Showing posts with label Հրաչեայ Թամրազեան. Show all posts
Showing posts with label Հրաչեայ Թամրազեան. Show all posts

13.9.16

Հրաչեայ Թամրազեանին նայողները պիտի տեսնեն ապագան

 ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Մա­տենա­դարա­նը կը գու­ժէ իր եր­կար տա­րինե­րու տնօ­րէն Հրա­չեայ Թամ­րա­զեանի վա­ղահաս մա­հը։ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան 3 Սեպ­տեմբեր Շա­բաթ օր, 63 տա­րեկա­նին կը մա­հանայ երկարատեւ հի­ւան­դութե­նէ ետք, իր ետին թո­ղելով հսկա­յական վաս­տակ մը՝ նո­րոգուած ու շէնցած Մաշ­տո­ցի անուան ձե­ռագիր­նե­րու ու­սումնա­սիրու­թեան կեդ­րոն Մա­տենա­դարա­նը։ Իր տնօ­րէնու­թեան տա­րինե­րուն Մա­տենա­դարա­նը պատ­մութեան մէջ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կ՚ընդլայ­նէ իր տա­րած­քը տի­րանա­լով նոր մաս­նա­շէն­քին։ Աւե­լին, ան­ցեալ տա­րուան մէջ, Մատենա­դարա­նը ու­նե­ցաւ իր անդրա­նիկ մաս­նա­ճիւ­ղը, Ար­ցա­­խի Գան­­ձա­­­սար վան­­քին մէջ, ուր հա­­ւաքուած է ար­­ցա­­­խեան ակունքներ ու­­նե­­­ցող ձե­­ռագ­­րա­­­կան աւան­­դը։ Այս ըն­­թացքին Մատենա­­դարա­­նի պաշ­­տօ­­­նէու­­թիւնը կը եռա­­պատ­­կուի հաս­­նե­­­լով 350 հո­­գանոց վիթ­­խա­­­րի աշխա­­­տակազ­­մի։ Մա­­տենա­­դարա­­նի ձե­­ռագիր­­նե­­­րու հա­­ւաքա­­ծուն կը հարստա­­նայ հաս­­նե­­­լով 23 հա­­զարի, դառ­­նա­­­լով աշ­­խարհի ամե­­նէն հա­­րուստ ձե­­ռագիր­­նե­­­րու հա­­ւաքա­­ծու­­նե­­­րէն մէ­­կը, ուր ոչ միայն հա­­յերէն կամ հա­­յատառ ձե­­ռագիր­­ներ հա­­ւաքուած են, այլ բազ­­մա­­­զան լե­­զու­­նե­­­րով, ներառեալ արա­­բատառ օս­­մա­­­ներէն ձե­­ռագիր­­ներ։ Մի­­ջազ­­գա­­­յին յա­­րաբե­­րու­­թիւններ կը մշակուին զա­­նազան կեդ­­րոննե­­րու, հա­­մալ­­սա­­­րան­­նե­­­րու եւ թան­­գա­­­րան­­նե­­­րու հետ։

22.8.16

2007-2015ին Մատենադարանը աւելի քան 5.000 ձեռագիր ձեռք բերած է


2007ին Երեւանի Մատենադարանի հաւաքածոն 17.250 ձեռագիր ունէր, իսկ այդ թիւը 2015ին 22.550ի հասած է։ Մատենադարանին մէջ ներկայիս ռազմավարական նշանակութիւն մը ունեցող ծրագիր մը կը գործադրուի՝ մեծադիր ձեռագիրներու, հազուագիւտ արխիւային փաստաթուղթերու եւ հնատիպ գիրքերու գիտական մշակումի ու վերականգնումի ծրագիրը։ Այս եւ ուրիշ հարցերու մասին, «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը զրուցած է Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի հետ։  Հարցազրոյցը արեւմտահայերէնի վերածուած է «Ազդակ»ի կողմէ։

25.5.15

Հարցազրոյց Երեւանի «Մաշտոց» Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի հետ

«Նոր Յառաջ» - Քա­նի՞ տա­րի է որ Մա­տենա­դարա­նի տնօ­րէնի պաշ­տօ­նը կը վա­րէք եւ ընդհանրապէս ի՞նչ բա­րեմաս­նութիւններ պէտք է ու­նե­նալ այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնե­լու համար։
Հրաչեայ Թամ­րա­զեան - 2007էն ի վեր կը վա­րեմ Երե­ւանի Մա­տենա­դարա­նի տնօ­րէնի պաշ­տօ­նը։ Այս պա­տաս­խա­նատու գոր­ծին հա­մար նախ պէտք է եր­կար տա­րիներ հոն աշխա­տելու փոր­ձա­ռու­թիւնը ու­նե­նալ եւ բնա­կանա­բար քա­ջածա­նօթ ըլ­լալ ձե­ռագ­րա­կան աշ­խարհին, միջ­նա­դարա­գէտ ըլ­լալն ալ պայ­ման է, ինչպէս նաեւ կազ­մա­կերպչա­կան յատկու­թիւննե­րը անհրա­ժեշտ են, նկա­տի ու­նե­նալով որ Մա­տենա­դա­րա­նը շատ ինքնատիպ հիմ­նարկ մըն է։ Պէտք է կա­րենալ երի­տասարդնե­րու հետ աշ­խա­տիլ՝ նոր սերունդներ ներգրա­ւելու առու­մով։ Այս հիմ­նարկին մէջ աշ­խա­տողը այ­լեւս չի կրնար անկէ դուրս իր կեան­քը պատ­կե­րաց­նել։