Showing posts with label Թաւրիզ. Show all posts
Showing posts with label Թաւրիզ. Show all posts

18.10.18

Թաւրիզի հայագիտական Բ. գիտաժողով

Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբեր եւ Երկուշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ տեղի ունեցաւ Թաւրիզի հայագիտական Բ․ գիտաժողովը՝ հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Գրիգոր եպս․ Չիֆթճեանի։ Ըստ կազմակերպիչ յանձնախումբի հաղորդած տեղեկութեան, գիտաժողովը ամենամեայ դրութեամբ տեղի պիտի ունենայ։ Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս, հայագիտական տարբեր բնագաւառներու մէջ հմտութիւն ձեռք ձգած շուրջ տասնեակ մը ուսումնասէրներ իրենց զեկոյցներով հանդէս եկան եւ ներկայացուցին իրենց ուսումնասիրութեանց արդիւնքը։ Այս տարի եւս, գիտաժողովը յատուկ նշանաբան մը չունէր, նիւթերու այլազանութիւնը կը յատկանշուէր։ Զեկուցումներ ներկայացուեցան հետեւեալ բնագաւառներէն․ Ատրպատականի Թեմի տեղական պատմութիւն եւ գիտարշաւ, Հայոց Ցեղասպանութիւն, հայ հին եւ նոր գրականութիւն, երաժշտութիւն, միսիոնագիտութիւն եւ ընկերաբանութիւն։ Զեկուցաբերները ժամանած էին Գերմանիոյ տարբեր քաղաքներէն, Յունաստանէն եւ Ճաբոնէն։ Միջին Արեւելքի անապահով կացութիւնը նկատի առնելով, կարգ մը զեկուցաբերներ իրենց մասնակցութենէն դժբախտաբար հրաժարած էին։ Գիտաժողովին լեզուն անգլերէնն էր։ Ներկայ գտնուեցան թաւրիզահայ համայնքի անդամներ, որոնց մէջ երիտասարդներու թիւը զգալի ու քաջալերական էր։

10.11.17

Իշխան Չիֆթճեան. «Ղարաբաղի սահմանները պաշտպանող զինուորը եւ հայագիտութեամբ զբաղող գիտնականը էութեամբ չեն տարբերիր իրարմէ. երկուքն ալ սահմաններ կը պաշտպանեն»

13/16 Հոկտեմբեր 2017-ին Թաւրիզի մէջ տեղի ունեցաւ հայագիտական գիտաժողով մը, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Գրիգոր Սրբ. Եպս. Չիֆթճեանի, կազմակերպութեամբ Թեմական Խորհուրդին: Գիտաժողովին հայագիտութեան կալուածը շօշափող այլազան նիւթերով հանդէս եկան հայ եւ օտար հայագէտներ:
Լրատուական տեղեկութիւններէն անդին, գիտաժողովի առաջադրանքին ու անոր ընթացքին արծարծուող նիւթերուն ընթերցողները իրազեկ դարձնելու համար, Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցած է գիտաժողովի մասնակից, Համպուրկի համալսարանի դասախօս եւ գիտաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Իշխան Չիֆթճեանի հետ:

20.10.17

Թաւրիզի առաջին հայագիտական գիտաժողովը

ԱՌԱՋԻՆ ՕՐ
Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ատրպատականի ազգային առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» սրահում պաշտօնական բացումը կատարուեց Թաւրիզի հայագիտական առաջին գիտաժողովին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ թեմակալ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմական Խորհրդի: 
Տարբեր երկրներից ժամանած օտար հայագէտներ մասնակցում էին սոյն գիտաժողովին, հայագիտութեան կալուածը շօշափող այլազան նիւթերով՝ հայկական ձեռագրագիտութիւն, պատմութիւն, վաւերագրութիւն, ազգագրութիւն, հայ-գերմանական յարաբերութիւններ, հայ-քրդական յարաբերութիւններ, Գերմանիա եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն, Գերմանացիների հայախնամ առաքելութիւնը Թաւրիզում եւ Սպահանում, հայ ժողովրդի յետեղեռնեան վերընձիւղումը, գոյապայքարը եւ արդար պահանջատիրութիւնը, որոնք ներկայացուեցին առաջին օրուայ երեք նիստերում: Գիտաժողովը ընթացաւ անգլերէն լեզուով: 

29.9.16

Կարծրատիպերը քանդելու մղումները


ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

«Ալիք» օրաթերթի 85-ամեակի տօնակատարութիւնը եւ այդ առիթով կազմակերպուած ուղեւորութիւնները, հանդիպումներն ու քննարկումները լիարժէք ծառայեցին թերթին մասին գոյութիւն ունեցող ընդհանուր գաղափարը, պատկերացումները խորացնելու եւ մանաւանդ անդրադառնալու զգայուն տարածաշրջանի մը մէջ լոյս տեսնող 85-ամեայ օրաթերթին ստանձնած դերին եւ այդ դերի կատարումի ազդեցիկութեան կամ այժմէական իրադարձութիւնները նկատի ունենալով` անհրաժեշտութեան:
Հայ մամուլի ներկայացուցիչներու ընդգրկուն ներկայութիւնը Իրանի մէջ, եւ այդ առիթով անկախ պատմամշակութային տեսարժան վայրեր այցելելէ եւ այդ առումով որոշ եզրակացութիւններու յանգելէ, առիթը լիարժէքօրէն օգտագործուած էր նաեւ համայնքի պատասխանատուներուն եւ պետական շրջանակներուն հետ հարցեր քննելու, քննարկումներ ունենալու:

