ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Տէսինի Մեծ Եղեռնի յուշարձանի կառուցման 50ամեակին առիթով, Եդուարդ Մարտիրոսեան պատմական շահեկան ակնարկ մը հրատարակած էր՝ ֆրանսերէն եւ հայերէն (“Nor Haratch – Hebdo”, 2 juin 2022. «Նոր Յառաջ», 4 Յունիս 2022)։ Բովանդակալից յօդուածը ֆրանսաբնակ ու ոչ-ֆրանսաբնակ հայուն կը յիշեցնէր, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կառուցուած է Եւրոպայի (ինչպէս պիտի տեսնենք՝ արեւմտեան Եւրոպայի) առաջին նմանօրինակ յուշարձանը, ինչպէս նաեւ մոռացութեան վիհէն կը հանէր այն անձնաւորութիւնները, որոնք դերակատար եղած էին անոր իրականացման։