Showing posts with label Իտալիա. Show all posts
Showing posts with label Իտալիա. Show all posts

6.8.15

Նշանաւոր դուստրը...

ԱՆՈՅՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
 
6 Օ­գոս­տոս 1917 թուա­կա­նին, Ի­տա­լիոյ Ֆլո­րան­ս քա­ղա­քին մէջ ծնած է հայ մեծ գրող Կոստան Զա­րեա­նի դուստ­րը՝ Նուարդ Զա­րեա­ն, որ հե­տա­գա­յին դար­ձած է Ի­տա­լիոյ մէջ նշա­նա­ւոր ար­ձա­նա­գործ, նկա­րիչ։ Սա­կայն ա­նոր կեան­քի եւ գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին քիչ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կան Հա­յաս­տա­նի եւ առ­հա­սա­րակ Սփիւռ­քի եւ հա­յաշ­խար­հի մէջ: Այս անդ­րա­դար­ձը պատ­րաս­տե­լու հա­մար ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ տա­ղան­դա­ւոր հայ ար­ձա­նա­գոր­ծի ծննդեան օ­րը եւ մա­հուան 10-ա­մեա­կը: Ճիշդ տա­սը տա­րի ա­ռաջ, 31 Յունուար 2005 թուա­կա­նին Ի­տա­լիոյ Սան­թա Մա­րի­նել­լա քա­ղա­քին մէջ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց Հայաստա­նէն եւ հա­յու­թե­նէն հե­ռու, ա­ռանձ­նու­թեան մէջ ապ­րող եւ մին­չեւ կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րը ստեղ­ծա­գոր­ծող հայ ա­րուես­տա­գի­տու­հին:

30.4.15

Հարցազրոյց Հռոմի «Լեւոնեան» Վարժարանի տեսուչ Հայր Գէորգ Նորատունկեանի հետ

Ինչպէս ծա­նօթ է, Ապ­րիլ 12ին Վա­տիկա­նի Ս. Պետ­րոս Տա­ճարին մէջ Փրան­կիսկոս Պա­պը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն որա­կեց 1915ի ջար­դե­րը, Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին Տիեզե­րական Եկե­ղեց­ւոյ Վար­դա­պետ հռչա­կուե­ցաւ եւ Նա­փոլիի մէջ Խաչ­քար մը զե­տեղուեցաւ ի յի­շատակ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հատակ­նե­րուն։ Այս ան­նա­խըն­թաց եւ պատ­մա­կան իրադարձութեանց նա­խօրեակին «Նոր Յառաջ»ը Հռո­մի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցած է տեղ­ւոյն «Լե­ւոնեան» վար­ժա­րանի տե­սուչ Հայր Գէորգ Նո­րատունկեանի հետ։

23.9.14

Վենետիկեան Օգոստոս

ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ

Դասեր հայագիտութեան եւ մարդկայնութեան
Ընտանիքը եւ նրա հայրը
Ժամանակին ֆրանսուհի նշանաւոր գրող տիկին դը Ստալը հետեւեալ միտքն է արտայայտել. «Ճամբորդելը ապրել է: Իտալիայում ճամբորդելը երկրի վրայ արքայությունից կանխավճար առնել է»:
Ասուածը մասնաւորապէս ճշմարիտ է Վենետիկի՝ աշխարհում նմանը չունեցող այդ քաղաքի համար: Մանաւանդ եթէ եղանակը բարեհաճ է եւ շրջապատուած ես մէկը միւսից հաճելի անձանցով...
Այս զգացողութիւնն ունեցան Վենետիկի «Պո-Արաքս» մշակութային ընկերակցութեան կազմակերպած Կա Ֆոսկարի համալսարանի հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառային խտացեալ դասընթացի այս տարուայ մասնակիցները՝ ուսուցիչ թէ ուսանող: Տասնչորս երկրից ժամանած վաթսունից աւելի հայ եւ այլազգի ուսանողները դասընթացի երեք շաբաթների ընթացքում ոչ միայն դրեցին հայերէնի հիմքերը կամ կատարելագործեցին իրենց լեզուաիմացութիւնն ու հայագիտական գիտելիքները, այլեւ Իտալիո՝ՙ ամէն ինչով գեղագէտ իրականութեան մէջ ձեռք բերեցին մարդկային եւ միջմշակութային շփումների անկրկնելի փորձառութիւն: Ինչպէս նկատեց ուսանողներից մէկը. «Սկիզբը մենք ծանօթներ էինք, յետոյ դարձանք բարեկամներ, իսկ վերջը ընտանիքի պէս եղանք»:

14.12.13

70ամեակ. պրոֆեսոր Հայր Պօղոս Լեւոն Զէքիեան

ԱՐԱ ԶԱՐԵԱՆ

Այս տարուայ Դեկտեմբերի 11-ին Վենետիկի Քա Ֆոսքարի պետական համալսարանի Քա Կապելլօ բաժանմունքի Աուլա Բարատտոյի անուան նիստերի դահլիճում տեղի ունեցաւ ականաւոր հայագէտ, լեզուաբան, աստուածաբան, գրականագէտ, հայոց լեզուի ու գրականութեան ամբիոնի երկարակեաց վարիչ` պրոֆ. Պօղոս Լեւոն Զէքիեանին նուիրուած երեկոյթ: Առիթը` հայագէտի ծննդեան 70-ամեակն էր եւ երկարատեւ ու բեղմնաւոր աշխատանքային գործունէութեան պաշտօնական աւարտը համալսարանական ատեանում:

20.8.13

Հին պատմութիւն եւ նոր բեկորներ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Պատմութիւնը հին կ՚ըլլայ, նոր բեկորներ ալ կը հիննան, եթէ արդէն պատմութեան պէս չեն, եթէ հեքիաթ չեն:
Հայ մարդուն համար Իտալիան բանաստեղծական սիրոյ համար` Վենետիկ է, հաւատքի համար` Հռոմ, Միլանօ եւ իր օփերան, Նափոլին` արկածախնդիրներու համար, բաց թանգարան` Ֆլորանսը, ուսանողներու համար` Փատովան: