Showing posts with label «Մատենագիրք Հայոց». Show all posts
Showing posts with label «Մատենագիրք Հայոց». Show all posts

25.5.15

Հարցազրոյց Երեւանի «Մաշտոց» Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի հետ

«Նոր Յառաջ» - Քա­նի՞ տա­րի է որ Մա­տենա­դարա­նի տնօ­րէնի պաշ­տօ­նը կը վա­րէք եւ ընդհանրապէս ի՞նչ բա­րեմաս­նութիւններ պէտք է ու­նե­նալ այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնե­լու համար։
Հրաչեայ Թամ­րա­զեան - 2007էն ի վեր կը վա­րեմ Երե­ւանի Մա­տենա­դարա­նի տնօ­րէնի պաշ­տօ­նը։ Այս պա­տաս­խա­նատու գոր­ծին հա­մար նախ պէտք է եր­կար տա­րիներ հոն աշխա­տելու փոր­ձա­ռու­թիւնը ու­նե­նալ եւ բնա­կանա­բար քա­ջածա­նօթ ըլ­լալ ձե­ռագ­րա­կան աշ­խարհին, միջ­նա­դարա­գէտ ըլ­լալն ալ պայ­ման է, ինչպէս նաեւ կազ­մա­կերպչա­կան յատկու­թիւննե­րը անհրա­ժեշտ են, նկա­տի ու­նե­նալով որ Մա­տենա­դա­րա­նը շատ ինքնատիպ հիմ­նարկ մըն է։ Պէտք է կա­րենալ երի­տասարդնե­րու հետ աշ­խա­տիլ՝ նոր սերունդներ ներգրա­ւելու առու­մով։ Այս հիմ­նարկին մէջ աշ­խա­տողը այ­լեւս չի կրնար անկէ դուրս իր կեան­քը պատ­կե­րաց­նել։