Showing posts with label հայոց պատմութիւն. Show all posts
Showing posts with label հայոց պատմութիւն. Show all posts

5.4.18

Ներառումի պահանջով

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

Ինչպէս հայ իրականութեան հետ առնչուող եւ յուզող միւս բոլոր խնդիրները,  հայոց պատմութեան դասագիրքերու վերամշակումը նաեւ պէտք է առաջնային օրակարգային հարց դառնայ սփիւռքի եւ Հայաստանի պատկան մարմիններու աշխատանքներուն մէջ: Այս իմաստով, Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Հիմնարկի նախաձեռնութիւնը միայն գնահատելի է եւ կը կարօտի լուրջ ու հետեւողական մօտեցումի:  Ըստ վերջերս հրապարակուած յիշեալ հիմնարկի մէկ յայտարարութեան, դասագրքաստեղծ այս աշխատանքը ընթացք առած է արդէն 2013-էն եւ իր աւարտին կը հասնի մօտիկ ապագային: Նախաձեռնութիւնը իր ամբողջ էութեամբ քաջալերելի ըլլալով հանդերձ, հարկ է պահ մը անդրադառնալ կազմակերպչական մանրամասութիւններուն եւ ընդգծել որոշ առանցքային բացթողումներ, որոնց լիարժէք քննարկումը միայն կը միտի ամրապնել անոր գիտակրթական նպատակը եւ ամրագրել արդիւնքներուն ուսումնական յաջողութիւնը:

21.10.17

Թիւրիմացութիւններու շքերթ


ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ու մենք էլ ահա անցնում ենք հանգիստ
Անհեթեթութեանց այս թանգարանով…
Պարոյր Սեւակ
(«Մեծ ուղտի փոքրիկ ականջում»)

Տիկ. Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի կողմէ շատ յստակ ու դիւրահասկնալի կերպով ձեւակերպուած «միաձեւ պատմութիւն» եւ «լեզուական Արշակաւան» խնդիրներուն շուրջ մեր նկատողութիւնները նոյնքան պարզ ու հասկնալիօրէն շարադրած էինք՝ անհրաժեշտ փաստական հիմնաւորումներով («Նոր Յառաջ», 28 Սեպտեմբեր 2017. տե՛ս այստեղ)։ Սակայն, փաստերու խեղաթիւրումով եւ «լաւագոյն պաշտպանողականը յարձակողականն է» սկզբունքով հիւսուած լեզուական ու գաղափարական սարդոստայնը («Նոր Յառաջ», 14 Հոկտեմբեր 2017) կը պարտադրէ քանի մը ճշդումներ կատարել՝ խուսափելու համար անոր մէջ իյնալու վտանգէն։

28.9.17

«Միաձեւ պատմութիւն», «լեզուական Արշակաւան» եւ միասնականութեան դրախտավայրը


ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Այս օրերուն տեղի ունեցաւ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ խորհրդաժողովը, որուն խորագիրը, առաջին համագումարէն 18 տարի ետք, տակաւին փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն կը հոլովէր։ Այդ գաղափարները պատշաճ էին Սեպտեմբեր 1999-ին՝ անկախութեան ութերորդ ամեակին, երբ Հայաստանը հազիւ թէ սկսած էր շունչ մը քաշել (ամիս մը ետք ալ իր հաստատութենական կեանքի ամենէն ծանր հարուածը կրելու համար, դեռ լրիւ չբացայայտուած պայմաններու տակ, Հոկտեմբեր 27-ի բռնաշրջումի փորձով), բայց ո՛չ թէ 26-ամեակին, երբ երկկողմանի փոխյարաբերութեան ամրացումը սպասելի էր, որ քայլ մը յառաջ գացած ըլլար։ Պէտք է հետեւցնենք, դժբախտաբար, որ նախորդ հինգ ժողովները հիմնականին ճառախօսութեան կամ ընկերային յարաբերութիւններու բեմ եղած են, իսկ վերջին 18 տարիներուն.... կլոր-կլոր դարձած ենք այդ գաղափարներուն շուրջ։
Եթէ այդպէս է, կը մնայ մաղթել, որ «աւանդութիւնը» խորտակուած ըլլայ եւ այս վեցերորդ հանդիպումը Երեւանը ճանչնալու, կապեր մշակելու եւ գեղարուեստական յայտագրեր ըմբոշխնելու պատեհութիւններէն անդին, ակնկալուած 1.500 մասնակիցներուն համար նաեւ առիթը դարձած ըլլայ լուրջ քննարկումի ու լուրջ որոշումի, որ ցոլացած ըլլայ ո՛չ թէ վերամբարձ քուէով ընդունուած եւ ուռուցիկ ոճով շարադրուած հռչակագրով, այլ... գործով։

9.1.16

«Անցանկալի» թեմաները սփիւռքահայ պատմագրութեան մէջ

ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆ
 
Այս ուսումնասիրութիւնը տարիներ շարունակ նախապատրաստական հանգրուանի մէջ կը գտնուէր։ Այտ տարուան Յուլիս 1ին Երեւանի «Ականաթ» սրճարան-պատկերասրահին մէջ «“Անցանկալի” թեմաները հայ պատմագրութեան մէջ» նիւթին շուրջ դասախօսութենէս ետք, այս մէկը տեսակէտներս տպագրուած ներկայացնելու առաջին փորձն է։ Պիտի ջանամ տեսականօրէն համակարգել անցնող երեսուն տարիներուն կուտակուած անձնական փորձառութիւնս՝ Պէյրութի, Երեւանի (Միխայէլ Կորպաչեւի այսպէս կոչուած վերակառուցման շրջանին), Լոնտոնի ու Տիրպորնի (Միչիկըն, ԱՄՆ) մէջ` իբրեւ սփիւռքահայ անհատ, իբրեւ պատմութեան մէջ մասնագիտացող ուսանող, իբրեւ նոյն դասանիւթի դասախօս եւ իբրեւ տարբեր ժամանակներու ընթացքին, երկու տարբեր երկիրներու մէջ, հայագիտական երկու կեդրոններու վարիչ։ Հետեւաբար սոյն գրութեամբ կ՚անդրադառնամ կացութեան այնպէս ինչպէս զայն կը տեսնեմ մերօրեայ Սփիւռքին մէջ։ Յօդուածիս վերջին բաժնով հպանցիկօրէն կ՚անդրադառնամ նաեւ խորհրդային եւ յետխորհրդային Հայաստանի զուգահեռ հանգամանքներուն։ Աւելին, ասիկա տակաւին ընթացող աշխատանք մըն է, եւ եզրակացութիւնները պիտի վերամշակուին այլ պատմաբաններու, հայագիտութեան այլ գիտակարգերու (discipline) փորձագէտներու եւ հայկական ժամանակակից խնդիրներով հետաքրքրուող հանրութեան հետ միտքերու փոխանակման շնորհիւ։

16.4.15

Հարցազրոյց պատմաբան Արմէն Մութաֆեանի հետ

«Նոր Յա­ռաջ» - Ի՞նչ կը մտա­ծէք վեր­ջերս մա­մու­լի մէջ տա­րածում գտած այն կար­ծի­քին գծով, որուն հա­մաձայն Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւնը պէտք է, իբր կա­յացած պե­տու­թիւն, յանձն առ­նէ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սական եւ ռազ­մա­վարա­կան կա­րիք­նե­րը, որ­պէսզի Սփիւռքը կա­րենայ հո­գալ իր հա­մայնքա­յին ու մշա­կու­թա­յին կա­ռոյցնե­րուն ծախ­սե­րը։

15.12.14

Ոչ եւս է պատմաբան Լաւրենտի Բարսեղեանը

Վ. Մ.
 
Ցաւով իմացանք, որ 77 տարեկան հասակին, Դեկտեմբեր 6, 2014ին մահացած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի հիմնադիր տնօրէն, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Լաւրենտի Բարսեղեանը՝ ուղեղային կաթուածի հետեւանքով 20 օր մահաքունի մէջ մնալէ ետք։ 

7.12.14

«Les métamorphoses de Tigrane» երկհատորեայ հրատարակութեան առիթով

«Տիգ­րա­նի կեր­պա­րանա­փո­խու­թիւն­նե­րը» քիչ մը մութ այս անուա­նու­մին ետին կը թաքնուի հսկա­յական գիւտ մը, որուն հե­ղի­նակն է Ալեք­սանդր Սի­րանո­սեան, հրատարակու­թիւն՝ «Sources d’Arménie»ի։ Գիր­քը ձեռք բե­րելու հա­մար կարելի է դիմել՝ contact@sourcesdarmenie.com հասցէին։
Նո­յեմ­բեր 27ին Փա­րիզի «Մա­զարին» գրա­դարա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ սոյն հա­տորին շնոր­հա­հան­դէ­սը։ Ա.. Սի­րանո­սեանի աշ­խա­տասի­րու­թեան մաս­նակցած է Մաք­­սիմ Եւատեան, որ Լիոնի Կա­թո­ղի­կէ հա­մալ­սա­րանի (Université Catholique) դա­սախօս է, «Sources d’Arménie»ի նա­խագահ, որուն հետ այս առ­թիւ տե­սակ­ցութիւն մը ու­նե­­ցած է Փարիզի «Նոր Յառաջ»ը։

22.11.14

«Նոր Ջուղայեցիները ստիպուած եղան իրենք զիրենք վերստին կազմակերպել ոչ որպէս առեւտրական համայնք, այլ՝ արդի ազգի մը կորիզը»

Ժ.Չ.

Պատմաբան փրոֆ. Սե­պուհ Աս­լա­նեան Գա­լիֆոր­նիոյ Եու.Սի.Էլ.Էյ հա­մալ­սա­րանի հայագի­տական ամ­պիոնի վա­րիչն է (փո­խարի­նած է փրոֆ. Ռի­չըրտ Յով­հաննէ­սեանը)։ Ան գլխա­ւոր բա­նախօսն էր եւ գլխա­ւոր գի­տական խորհրդա­տուն «Կիւլպէն­կեան» հաստատութեան կողմէ Հոկ­տեմբե­ր 16-17ին Լիզ­պո­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած հայոց, փորթուկալ­ցիներու, հրեաներու եւ մահմետականներու առեւտրա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն եւ անոնց մի­ջեւ գոյութիւն ունեցած ցան­ցե­րուն մա­սին գի­տաժո­ղովին։
Նկա­տի առ­նե­լով փրոֆ. Աս­լա­նեանի գի­տական վաս­տա­կը հա­յագի­տական ուսումնասիրու­թիւննե­րուն մէջ, «Նոր Յառաջ» անոր հետ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ այս մարզին մէջ իր տարած հետազօտական աշխա­տան­քին մօ­տէն ծա­նօթա­նալու համար։

20.11.14

Հայը եւ անցեալը. Ինքնամեղադրանք եւ դաւադրութիւն(*)

ԱՐՄԷՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
 
Յաղթողներին չեն դատում:
Վերագրւում է Եկատերինա II-ին

Չկայ ոչինչ աւելի ճշմարիտ, քան առասպելը:
Էժեն Իոնեսկօ

Եթէ յաղթողներին չեն դատում, ուրեմն` պարտուողներին դատում են: Ովքե՞ր: Ե՛ւ յաղթողները, ե՛ւ երրորդ կողմը, ե՛ւ պարտուողները: Բոլորը: «Վա՛յ պարտուողներին», ինչպէս ասել է հռոմէացիներին յաղթող գալլերի առաջնորդ Բրեննոսը:
Մեր պատմութիւնը, որոշ առումներով, պարտութիւնների շարան է: Եղել են յաղթանակներ, եղել են նոյնիսկ մեծ յաղթանակներ, բայց, ի վերջոյ, պարտուել ենք: Պարտուել են Տիգրան Մեծն ու Արտաւազդը, Արշակն ու Պապը, Մամիկոնեաններն ու Բագրատունիները, պարտուել է Հայաստանը. պարտուել ենք մենք` կորցնելով մեր հողերի եւ հայրենիքի մեծագոյն մասը: Եղել է ամենամեծ պարտութիւնը` ցեղասպանութիւնը:

14.3.14

«Հայոց պատմութեան թեմաներով կարելի է նկարահանել "Գլադիատոր"ից ոչ պակաս հետաքրքիր ֆիլմեր»

ԱՐՄՒՆԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ


Հայոց պատմութեան մէջ իրենց կենդանութեան օրօք երեք արքայ է աստուածացուել` Տիգրան Մեծը, Արտաւազդ 2-րդը եւ Նեմրութի սրբավայրը կառուցող Անտիոքոս 1-ին Երուանդականը: ԵՊՀ դասախօս, հայոց պատմութեան ամբիոնի դոցենտ Արտակ Մովսիսեանի հեղինակած ֆիլմաշարը նուիրուած է այս արքաներին:
«Արտաւազդ Բ. պատիւը` կեանքից վեր» գիտահանրամատչելի ֆիլմի պրեմիերան (ռեժիսոր` Վահէ Սուքիասեան) կայացաւ բոլորովին վերջերս` «Մոսկուա» կինոթատրոնում: Հանդիսատեսների քանակից դատելով` մեզանում հայագիտական ֆիլմերի մեծ պահանջարկ կայ: Շատերը ոտքի վրայ էին դիտում ֆիլմը: Նախորդ ֆիլմերը նոյնպէս լեփ-լեցուն դահլիճներում են անցել: Արտաւազդ 2-րդի մասին պատմող ֆիլմի նկարահանմանը աջակցել է ամերիկահայ բարերար Նունէ Սերոբեանը: Ֆիլմը նուիրւում է նրա ամուսնու` Ջօ Եարալեանի յիշատակին:

18.8.13

Ուրարտուն եւ հնագոյն պատմութեան հարցերը


Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին,  Վանի ամրոցի թագաւորական  տապանաքարերու 3D (եռատարածական) նմոյշները պիտի պատրաստուին՝ լազերի եւ նորագոյն արհեստագիտութեան օգտագործումով։  Թագաւորներու տապանաքարերը ուրարտական ժամանակաշրջանի ամենէն կարեւոր յուշարձաններէն են:  

17.12.12

Հակագիտական, հակաակադեմիական յայտարարութիւն

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
 
Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի յայտարարութիւնը, թէ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնների համար վերջերս հրատարակուած «Հայոց պատմութիւն» բուհական դասագրքում (խմբագիր` Հր. Սիմոնեան) որեւէ բառ չի փոխուելու, հակագիտական է, հակաակադեմիական, հակահայկական եւ անխիղճ:

Հայոց պատմութեան վիճայարոյց դասագրքում «ոչ մի նախադասութիւն չի փոխուի»

ՆԱՅԻՐԱ ԲՈՒԼՂԱԴԱՐԵԱՆ
 
Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար, իշխող Հանրապետական Կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը «Ազատութիւն» ռադիոկայանի հետ զրոյցում յայտարարեց, թէ չեն պատրաստւում փոխել հայոց պատմութեան բուհական դասագրքում տեղ գտած 2008 թուականի մարտիմէկեան ողբերգական իրադարձութիւնների մասին «ոչ մի նախադասութիւն»:

«Հայոց պատմութիւն» դասագրքում կեղծուել է 1988-ից ի վեր ամբողջ պատմութիւնը

ԱՇՈՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
 
Յայտնի պատմաբան, ակադեմիկոս Գագիկ Սարգսեանը 1992 թ. մի առիթով գրում է. «Տասնամեակներ շարունակ արտադրական-քաղաքական ոլորտից պատմագրութեան մէջ ներարկուել է որոշակի, շատ պարզունակ եւ դրանով էլ վարակիչ ու գրաւիչ "խորհրդային մարքսիզմ"ի առանցքագաղափարը (կոնցեպցիան).... Իշխող քաղաքական դոկտրինայի թոյնը, հոսելով հին պատմութիւնից դէպի նորը, հետզհետէ ուժեղանում էր, իսկ հասնելով նորագոյնին, պարզապէս կազմալուծում այն: Բայց միայն սա չէր դրա վտանգը: Այն իր օրինակով սովորեցնում էր բոլոր պատմաշրջաններին մերձեցողներին պատմական փաստերի աղաւաղման, նենգափոխման թոյլատրելիութիւնը նաեւ այնպիսի դէպքում, երբ այդ արւում էր ոչ թէ իշխող դոկտրինայի հունով, այլ ցանկացած բարձր քաղաքական, կեղծ հայրենասիրական, ազգային, խմբակային, կամ որեւէ այլ եղանակով» («Հայաստանի Հանրապետութիւն», 14.08.1992):

Նոր փաստերի դէպքում հայոց պատմութեան դասագիրքը կարող է վերաշարադրուել

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԱԼԽԱՍԵԱՆ
 
Օրերս լրատուամիջոցների ուշադրութեան կենտրոնում յայտնուեց ԵՊՀ պատմութեան ֆակուլտետի դեկան, պատմական գիտութիւնների դոկտոր, պրոֆեսոր Էդիկ Մինասեանի հեղինակած հայոց պատմութեան դասագիրքը, որտեղ 2008թ. Մարտի 1-ի դէպքերի ամբողջ պատասխանատուութիւնը դրւում է ընդդիմութեան վրայ: Մարտի 1-ի զոհերի հարազատները պատրաստւում են դատարան դիմել` հեղինակին մեղադրելով պատմութիւնը աղաւաղելու համար: Մարտի 1-ի զոհուածներից մէկի մայրը յայտարարել է, որ փաստաբաններից յետոյ կ'որոշեն` ինչ հիմքով են հայց ներկայացնելու դատարան: «Սիվիլնեթ»ի հետ զրոյցում Մինասեանն ասում է, որ ինքն օբիեկտիւօրէն է ներկայացրել պատմութիւնը` եղած փաստերի հիման վրայ:

Մարտ 2008ը՝ հայոց պատմութեան 2012ի դասագիրքին մէջ

Ստորեւ կու տանք 14 հեղինակներու մասնակցութեամբ կազմուած «Հայոց պատմութիւն» համալսարանական դասագիրքի (Երեւան, 2012) էջ 834-837ի էջերը (գլուխի հեղինակ՝ Էդիկ Մինասեան), ըստ www.ilur.am-ի հրապարակած լուսանկարին։ Անըմբռնելի կը մնայ գիտական այն սկզբունքը՝ ըստ որուն 2008ին տեղի ունեցած դէպքերը չորս տարի ետք արդէն «պատմութիւն» կարելի է նկատել, այդ ալ՝ չորս էջ տրամադրելու չափ։ Ինչպէս տրամաբանօրէն յայտնած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից անդամ եւ Պատմութեան Հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը, «խնդիրը, իմ կարծիքով, ոչ թե պատմագիտական բնոյթի է, այլ` քաղաքագիտական, որովհետև, իմ խորին համոզմամբ, մեր օրերի իրադարձութիւններին պատմաբանը լիարժէք պատասխան եւ անաչառ գնահատական տալ չի կարող։ Պէտք է ժամանակ անցնի, համապատասխան աղբիւրների համապարփակ առկայություն լինի, որից հետո նոր հնարաւոր լինի տալ սպառիչ պատասխան» («Հայկական ժամանակ», Նոյեմբեր 28, 2012)։

2.12.12

Մեծ տէրութիւնների արխիւները, հայագիտական ժառանգութիւնն ու ադրբեջանական քարոզչութիւնը

 ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ
Տարիներ առաջ` 2006 թ., կիսատ թողնելով Մեծ Բրիտանիայի արխիւներում Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ մեր ուսումնասիրութիւնները, մենք այն ամփոփեցինք երկու մենագրութեամբ եւ երկու տասնեակից աւելի գիտական յօդուածներով, որոնք լոյս տեսան ինչպէս հայրենիքում, այնպէս էլ մի շարք լեզուներով` տարբեր երկրներում: Ցաւալի էր, որ 2000 թ.-ից ի վեր, ընդհուպ` մինչեւ 2006 թ., գլխաւորապէս Մեծ Բրիտանիայի արխիւային նախարարութիւնում ձեռնարկած մեր ուսումնասիրութիւնն այդպէս էլ չկարողացանք բաղձալի աւարտին հասցնել գլխաւորապէս նիւթական միջոցների սղութեան պատճառով: