սպանութիւնը կասկածելի ու հակասական բազմաթիւ կէտեր ունի՝ խորհրդանշական թուականէն սկսեալ։ «Ակօս» շաբաթաթերթը տեղեկագրած է իր Մայիս 6ի թիւով.