Showing posts with label պատմական արխիւներ. Show all posts
Showing posts with label պատմական արխիւներ. Show all posts

15.8.16

ՀՅԴ արխիւներուն մասին (Վարագ Գեթսեմանեանի յօդուածին առիթով)

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
 
Վերջերս մամուլին մէջ լոյս տեսաւ երիտասարդ պատմաբան եւ գիտաշխատող Վարագ Գեթսեմանեանի «Արխիւային ռազմավարութիւն» խորագիրով յօդուածը, որ կը սկսի «Դաշնակցութեան արխիւները բա՞ց են թէ փակ, հասանելի՞ են թէ ոչ» հարցադրումով: Ան կը շարունակէ՝ ըսելով. «Ահա հարց մը որ յաճախ օրակարգի վրայ է մանաւանդ ակադեմական շրջանակներու հաւաքներու, քննարկումներու եւ գիտաժողովներու ընթացքին»:
Նոյն այդ շրջանակներէն ներս այս հարցին օրակարգի վրայ ըլլալէն տեղեակ եղած եմ, մանաւանդ այն տարիներուն, երբ անձնապէս իբրեւ պատասխանատու առնչուած եմ ՀՅԴ Արխիւին:

24.2.14

Միջին Արեւելքի հայկական արխիւները ցեղասպանութեան մասին

Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, Յունուար 19ին, Քրեսենթա հովիտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբի այս տարուան անդրանիկ դասախօսութիւնը նուիրուած էր վաւերագրական խիստ կարեւոր նիւթի մը՝ «Միջին Արեւելքի հայկական արխիւները՝ հայկական ցեղասպանութեան մասին»: Դասախօսն էր պատմաբան Վահրամ Շէմմասեանը: 

2.12.12

Մեծ տէրութիւնների արխիւները, հայագիտական ժառանգութիւնն ու ադրբեջանական քարոզչութիւնը

 ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ
Տարիներ առաջ` 2006 թ., կիսատ թողնելով Մեծ Բրիտանիայի արխիւներում Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ մեր ուսումնասիրութիւնները, մենք այն ամփոփեցինք երկու մենագրութեամբ եւ երկու տասնեակից աւելի գիտական յօդուածներով, որոնք լոյս տեսան ինչպէս հայրենիքում, այնպէս էլ մի շարք լեզուներով` տարբեր երկրներում: Ցաւալի էր, որ 2000 թ.-ից ի վեր, ընդհուպ` մինչեւ 2006 թ., գլխաւորապէս Մեծ Բրիտանիայի արխիւային նախարարութիւնում ձեռնարկած մեր ուսումնասիրութիւնն այդպէս էլ չկարողացանք բաղձալի աւարտին հասցնել գլխաւորապէս նիւթական միջոցների սղութեան պատճառով: