ԻԿՈՐ ՏՈՐՖՄԱՆ-ԼԱԶԱՐԵՒ
Ծ. Խ.- Հայագէտ Իկոր Տորֆման-Լազարեւի կողմէ գրուած այս «ընտանեկան յուշեր»ը, իրենց սեղմ նկարագրով, ընթերցողին կը վերադարձնեն Պաքուի երբեմնի հայաշխարհի բոյրն ու զգացողութիւնը, որոնք յատկապէս քիչ ծանօթ են՝ արեւմտահայ աշխարհին ու իր շառաւիղներուն։ Սոյն արտատպումը կը կատարուի ՀԱՅԵՐԷՆ blog-ի վարչութեան թոյլտուութեամբ։
Հայոց աշխարհը ինծի համար Կասպից ծովեզերքէն՝ Պաքուէն սկսաւ, իր ներքին
բակերէն, լայնատարած պատշգամներէն, գոյնզգոյն կերակուրներով ծածկուած երկար
սեղաններէն, ղարաբաղեան բարբառին հնչիւններէն, հայկական պարերու մէջ
փռուած ձեռքերու ուրուագիծերէն, «Քամիներու քաղաքին» չինարներու անդադար
սօսաւիւնէն: Եթէ պոլսահայերը վարժ են Հայաստանը իբրեւ արեւելեան հեռաւոր
երկիր մը երեւակայել, ապա մեզի համար նոյնիսկ Ղարաբաղը արեւմտեան աշխարհ
մըն էր: Մոսկուա ծնած, բնականաբար, չէի կրնար հայութեան մասին յստակ
գաղափար մը ունենալ, բայց երբ մանկութեանս Պաքու կ’երթայի, մեծ մօրս ու մեծ
հօրս հետ ժամանակ վայելելու համար, ուրիշ տիեզերք մը կը բացայայտէի՝
բաղձալի ու խորհրդաւոր: Կը յիշեմ, ինչպէս մեծ մայրիկիս հետ զբօսնելու կամ
գնումներ ընելու ատեն, ան, երբեմն, անծանօթի մը հետ պատահական զրոյցի
բռնուելով, հետը քանի մը ռուսերէն նախադասութիւն փոխանակելէ ետք յանկարծ
հայերէնին կ’անցնէր: Քովը կանգնած ու գլուխս ի վեր թեքած, մանկական կարճ
հասակէս խօսակից մարդուն կզակը միայն կը տեսնէի ու մարդը աչքերովս կ’ուտէի,
փորձելով հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս մեծ մայրիկս կրցած էր կռահել, թէ դիմացինը
հայ էր: Իսկ եթէ հարցնէի իրեն՝ կը ժպտէր միայն ի պատասխան…։ Մարմնովս իսկ
կը զգայի, որ ես այս անհետացող աշխարհին հետ անզննելի թելերով կապուած էի: