Showing posts with label Հայկական Ցեղասպանութիւն. Show all posts
Showing posts with label Հայկական Ցեղասպանութիւն. Show all posts

9.10.17

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
 
Մինչեւ 2009-2010, Լատինական Ամերիկայի մէջ հակահայ արշաւը գրեթէ բացառապէս թրքական դիւանագիտութեան նախաձեռնութիւնն էր եւ կեդրոնացած Ցեղասպանութեան ժխտումի ջանքերուն վրայ: Այդ արշաւը, որ առաջ կը տարուէր մասնաւորաբար Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ երեք համայնքներու երկիրներու՝ Արգենտինա (*), Ուրուկուայ եւ Պրազիլ քաղաքական-դիւանագիտական շրջանակներու եւ հանրային կարծիքին ուղղութեամբ, չյաջողեցաւ:

9.9.16

Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման փուլերը Թուրքիայում

ԼԻԼԻԹ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
 

Հերքումը ցեղասպանութեան վերջին փուլն1 է եւ քանի դեռ այն շարունակւում է, ցեղասպանութիւնն էլ է շարունակւում: Հետեւաբար ցեղասպանութիւնը սկիզբ է առել Օսմանեան կայսրութիւնում եւ որքան էլ Թուրքիան իրեն պատասխանատու չհամարի տեղի ունեցածների համար, ժխտողական կեցուածքով շարունակում է իր իսկ նախահայրերի սկսած գործը:
Հարիւր տարի անց, երբ յետադարձ հայացք ենք նետում Թուրքիայի ցեղասպանութեան հարցում վարած քաղաքականութիւններին, ակնյայտ է դառնում, որ հիմքում որեւէ էական փոփոխութիւն չի գրանցուել: Ժխտողական քաղաքականութիւնը ձեւաչափ, լեզուական ոճ եւ երանգ է փոխել, բայց երբեք՝ բովանդակութիւն: Երբեմն բացէ ի բաց, երբեմն քօղարկուած ժխտողականութիւնը ներկայ է եղել: Հերքելու, սովորական իրադարձութեան նման ներկայացնելու, հայերին դաւաճանութեան մէջ մեղադրելու եւ իրենց զոհի կարգավիճակում ներկայացնելու ակտիւ ժխտողականութեան կողքին իր ուրոյն տեղն է գրաւել նաեւ պասիւ ժխտողականութիւնը` լռելու, չլսելու եւ չիմանալու տալը:

15.4.15

Չիլէի Երեսփոխանական Ժողովը կը դատապարտէ Մեծ Եղեռնը

Ապրիլ 14ին Չիլէի Երեսփոխանական Ժողովը վաւերացուցած է որոշման նախագիծ մը որ «համերաշխութիւն կը յայտնէ հայ ազգին հետ, դատապարտելով իր ժողովուրդին դէմ 1915ին սկսած ցեղասպանութիւնը»։ Թիւ 324 որոշումը ընդունուած է 77 թեր, 1 դէմ եւ 3 ձեռնպահ քուէներով։ 

13.3.15

«Հայկական աշխարհը` ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք» նիւթով կլոր սեղան` Պէյրութի մէջ

"Carnegie Endowment for International Peace"ի Պէյրութ գտնուող Միջին Արեւելքի կեդրոնին մէջ, 10 Մարտին տեղի ունեցաւ «Հայկական աշխարհը` ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք» խորագիրով կլոր սեղան մը, որուն զեկուցաբերներն էին «Քառնըկի»ի աւագ գործակից, Հարաւային Կովկասի եւ Սեւ Ծովու շրջաններու մասնագէտ Թոմաս Տը Վաալ եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան։ Զրուցավարն էր «Քառնըկի»ի Միջին Արեւելքի կեդրոնի աւագ գործակից Մահա Եահիա: Կլոր սեղանը կազմակերպուած էր Հայկազեան համալսարանի եւ «Քառնըկի»ի համագործակցութեամբ:
Կլոր սեղանը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Տը Վաալի նոր հրատարակուած «Մեծ Եղեռն` հայերն ու թուրքերը ցեղասպանութեան շուքին տակ» (*) խորագիրով գիրքին, որուն հպանցիկ կերպով անդրադարձաւ զրուցավարը եւ նշեց, որ 1915-1916-ին տեղի ունեցածը տակաւին իր արձագանգը կը գտնէ ներկայ իրականութեան եւ այն իրադարձութեանց վրայ, որոնք ներկայիս կ՚արձանագրուին: Այնուհետեւ ան խօսքը փոխանցեց գիրքի հեղինակին, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց իր գիրքին մէջ ներառուած նիւթերը: Տը Վաալ ըսաւ, թէ Թուրքիա ներկայիս կը փոխուի, մանաւանդ անոր քրտական հատուածը, եւ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը նկատեց Թուրքիոյ մէջ յոյսի նշան մը:

6.1.15

Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդը ի սկզբանէ Թուրքիոյ խաղաքարտե՞րը կը բաժնէր


«Ցեղասպանութեանց ժխտումի պատժելիութիւնը նախատեսող բանաձեւը ի սկզբանէ դատապարտուած էր վիժումի՞», կը հարցնէ Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեայի խորագիրը Յունուար 6, 2015ի թիւով։ Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդի անդամ Հենէլի եւ իր թուրք բարեկամին թղթակցութեան վերաբերող յոյժ կարեւոր փաստաթուղթ մը հրապարակած է «Նուվէլ տ՚Արմենի» ամսաթերթը 2015 Յունուարի իր թիւին մէջ։ 

3.1.15

Թուրքիոյ ժողովուրդին միայն 9%-ը հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման համամիտ է

Տնտե­սու­թեան եւ Ար­տա­քին Քա­ղաքա­կանու­թեան Ու­սումնա­սիրու­թեան Կեդ­րո­նը «1915ի հայ­կա­կան դէպ­քե­րու»ն մա­սին հար­ցա­խոյզ մը կա­տարած է ամ­բողջ Թուրքիոյ տա­րած­քին։ Հար­ցա­խոյ­զի մաս­նա­կից­նե­րուն առա­ջար­կուած է ընտրել հե­տեւեալ հաս­տա­տումնե­րէն մէ­կը.-
– 1915ին իրենց կեան­քը կորսնցու­ցած հա­յերուն հա­մար նե­րողու­թիւն պէտք է խնդրուի եւ պէտք է ըն­դունուի, որ գոր­ծուածը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն էր։
– 1915ին իրենց կեան­քը կորսնցու­ցած հա­յերուն հա­մար նե­րողու­թիւն պէտք է խնդրուի, բայց բա­ցի ատ­կէ՝ որե­ւէ այլ քայլ պէտք չէ առ­նուի։
– 1915ին իրենց կեան­քը կորսնցու­ցած հա­յերուն հա­մար ցաւ պէտք է յայտնուի, սա­կայն նե­րողու­թիւն պէտք չէ խնդրուի։
– Պէտք է նկա­տի առ­նուի, որ 1915ին իրենց կեան­քը կորսնցնող­նե­րը միայն հա­յեր չեն եղած, այլ օս­մանցի հայ­րե­նակից­ներ եւս մա­հացած են, ուստի՝ անոնց հա­մար ալ պէտք է ցաւ յայտնուի։
– Որե­ւէ քայլ պէտք չէ առ­նուի։
– Այս նիւ­թին շուրջ գա­ղափար չու­նինք, ուստի՝ պա­տաս­խան չու­նինք։

19.12.14

Հայեւթուրք երկխօսութեան կնճիռն ու Հասան Ճէմալի «հանգոյցը»

Վերջին քանի մը օրերուն հայ մամուլի եւ համացանցի լուսարձակները իր վրայ կեդրոնացուցած է Հասան Ճէմալ անունով թուրք մտաւորական մը, որ շաբաթ մը առաջ Երեւան այցելած էր եւ հրապարակային երկու ելոյթներ ունեցած էր, որոնք առիթ ծառայեցին բողոքի ու բանավէճի բուռն ալիքի մը շղթայազերծման։
Հասան Ճէմալի անցեալ շաբթուան Երեւան այցելութեան շարժառիթը հիւրաբար անոր մասնակցութիւնն էր հայեւթուրք երկխօսութիւնը քաջալերող ու Եւրոպական Միութեան կողմէ հովանաւորուած հասարակական կեդրոնի մը կազմակերպած զոյգ հանդիպումներուն։

12.12.14

Սերոբ Սահակեան. «Մեր նպատակը Իսրայէլի պետութեան ճանաչումը ապահովելը չէ եղած»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
 
Միջին Արեւելքի մէջ քաղաքական կարեւոր կշիռ ունեցող իսրայէլեան Քնէսէթը (խորհրդարանը) ցայսօր չէ ընդունած հայոց ցեղասպանութեան փաստը: Ամիսներ առաջ, երբ Ռուվէն Ռիվլին Իսրայէլի նախագահ կ'ընտրուէր, դարձեալ խօսակցութեան թեմա կը դառնար ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը, տրուած ըլլալով, որ Ռիվլին նախքան Իսրայէլի նախագահ դառնալը միշտ դրական խօսած է հայութեան եւ ցեղասպանութեան օրակարգին մասին: Այսօր սակայն պատկերը այլ է: Ռիվլին նոյնիսկ մերժած է ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրագիրը քննարկել: Իսրայէլի մէջ հայկական միութիւններու գործունէութեան, երկրի բաւական բարդ քաղաքական իրավիճակին, Երուասղէմի պատրիարքին վերջերս ունեցած սուր կեցուածքներուն եւ այս ծիրին մէջ եղող տարբեր թեմաներու մասին զրուցեցի Երուսաղէմի գաղութի ազգայիններէն պրն. Սերոբ Սահակեանին հետ: Ահա հարցազրոյցը:

11.12.14

Գերմանական խմբաւորում մը համաշխարհային ընթերցման նախաձեռնութեան կը դիմէ՝ Մեծ Եղեռնի 100ամեակին առիթով

"Armenian Mirror Spectator"ը կը հաղորդէ, որ Մեծ Եղեռնի 100ամեակին առթիւ նախատեսուած բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու շարքին է հայկական գրական երկերու ընթերցման նախաձեռնութիւն մը, որ կազմակերպուած է Գերմանիոյ մէջ երկու մշակութային հիմնարկներու կողմէ: Նախաձեռնութիւնը 1915ին ձերբակալուած եւ սպաննուած հայ մտաւորականներու յիշատակը պիտի յարգէ՝ անոնց գրական գործերուն եւ յետագայ գրողներու երկերու հրապարակային ընթերցումներ կատարելով: Նոյեմբեր 20ին, Պերլինի «Պունտըսփրեսքոնֆերենց»ի մէջ Լեփսիուսի տան տնօրէն դոկտ. Ռոլֆ Հոսֆելտ եւ Պերլինի գրական միջազգային փառատօնէն Ուլրիխ Շրայպըր նախաձեռնութիւնը ներկայացուցին միջազգային մամուլի ներկայացուցիչներուն:

4.12.14

Աշոտ Մելքոնեանը բացառում է Էրդողանի Հայաստան գալը

ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
 
«Արմէնպրէս» լրատու գործակալութիւնը հարցազրոյց մը կատարած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանի հետ, որ խօսած է հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ` Թուրքիայէն հայերու պահանջատիրութեան խնդիրին, Թուրքիոյ մէջ հայերը տարբեր պաշտօններու վրայ նշանակելու եւ 2015ին Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակին նուիրուած պատմագիտական ծրագիրներու  մասին:  

30.11.14

Փրանկիսկոս Պապը եւ ցեղասպանութիւնը՝ Թուրքիա այցելութենէն ետք

Թուրքիա տուած Նոյեմբեր 28-30ի եռօրեայ այցելութենէն ետք, Փրանկիսկոս Պապը մամլոյ ասուլիս մը տուած է Պոլիսէն դէպի Հռոմ վերադարձի թռիչքին մէջ։ Արժանթինեան «Լա Նասիոն» օրաթերթին թղթակիցը գրած է Նոյեմբեր 30ի թիւին մէջ.

19.10.14

Արմէն Կլոդ Մութաֆեան. «Կայ պատմական Սփիւռքը եւ նոր եկած Սփիւռքը, որոնք չեն հաշտւում»

ՄԵՐԻ ՄԱՄԵԱՆ
 
Արմէն Կլոդ Մութաֆեանը ֆրանսահայ պատմաբան, հայագէտ է, Սորբոնի համալսարանի պրոֆեսոր: Նարեկացի Արուեստի Միութիւնում տեղի ունեցած իր դասախօսութեան ժամանակ նա տարանջատեց Սփիւռքի հայ գաղթօջախների երեք տեսակ: Առաջինը` քաղաքական, երբ մասնաւորապէս ցեղասպանութիւնից յետոյ հայերը այլ երկրներ են արտագաղթել, երկրորդը` մշակութային, որտեղ պետականութեան բացակայութեան ընթացքում հայ մշակոյթը զարգացել է, եւ տնտեսական, երբ սոցիալ-տնտեսական դրութեան պատճառով մարդիկ արտագաղթում են Հայաստանից: «Հետք»ի հարցերին պատասխանում է Արմէն Կլոդ Մութաֆեանը:

2.9.14

«Փակ արխիւներ չկան. պէտք է աշխատել»

ՅԱՍՄԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին շատ քիչ ժամանակ է մնացել: Եւ Թուրքիան 2015թ.-ին պատրաստւում է ամենայն լրջութեամբ` առաջ տանելու իր ժխտողական քաղաքականութիւնը: Իսկ թէ ի՞նչ աշխատանքներ են կատարւում Հայաստանում, ինչպէ՞ս ենք մենք ինքներս նախապատրաստւում Հայոց Մեծ Եղեռնի տարելիցը արժանապատուօրէն նշանաւորելու, այս մասին է Յասմիկ Պօղոսեանի հարցազրոյցը Հայաստանի Ազգային Արխիւի տնօրէն, պատմական գիտութիւնների դոկտոր Ամատունի Վիրաբեանի հետ:

15.6.14

«Երազ» մը՝ անդին

ԱՐԱՄ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ուշադրու­թեամբ կար­դա­ցի «Մենք երա­զում ենք, միասին» բնա­բանով գրու­թիւնը մա­մու­լի մէջ։ Նոյ­նը չէ՛ իմ «երազս»։ Պի­տի ըսէի՝ իմ «երազս» կը սկսի այնտեղ, ուր կը վեր­ջա­նայ ներ­կա­յացուած երա­զը։ Որով­հե­տեւ, եթէ իմ «երազս» վեր­ջա­նար նո՛յնպէս՝ գրու­թեան հետ միասին, ազ­գիս ապա­գային հա­մար գէշ երազ մը պի­տի ըլ­լար ան։

«Մենք երազում ենք, միասին»

Ֆրանսացի, հայ եւ թուրք խումբ մը արուեստագէտներ եւ մտաւորականներ ստորագրած են հայեւթրքական հաշտութեան նիւթին շուրջ վերոնշեալ խորագրով գրութիւն մը, որ հրապարակուած է երեք լեզուներով՝ հայերէն, թրքերէն եւ ֆրանսերէն: Գրութիւնը լոյս կը տեսնէր Ուրբաթ, Մայիս 30ին, ֆրանսական «Լիպէրասիոն» եւ թրքական «Ռատիքալ» թերթերուն մէջ: Ստորեւ կու տանք հայերէն տարբերակը.

1.6.14

Թուրքիա պէտք է առերեսուի իր պատմութեան

ՌՈՆԱԼՏ ՍԻՒՆԻ
 
Պատմութիւնը խուսափողական է, բայց անխուսափելի: Հերքուած ու խեղաթիւրուած ըլլալով, այնուամենայնիւ, ան իր վրէժը կը լուծէ: Փաստերը պէտք է ի վերջոյ առերեսուին, իսկ հետեւանքները՝ ընդունուին: Երբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը փորձեց Գերմանիոյ վարչապետ Անժելա Մերքելը համոզել, որ չաջակցէր Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915 թուականին հայերու նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութեան պնդումներուն, Մերքելը անոր խորհուրդ տուաւ «հաշտուիլ» սեփական երկրի պատմութեան հետ:

25.5.14

Հայր Լեւոն Զէքիեան. «Շատ կարեւոր է որ ձերբազատինք ընկճուածութենէն, կոտրուած ըլլալու, բեկուած եւ ճզմուած ըլլալու հոգեբանութենէն»



ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այսօրուան արիւնլուայ Մերձաւոր Արեւելքին մէջ, նկատի առնելով Արեւմուտքի վարած քաղաքականութան կարճատես եւ մանաւանդ անձնասպան քաղաքականութիւնը որով հրահրեց իսլամական աշխարհին մէջ ամէնէն կատաղի և մոլեռանդ ոյժերը, Հայր Լեւոն Զէքիեանի համար կարեւորագոյն յոյսը նոյնինքն բարեպաշտ իսլամներն են, որոնք պիտի պայքարին ծայրայեղականներուն դէմ եւ իրենց ժողովուրդին բացատրեն որ անոնց արարքները մեծագոյն մեղանչում են իսլամներու սուրբ գրքին՝ Ղուրանին դէմ:
Հայագէտ եւ աստուածաբան Հայր Լեւոն Զէքիեանը երկար տարիներ վարած է Վենետիկի հայագիտական ամպիոնի վարիչի պաշտօնը: Ան նաեւ Վենեթոյի գիտութեան, գրականութեան եւ արուեստի հիմնարկի թղթակից անդամ է եւ «Պո Արաքս» մշակութային ընկերութեան հիմնադիր անդամ: Խօսակիցս հարիւրէ աւելի գիտական յօդուածներու եւ գիրքերու հեղինակ է: Վերջերս Երեւան այցելած Հայր Լեւոն Զէիքեանի հետ տեղի ունեցած զրոյցին հիմնական նիւթը սեւեռեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային, այդ խնդրի անցած ճանապարհին ու նաեւ Միջին Արեւելքի հայ գաղութներու այսօրուան խնդիրներուն վրայ: Ահա զրոյցը.

10.5.14

Առանց գումարի, գաղափարների ու ծրագրերի

ՅԱՍՄԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Այսպէս են մշակութային ոլորտում պատրաստւում ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին

Տպաւորութիւնն այնպիսին է որ երկրի բոլոր գերատեսչութիւններն ու պատկան մարմինները մոռացել են, որ 2015թ. Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցն է: Ձեւաւորուած պետական յանձնաժողովի աշխատանքը, մեղմ ասած, արդիւնաւէտ չէ եւ շատ դանդաղ քայլերով է առաջ շարժւում: Գրեթէ ոչինչ չի արւում նաեւ քարոզչութեան եւ տեղեկատուութեան առումով: Եթէ տարիներ առաջ թուրքերը 2015թ. ապրիլի 24-ը անուանում էին «հայկական ցունամի», այսօրուայ հայաստանեան նախապատրաստական աշխատանքներից տեղական սիւք կամ զեփիւռ էլ չի կարելի սպասել: Ինչպէս մի շարք հարցերում, այստեղ նոյնպէս նախարարներն ու պաշտօնեաներն աչքի են ընկնում շռայլ խօսքերով, խոստումներով եւ հաւաստիացումներով, որոնք չեն իրականանում: Տարիներ շարունակ Մշակոյթի նախարարութիւնն ու Ազգային Կինոկենտրոնը յայտարարում են, որ հարիւրամեայ տարելիցին ընդառաջ պէտք է ֆիլմեր նկարահանուեն, որոնք համաշխարհային հանրութեանը կը պատմեն 20-րդ դարի առաջին ցեղասպանութեան մասին: Խոստումներըՙ խոստում, սակայն դրանց ընթացքի, աշխատանքների անցկացման եւ անգամ ծրագրերի մասին առայժմ որեւէ տեղեկատուութիւն չկայ: Հարցին` ի՞նչ է արւում 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ, պատասխանը մէկն է` առայժմ ընթանում են քննարկումներ: Քննարկումը՝ քննարկում, սակայն ընդամէնը 11 ամիս է մնացել աշխարհին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին որեւէ լուրջ գործ ներկայացնելու համար: Տարելիցն, անշուշտ, չպէտք է լինի վերջակէտ, սակայն ոչինչ չանելն է ճիշտ չէ: Անկեղծ ասած, դժուար է որեւէ գործնական քայլ ակնկալել մեր դանդաղաշարժ Մշակոյթի նախարարութիւնից, բայց ամէն դէպքում, դա այն գերատեսչութիւնն է, որը որոշումներ է կայացնում, գումարները նոյնպէս նա է տնօրինում: Հետեւաբար սլաքն էլ պէտք է ուղղուի հէնց նրան:

3.5.14

Էրտողանի «քաջ քայլը»


ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Երեքշաբթի, Ապրիլ 29ին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէճէփ Թայիփ Էրտողան ելոյթ ունեցած է իր կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան առջեւ։ Անդրադառնալով Ապրիլ 23ին իր յայտարարութեան, ան յայտնած է. «Կը յուսամ, որ թէ՛ Հայաստանի պետութիւնը, թէ՛ հայկական Սփիւռքը կը տեսնէ մեր այս քաջ քայլը։ Նոյն քաջ ու համարձակ վարմունքը յուսանք կը տեսնենք նաեւ իրենցմէ։ Մենք կ՚ուզենք ապագայ մը ստեղծել ոչ թէ անցեալի ցաւերուն, ցաւալի յիշատակներուն վրայ, այլ՝ յոյսի, խաղաղութեան, բարեկամութեան ու զօրակցութեան հիման վրայ։ (...) Առերեսուեցանք եւ պիտի առերեսուինք բոլոր դէպքերուն հետ։ Ահաւասիկ, առերեսուեցանք Տէրսիմի դէպքին հետ» («Ժամանակ», 30 Ապրիլ 2014)։

24.2.14

Միջին Արեւելքի հայկական արխիւները ցեղասպանութեան մասին

Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, Յունուար 19ին, Քրեսենթա հովիտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբի այս տարուան անդրանիկ դասախօսութիւնը նուիրուած էր վաւերագրական խիստ կարեւոր նիւթի մը՝ «Միջին Արեւելքի հայկական արխիւները՝ հայկական ցեղասպանութեան մասին»: Դասախօսն էր պատմաբան Վահրամ Շէմմասեանը: