ARMENIACA - ՀԱՅԿԱԿԱՆՔ
Blog for informed opinions / Կայքագիր իրազեկ կարծիքներու համար / Blog para opiniones informadas
20.10.26
Գիրքի մը հրատարակութեան պատմութիւնը
19.10.26
Մեծարենց եւ Սիրունի՝ աղօթքի ու յիշատակի օր Պոլսոյ մէջ
Չորս Աւետարանիչներու տօնին առթիւ, Շաբաթ, 17 Հոկտեմբերին, Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւոր եւ գրական յիշատակի ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցան եկեղեցական արարողութիւններ եւ Յակոբ Ճօլօլեան-Սիրունիի «Այս հիւանդ, հանճարեղ պատանին» հատորի շնորհանդէսը, որուն իր բարձր հովանաւորութիւնը շնորհած էր Թուրքիոյ Հայոց Ն. Ա. Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը։ Միսաք Մեծարենցի կեանքին ու գործին նուիրուած եւ «Անտարես» հրատարակչատան կողմէ Երեւանի մէջ հրատարակուած այս աշխատութիւնը հրատարակութեան պատրաստած են ամերիկաբնակ բանասէր ու պատմաբան դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան եւ Պոլսոյ հոգեւորականաց դասէն, բանասէր դոկտ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեան։
16.10.26
Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ գիրքը»-ի արեւմտահայերէն թարգմանութեան ներկայացումը Երեւանի մէջ / Western Armenian Translation of Antonia Arslan's "The Book of Mush" Launched in Yerevan
Երեքշաբթի, 13 Հոկտեմբերին, իտալահայ անուանի գրող Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ գիրքը» վիպակի արեւտահայերէն թարգմանութիւնը ներկայացուած Է Երեւանի «Զանգակ» գրատան մէջ։ Թարգմանութիւնը լոյս տեսած էր 2025-ին Ազգային Առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակչատունէն՝ դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի թարգմանութեամբ։
Ձեռնարկը տեղի ունեցած է «Թիւֆէնկեան» բարեգործական հիմնադրամի եւ «Save Armenia»-ի աջակցութեամբ։ Բացման խօսքը կատարած է հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Անդրանիկ Գասպարեան, որ շեշտած է Հայաատանի մէջ գիրքի ներկայացումին կարեւորութիւնը,։
15.10.26
Հնագոյն Հայաստանի սխալ բանալին
18.8.26
Լոյս տեսաւ Յակոբ Ճ. Սիրունիի աշխատասիրութիւնը նուիրուած՝ Միսաք Մեծարենցին
Յակոբ Ճ. Սիրունիի՝ Միսաք Մեծարենցին նուիրուած «Այս հիւանդ, հանճարեղ պատա-նին» յուշագրութիւն-աշխատասիրութիւնը, որ երկար տարիներ կը սպասէր իր ամբողջական հրատարակութեան, վերջապէս գիրքի վերածուած է եւ լոյս տեսած՝ Երեւանի մէջ։
Գիրքի պատրաստութեան եւ խմբագրութեան աշխատանքը ստանձնած են Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասէն՝ Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեան եւ գրականագէտ Վարդան Մատթէոսեան։ Հատորին յառաջաբանը գրած է Վ. Մատթէոսեան։
13.12.25
Meet the Cartozians
Vartan Matiossian
29.10.25
Վ. Մատթէոսեան. «Կարապենցի կերպարը միասնութիւն կերտող կերպար էր»
ՍԻՒՆԷ ՖԱՐՄԱՆԵԱՆ
Այս տարի լրանում է սփիւռքահայ արդի գրականութեան գագաթներից մէկի՝ Յակոբ Կարապենցի ծննդեան 100-ամեակը:
Յակոբ Կարապենցն իր ստեղծագործութիւններով խորապէս արտացոլում է սփիւռքահայ կեանքը, դրա վերջ չունեցող ինքնութեան որոնումը, դեգերումները, խարխափումները եւ օտարութեան ցաւը: Ինչպէս նշում են գրականագէտները, նրա ստեղծագործութիւնները աչքի են ընկնում նուրբ հոգեբանական վերլուծութեամբ, իրականութեան քննադատական ընկալմամբ եւ մարդասիրական տոնով:
Ժամանակի հեռաւորութիւնից, թէեւ կարող է թւալ, թէ Կարապենցի վեր հանած խնդիրները այսօրւայ կեանքի ֆոնին որոշակիօրէն կորցրել են իրենց արդիականութիւնը, այդուհանդերձ, նրա աշխատութիւնների խորքային ընկալումը, մեզ երիցս համոզում է, որ սփիւռքահայ կեանքի մարտահրաւէրները, խնդիրները եւ առաջնահերթութիւնները միգուցէ ժամանակի թելադրանքով փոխել են իրենց բնոյթը, բայց նրանց էութիւնը մնացել է նոյնը:
Ստորեւ ներկայացնում ենք խմբագրութեանս անդամ Սիւնէ Ֆարմանեանի օգտաշատ հարցազրոյցը Վարդան Մատթէոսեանի հետ, որը մեզ կօգնի նոր դիտակէտից ընկալել Կարապենցին:
«Ալիք»
13.8.25
Փարիզի «Հ. Սամուէլեան» գրատան ճակատագիրը. աճուրդի հանուած հազուագիւտ հաւաքածոն - փրկուած է երեք գիրք
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Փարիզի Լատինական թաղամասի պատմական շունչով փողոցներէն մէկուն մէջ,
երկար տասնամեակներ շարունակ կը գործէր հաստատութիւն մը, որուն անունը
ամրօրէն կապուած է հայկական մշակոյթի եւ ընդհանրապէս արեւելեան մտաւոր
ժառանգութեան հետ։ «Հրանդ Սամուէլեան արեւելեան գրատուն»ն է, որ հիմնուած է
1930 թուականին՝ Հրանդ Սամուէլեանի (Հրանդ Սամուէլ) ձեռքով եւ ժամանակի
ընթացքին դարձած է ո՛չ միայն գիրքերու վաճառատուն, այլեւ կամուրջ՝ Արեւելքի
ու Արեւմուտքի միջեւ։ Գրատունը այդ տարիներուն Փարիզի մէջ կազմաւորուող
հայ համայնքի, բայց նաեւ գաւառաբնակ ամբողջ հայութեան հանդիպման վայրն էր։
«Հրանդ Սամուէլեան» գրատունը երբեք պարզ առեւտրական կեդրոն մը չէր։ Ան եղած է հայ գիրքի, մտքի ու սփիւռքեան յիշողութեան սրբավայր մը՝ միաժամանակ լեցուած բազմալեզու հրատարակութիւններով եւ եզակի նիւթերով։ Այնտեղ դարերու հեռաւորութենէն եկած հայկական ժառանգութիւնը կը հանդիպէր նոր ժամանակներու ձայնին՝ պահելով լեզուի եւ մշակոյթի շունչը։
22.5.25
Նորընտիր պապին հայկական ծագման հերթական առասպելը
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
14 Մայիսի առաջին ժամերուն, WhatsApp-ր իրերայաջորդ կարճ հաղորդագրութիւններ բերաւ մեզի, Մոնթէվիտէոյէն մինչեւ Պոլիս, հարց տալով, թէ ճի՞շդ է, որ նորընտիր Լեւոն ԺԴ. Պապը հայկական արմատներ ունի, որոնք կ՚երթան մինչեւ... Արժանթին։ Արձագանգն էին վարդապետի մը գրածին, որուն տեղ տուած էին լուրջ համարուող հայկական լրատուամիջոցներ ալ, որ կը կրկնէր թրքահայ ոմն Նուրհան Չեթինքայայի անլուրջ պնդումը, թէ իր մեծ մայրը քոյրն էր ծիրանաւոր Ռոպըրթ Ֆրէնսիս Փրեւոստի (Լեւոն ԺԴ. Պապի) մեծ հօր՝ էվէրէկցի Սեդրակ Բարսեղեանի, որ 1915-ին Արժանթին գաղթած էր, ուր ըստ երեւոյթին անունը փոխած կ՚ըլլար, իսկ յետոյ՝ Միացեալ Նահանգներ գաղթած, որդին ալ ըլլալով Louis Marius Prevost։ Մինչ էվէրէկցիները (եւ կեսարացիները ընդհանրապէս) 1910-1914 թուականներուն նկատելի թիւ մը եղած են դէպի Արժանթին գաղթականութեան, չենք կրցած հասկնալ, թէ ո՞ւր եւ ի՞նչ հիմքով «Բարսեղեան» մականունը պիտի դառնար Preboste (որ ֆրանսերէն prevost բառի սպաներէնն է, հաշուելով որ ենթադրեալ անուանափոխութիւնը տեղի ունեցած էր Արժանթինի մէջ), որուն հետ ամենահեռաւոր առնչութիւնն իսկ չունի։
20.5.25
Դուրեանի գանկին ուղեւորութիւնը դէպի Երեւան
ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
1959-ին Պոլսոյ Պաղլարպաշըի գերեզմանատան հանդիպակաց փողոցը լայնցնելու պատրուակով
քաղաքային իշխանութիւնները կը պետականացնեն գերեզմանատան այն հատուածը, ուր բազմաթիւ
շիրիմներու շարքին կը գտնուէր նաեւ Պետրոս Դուրեանի՝ Աբովեանի, Քուչակի, Սայեաթ-Նովայի,
Նարեկացիի, Շնորհալիի համահաւասար ուժով այս հանճարի (փոխ կ՚առնեմ Օշականէն) գերեզմանը։