Showing posts with label «Զուարթնոց». Show all posts
Showing posts with label «Զուարթնոց». Show all posts

15.7.16

Հայկական կինոհետքեր. չորս դրուագ

ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ
 
1. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՂԵՌՆԱՊԱՏՈՒՄ 1935-Ի՞Ն
1935-ին սփիւռքահայ մամուլում գրուել է. «Ամերիկահայ թերթերը կը գրեն.- "Փարամաունտ"(Paramount) շարժանկարի ընկերութիւնը մօտ օրէն ցուցադրութեան պիտի հանէ Մեծ Եղեռնի հայ կէանքէն առնուած "The last outpost"- Վերջին Յառաջապահը- պատկերախաղը, որ կը ներկայացնէ հայկական ողբերգութիւնը, ջարդերն ու հալածանքը: Այս կտորին մէջ խաղալու համար ընկերութիւնը կոչ ըրած է հայերու, որպէսզի որոշ դերեր առնեն: Ներկայացած են միայն քանի մը գորգավաճառներ ու փերեզակներ, որոնք զուրկ ըլլալով դերասանական յատկութիւններէ՝ մերժուած են: Գլխաւոր դերերը պիտի խաղան Կէրի Կրանթ եւ Քլոտ Րէյնդ (պիտի լինի Ռէյնս- Ա. Բ.), որոնց երկուքն ալ պիտի ներկայացնեն անգլիացի հարիւրապետներուն դերերը» (Ուիլէըմ Քեմպըրլի Փալմըր հայկ. ջարդերը շարժանկարի վրայ, «Յուսաբեր», 12.09.1935):

7.1.14

Հարցազրոյց «Saberatours»ի տնօրէն Լեւոն Պաղտասարեանի հետ

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»
 
«Կ՚ենթադրեմ որ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպա համոզած են Հայաստանը, թէ՝ ազատ երկինք ունենալը կը նպաստէ երկրի տնտեսական զարգացման, թէ յառաջիկայ չորս տարիներուն հազարաւոր աշխատատեղիներ կը բացուին, ներքին արտադրութիւնը շուրջ 1,5 կէտ կը բարձրանայ, եւայլն։ Իմ տեղեկութիւններով միա՛յն Հայաստանն է որ հարիւր տոկոսով բաց երկինք պիտի ունենայ՝ երբ օրէնքը մշակուի ու կիրարկուի եւ այս գործին պատասխանատուն Տնտեսութեան նախարարն է։ Հետեւաբար այս ընթացքով հայկական ազգային ընկերութիւն մը դժուար թէ կարողանայ յաջողիլ եւ գոյատեւել»։
 

«Նոր Յառաջ» - Ե՞րբ սկսած էք դէպի Երեւան չարթըրի ուղղակի թռիչքները։
Լեւոն Պաղտասարեան.- 1989-1994 տարիներուն «Saberatours» եւ «Sevan Voyages» ընկերութիւնները աշխարհի մէջ միակն էին որոնք շաբաթական ուղղակի թռիչքներ կը կազմակերպէին դէպի Երեւան...