7.2.21

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան. «Գուրգուրալ այն բոլոր աշխատանքներուն վրայ, որոնք պիտի զարգացնեն Սփիւռքի հայախօս հաւաքականութիւնը»

 

«Ազդակ»-ի առցանց 23-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 5 Փետրուարին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան զեկուցեց «Արեւմտահայ ապրող գրականութեան միջավայրերը» նիւթին մասին: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

 Դոկտ. Մատթէոսեան նախ արձանագրեց, որ լեզուի եւ գրականութեան խնդիրներու քննարկումն ու արծարծումը այս օրերուն, տարբեր հանգամանքներ նկատի ունենալով յայտնուած են երկրորդական հարթակի վրայ:

Զեկուցումի իբրեւ նախաբան ան սկսաւ «արեւմտահայ չապրող գրականութիւն կա՞յ» հարցումով: Ապա դոկտ. Մատթէոսեան խօսեցաւ Ցեղասպանութեան արեւմտահայ գրականութեան տուած մահացու հարուածին, այնուհետեւ 1920-ի ֆրանսահայ սերունդի արեւմտահայ գրական երեւոյթին, եւ ապա` 1960-ական թուականներու «Ահեկան» հանդէսին շուրջ համախմբուածներուն եւ սփիւռքահայ գրականութեան մասին:

Հանգրուանային եւ բովանդակային տարբերութիւն ընդգծելով արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութեան միջեւ` դոկտ. Մատթէոսեան նշեց, որ հասարակաց բաժինը արեւմտահայերէնն է:

2012-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հնչեցուցած ահազանգը արեւմտահայերէնի մասին խճողեց սփիւռքահայ հրապարակագրութիւնը, որ ժամանակին մօտեցած էր գեղարուեստական գրականութեան մակարդակին:

Զեկուցաբերը խօսեցաւ ապրող գրականութեան զանազան ձեւերուն մասին` կեդրոնանալով միջավայրերուն ու անոր ներկայացուցած կարեւորութեան վրայ: Զեկուցումին մէջ ներառուած էր նաեւ համացանցային սփիւռքահայ մամուլի այսօրուան երեւոյթը. դոկտ. Մատթէոսեան այս շրջագիծին մէջ համեմատութիւն կատարեց 1980-ին լոյս տեսած օրաթերթերու, պարբերականներուն եւ այսօրուան պատկերին միջեւ` վեր առնելով թէ՛ թուային եւ թէ՛ որակական նուազումը:

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան եզրափակեց. «Գուրգուրալ այն բոլոր աշխատանքներուն վրայ, որոնք պիտի զարգացնեն սփիւռքի հայախօս հաւաքականութիւնը»:

Զեկուցումին յաջորդեց տարբեր մասնագիտական մօտեցումներ ներառած բովանդակային քննարկում:

«Ազդակ», 6 Փետրուար, 2021

2 comments:

  1. Դասախօսութիւնդ տեսագրեցի՞ն։ Կարելի է՞ տեղ մը դիտել...

    ReplyDelete
    Replies
    1. Ահաւասիկ՝
      https://www.youtube.com/watch?v=6QPh1Om11B4&feature=youtu.be&fbclid=IwAR2Mcs4rGKJoCvy_9KE3FB30s2UhxmCw9dyH0U63Z3rhCYZcNFv3gKrGBQk

      Delete