Միջին Արեւելքի մէջ պարսկահայ համայնքը բարեկամութեան կամուրջ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
 
Տարիներէ ի վեր արեւմտեան երկիրները Միջին Արեւելքի մէջ իրենց ազդեցութեան գօտիները ամրացնելու համար հեռուէն կամ մօտէն թիրախ առած են Իրանը։ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ծայրայեղ իսլամական շարժումներու դէմ պայքարին մէջ կարեւոր գործօն կը հանդիսանայ իրանեան զինեալ միջամտութիւնը։ Այս բոլորին կողքին, իրանեան հիւլէակայաններու տագնապը ամենէն ծանրակշիռն էր, որովհետեւ Արեւմուտքը Իրանին պարտադրեց տնտեսական եւ ելեւմտական խիստ պատիժներ, որոնք տարիներ շարունակ շնչահեղձ դարձուցին երկիրը։ Բարեբախտաբար բարեյաջող աւարտ մը ունեցաւ, ինչ որ առիթ տուաւ Իրան այցելութիւններու նոր հոսանք մը ստեղծելու։
Սեպտեմբեր 12-էն 20, աշխարհասփիւռ հայ մամուլի եւ Հայաստանի լրատու միջոցներու պատասխանատուներու խմբակ մը Իրան այցելեց։ Շարժառիթը՝ պարսկահայութեան երկարամեայ «Ալիք» օրաթերթի (*) 85-ամեակն էր։ Ութօրեայ հրաւէրը կը համընկնէր պարսկահայութեան կազմակերպած Համահայկական մարզական 48-րդ խաղերու բացման հանդիսութեան եւ կը նախատեսէր այցելութիւններ՝ Թեհրանի, Թաւրիզի եւ Նոր Ջուղայի համայնքային եկեղեցական, կուսակցական, կրթական, մարզական, մշակութային ու Հայ դատի կեդրոններ։ Ծրագրուած էին նաեւ հանդիպումներ իրանեան լրասփիւռներու եւ Իրանի Մշակոյթի նախարարութեան հետ, ինչպէս նաեւ Խոմէյնիի դամբարանի այցելութիւն։

17.2.15

Ատրպէյճան այս անգամ կը փորձէ իւրացնել հայ որբերուն գորգը

Փետրուար 26ին Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, Միսաք Քէլէշեան պիտի դասախօսէ «Ղազիր» գորգին մասին, անդրադառնալով Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ ազատած հայ որբ աղջիկներու ձեռքով գործուած իւրայատուկ գորգին մասին։
Ատրպէյճանական կողմը այս անգամ եւս դիմած է սադրանքի, յայտարարելով, թէ գորգն ու իր զարդանախշերը իբր թէ «ատրպէյճանական ծագում ունին»։ Ըստ ատրպէյճանական Pia.az լրատուական կայքի նիւթին, գորգը կը պատկանի «ատրպէյճանական Թաւրիզի գորգագործական դպրոցին» եւ գորգի կեդրոնը տեղադրուած ութանկիւն աստղը ատիկա կը վկայէ։

17.8.14

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Գերմանիոյ դեսպան Ճէյմս Կրինֆիլդի մասին

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ (*)
 
Մարալանի Ս. Աստուածածին հնամենի մեր մատուռը (**) շրջապատող պատմական գերեզմանատան մէջ թաղուած օտարազգիներէն է Այզէկ Կրինֆիլդը, ծագումով գերմանացի, որ ամուսնացած է թաւրիզահայ Հռիփսիմէ Բժշկեանի հետ: Սոյն ամուսնութենէն 1873-ի Մարտ 3-ին ծնած Ճէյմսը, 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ դեսպան կը նշանակուի Գերմանիոյ մէջ, եւ Պերլին հաստատուելով իր պաշտօնը ձեռնհասութեամμ կը վարէ, որովհետեւ գերմաներէնի նման նաեւ կը տիրապետէր հայերէն լեզուին, իբրեւ իր մայրենի երկու լեզուներէն մէկը:

7.6.14

Պատիժ եւ պատիւ

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ապրիլ 24-ին Թաւրիզի մէջ տեղի ունեցած ապրիլեան նահատակաց յուշատօնին ներկայ գտնուեցայ: Տեղ առած էի հանդիսականներուն կարգին, աթոռներու գրեթէ վերջին շարքերէն մէկուն մէջ: Բաւական ճոխ էր յուշատօնին յայտագիրը` մեներգ, խմբերգ ու արտասանութիւն, աւագներու եւ կրտսերներու երգչախումբերու կատարում եւ այլն: Այսքան փոքրաթիւ գաղութ մը բաւական որակաւոր յուշահանդէս կազմակերպած էր, ինչ որ մխիթարութիւն էր ինծի համար, որ միշտ ալ կատարուածին քանակէն ու որակէն անդին` մատուցումին կազմակերպ նկարագիրը կը փնտռեմ: