ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
La Malédiction de la «Catastrophe» [1]: Յուզական լիցքով հարուստ այսպիսի խորագիր, ընկերացած ակադեմական լրջութիւն թելադրող ստորագրութեան մը, ինչպիսին՝ Արմէն-Գլօտ Մութաֆեանինը,- ինքնին զարմանք ու հետաքրքրութիւն առթող երեւոյթ է: Իսկ խորագիրի բառերէն երկրորդը գրկող չակերտները կը յուշեն քիչ-շատ ուշադիր ընթերցողին, որ վաստակաւոր պատմաբան մը յուզելու ատակ երեւոյթը կը պատկանի լեզուական-եզրաբանական ոլորտին: