Showing posts with label Տոնըլտ Թրամփ. Show all posts
Showing posts with label Տոնըլտ Թրամփ. Show all posts

25.4.20

«Եղեռն» բառի իմաստը եւ հայերէնի չիմացութեան վնասները


ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ինչպէս ընթերցողը գիտէ, 2009-2019 թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Պարաք Օպամա եւ Տոնըլտ Թրամփ (իր նախորդին հետեւողութեամբ ու բանագողութեամբ) ամէն Ապրիլ 24ի առիթով հրապարակած են յայտարարարութիւն մը որուն մէջ ներկայ են ցեղասպանութեան սահմանումը եւ «Մեծ Եղեռն» անուանումը, թէեւ, ի մեծ յուսախաբութիւն հայ քաղաքական գործիչներու, հրապարակագիրներու եւ ընդհանուր հանրութեան, «ցեղասպանութիւն» բառը բացակայ է։

19.5.18

Բոլորի երկիրը


ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

«... [Կ]այ այսօր մի երկիր, որ կոչւում է Հայաստան, եւ այդ հին երկրում ապրել են երէկ եւ ապրում են այսօր շատ սովորական մարդիկ՝ սովորական մարդու սովորական յատկութիւններով»։
Եղիշէ Չարենց («Երկիր Նայիրի»)
 
Սպաներէն թեւաւոր խօսքը կ՚ըսէ. “Hecha la ley, hecha la trampa”։ Լատինական հաւանական ծագումով (Inventa lege, inventa fraude) ասոյթը, որուն մօտաւոր թարգմանութիւնն է «Օրէնքը ստեղծուած է, խարդախութիւնն ալ հետը», աւելի վերապահ ու մինչեւ իսկ յոռետեսական բանաձեւում մը ունի Հայաստանի մէջ, որուն գոյութիւնը խորհրդային ժամանակներէ կու գայ.
«Օրէնքը ստեղծուել է խախտուելու համար»։