Showing posts with label Մեծ Եղեռն. Show all posts
Showing posts with label Մեծ Եղեռն. Show all posts

17.7.22

Տէսինի Մեծ Եղեռնի յուշարձանին նախընթացները

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Տէսինի Մեծ Եղեռնի յուշարձանի կառուցման 50ամեակին առիթով, Եդուարդ Մարտիրոսեան պատմական շահեկան ակնարկ մը հրատարակած էր՝ ֆրանսերէն եւ հայերէն (“Nor Haratch – Hebdo”, 2 juin 2022. «Նոր Յառաջ», 4 Յունիս 2022)։ Բովանդակալից յօդուածը ֆրանսաբնակ ու ոչ-ֆրանսաբնակ հայուն կը յիշեցնէր, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կառուցուած է Եւրոպայի (ինչպէս պիտի տեսնենք՝ արեւմտեան Եւրոպայի) առաջին նմանօրինակ յուշարձանը, ինչպէս նաեւ մոռացութեան վիհէն կը հանէր այն անձնաւորութիւնները, որոնք դերակատար եղած էին անոր իրականացման։

29.10.21

Ժխտում՝ բառերի պատերազմի պայմաններում


 ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Ալիք Մեդիա»յի հարցազրոյցը` ամերիկաբնակ գիտնական, հայագէտ Վարդան Մատթէոսեանի հետ` «Հայոց ցեղասպանութեան անուանման քաղաքականութիւնը. լեզու, պատմութիւն եւ “Մեծ եղեռն”» անգլերէն աշխատութեան առթիւ։

-«Մեծ եղեռն» արտայայտութիւնը քննելու ձեր գործունէութիւնը տարիների պատմութիւն ունի. ի՞նչը մղեց դիմելու նման ուսումնասիրութեան:

-Հայոց ցեղասպանութեան հարցերը երբեւէ իմ հայագիտական գործունէութեան կիզակէտը չեն եղել (չհաշուած հազուադէպ անդրադարձները), թեմային դիմել եմ ակամայ: 2008-2009 թուականներին թուրք լիբերալ մտաւորականների` ներողութիւն խնդրելու նախաձեռնութեան տեքստում թուրքերէնով եւ այլ լեզուներով գրւում էր “Buyuk Felaket/Great Catastrophe”, իսկ հայերէն թարգմանութիւնը` «Մեծ եղեռն»: Ապա ԱՄՆ այդ ժամանակուայ նախագահ Բարաք Օբաման ապրիլի 24-ի տարեկան ելոյթում օգտագործում էր ուղղակի հայերէն «Մեծ եղեռն», որ խուսափի «ցեղասպանութիւն» բառից` չնայած այն ճանաչելու իր նախընտրական խոստմանը: Օբամայից առաջ «Մեծ եղեռն»-ն օգտագործել էր Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը, բոլորովին տարբեր համագրում (կոնտեքստ), որին հետեւել էին նրա յաջորդները` Բենեդիկտոս ԺԶ. եւ Ֆրանցիսկոս պապերը, իսկ ԱՄՆ նախագահ Ջորջ Վ. Բուշը կիրառել էր դրա “Great Calamity” այսպէս ասած թարգմանութիւնը (Օբամայից յետոյ Դոնալդ Թրամփը լրիւ բանաքաղել է վերջինիս յայտարարութիւնների ոճն ու նոյնիսկ բառապաշարը):

11.10.21

Լոյս տեսաւ Վարդան Մատթէոսեանի «Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանման քաղաքականութիւնը. լեզու, պատմութիւն եւ "Մեծ Եղեռն"» անգլերէն աշխատութիւնը

Լոնտոնի Bloomsbury Publishing ընկերութեան ճիւղերէն մէկը՝ I. B. Tauris հրատարակչատունը, վերջերս լոյս ընծայեց հայագէտ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի անգլերէն աշխատասիրութիւնը՝ The Politics of Naming the Armenian Genocide: Language, History and ‘Medz Yeghern’ («Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանման քաղաքականութիւնը. լեզու, պատմութիւն եւ “Մեծ Եղեռն”»), որ հրատարակչատան նոր՝ «Հայերը արդի եւ վաղ արդի աշխարհին մէջ» մատենաշարին առաջին հատորը կը կազմէ։ 

29.7.21

«Մեծ Եղեռնի հոգեցունց դրուագներով կը փորձեմ գրաւել աշակերտներուս ուշադրութիւնը»

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Ուսուցչուհի մըն է այս ըսողը, որ կը հպարտանայ իր բացառիկ կարողութիւններով ու, չես գիտեր՝ ինչո՛ւ, կարիքը կը զգայ զանոնք ի լուր աշխարհին յայտնելու: Կը խորհիմ, թէ միթէ հպարտառի՞թ երեւոյթ է սա, թէ՞ հակառակը, այսինքն՝ պարտուողականութեան տիղմին մէջ թաթախուած ըլլալու փայլուն ապացոյց. ո՞ր մէկը:

Ուզէ՛ք՝ առաջին դասարան ըսէք, ուզէ՛ք՝ տասներկրորդ, իմաստ չունի, վասնզի բոլորն ալ դեռ փոքր են եւ զուրկ են այդ բոլորը ընկալելու, ընդունելու եւ մարսելու հոգեբանական պատրաստականութենէն:

25.4.20

«Եղեռն» բառի իմաստը եւ հայերէնի չիմացութեան վնասները


ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ինչպէս ընթերցողը գիտէ, 2009-2019 թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Պարաք Օպամա եւ Տոնըլտ Թրամփ (իր նախորդին հետեւողութեամբ ու բանագողութեամբ) ամէն Ապրիլ 24ի առիթով հրապարակած են յայտարարարութիւն մը որուն մէջ ներկայ են ցեղասպանութեան սահմանումը եւ «Մեծ Եղեռն» անուանումը, թէեւ, ի մեծ յուսախաբութիւն հայ քաղաքական գործիչներու, հրապարակագիրներու եւ ընդհանուր հանրութեան, «ցեղասպանութիւն» բառը բացակայ է։

14.11.17

Բարակ գիծ մը



ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Անցեալ Հոկտեմբեր 14-ին, Պոլսոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով նշուած էր Հայաստանի երկրորդ անկախութեան տարեդարձը գեղարուեստական յայտագրով մը, որուն մասնակցած էին Երեւանէն յատկապէս հրաւիրուած «Կադանս» (իմա՛՝ ֆր. cadence) նուագախումբը եւ Պոլսոյ «Մարալ» պարախումբը։ Փառաշուք համերգը, որ կազմակերպուած էր Սեւ ծովու Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան կողմէ՝ կարգադիր յանձնախումբի մը անմիջական գործակցութեամբ, հոծ բազմութեան ներկայութիւնը վայելած է։ Ձեռնարկի աւարտին, յուշանուէրներ յանձնուած են բոլոր մասնակից ու աջակից անձնաւորութիւններուն։

10.3.17

Օսմանահայե՞ր. այո՛, օսմանահայեր (Կարօ Արմէնեանի յօդուածին առթիւ)

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

Երկար ժամանակ է, որ կ’ուզէի այս յօդուածը գրել, բայց վերջերս քանի մը ընկերներու հետ զրուցելէ ետք անդրադարձայ, որ պահը հասունցած է, որ միտքերս սոյն գրութեան միջոցով ներկայացնեմ եւ դնեմ հանրութեան քննարկման հարթակի վրայ:
16 Մարտ 2015-ին «Օսմանահայեր» խորագրով իր յօդուածին մէջ Կարօ Արմէնեան խստիւ կը քննադատէ եւ կ’ըմբոստանայ օսմանահայեր եզրի օգտագործման դէմ` վիճարկելով, որ այս երեւոյթը միայն օրինական շղարշ մը կը կապէ Թուրքիոյ ցեղասպանական անցեալին եւ ժխտողապաշտ մեքենային: Կը մէջբերեմ յօդուածագիր ընկերոջս տողերը. «Վերջերս փորձեր կ’ըլլան արեւմտահայութիւն (Western Armenians) եզրը օսմանահայութիւն անհեթեթութեամբ փոխարինելու: Այս երեւոյթը առայժմ կը դրսեւորուի անգլիագիր յօդուածագրութեան եւ հրապարակային ելոյթներու մէջ եւ սակայն հետզհետէ կը թափանցէ համացանցային կայքերու լաբիւրինթոսէն ներս եւ կը ձեւաւորէ իր եզրաբանական նստուածքը: Ասիկա ոչ միայն կոպիտ սխալ մըն է եւ մեղանչում մը` պատմական ճշմարտութեան դէմ, այլեւ վիրաւորական պիտակաւորո՛ւմ մը` մեր ժողովուրդի հասցէին: Այն, ինչ տեղի կ՛ունենայ, բացայայտ դիմազեղծումն է մեր մշակութային ժառանգութեան. ինքնութեան ջա՛րդ մը` իր բոլոր եպերելի հետեւանքներով»: Այս կարճ պարբերութեան մէջ կան կարեւոր, բայց եւ այնպէս վիճարկելի գաղափարներ, որոնց մէկ առ մէկ պիտի անդրադառնամ` նպատակադրելով ցոյց տալ, որ  Արմէնեանի այս մօտեցումը հիմնաւորուած չէ եւ պատմաքաղաքական առումով վտանգաւոր կամ զազրելի ոչինչ կայ օսմանահայեր եզրի օգտագործման մէջ:

Օսմանահայեր...

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Վերջերս փորձեր կ՛ըլլան «արեւմտահայութիւն» (Western Armenians) եզրը «օսմանահայութիւն» (Ottoman Armenians) անհեթեթութեամբ փոխարինելու: Այս երեւոյթը առայժմ կը դրսեւորուի անգլիագիր յօդուածագրութեան եւ հրապարակային ելոյթներու մէջ եւ սակայն հետզհետէ կը թափանցէ համացանցային կայքերու լաբիւրինդոսէն ներս եւ կը ձեւաւորէ իր եզրաբանական նստուածքը: Ասիկա ոչ միայն կոպիտ սխալ մըն է եւ մեղանչում մը` պատմական ճշմարտութեան դէմ, այլեւ վիրաւորական պիտակաւորո՛ւմ մը` մեր ժողովուրդի հասցէին: Այն, ինչ տեղի կ՛ունենայ, բացայայտ դիմազեղծումն է մեր մշակութային ժառանգութեան. ինքնութեան ջա՛րդ մը` իր բոլոր եպերելի հետեւանքներով:

25.1.17

Ալ Պապ` ցեղասպանութեան ընթացքին դէպի անապատ բացուող դուռը

ԽԱՉԻԿ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ (*)

1916 թուականի առաջին օրը Յովհաննէս Խաչերեան արթնցաւ ձայնէն իր մօտերը գտնուող կնոջ մը, որ «Առաւօտ լուսոյ» շարականը կ’երգէր: Քանի մը երկվարկեան տեւեց, մինչեւ որ գիտակցեցաւ, թէ կը գտնուի ո՛չ թէ իր պապերուն հարազատ հողին` Պարտիզակի իր տան մէջ, այլ Ալ Պապ աւանին մերձակայքը գտնուող կեդրոնացման ճամբարի մը մէջ. աւան մը, որուն անունն իսկ նախապէս չէր լսած:
Յովհաննէս Ալ Պապ հասած էր նախորդ իրիկուն` 31 Դեկտեմբերին: Յորդառատ անձրեւին տակ ան եւ իրեն հետ եղողները մօտեցած էին քաղաքին դարպասներուն` ի զուր փորձելով կաշառքով քաղաք մտնել: Անոնց ստիպած էին երթալ մօտակայքը գտնուող կեդրոնացման ճամբար, ուր հազարաւոր հայեր ապաստանած էին վրաններուն տակ :
Յովհաննէս կարճ ժամանակի ընթացքին պիտի հասկնար, որ Ալ Պապի մէջ հայերը չքաւորութեան, հիւանդութեան եւ բռնութեան պայմաններուն զոհ կ՛երթան: Նոյնիսկ եթէ կենդանի մնային, մղձաւանջը տակաւին երկար պիտի տեւէր:
Սակայն Յովհաննէս կրցած է ողջ դուրս ելլել Ալ Պապի գաղթակայանէն, որուն մասին պատերազմէն ետք պիտի գրէր: Յովհաննէսին գաղթակայան հասնելէն 101 տարի անց, այս տողերը գրուած ատեն, ՏԱՀԵՇ-ի հակակշիռին տակ գտնուող Ալ Պապը կը գրաւէ թերթերուն խորագիրները:

20.1.17

Անգոյ մանկութիւն մը՝ Ծառուկեանի աչքերով

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
 
«Արաս» հրատարակչատունը ընթերցողներու սեղանին դրած էր Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» ինքնապատումին թրքերէն թարգմանութիւնը՝ վաստակաշատ կրթական մշակ Քլեմանս Զաքարեան-Չելիքի թարգմանութեամբ։ Քանի մը նշումներ, ուրեմն, Ծառուկեանի այս գիր­քին առ­թիւ։
Հայ գրա­կանու­թեան մէջ ման­կութեան շրջա­նի ներ­կա­յացու­մը, յու­շագրա­կան ոճով թէ գեղարուես­տա­կան, բա­ւական հա­րուստ աւան­դութիւն մը ու­նի։ Մեծ Եղեռ­նէն յե­տոյ մանաւանդ, որ­բե­րուն կեան­քը, Առա­ջին աշ­խարհա­մար­տի ար­հա­ւիրքնե­րուն ազ­դե­ցու­թիւնը փո­խան­ցուած են պատ­կե­րաւոր ոճե­րով թէ իրա­պատում գրուածքնե­րով։ Ման­կութեան աշխարհի ան­մեղ ու լու­սա­ւոր շրջան­նե­րը բազ­մա­թիւ գրող­նե­րու հա­մար վե­րածուած են իտէալա­կան վայ­րի մը, ուր փոր­ձած են վե­րադառ­նալ իրենց հա­սուն տա­րիքին։ Կա՛մ իրենց ման­կութեան, կա՛մ այ­լոց ման­կութեան եւ կամ ուղղա­կի մա­նուկնե­րու մի­ջոցով ման­կութիւն կո­չուած ժա­մանա­կը առ­հա­սարակ եղած է ստեղ­ծա­գոր­ծող ան­հատնե­րուն ու­շադրու­թեան կեդրո­նին։ Ար­դա­րեւ, մեր գրա­կանու­թեան մէջ ման­կութեան մա­սին գրուած բո­լոր գիր­քե­րուն մէջ առանձնա­յատուկ տեղ մը կը գրա­ւէ Անդրա­նիկ Ծա­ռու­կեանի «Ման­կութիւն չու­նե­ցող մարդիկ» ինքնա­պատու­մը, որ որ­պէս թեր­թօն «Նա­յիրի» հան­դէ­սին մէջ հրա­տարա­կուե­լէ վերջ, 1955-ին տպագ­րուած է առան­ձին գիր­քով, Պէյ­րութի մէջ։ Գիր­քը հե­տագա­յին ար­ժա­նացած է բազ­մա­թիւ վե­րահ­րա­տարա­կումնե­րու Հա­յաս­տա­նի մէջ թէ Սփիւռքի, եւ թարգմա­նուած նաեւ բազ­մա­թիւ օտար լե­զու­նե­րու՝ ռու­սե­րէնի, անգլե­րէնի, ֆրան­սե­րէնի, արա­բերէ­նի, պարսկե­րէնի եւ հի­մա նաեւ թրքե­րէնի (*)։

21.10.16

Հրաժեշտ Շամիրամ Սեւակին

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
 
Լու­սան­կար մը կայ, որ վեր­ջին շրջա­նին հրա­պա­րա­կուե­լով,  սի­րե­լի դար­ձած է շա­տե­րուն: Շամի­րամ Սե­ւակն է լու­սան­կա­րին մէջ՝ խնա­մուած, ազ­նուա­կան դի­մա­գի­ծով, սպի­տա­կա­հեր հայու­հին, որ  լու­սան­կա­րին մէջ ինքն ալ ձեռ­քը ար­ծա­թա­գոյն շրջա­նա­կով լու­սան­կար մը բռնած է: Այդ մէ­կը լու­սան­կա­րուած է մէկ-եր­կու տա­րի ա­ռաջ՝ Ֆրան­սա, Նիս:  Սեւ-ճեր­մակ այդ լուսան­կա­րը մեծ դեր ու­նե­ցած է Շա­մի­րամ Սե­ւա­կի  կեան­քին մէջ: Լու­սան­կա­րը կը պատ­կե­րէ եր­կու ան­ձինք՝ Ռու­բէն Սե­ւակն ու գեր­մա­նու­հի կի­նը՝  Եա­նի Ա­փփե­լը: Շա­մի­րամ Սե­ւա­կի ծնողքն է, նա­հա­տակ գրող՝ Ռու­բէն Սե­ւակն ու ա­նոր հա­ւա­տա­րիմ կո­ղա­կի­ցը՝ Եա­նի Ա­փփե­լը:

17.7.16

Այց Մուշեղ Իշխանի ծննդավայրը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ 
 
Ինչպէս հաղորդած էինք, Իս­թանպու­լի Մխի­թարեան վար­ժա­րանի հա­յերէ­նի ու­սուցիչ, բանասէր ու գրականագէտ Սե­ւան Տէ­յիր­մենճեան դպրո­ցի վար­չութեան եւ հիմնա­դիրի փոխանոր­դի որո­շու­մով պաշ­տօ­նազրկուած էր։
Շուրջ ամիս մը առաջ վար­չութեան ան­դամնե­րու եւ հիմ­նա­դիրի փո­խանորդ Պերճ Մենզիլճիօղ­լուի որո­շու­մով կա­յացած այս պաշ­տօ­նազրկու­մէն ետք, զա­նազան շրջանակներ զօրակցութիւն յայտնեցին երիտասարդ ու­սուցի­չին՝ գրաւոր թէ բանաւոր արտայայտութիւններով։
«Ակօս»ի 13 Յուլիսի թիւէն գոհունակութեամբ կ՚իմանանք, որ վար­չութիւ­նը վերատեսութեան ենթարկած է իր անհեթեթ որոշումը, որ պատճառաբանուած էր ոչ-մանկավարժական պատրուակով՝ մամուլի մէջ ստորագրուած յօդուածներով։ Կ՚արժէ այս պարագային վերյիշել... Արփիար Արփիարեանը եւ «Կարմիր ժամուց»ը։

15.7.16

Հայկական կինոհետքեր. չորս դրուագ

ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ
 
1. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՂԵՌՆԱՊԱՏՈՒՄ 1935-Ի՞Ն
1935-ին սփիւռքահայ մամուլում գրուել է. «Ամերիկահայ թերթերը կը գրեն.- "Փարամաունտ"(Paramount) շարժանկարի ընկերութիւնը մօտ օրէն ցուցադրութեան պիտի հանէ Մեծ Եղեռնի հայ կէանքէն առնուած "The last outpost"- Վերջին Յառաջապահը- պատկերախաղը, որ կը ներկայացնէ հայկական ողբերգութիւնը, ջարդերն ու հալածանքը: Այս կտորին մէջ խաղալու համար ընկերութիւնը կոչ ըրած է հայերու, որպէսզի որոշ դերեր առնեն: Ներկայացած են միայն քանի մը գորգավաճառներ ու փերեզակներ, որոնք զուրկ ըլլալով դերասանական յատկութիւններէ՝ մերժուած են: Գլխաւոր դերերը պիտի խաղան Կէրի Կրանթ եւ Քլոտ Րէյնդ (պիտի լինի Ռէյնս- Ա. Բ.), որոնց երկուքն ալ պիտի ներկայացնեն անգլիացի հարիւրապետներուն դերերը» (Ուիլէըմ Քեմպըրլի Փալմըր հայկ. ջարդերը շարժանկարի վրայ, «Յուսաբեր», 12.09.1935):

1.7.16

Դէպի Սիլիվրի՝ Ռուբէն Սեւակի հետքերով

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ


Յիշո­ղու­թեան վայ­րե­րուն հետ մեր­ձա­ւորու­թիւնը ներ­քին ան­հանգստու­թիւն մը կու տայ մեզի։ Վայ­րը, որ յի­շողու­թիւն կը կրէ կամ ու­նի, ու­ծա­ցած է ինքնին եւ այ­ցե­լու­թիւննե­րը կը դառ­նան առիթ­ներ վե­րագ­րե­լու անոնց նախ­կին կամ բո­լորո­վին նոր իմաստ, արթնցնե­լու, վերադարձնելու իրենց յու­շը, յի­շեց­նե­լու իրենց թէ ի՛նչ էին ու ե՛ն ալ տա­կաւին։ Առանց անդրա­դար­ձումի՝ թե­րի պի­տի ըլ­լայ այդ վայ­րը։ Մենք պէ՛տք է յի­շենք, որ­պէսզի անոնք ըլլա՛ն։

15.6.16

«Հայոց ցեղապանութիւն. Պունտեսթակի քուէարկած բանաձեւը միայն սկիզբ մըն է»



«Լը  Մոնտ»-ի Յունիս 8-ի թիւին մէջ լոյս տեսած է պատմաբան Սթեֆան Իհրիկի գրիչին պատկանող եւ վերոնշեալ խորագիրը կրող յօդուած մը, որ համապարփակ պատկեր մը կու տայ հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ Գերմանիոյ պատասխանատուութեան եւ Շոայի հետ անոր կապերուն:
Երուսաղէմի Վան Լիր հիմնարկէն Սթեֆան Իհրիկ, անդրադառնալով Պունտեսթակի կողմէ հայկական բանաձեւի ընդունման, կ՚ըսէ, թէ այս քուէարկութիւնը վէճերու եւ քննադատութիւններու դուռ պիտի բանայ թէ՛ խորհրդարաններու իրաւարարի կամ պատմաբանի դեր ստանձնելուն նիւթով եւ թէ՛ բանաձեւին կարեւոր գրաւարկներուն հետեւանքով: Սակայն, անմիջապէս կ՚աւելցնէ, թէ նման պարագաներու, խորհրդարաններու դերին խնդիրը կը դառնայ լոկ ձեւական, քանի որ հայոց ցեղասպանութիւնը սովորական պատմական նիւթ չէ, այլ՝ բազմաթիւ առումներով իւրայատուկ թղթածրար մըն է:

24.2.16

Խառնիճաղանճ... աղէտալի (Եղեռնը՝ ոճի՞ր, թէ՞...)



ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
   
La Malédiction de la «Catastrophe» [1]: Յուզական լիցքով հարուստ այսպիսի խորագիր, ընկերացած ակադեմական լրջութիւն թելադրող ստորագրութեան մը, ինչպիսին՝ Արմէն-Գլօտ Մութաֆեանինը,- ինքնին զարմանք ու հետաքրքրութիւն առթող երեւոյթ է: Իսկ խորագիրի բառերէն երկրորդը գրկող չակերտները կը յուշեն քիչ-շատ ուշադիր ընթերցողին, որ վաստակաւոր պատմաբան մը յուզելու ատակ երեւոյթը կը պատկանի լեզուական-եզրաբանական ոլորտին:

27.6.15

Եղեռնի լռութիւնը (Մնձուրին ընդմէջ օրրանի ու սփիւռքի)

ՍԵՒԱՆ ՏԵՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Չունինք պատասխանը «Կարելի՞ էր գրականութիւնը Պոլիսէն ետք» հարցումին։ 15-ի Աղէտէն ետք եղածները փորձի մը կիսկատարութեան տպաւորութիւնը կը թողուն․ տեւական չեն գոհացնելու աստիճան, պատասխան մը գտնելու համար։ Եղածը աւարտուն չէ, ըլլալիքը գաղթելու էր։ Մնացածն ալ պարզ ենթադրութիւններու առիթ կու տայ միայն՝ առանց տեսական շրջանակի մը մէջ ամփոփուիլ կարենալու։
Մնձուրի եզակի հեղինակ մըն է, որ տեսաւ երկու Պոլիսներն ալ։ Ասդիինն ու անդիինը։ Օրրանն ու հայրենազրկեալ սփիւռքը։ Ցեղասպանութենէն ետք -կամայ կամ ակամայ՝ չենք կրնար գիտնալ- Հայաստան մնացող անճառ մարդերուն նման, Մնձուրի մնաց Պոլիս («Ո՞ւր պիտի երթային որ աւելի լաւ ըլլար իրենց տունէն, Պոլիսէն»¹)։

19.6.15

Օրհանի եռաշերտ ժառանգութիւնը

ԳՈՒՐԳԷՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
  
Գրեթէ աւարտել էի Ապրիլին հրատարակուած Ալին Օհաննէսեանի աղէտի վերաբերեալ «Օրհանի ժառանգութիւնը» անգլերէն վէպի ընթերցումը՝ զմայլուած լեզուի գեղեցկութիւնից, դէպքերի դիւրասահ յաջորդականութիւնից, երկխօսութիւնների բնական զարգացումից, երբ որպէս հաճելի անակնկալ «Ակօս»ի կայքէջին յայտնուեց Գրիգոր Պըլտեանի «Աղէտի լեզուով» փորձագրութիւնը: Փորձագրութիւն նաեւ այն առումով, որ Պըլտեանը ինքը որպէս վէպերի հեղինակ, անցել է այդ փորձից ու փորձարկել է աղէտի անասելիութիւնը:

15.4.15

Չիլէի Երեսփոխանական Ժողովը կը դատապարտէ Մեծ Եղեռնը

Ապրիլ 14ին Չիլէի Երեսփոխանական Ժողովը վաւերացուցած է որոշման նախագիծ մը որ «համերաշխութիւն կը յայտնէ հայ ազգին հետ, դատապարտելով իր ժողովուրդին դէմ 1915ին սկսած ցեղասպանութիւնը»։ Թիւ 324 որոշումը ընդունուած է 77 թեր, 1 դէմ եւ 3 ձեռնպահ քուէներով։ 

12.4.15

Փռանկիսկոս Պապը Մեծ Եղեռնը կը յայտարարէ Ի. դարու առաջին ցեղասպանութիւնը

Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցին նուիրուած Պատարագի իր քարոզին ընթացքին, Փռանկիսկոս պապը Հայոց Մեծ Եղեռնը նկատեց 20-­րդ դարի առաջին ցեղասպանութիւնը, խօսելով նաեւ անկէ ետք տեղի ունեցած այլ ցեղասպանութիւններու մասին: