Showing posts with label Միացեալ Նահանգներ. Show all posts
Showing posts with label Միացեալ Նահանգներ. Show all posts

9.7.17

Հարցազրոյց UCLA համալսարանի հայագիտական ամպիոնի դասախօս Յակոբ Կիւլլիւճեանի հետ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ


«Նոր Յառաջ» - Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները զօրաւոր լուսարձակի տակ են։ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը կը դիմէ սփիւռքահայ մեծ կազմակերպութիւններուն՝ Բարեգործականին, IdeA-ին, Ամերիկայի Հայկական Համագումարին, մեծահարուստներու... անոնց նեցուկը ապահովելու համար։ Տնտեսականէն անդին դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները կրթական ու մշակութային բնագաւառներուն մէջ։
Յակոբ Կիւլլիւճեան - Տալիքս միայն տպաւորութիւններ են, որոնք չեն հիմնաւորուած ցանկագրուած տուեալներով։ Տպաւորութիւն մը սակայն ընդհանրապէս ցուցանիշ է առկայ իրականութեան մը։ Հայաստան-Սփիւռք կրթական ու մշակութային յարաբերութիւններու գաղափարն իսկ մտքիս մէջ կը յառաջացնէ ապշութիւն՝ գրեթէ չնաշխարհիկ բանի մը յիշատակման պէս։ Խօսքս կը վերաբերի պաշտօնական յարաբերութիւններու, որոնք սահմանափակուած կը թուին ըլլալ արժանաւորներու թէ այլոց տրուող առատ շքանշաններու։ Մնացեալ կապերը ընդհանրապէս ոչ-պետական մակարդակի վրայ են ու հետզհետէ աւելի աշխոյժ կը թուին ըլլալ։ Մէկ կողմէ կան Հայաստանի աւանդական գիտական ու կրթական հաստատութիւններու նախաձեռնութիւնները, ուր դեռ կը յամենայ հին սովորութիւնը, օրինակ՝ գիտաժողովներու մասնակցութեան միջազգային հրաւէր ուղարկելու ձեռնարկի թուականէն երկու շաբաթ առաջ։ Միւս կողմէ, սակայն, մեծ կենսունակութիւն կ՚ապրին մասնաւոր խմբաւորումներու եւ անհատներու կողմէ յառաջ մղուած ձեռնարկները։

4.4.17

Վարդան Մատթէոսեան. «Սփիւռքի որոշ խաւ մը պատրաստ է մասնակից ըլլալ Հայաստանի պետականութեան կառուցման»

-Արդեօք կը հետեւի՞ք Հայաստանի ներքաղաքական   զարգացումներուն: Եթէ այո, ինչպէ՞ս կը գնահատէք ընդհանուր նախընտրական իրավիճակը:

Կը խոստովանիմ, որ կը հետեւիմ ներքաղաքական զարգացումներուն, բայց ոչ ամենայն մանրամասնութեամբ։ Նախընտրական իրավիճակը, յատկապէս նկատի ունենալով ինչ-ինչ քրէական եղելութիւններ, «վերեւներից» եկած պարտադրանքներ, ինչպէս եւ Արթուր Սարգսեանի մահուան պարագան, դժբախտաբար մեծ յոյսեր չի ներշնչեր, որ նախորդ ընտրութիւններու բաղդատմամբ յառաջընթաց մը արձանագրուի։ Երանի թէ սխալիմ, անշուշտ։

22.2.17

Ի՞նչ են տալիս մեզ հայկական հեռուստաալիքները

ՇՈՂԻԿ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

«Մարդ կայ ելել է շալակն աշխարհի, մարդ էլ կայ աշխարհն է շալակած տանում…»

ԱՄՆի հայկական հեռուստալիքները, ամերիկահայերին պէտք է աջակցեն  ֆիլմերի, երգերի կամ այլոց միջոցով կարօտն առ հայրենիք յաղթահարելուն  եւ հայրենասիրութեան ոգին պահպանելուն: Վստահ եմ, սա է որ իւրաքանչիւր հայ փնտռել է կամ պէտք է փնտռի հայկական հեռուստալիքների մէջ: Աւաղ, այս ամէնը այդքան էլ չի համապատասխանում իրականութեանը, քանի որ հեռուստաընկերութիւնները, ովքեր մի օր մարդկանց միայն ուրախացնում կամ ինֆորմացնում էին, այժմ ապակողմնորոշում եւ այլասերում են իրենց անհամ գովազդներով, ոչինչ չասող հաղորդումներով եւ անտաղանդ դերասանների ապաշնորհ խաղով:

27.1.17

Ռուբեն Շուգարեան. «Հայաստանի դիւանագիտութիւնը պէտք է մտածի նոր գաղափարների եւ հարցադրումների մասին»

Panorama.am-ը զրոյց մը վարած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի առաջին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (1993-1999), 1999-2005ին Արտաքին Գործոց փոխնախարար, 2005-08ին Իտալիոյ, Սպանիոյ եւ Փորթուկալի մէջ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, իսկ 2009էն ի վեր Թաֆթս համալսարանի Ֆլեթչերի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցի փրոֆեսոր Ռուբէն Շուգարեանի հետ: Նախկին դեսպանը խօսած է հայ-թրքական (ցիւրիխեան) կարգաւորման գործընթացի դասերուն, ապրիլեան պատերազմի շրջանին եւ անկէ ետք Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դիւանագիտութեան եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ Հայաստանի տեղի եւ դերի մասին:

18.7.16

Աշխարհի վրայ աւելի քան 10 միլիոն հայ կ՚ապրի

Ստորեւ տրուող տեղեկութիւնները, ի հարկէ, պէտք է որոշ վերապահութեամբ ընդունիլ։ «Գաղթականական ծառայութիւններ»ու եւ «հայկական կառոյցներ»ու տուեալներու համադրութեամբ կատարուած վիճակագրութիւն մը որքանո՞վ կրնայ վստահելի ըլլալ։ Արժանթինի ո՞ր մէկ գաղթականական ծառայութիւնը, օրինակ, 128.000 հայերու թիւ ունի, երբ հայերու գաղթականութիւնը վաղուց դադրած է (Հայաստանէն արտագաղթողներու թիւը բաղդատաբար փոքր է). կ՚արժէ յիշել, որ ո՛չ մէկ «հայկական կառոյց» երբեւէ ամբողջական մարդահամար մը կատարած է երկրին մէջ, իսկ եթէ մօտաւոր գնահատումներու մասին է, արդէն գիտենք թէ ի՞նչ արժէք ունին անոնք մեր իրականութեան մէջ։ Նոյնը պէտք է ըսել Պուէնոս Այրէսի 81.000 հայերուն մասին։ Արդեօք չե՞ն կրնար 84.000 կամ 78.000 ըլլալ։
Հետաքրքրական է, որ Սպանիոյ մասին սովորաբար 35.000-40.000 հայերու մասին կը խօսուի (հիմնականին համայնքը ծագում առած է Հայաստանէն արտագաղթողներու հաշուոյն), իսկ հոս կը տրուի 8.000 թիւը։
Վերջապէս, թէեւ խիստ կասկածներ կան, որ Հայաստանի մարդահամարներու թիւերը ճշգրիտ են, արդեօք ուրկէ՞ քաղուած է Հայաստանի ու Արցախի սահմաններուն մէջ ապրող 2.157.270 հայերու թիւը ։
Աւելցնենք, որ տարիներ առաջ, այս տեղեկութիւնները հաւաքած կեդրոնին պարտական էինք Արժանթինի երբեմնի նախագահ Գարլոս Մենեմի հայկական ծագումի չնաշխարհիկ գիւտը։ Տե՛ս մեր յօդուածը («Ազգ», 26 Սեպտեմբեր 2013), զոր կարելի է գտնել նաեւ սոյն կայքագրին մէջ («Հայկականք»)։

7.5.15

Ժիրայր Լիպարիտեան. «Ի՞նչ "բազար" են անում, երբ մեզ հրամցնում են ցեղասպանութեան ճանաչում»

ԿԱՐԻՆԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Ամերիկահայ պատմաբան եւ քաղաքական գործիչ Ժիրայր Լիպարիտեան, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան գլխաւոր խորհրդականի եւ Արտաքին Գործոց փոխ-նախարարի պաշտօնները վարած է, իսկ այնուհետեւ՝ վերադարձած դասախօսական պաշտօնի (մինչեւ 2012 հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ էր Միշիկըն-Էնն Արպոր համալսրանը), կը պատասխանէ azatamart.am կայքէջի հարցումներուն՝ 100ամեակին ոգեկոչումներուն եւ անոնց շարունակութեան մասին։ 

23.1.15

Յայտարարութիւն՝ ԱՄՆ գաղթով հետաքրքրուած սուրիահայերուն

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմնի (Syrian Armenian Relief Fund, ՍԱՐՖ/SARF) գործադիր մարմինը յայտարարութիւն մը հրապարակած է, որ լոյս տեսած է «Ասպարէզ»ի Յունուար 23ի թիւին մէջ, ուր ի մասնաւորի նշուած է.
«Վերջին շաբաթներուն ընթացքին, կարգ մը յայտարարութիւններ եղած են հանրութեան, թէ Միացեալ Ազգերու Գաղթականներու Գերագոյն խորհուրդը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը նախաձեռնած են սուրիացիներու վերաբնակեցման ծրագիրի մը, օգնելու համար անհատներու եւ ընտանիքներու, որոնք տեղահանուած են երկրին անապահով վիճակի շարունակման հետեւանքով:

2.1.14

Միացեալ Նահանգներու հայութեան թիւը կը գնահատուի 1,2-1,3 միլիոն

ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ
Տասը տարին անգամ մը, Միացեալ Նահանգներու տարածքին տեղի կ՚ունենայ կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած մարդահամար մը, որ ժողովուրդի թուաքանակը յստակացնելէ զատ, կը բացայայտէ նաեւ անոր ընկերա-տնտեսական ու ժողովրդագրական իրավիճակը:
Ամերիկեան սոյն մարդահամարը առիթ կ՚ընծայէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող որեւէ անձ՝ օրինական քաղաքացի կամ ոչ, հարցումներուն պատասխանելով ինք իր մասին կամաւոր կերպով տեղեկութիւններ փոխանցէ երկրի վիճակագրական ու ժողովրդագրական հարցերով զբաղուող գիտական եւ ուսումնասիրական հաստատութիւններուն: Այս տուեալները բնականաբար կ՚օգտագործուին յաջորդող տասը տարիներուն ընթացքին երկրին զարգացումը պատկերացնելու ու այդ ուղղութեամբ ծրագիրներ մշակելու: Մենք եւս պիտի փորձենք օգտուիլ այս մարդահամարէն, պարզաբանելու համար ամերիկահայութեան իրական թուաքանակը ու անոր աշխարհագրական կեդրոնացումները, ինչու չէ նաեւ ներկայացնել որոշ հետաքրքրական ընկերատնտեսական իրավիճակներ:

