Showing posts with label Սփիւռք. Show all posts
Showing posts with label Սփիւռք. Show all posts

29.10.25

Վ. Մատթէոսեան. «Կարապենցի կերպարը միասնութիւն կերտող կերպար էր»

 ՍԻՒՆԷ ՖԱՐՄԱՆԵԱՆ

Այս տարի լրանում է սփիւռքահայ արդի գրականութեան գագաթներից մէկի՝ Յակոբ Կարապենցի ծննդեան 100-ամեակը:

Յակոբ Կարապենցն իր ստեղծագործութիւններով խորապէս արտացոլում է սփիւռքահայ կեանքը, դրա վերջ չունեցող ինքնութեան որոնումը, դեգերումները, խարխափումները եւ օտարութեան ցաւը: Ինչպէս նշում են գրականագէտները, նրա ստեղծագործութիւնները աչքի են ընկնում նուրբ հոգեբանական վերլուծութեամբ, իրականութեան քննադատական ընկալմամբ եւ մարդասիրական տոնով:

Ժամանակի հեռաւորութիւնից, թէեւ կարող է թւալ, թէ Կարապենցի վեր հանած խնդիրները այսօրւայ կեանքի ֆոնին որոշակիօրէն կորցրել են իրենց արդիականութիւնը, այդուհանդերձ, նրա աշխատութիւնների խորքային ընկալումը, մեզ երիցս համոզում է, որ սփիւռքահայ կեանքի մարտահրաւէրները, խնդիրները եւ առաջնահերթութիւնները միգուցէ ժամանակի թելադրանքով փոխել են իրենց բնոյթը, բայց նրանց էութիւնը մնացել է նոյնը:

Ստորեւ ներկայացնում ենք խմբագրութեանս անդամ Սիւնէ Ֆարմանեանի օգտաշատ հարցազրոյցը Վարդան Մատթէոսեանի հետ, որը մեզ կօգնի նոր դիտակէտից ընկալել Կարապենցին:

«Ալիք»

31.1.23

Արեւմտահայ ապրող գրականութեան միջավայրը

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Այս վերնագրի իւրաքանչիւր բառը կը պահանջէ կարճ բացատրութիւն մը, որպէսզի աւելի ըմբռնելի դառնայ վերլուծման մեկնակէտը։

«Արեւմտահայ» հասկացութիւնը, ի հարկէ, միայն կարելի է հասկնալ լեզուական իմաստով։ Մեծ Եղեռնի հետեւանքով յառաջացած աղէտալի խզումը եւ ցրուումը ենթադրեց «Արեւմտեան Հայաստան» (մերթ՝ Թրքահայաստան) հասկացութեան շիջումը որպէս մշակութային երեւոյթ եւ ծնունդը «Սփիւռք» հասկացութեան, որ իր վերջնական ձեւաւորումը սկսաւ ստանալ յատկապէս 1960ական թուականներուն, երբ վերապրողներուն եւ անոնց որդիներուն շառաւիղները ասպարէզ իջան։ Հետեւաբար, եթէ «արեւմտահայ» եւ «սփիւռքահայ» հասկացութիւններուն միջեւ ժառանգական գիծ մը կայ, անիկա ապահովուած է լեզուական գործօնի՝ արեւմտահայերէնի առկայութեամբ։

10.12.22

Մշակութային ազգ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը

ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼԼԻՒՃԵԱՆ

Սփիւռքի մէջ հայերէնի կարգավիճակին սխալ ըմբռնումը, անոր հանդէպ քաղաքական գիտակցութեան ու ռազմավարական մօտեցումի բացակայութիւնը շատ բան կը բացատրեն կրթական կառոյցներու կողմէ հայերէնի ուսուցման դժուարութեան, նոր սերունդին հանդէպ անոր անհրապոյր ըլլալու երեւոյթին մասին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք UCLA-ի հայագիտութեան ամպիոնի դասախօս Յակոբ Կիւլլիւճեանի խօսքը, որ արտասանուած է 2022ի համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովի «Սփիւռքի դպրոցները եւ հայերէնի ու հայկական մշակոյթի դասաւանդումը» նիստին։  

21.7.22

Վարդան Մատթէոսեանի եւ Արծուի Բախչինեանի նոր հատորը՝ "A Woman of the World: Armen Ohanian, the 'Dancer of Shamakha'"

Ֆրէզնոյի Գալիֆոռնիոյ նահանգային համալսարանի հրատարակչատան հայկական մատենաշարը լոյս ընծայեց իր 16րդ հատորը՝ Վարդան Մատթէոսեանի եւ Արծուի Բախչինեանի «Աշխարհի կինը. Արմէն Օհանեան՝ «շամախեցի պարուհին» (A Woman of the World: Armen Ohanian, the ‘Dancer of Shamakha’”)։

7.2.21

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան. «Գուրգուրալ այն բոլոր աշխատանքներուն վրայ, որոնք պիտի զարգացնեն Սփիւռքի հայախօս հաւաքականութիւնը»

 

«Ազդակ»-ի առցանց 23-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 5 Փետրուարին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան զեկուցեց «Արեւմտահայ ապրող գրականութեան միջավայրերը» նիւթին մասին: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

7.7.20

Ռազմիկ Փանոսեան. «Սփիւռքը պէտք է ստանձնէ իր հարցերը լուծելու ղեկավարի պատասխանատուութիւնը»


ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան յայտարարեց, որ Սփիւռքը պէտք է ստանձնէ իր հարցերը լուծելու ղեկավարի պատասխանատուութիւնը։
Թագաժահրի շրջանին, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը հանդէս եկաւ իրերայաջորդ նախաձեռնութիւններով, որոնց հիմնական նպատակն էր նպաստել Սփիւռքի կենսունակութեան։ Փանոսեանի պաշտօնի կոչուած շրջանէն ի վեր այս հաստատութիւնը արդէն ի յայտ կու գայ նոր տեսլականով մը՝ Սփիւռքի գոյատեւումը երաշխաւորելու ուղղուած որոնումներու ճանապարհին։ Վերջերս Ռազմիկ Փանոսեան հարցազրոյց մը տուաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

19.2.19

Սփիւռքի զարկերակը շօշափող հարցախոյզ մը

  ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Տասնամեակներէ ի վեր կը խօսուի Սփիւռքի ուսումնասիրութիւնը գիտական հիմքերու վրայ դնելու անհրաժեշտութեան մասին։ Մամուլի որեւէ ուշադիր ընթերցող գիտէ, որ սփիւռքեան իրականութեան մասին մեր բանախօսներու թէ հրապարակագիրներու ելոյթները ընդհանրապէս համեմուած են հռետորական սաւառնումներու պղպեղով, բայց անոնց կը պակսի թիւերու եւ փաստերու իրականութեան աղը։

15.12.18

Արեւմտահայ գրատպութեան ու գրական արեւմտահայերէնի ներկայից

ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ
«Հայ լեզուն տարիներով կը վերապրէր: Իր գոյութիւնը կը վտանգուէր, իր տունը կը խորտակուէր: Բայց կ՚ապրէր: Հայ լեզուն մոլորական հովուն պէս կը ճամբորդէր լեռներուն միջեւ, գետերուն քով, ծովերուն վրայ: Ան հիմա կ՚ապրի տարբեր վանքերու մէջ, քաղաքի մէջ, գիւղի մէջ, ագարակի մէջ: Բայց ինչի՞ համար: Ըսելու «տո՞ւն», «ճա՞շ», «մա՞յր», «հա՞յր», «խոհանո՞ց»: Թէ՞ ըսելու «բնութիւնՙ մայրը որ ինծի կեանք տուաւ»: Կիրքով ըսելու՝ՙ «ինչո՞ւ հոս եմ»:
Թենի Արլէն, «Հայ լեզուի խնդիրը»

ՍՓՒՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐՈՂԻ ՏՊԱԳՐԱՎԱՅՐԸ
Վերջերս Հալեպից Հայաստան տեղափոխուած մի գրողի հետ զրոյցում հարցրի, թէ այսուհետ որտե՞ղ պիտի նախընտրէր հրատարակել իր գրքերըՙ Սփիւռքո՞ւմ, թէ՞ Հայաստանում: Նա մի պահ երկմտելուց յետոյ պատասխանեց. «Հայաստանում... այսօր հոս աւելի շատ ընթերցող ունիմ»:

7.12.18

«Մենք պատասխանատուութիւն ունինք ժամանակի առջեւ արեւմտահայութեան կրթական ճանապարհին»

ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

1995 թուականի Դեկտեմբեր 18էն Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ իր գործունէութիւնը սկսաւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնը, որ անցած տարիներուն տարած է լայնածաւալ աշխատանքներ գիտակրթական, ինչպէս նաեւ գրամշակութային ոլորտներուն մէջ: «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի կրթական հիմնական ուղղութիւնը սփիւռքահայ եւ հայրենի ուսուցիչներու վերապատրաստութիւնն է, իսկ յառաջիկային արդէն՝ պատրաստութիւնը։

12.6.18

Սփիւռքի թաւշեայ յեղափոխութիւնը (խմբագրական)

Ժ. Չ.

Թաւշեայ յեղափոխութիւնը նոր էջ մը պիտի բանա՞յ նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ։ Որքան որ սպասումները մեծ են Հայաստանի քաղաքացիներուն համար, նոյնքան ալ՝ սփիւռքահայերուն։
Անցնող 27 տարիներուն Սփիւռքը բարեսիրութեան, օգնութեան, ներդրումներու միջոց էր եւ արտասահմանի մէջ՝ քաղաքական նեցուկ, Հայաստանի ի նպաստ լոպիինկի առումով։ Անկախ Հայաստանի գոյութիւնը ինքնին մեծագոյն պարգեւն էր, թուրքին եաթաղանէն փրկուած ու արտերկիր հաստատուած Հայութեան համար։ Սակայն, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները առողջ չէին եւ ինչպէ՞ս կրնային ըլլալ երբ անկախութենէն ի վեր ժողովուրդը արտագաղթը գտած էր իբրեւ հիմնական լուծում իր կենցաղային հարցերուն։

13.5.18

Քայլարշաւին հեղինակը Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նոր նախարարն է

2018-ի գարնան փոքրիկ Հայաստանը յայտնուեցաւ համաշխարհային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնին։ Մետիամաքսը գրած է այս մասին։
Հայկական յեղափոխութիւնը սկսաւ Գիւմրիի հրապարակէն. Նիկոլ Փաշինեանն ու իր կողմնակիցները ճանապարհը սկսան Գիւմրիի սակաւամարդ հրապարակէն։ Ապրիլի 27-ին՝ մեկնարկէն 28 օր անց, անոնք վերադարձան նոյն հրապարակը, ուր, ըստ ժողովրդական խօսքին, ասեղ նետելու տեղ չկար։
Այս բոլորը ամիսներ շարունակ մշակուած մարտավարութիւն էր։ Մետիամաքսը գտած է քայլարշաւ սկսելու գաղափարին հեղինակը։ Ան 28-ամեայ Մխիթար Հայրապետեանն է` նորանշանակ ՀՀ Սփիւռքի նախարարը։

8.5.18

Նիկոլ Փաշինեան. «Օրէնքը հաւասարազօր եւ նոյն կերպ պիտի գործի»

Երեքշաբթի, 8 Մայիսին, վարչապետի թեկնածու Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ մը կատարեց Ազգային Ժողովի յատուկ նիստին ընթացքին, ներկայացնելով իր պատկերացումներն ու ծրագիրները, զոր կու տանք ամբողջութեամբ, ըստ «Արմէնպրէս»ի հրապարակած բնագրին.

Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակում հաւաքուած թանկագի՛ն բարեկամներ, Հայաստանում, Արցախում եւ Սփիւռքում համացանցով եւ հեռուստացոյցով մեզ հետեւող սիրելի՛ հայրենակիցներ, յարգելի՛ լրագրողներ, Ազգային ժողովի յարգելի՛ նախագահութիւն, յարգելի՛ պատգամաւորներ:
Այսօր հայոց արժանապատուութեան միջնաբերդի՝ Շուշիի ազատագրման 26րդ տարեդարձն է, եւ ես նախ եւ առաջ ուզում եմ բոլորիս շնորհաւորել այդ դարակազմիկ եւ շրջադարձային յաղթանակի առիթով. մեծ խորհրդանիշ կայ նրանում, որ Հայաստանում տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութեան դէ իւրէ յաղթանակը պէտք է արձանագրուի հէնց այսօր՝ Շուշիի ազատագրման տարեդարձի օրը:

23.4.18

Մեծ բացական՝ Սփիւռքը

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
 
Անցնող շաբաթն իր բուռն իրադարձութիւններով ահագին նիւթ է հայթայթում մեկնաբան-վերլուծաբաններին` պետական, ազգային, հասարակական ու քաղաքական բնոյթի դիտարկումներ եւ ընդհանրացումներ անելու: Պաշտօնական իրադարձութիւնների եւ հասարակական պոռթկումների մի շաբաթ՝ որն իր հետքն է թողնելու ազգային-պետական մեր ընթացքի ու մօտեցումների վրայ, նաեւ հանգրուան՝ եզրակացութիւններ անելու մեր բացթողումների ու սխալների վերաբերեալ:
Այս առումով, ինչպէս իր մասնագիտական պարտքը կատարող իւրաքանչիւր լրատուամիջոց, մեր թերթը փորձում եւ փորձելու է յընթացս դիտարկումներ կատարել ու ամրագրել կարեւոր երեւոյթները:

5.4.18

Ներառումի պահանջով

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

Ինչպէս հայ իրականութեան հետ առնչուող եւ յուզող միւս բոլոր խնդիրները,  հայոց պատմութեան դասագիրքերու վերամշակումը նաեւ պէտք է առաջնային օրակարգային հարց դառնայ սփիւռքի եւ Հայաստանի պատկան մարմիններու աշխատանքներուն մէջ: Այս իմաստով, Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Հիմնարկի նախաձեռնութիւնը միայն գնահատելի է եւ կը կարօտի լուրջ ու հետեւողական մօտեցումի:  Ըստ վերջերս հրապարակուած յիշեալ հիմնարկի մէկ յայտարարութեան, դասագրքաստեղծ այս աշխատանքը ընթացք առած է արդէն 2013-էն եւ իր աւարտին կը հասնի մօտիկ ապագային: Նախաձեռնութիւնը իր ամբողջ էութեամբ քաջալերելի ըլլալով հանդերձ, հարկ է պահ մը անդրադառնալ կազմակերպչական մանրամասութիւններուն եւ ընդգծել որոշ առանցքային բացթողումներ, որոնց լիարժէք քննարկումը միայն կը միտի ամրապնել անոր գիտակրթական նպատակը եւ ամրագրել արդիւնքներուն ուսումնական յաջողութիւնը:

12.3.18

Հայերէն blog – գրական գործարան մը

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ
 
Տարի մը եւ տասը ամիսէ ի վեր արեւմտահայերէնով հետաքրքրուող, նոր խօսք, գեղարուեստական ճաշակ, նոր միտք որոնող ընթերցողներուն ուշադրութենէն չէ վրիպած հայկական կայքէջի մը ծնունդը, որ համացանցի վրայ էջք կատարած է անձայն, առանց շեփորահարելու իր աշխատանքը: Հայերէնի ծարաւով համացանցային աշխարհին մէջ շրջող ընթերցողն է միայն, որ կը գտնէ այս կայքէջը ու պեղելով անոր բովանդակութիւնը կ’ըմբռնէ, որ Հայերէն պլօկը օրըստօրէ հայերէնասիրութիւնը ապրումէն կեանքի, կեանքէն արտայայտչաձեւի կը վերածէ ու կը յայտնաբերէ հայերէն մտածող, հայերէնով շնչող եւ ստեղծագործող, հայերէնը ապրեցնող գրիչներ:
Կը խորհիմ, թէ պատահականութեան արդիւնքով չէ, որ Հայերէն պլօկը խորհրդանիշ ընտրած է պտղաբերութեան նշանը՝ նուռը. խորհրդանիշը անոնց, որոնց աշխատանքը կը ծնի ամբողջական ու կրքոտ նուիրումէն: Առանց այդ նուիրումին ու հոգեկան հզօր շարժումին, հաւանաբար այսքան բանուկ գործարանի մը չվերածուէր Հայերէն պլօկը: Գործարան կ’ըսենք, որովհետեւ անոր էջերուն վրայ օրական դրութեամբ արտադրուող տեղադրումներ կը տեսնենք։ Տեղադրումներ, որոնք սովորական պարտականութեան մը տուրքը չէ որ կը վճարեն, այլ հայերէնով վերածնելու կարելիութիւնը ցոյց կու տան՝ լեզուի նահանջը երգելով ծուլութեան անձնատուր եղողներուն։
Խմբագիրներու միջեւ հրապարակային զրոյցը եւ մտքերու փոխանակումը շահեկան համարելով, քանի մը հարցում կ’ուղղենք Հայերէն պլօկի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Իշխան Չիֆթճեանին՝ ծանօթանալու եւ մեր ընթերցողները ծանօթացնելու հայ գիր ու գրականութեան շարժիչ ոյժը ցայտուն պահելու կոչուած այս կայքէջին՝ Հայերէն պլօկին առաջադրանքներուն։

16.2.18

Յաւելումներու ստեղծած տագնապին ի տես. միասնաբար ամուր պահենք հայ դպրոցը

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Լիբանահայ դպրոցներուն պարագային ստեղծուած նիւթական տագնապը մղած է յօդուածագիրը կրկնելու կարգ մը յայտնի ճշմարտութիւններ, որոնք կ՚երթան երկրի սահմաններէն անդին ու կը տարածուին ամբողջ Սփիւռքի վրայ։ Կ՚արժէ թուարկել քանի մը հատը՝ ի պէտս բոլոր անոնց, որոնք մինչեւ այսօր ջայլամի նման գլուխը կը թաղեն աւազին մէջ.
«Հայ դպրոցը ծնողք – կրթական մշակ – համայնքային ղեկավարութիւն եռեակին վրայ հիմնուած է»:
«Արդի ժամանակներու նորարարութեան պահանջներուն հետեւելու շուտիկութիւնն ու հեւքը յաճախ դպրոցներ դրած են մրցակցութեան խօլ պայքարի մէջ` զարդարելով պատերը, փայլեցնելով քար եւ կոթող, շքեղացնելով գրասենեակներ, բայց մոռնալով, որ այդ բոլորը իրենց գինը ունին»։ 
«Նոր շէնքեր, եկեղեցի, կոթող, յուշարձան կառուցելով չէ, որ հայութիւնը կը պահպանուի-:
«Հայկականք»

13.2.18

Ազգային կինոարարման մեր անկարողութիւնը

ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ

Հարիւր քսան տարուց աւելի է, ինչ մարդկութիւնն առատօրէն օգտւում է իր ստեղծած ամէնից հանճարեղ գիւտերից մէկի՝ կինոյի շռայլած բարիքներից, որոնցից է նաեւ անցեալն անմահացնելու բացառիկ կարողութիւնը:
Մենք՝ հայերս, ի լրումն այլ գործօնների՝ նաեւ պետականութիւնից զուրկ ժողովուրդ լինելու պատճառով, ցաւօք, մեծ մասամբ ի վիճակի չենք եղել կամ չենք կարողացել օգտուել կինոյի այդ եզակի հնարաւորութիւնից, եւ անցեալի մեր իրականութեան շատ ու շատ երեւոյթներ անկարող ենք այսօր շօշափելիօրէն տեսնել, զգալ ու գնահատել:

17.1.18

Քաղաքացիական պատերազմը բեկանեց նաեւ պէյրութահայութիւնը

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

Հրանդ Տինք հիմնարկի հայագիտական բանախօսութիւններու շարքէն երկու արժէքաւոր ակադեմականներ այցելած են Պոլիս։ Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Հետազօտութիւններու Կեդրոնի տնօրէն, քաղաքական գիտութիւններու տոքթոր Անդրանիկ Տագէսեան 10 Յունուարին բանախօսեց հիմնարկի «Հաւաք» լսարանին մէջ, նիւթ ունենալով իր կեդրոնի աշխատութիւններու լոյսին տակ լիբանանահայութեան 1920-ականներէն մինչեւ մեր օրերուն երկարող համայնապատկերը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք յարգելի ատենախօսի հետ «Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեանի կատարած հարցազրոյցը։
Նոյն շրջագծով, 12 Յունուարին այս անգամ Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տոքթ. Տիգրան Զարգարեան բանախօսեց թուայնացուած գրադարաններու մասին։ Բացի Տոքթ. Զարգարեանի զեկոյցէն, Վահագն Քէշիշեանի ատենավարութեամբ բանախօսութիւնը տեղի ունեցաւ ասուլիսի բնոյթ, որուն մասնակցեցաւ նաեւ տոքթ. Տագէսեան։

3.12.17

Ո՞վ ի՛նչ կը սպասէ հայ դպրոցէն

 ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ

Եթէ Սփիւռքի, որպէս առաջադրանքներ ունեցող հայագաղութներու միասնութիւն ու միութիւն, կենսական մարտահրաւէրներէն մէկը հայապահպանումն է, ապա ուրեմն աներկբայ իրողութիւն է, որ հայապահպանութեան անփոխարինելի դարբնոցը հայ դպրոցն է:
Ուրեմն եւ` անխուսափելի հարցումը: Սփիւռքի մէջ ո՞ւր է հայ դպրոցը այսօր: Մեկնակէտ ունենանք լիբանանահայ դպրոցը, որ գրեթէ դար մը ամբողջ մնաց ու տակաւին է առաջատարը հայ գիրն ու դպրութիւնը ուսուցանող, հրատարակող ու տարածող: Բայց նոյն դպրոցին կարողականութի՞ւնը` վաղուան մարտահրաւէրներուն դիմաց:
Ոչ մէկ կասկած, որ հայ դպրոցին մէջ հայ աշակերտներու թիւի համեմատական աճին հետ նաեւ կարելի է գնահատել հայ դպրոցի յառաջընթացն ու յաջողութեան գրաւականը: Եւ այս առումով, ի՞նչ կ՚ըսէ հայ դպրոց յաճախող հայ աշակերտներուն թիւը այսօր: Աւելի քան մէկ տասնամեակ է, որ աննախընթաց նուազում կ՚արձանագրէ հայ աշակերտներուն թիւը հայ դպրոցներուն մէջ:

18.11.17

Արեւմտահայերէնի գործածութեան հեռանկարը Եւրոպայի մէջ եւ անոր պահպանման անհրաժեշտութիւնը (*)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՏԱՔԷՍԵԱՆ

Խօսքս ենթակայական է եւ ընդհանրացնելու յաւակնութիւն չունիմ։ Նախ շատ արագ պիտի ներկայացնեմ հայկական աշխարհի ներկայ վիճակը, անշուշտ գիտակից եմ, թէ ո՛չ կատարեալ պատկեր մը պիտի ըլլայ ան։ Եւ յետոյ պիտի անդրադառնամ Սփիւռքի մէջ հայ անհատի ինքնութեան կերտման խնդրին եւ ի վերջոյ, այս ստեղծուած համագրին մէջ՝ պիտի փորձեմ տեղադրել արեւմտահայերէնի անհրաժեշտութեան հարցը։