Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբեր եւ Երկուշաբթի, 1
Հոկտեմբեր 2018-ին, Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ տեղի ունեցաւ Թաւրիզի
հայագիտական Բ․ գիտաժողովը՝ հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Գրիգոր եպս․ Չիֆթճեանի։ Ըստ կազմակերպիչ յանձնախումբի
հաղորդած տեղեկութեան, գիտաժողովը ամենամեայ դրութեամբ տեղի պիտի ունենայ։
Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս, հայագիտական տարբեր բնագաւառներու մէջ
հմտութիւն ձեռք ձգած շուրջ տասնեակ մը ուսումնասէրներ իրենց
զեկոյցներով հանդէս եկան եւ ներկայացուցին իրենց ուսումնասիրութեանց
արդիւնքը։ Այս տարի եւս, գիտաժողովը յատուկ նշանաբան մը չունէր, նիւթերու
այլազանութիւնը կը յատկանշուէր։ Զեկուցումներ ներկայացուեցան հետեւեալ
բնագաւառներէն․ Ատրպատականի Թեմի տեղական պատմութիւն եւ գիտարշաւ, Հայոց
Ցեղասպանութիւն, հայ հին եւ նոր գրականութիւն, երաժշտութիւն,
միսիոնագիտութիւն եւ ընկերաբանութիւն։ Զեկուցաբերները ժամանած էին
Գերմանիոյ տարբեր քաղաքներէն, Յունաստանէն եւ Ճաբոնէն։ Միջին Արեւելքի
անապահով կացութիւնը նկատի առնելով, կարգ մը զեկուցաբերներ իրենց
մասնակցութենէն դժբախտաբար հրաժարած էին։ Գիտաժողովին լեզուն անգլերէնն էր։
Ներկայ գտնուեցան թաւրիզահայ համայնքի անդամներ, որոնց մէջ երիտասարդներու
թիւը զգալի ու քաջալերական էր։
Blog for informed opinions / Կայքագիր իրազեկ կարծիքներու համար / Blog para opiniones informadas
Showing posts with label Ատրպատական. Show all posts
Showing posts with label Ատրպատական. Show all posts
18.10.18
10.11.17
Իշխան Չիֆթճեան. «Ղարաբաղի սահմանները պաշտպանող զինուորը եւ հայագիտութեամբ զբաղող գիտնականը էութեամբ չեն տարբերիր իրարմէ. երկուքն ալ սահմաններ կը պաշտպանեն»
13/16 Հոկտեմբեր 2017-ին Թաւրիզի մէջ տեղի ունեցաւ
հայագիտական գիտաժողով մը, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի
Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Գրիգոր Սրբ. Եպս. Չիֆթճեանի,
կազմակերպութեամբ Թեմական Խորհուրդին: Գիտաժողովին հայագիտութեան կալուածը
շօշափող այլազան նիւթերով հանդէս եկան հայ եւ օտար հայագէտներ:
Լրատուական տեղեկութիւններէն անդին, գիտաժողովի
առաջադրանքին ու անոր ընթացքին արծարծուող նիւթերուն ընթերցողները իրազեկ դարձնելու համար, Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցած է
գիտաժողովի մասնակից, Համպուրկի համալսարանի դասախօս եւ գիտաժողովի
կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Իշխան Չիֆթճեանի հետ:
20.10.17
Թաւրիզի առաջին հայագիտական գիտաժողովը
ԱՌԱՋԻՆ ՕՐ
Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ատրպատականի ազգային առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» սրահում պաշտօնական բացումը կատարուեց Թաւրիզի հայագիտական առաջին գիտաժողովին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ թեմակալ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմական Խորհրդի:
Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ատրպատականի ազգային առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» սրահում պաշտօնական բացումը կատարուեց Թաւրիզի հայագիտական առաջին գիտաժողովին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ թեմակալ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմական Խորհրդի:
Տարբեր երկրներից ժամանած օտար հայագէտներ
մասնակցում էին սոյն գիտաժողովին, հայագիտութեան կալուածը շօշափող այլազան
նիւթերով՝ հայկական ձեռագրագիտութիւն, պատմութիւն, վաւերագրութիւն,
ազգագրութիւն, հայ-գերմանական յարաբերութիւններ, հայ-քրդական
յարաբերութիւններ, Գերմանիա եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն, Գերմանացիների
հայախնամ առաքելութիւնը Թաւրիզում եւ Սպահանում, հայ ժողովրդի յետեղեռնեան
վերընձիւղումը, գոյապայքարը եւ արդար պահանջատիրութիւնը, որոնք
ներկայացուեցին առաջին օրուայ երեք նիստերում: Գիտաժողովը ընթացաւ անգլերէն
լեզուով:
7.6.14
Պատիժ եւ պատիւ
ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ապրիլ 24-ին Թաւրիզի մէջ տեղի ունեցած ապրիլեան նահատակաց յուշատօնին
ներկայ գտնուեցայ: Տեղ առած էի հանդիսականներուն կարգին, աթոռներու գրեթէ
վերջին շարքերէն մէկուն մէջ: Բաւական ճոխ էր յուշատօնին յայտագիրը` մեներգ,
խմբերգ ու արտասանութիւն, աւագներու եւ կրտսերներու երգչախումբերու
կատարում եւ այլն: Այսքան փոքրաթիւ գաղութ մը բաւական որակաւոր յուշահանդէս
կազմակերպած էր, ինչ որ մխիթարութիւն էր ինծի համար, որ միշտ ալ
կատարուածին քանակէն ու որակէն անդին` մատուցումին կազմակերպ նկարագիրը կը
փնտռեմ:
Subscribe to:
Posts (Atom)