23.12.13

Անհաւասարութիւն՝ ի պէտս անգիտաց

ՊԻԼ ՔԵԼԸՐ
 Թարգմանութիւն՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
(. . . ) Շերտաւորուած հասարակութիւն մը, ուր ներքեւն ու վերեւը մեծաւ մասամբ իրենց տեղերը անշարժ մնացած են, ո՛չ միայն բարոյապէս նախատական է, այլեւ՝ անկայուն։ Տնտեսական անկումային ճգնաժամերը աւելի յաճախակի են նման երկիրներու մէջ։ Լայն գովասանքի արժանացած 2012ի գիրք մը՝ «Ինչո՞ւ ազգերը կը ձախողին», փաստարկած է, որ պատմականօրէն, երբ տիրապետող ընտրանիները սանդուխները քաշած են՝ առանց ձգելու, որ նորեկները ոտք դնեն անոնց վրայ, անոնց տնտեսութիւնները խեղդուած ու մեռած են։ «Անհաւասարութեան ամենէն վնասակար փաստը թարգմանութիւնն է քաղաքական անհաւասարութեան», ըսաւ Տարօն Աճէմօղլու՝ գիրքի համահեղինակներէն մէկը եւ Massachussetts Institute of Technologyի տնտեսագէտ։ «Կը նշանակէ, որ մեր ժողովրդավարութիւնը կը դադրի գործելէ, որովհետեւ որոշ մարդիկ այնքան շատ դրամ ունին, որ աւելորդ իշխանութիւն կը վարեն»։ Հարուստները լայնօրէն կը ծախսեն լոպպի ընողներու եւ ընտրարշաւի նուէրներու վրայ՝ կարգավիճակը յաւերժացնող հարկային ազատութիւններ, սակագնային առաւելութիւններ եւ պարտքերու ներումներ ապահովելու համար։ Ո՛չ միայն ուժական տնտեսութիւն մը կը լճանայ, այլեւ արտաքսուած քաղաքացիութիւնը կը դառնայ պատրանաթափ եւ շնական (cynical)։ Արդեօք ծանօթ կը հնչէ՞։ (. . .)

«Նիւ Եորք Թայմզ», Դեկտեմբեր 23, 2013

21.9.13

Մեր դժուար անկախութիւնը

ՄԱՐԻԵՏԱ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

Հասարակութեան մէջ հակոտնեայ տրամադրութիւնները Մաքսային Միութեանը Հայաստանի միացման վերաբերեալ ակնյայտ տեսանելի են: Տնտեսագիտական վերլուծութիւններ, այո, ի վերջոյ կատարուեցին, թէ Մաքսային Միութեան տարածքում Հայաստանին սպասւում է եւս չորս տոկոս յաւելեալ աճ, իսկ եւրոինտեգրման դէպքում` երկուս ու կէս տոկոս: Սակայն բանն անգամ թուերը չեն, ի վերջոյ հայ հանրութիւնը բոլոր տեսակի թուերի հանդէպ անվստահութիւն ունի, բացի դրանից՝ ի՞նչ է մէկ ու կէս տոկոսը, որը ցանկութեան դէպքում թուային աճպարարները, իսկ լաւ խնդրելու կամ շահագրգռելու դէպքում՝ միջազգային փորձագէտնոերը կարող են ստանալ արեւածաղիկ չրթելու պէս: Ու չնայած՝ տնտեսագիտական հիմնաւորումները որեւէ որոշման հիմքում ունենալու կարեւորմանը՝ առաւել կարեւոր ենք համարում որոշման հոգեբանական անդրադարձը հայ հանրութեան վրայ՝ սկսելով Անկախութեան օրուայ մասին դիտարկումներով:

11.9.13

«Այսինքն՝ կոտրէք Հալէպը եւ Բէյրութը, եւ 20 տարի յետոյ...»

Հայաստանը պէտք է գործադրէ բոլոր հնարաւոր ջանքերը սուրիական ճգնաժամէն առանց կորուստներու դուրս գալու համար: Սեպտեմբեր 3ին,  լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, այս մասին նշած է քաղաքագէտ եւ «Մոտուս Վիվենտի» կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեանը:

29.8.13

Սուրիահայերը կը նախապատրաստուին ամերիկեան զինուժի հնարաւոր հարուածներուն

  ՆԱՅԻՐԱ ԲՈՒԼՂԱԴԱՐԵԱՆ
              
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէիսեանը «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրույցի ընթացքին նշեց, թէ համայնքը, հակառակ վտանգներուն, կը շարունակէ իր առօրեան։
Ռատիոկայանի հետ զրոյցներուն, Հալէպի մէջ պատերազմի վտանգի տակ ապրող սուրիահայերը կ՚ըսէին, թէ սկսած են նախապատրաստուիլ հնարաւոր հարուածներուն եւ կը պատրաստուին շէնքերու նկուղները ծառայեցնել որպէս ապաստանարան, ուր պիտի պատսպարուին հրթիռներու հնարաւոր հարուածներէն ու ռմբահարումէն։

16.5.13

Թրքատեացութեան թոյնը կը շարունակէ թունաւորել

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒՔԵԱՆ

Այս [Ապրիլ 24ի] շաբթուան օրակարգը բնականաբար, կամ մի գուցէ ինքնաբերաբար, մեզ կը պարտադրէ խորհրդածել հայկական խնդիրներու մասին։ Արդէն իսկ ամէն օրուան համար միջոցառումներ կը կազմակերպուին, որոնց կը մասնակցինք մերթ ատենախօս, մերթ թղթակից ըլլալով։ Պարտինք յայտնել, որ ի տարբերութիւն սփիւռքահայութեան, մեր երկրին մէջ կազմակերպուած այդ բնոյթի միջոցառումներուն կազմակերպիչը կամ մղիչ տարրը՝ տեղւոյն հայութիւնը չէ, այլ երկրի ո՛չ հայ ժողովուրդները։ Դարձեալ ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, այս տարի հրապարակային հանրահաւաքները ծաւալած են դէպի երկրի այլ քաղաքները։ Ցարդ մեզի հասած լուրերուն համաձայն՝ հանրահաւաքներ եւ երթեր կազմակերպուեցան Իսթանպուլէն զատ, Անգարա, Իզմիր, Պրուսա, Տիարպէքիր, Ատանա, Մալաթիա, Պոտրում, Տէրսիմ եւ այլ քաղաքներու մէջ։

21.4.13

Ժիրայր Լիպարիտեան. «Րաֆֆիի արտաքին քաղաքական սկզբունքները հակադրւում են ԱՄՆ-ի շահերին»

ԿԱՐԻՆԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

«Առաջին լրատուական»ը հարցազրոյց մը ունեցած է ԱՄՆի Միշիկըն-Էնն Էրպըր համալսարանի հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ (վերջերս՝ հանգստեան կոչուած) Ժիրայր Լիպարիտեանի հետ, որ 1990-1997ին Հայաստանի մէջ տարբեր պաշտօններ վարած է, ներառեալ՝ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի աւագ խորհրդականի պաշտօնը (1994-1997)։ Ստորեւ տրուող շարադրանքը Ժ. Լիպարիտեանի ընդարձակ պատասխաններուն կրճատուած տարբերակն է, որ առցանց տեղադրուած է Ապրիլ 13ին, երբ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի հացադուլը աւարտած էր, իսկ Սերժ Սարգսեանի երդման արարողութիւնը՝ կատարուած։

3.11.11

Հայերէն իմացողները վտանգուած են Հայաստանի մէջ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Վերնագիրը կրնայ ցնցիչ ըլլալ, բայց «Առաջին լրատուական»ի (www.1.am) արեւելահայերէնի բառացի վերածումն է։ Եւ, դատելով բովանդակութենէն, հիմնաւորման բաժին չի պակսիր։
Սեպտեմբեր 15ի լուրը կը յայտնէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխ-ոստիկանապետ Արթուր Օսիկեանը Ազգ. Ժողովին ներկայացուցած է նախագիծ մը՝ «ՀՀ քաղաքացիութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու համար։
Ըստ նախագիծին, կը նախատեսուի քաղաքացիութիւն ստանալու կարգը պարզեցնել։ Այս «պարզեցումը» կ՚ենթադրէ, եթէ օրէնքը ընդունուի, որ հայերէնն ու Սահմանադրութիւնը գիտնալը պարտադիր պիտի չըլլայ քաղաքացի դառնալ ուզողին համար։ Տիար Օսիկեան նախօրօք յայտնած էր, ըստ լրատուութեան, որ «լինում են հայրենասէր հայեր, ովքեր հայերէնի իմացութեան հարցում դժուարանում են, եւ նման մարդկանց քաղաքացիութիւն չտալը մեղմ ասած սխալ է»: