Showing posts with label սփիւռքահայ գրականութիւն. Show all posts
Showing posts with label սփիւռքահայ գրականութիւն. Show all posts

29.10.25

Վ. Մատթէոսեան. «Կարապենցի կերպարը միասնութիւն կերտող կերպար էր»

 ՍԻՒՆԷ ՖԱՐՄԱՆԵԱՆ

Այս տարի լրանում է սփիւռքահայ արդի գրականութեան գագաթներից մէկի՝ Յակոբ Կարապենցի ծննդեան 100-ամեակը:

Յակոբ Կարապենցն իր ստեղծագործութիւններով խորապէս արտացոլում է սփիւռքահայ կեանքը, դրա վերջ չունեցող ինքնութեան որոնումը, դեգերումները, խարխափումները եւ օտարութեան ցաւը: Ինչպէս նշում են գրականագէտները, նրա ստեղծագործութիւնները աչքի են ընկնում նուրբ հոգեբանական վերլուծութեամբ, իրականութեան քննադատական ընկալմամբ եւ մարդասիրական տոնով:

Ժամանակի հեռաւորութիւնից, թէեւ կարող է թւալ, թէ Կարապենցի վեր հանած խնդիրները այսօրւայ կեանքի ֆոնին որոշակիօրէն կորցրել են իրենց արդիականութիւնը, այդուհանդերձ, նրա աշխատութիւնների խորքային ընկալումը, մեզ երիցս համոզում է, որ սփիւռքահայ կեանքի մարտահրաւէրները, խնդիրները եւ առաջնահերթութիւնները միգուցէ ժամանակի թելադրանքով փոխել են իրենց բնոյթը, բայց նրանց էութիւնը մնացել է նոյնը:

Ստորեւ ներկայացնում ենք խմբագրութեանս անդամ Սիւնէ Ֆարմանեանի օգտաշատ հարցազրոյցը Վարդան Մատթէոսեանի հետ, որը մեզ կօգնի նոր դիտակէտից ընկալել Կարապենցին:

«Ալիք»

22.12.23

«Բագին»-ի կրակը չի կրնար մարիլ, որովհետեւ գրականութիւնը ժողովուրդի մը ինքնացման գերագոյն արտայայտութիւնն է»

 

«Բագին» գրական գեղարուեստական հանդէսին առաջին թիւը լոյս տեսած է յունուար 1962-ին` այդ օրերու ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ: Իսկ մօտաւորապէս երեսուն տարի առաջ ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ «Բագին»-ի խնամքը փոխանցուած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան:

«Բագին» 60 տարիներ շարունակ ստացած է ե՛ւ ՀՅԴ Բիւրոյի, ե՛ւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անվերապահ աջակցութիւնն ու եզակի գուրգուրանքը:

Հայրենիքն ու սփիւռքը կամրջող «Բագին»-ի 60-ամեայ ճառագայթող երթին եւ անոր յաղթանակած ուղիին մանրամասնութիւններուն եւ նորութիւններուն մասին «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց «Բագին» գրական ամսագրի խմբագիր Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեանին հետ:

7.2.21

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան. «Գուրգուրալ այն բոլոր աշխատանքներուն վրայ, որոնք պիտի զարգացնեն Սփիւռքի հայախօս հաւաքականութիւնը»

 

«Ազդակ»-ի առցանց 23-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 5 Փետրուարին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան զեկուցեց «Արեւմտահայ ապրող գրականութեան միջավայրերը» նիւթին մասին: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

22.12.20

«Սփիւռք» մատենաշար

«Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութիւնը նախաձեռնած է նոր՝ «Սփիւռք» մատենաշարին, որուն իւրաքանչիւր գիրքը կը ներկայացնէ արեւմտահայ եւ Սփիւռքի գրողներու լաւագոյն ստեղծագործութիւնները։ Անոնցմէ շատեր մինչ այս առանձին գիրքերով չեն ներկայացուած, իսկ ոմանք ալ տպագրուած են միայն մամուլին մէջ։ Մատենաշարին խմբագիրը բանաստեղծ ու գրականագէտ Արթուր Անդրանիկեանն է։ Հեղինակներու ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջաբանները, վերջաբանները եւ ծանօթագրութիւնները ներկայացուած են բնագրային ուղղագրութեամբ։

15.3.20

Վահէ Օշականի շարունակական ահազանգը

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Դժուար է հաւատալ, որ արդէն քսան տարի պիտի ըլլայ Վահէ Օշականի մահուան, այսինքն` այն գրական անհատականութեան, որ ինչպէս այլեւս կ՚ընդունինք` խնդրականացուց բանաստեղծութեան յղացքը, ինքնուրոյն եւ յաճախ խօսակցականի մօտ կենդանի գրական լեզու մը ստեղծեց, ցնցեց սփիւռքեան գրական միջին ճաշակը եւ երիտասարդ գրական սերունդի մը առաջնորդը հանդիսացաւ:

15.12.18

Արեւմտահայ գրատպութեան ու գրական արեւմտահայերէնի ներկայից

ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ
«Հայ լեզուն տարիներով կը վերապրէր: Իր գոյութիւնը կը վտանգուէր, իր տունը կը խորտակուէր: Բայց կ՚ապրէր: Հայ լեզուն մոլորական հովուն պէս կը ճամբորդէր լեռներուն միջեւ, գետերուն քով, ծովերուն վրայ: Ան հիմա կ՚ապրի տարբեր վանքերու մէջ, քաղաքի մէջ, գիւղի մէջ, ագարակի մէջ: Բայց ինչի՞ համար: Ըսելու «տո՞ւն», «ճա՞շ», «մա՞յր», «հա՞յր», «խոհանո՞ց»: Թէ՞ ըսելու «բնութիւնՙ մայրը որ ինծի կեանք տուաւ»: Կիրքով ըսելու՝ՙ «ինչո՞ւ հոս եմ»:
Թենի Արլէն, «Հայ լեզուի խնդիրը»

ՍՓՒՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐՈՂԻ ՏՊԱԳՐԱՎԱՅՐԸ
Վերջերս Հալեպից Հայաստան տեղափոխուած մի գրողի հետ զրոյցում հարցրի, թէ այսուհետ որտե՞ղ պիտի նախընտրէր հրատարակել իր գրքերըՙ Սփիւռքո՞ւմ, թէ՞ Հայաստանում: Նա մի պահ երկմտելուց յետոյ պատասխանեց. «Հայաստանում... այսօր հոս աւելի շատ ընթերցող ունիմ»:

7.12.18

«Մենք պատասխանատուութիւն ունինք ժամանակի առջեւ արեւմտահայութեան կրթական ճանապարհին»

ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

1995 թուականի Դեկտեմբեր 18էն Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ իր գործունէութիւնը սկսաւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնը, որ անցած տարիներուն տարած է լայնածաւալ աշխատանքներ գիտակրթական, ինչպէս նաեւ գրամշակութային ոլորտներուն մէջ: «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի կրթական հիմնական ուղղութիւնը սփիւռքահայ եւ հայրենի ուսուցիչներու վերապատրաստութիւնն է, իսկ յառաջիկային արդէն՝ պատրաստութիւնը։

16.5.18

Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսի վերջին երկու տարիները

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Արդէն երկու տարի է Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսը լոյս կը տեսնէ նոր  խմբագրական կազմով մը` գլխաւոր խմբագիր` Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեան, փոխխմբագիր` Նորա Բարսեղեան, խմբագրական խորհուրդ` Քրիստիան Բատիկեան, Մարուշ Երամեան, Վիգէն Թիւֆենքճեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Աւետիս Հաճեան, Վարդան Մատթէոսեան, Շաղիկ Մկրտիչեան, Արքեմնիկ Նիկողոսեան, Արամ Պաչեան, Սեւան Տէյիրմենճեան, Միրնա Տուզճեան եւ Յարութիւն Քիւրքճեան: Ձեւաւորումը վստահուած է  Անուշ Ակներեանին, իսկ էջադրումը` Գօգօ Հաւանճեանին:
Խմբագրութեան անդամները  երէց եւ  երիտասարդ սերունդի  գրողներ են, որոնք  նոր շունչով, նոր մօտեցումներով  եւ նոր տեսիլքով սկսան հրատարակութեան տալ «Բագին»-ը:

25.7.17

Գրիգոր Պըլտեան. «Արեւմտահայերը միշտ իրենց հողէն դուրս գրականութիւն ստեղծած են»

«Սփիւռքահայ գրականութեան վերջին փուլը 1980-90ականներուն էր, երբ գրողներու առաջին սերունդը անհետացաւ, երկրորդ սերունդը ձեւաւորուեցաւ գլխաւորապէս Միջին Արեւելքի՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Սակայն Լիբանանի պատերազմէն ետք, Միջին Արեւելքի քաղաքական խառնակութեան հետեւանքով, գրողները տարբեր ուղղութիւններով հեռացան», «Հայ Ձայն»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց սփիւռքահայ նշանաւոր գրող, գրաքննադատ Գրիգոր Պըլտեան՝ խօսելով սփիւռքահայ գրականութեան ներկայ խնդիրներուն ու անոր դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին:

20.1.17

Անգոյ մանկութիւն մը՝ Ծառուկեանի աչքերով

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
 
«Արաս» հրատարակչատունը ընթերցողներու սեղանին դրած էր Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» ինքնապատումին թրքերէն թարգմանութիւնը՝ վաստակաշատ կրթական մշակ Քլեմանս Զաքարեան-Չելիքի թարգմանութեամբ։ Քանի մը նշումներ, ուրեմն, Ծառուկեանի այս գիր­քին առ­թիւ։
Հայ գրա­կանու­թեան մէջ ման­կութեան շրջա­նի ներ­կա­յացու­մը, յու­շագրա­կան ոճով թէ գեղարուես­տա­կան, բա­ւական հա­րուստ աւան­դութիւն մը ու­նի։ Մեծ Եղեռ­նէն յե­տոյ մանաւանդ, որ­բե­րուն կեան­քը, Առա­ջին աշ­խարհա­մար­տի ար­հա­ւիրքնե­րուն ազ­դե­ցու­թիւնը փո­խան­ցուած են պատ­կե­րաւոր ոճե­րով թէ իրա­պատում գրուածքնե­րով։ Ման­կութեան աշխարհի ան­մեղ ու լու­սա­ւոր շրջան­նե­րը բազ­մա­թիւ գրող­նե­րու հա­մար վե­րածուած են իտէալա­կան վայ­րի մը, ուր փոր­ձած են վե­րադառ­նալ իրենց հա­սուն տա­րիքին։ Կա՛մ իրենց ման­կութեան, կա՛մ այ­լոց ման­կութեան եւ կամ ուղղա­կի մա­նուկնե­րու մի­ջոցով ման­կութիւն կո­չուած ժա­մանա­կը առ­հա­սարակ եղած է ստեղ­ծա­գոր­ծող ան­հատնե­րուն ու­շադրու­թեան կեդրո­նին։ Ար­դա­րեւ, մեր գրա­կանու­թեան մէջ ման­կութեան մա­սին գրուած բո­լոր գիր­քե­րուն մէջ առանձնա­յատուկ տեղ մը կը գրա­ւէ Անդրա­նիկ Ծա­ռու­կեանի «Ման­կութիւն չու­նե­ցող մարդիկ» ինքնա­պատու­մը, որ որ­պէս թեր­թօն «Նա­յիրի» հան­դէ­սին մէջ հրա­տարա­կուե­լէ վերջ, 1955-ին տպագ­րուած է առան­ձին գիր­քով, Պէյ­րութի մէջ։ Գիր­քը հե­տագա­յին ար­ժա­նացած է բազ­մա­թիւ վե­րահ­րա­տարա­կումնե­րու Հա­յաս­տա­նի մէջ թէ Սփիւռքի, եւ թարգմա­նուած նաեւ բազ­մա­թիւ օտար լե­զու­նե­րու՝ ռու­սե­րէնի, անգլե­րէնի, ֆրան­սե­րէնի, արա­բերէ­նի, պարսկե­րէնի եւ հի­մա նաեւ թրքե­րէնի (*)։

20.2.16

Գրիգոր Պըլտեանի գրական գործունէութեան 50ամեակի յոբելինական հանդիսութիւն Լոնտոնի մէջ

Յու­նուա­րի 25-ին, Հա­յա­գի­տա­կան Ուս­մանց Ծրա­գի­րը պա­տի­ւը ու­նե­ցաւ կազ­մա­կեր­պե­լու Գրի­գոր Պըլ­տեա­նի գրա­կան գոր­ծու­նէու­թեան 50-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւ­նը։ Գրի­գոր Պըլ­տեան ան­ձամբ ներ­կայ գտնուե­ցաւ եւ մաս­նակ­ցե­ցաւ հան­դի­սու­թեան, իրողութիւն մը, որ Հա­յա­գի­տա­կան ուս­մանց ծրագ­րին հա­մար ե­ղաւ յատ­կա­պէս յիշատակելի։

20.1.16

Վազգէն Շուշանեանի հետ՝ սիրոյ եւ մեղքի պարտէզներուն մէջ (մահուան 75ամեակին առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Ա.
Մեր բոլոր գրականագէտներն ալ միահամուռ կը հաստատեն՝ որ ֆրանսահայ արձակագիրներու փաղանգին մէջ ամենէն շատ տպուած ու կարդացուած հեղինակը Վազգէն Շուշանեանն է։
Կ՚ենթադրեմ որ սխալ չէ այս տեսակէտը։
Վազգէն Շուշանեան հմայիչ անուն մըն էր անցեալ դարու 30ական թուականներուն։
Լայն բազմութիւններու համար՝ հմայիչ մնաց իր ողբերգական մահէն ե՛տք ալ, տասնամեակներ շարունակ, երբ դէս ու դէն հրատարակուեցան իր անտիպ մեծաթիւ ձեռագիրները։

22.2.15

Միջազգային գիտաժողով՝ «Գրիգոր Պըլտեան եւ հայ արդի գրականութիւնը»

Գրիգոր Պըլ­տեան՝ ժա­մանա­կակից ամենակարեւոր հայ գրող­նե­րէն մէ­կը, ծա­նօթ է ո՛չ միայն իր ար­ձա­կին եւ բա­նաս­տեղծու­թեան շնոր­հիւ, այլ նաեւ հայ գրա­կանու­թեան վերաբե­րեալ իր բազ­մա­թիւ հե­տազօ­տու­թիւննե­րով: Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու Հիմնարկի (INALCO) հա­յագի­տական ամ­պիոնը կոչ կ՚ուղղէ վեր­լուծա­կան, թարգմա­նական եւ մեկ­նա­բանա­կան աշ­խա­տանքներ ներ­կա­յաց­նե­լու Գրի­գոր Պըլ­տեանի ար­ձա­կին եւ բա­նաս­տեղծու­թեան վե­րաբե­րեալ, ինչպէս նաեւ ար­դի հայ գրա­կանու­թեան մէջ իր տե­ղին մա­սին: Կը խնդրուի առա­ջարկնե­րը (մին­չեւ 300 բառ) ու­ղարկել Մարտ 30էն առաջ հե­տեւեալ հասցէին՝ colloque.beledian@inalco.fr:

12.11.14

Ո՛վ կը յիշէ կամ կը կարդայ Զարեհ Որբունին...

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Հալէպաբնակ իմ գրասէր բարեկամուհիներէն մին, որ առողջական լուրջ դժուարութիւններու բերումով տունէն դուրս չի կրնար ելլել, առջի շաբաթ հեռաձայներ էր ինծի ու խնդրեր.
- Ընթերցումի համար աղուոր գի՛րք մը առաջարկէ ինծի։ Թող արեւմտահայերէն ըլլայ, նախընտրաբար՝ վիպական գործ մը։
Չեմ գիտեր ինչո՛ւ՝ անզգալաբար իրեն տուի Ֆրանսահայ գրող Զարեհ Որբունիի անունը, եւ թելադրեցի որ ակումբի գրադարանէն ապահովէ անոր «Փորձը» վէպը եւ ընկղմի անոր մէջ…։

30.10.14

Վահէն

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Ո՞վ է Վահէն. Պէրպէրեան Վահէն:
Բազմաթիւ մարդոց համար «մենախօսութեան վարպետը», ուրիշներու համար՝ դերասանը, բեմադրիչը, վիպագիրը, գեղանկարիչը, իսկ ինծի համար՝ այս բոլորը, առաւել՝ անկեղծ բարեկամ մը:

4.9.14

Անմոռանալի Պետրոս Հաճեանը (մահուան Բ. տարելիցին առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
 
Երկու տարի ի վեր, Սեպտեմբերի 4-ը տխուր թուականի մը վերածուած է ինծի համար։ Տխուր եւ ափսոսալի թուական մը, որ մեզմէ խլեց սիրելի դէմք մը՝ գրագէտ, վաստակաշատ ուսուցիչ եւ բեղուն հրապարակագիր Պետրոս Հաճեանը։

29.8.14

Մարուշ Երամեան. «Բանաստեղծութիւնը հաճոյք պէտք է պատճառէ…»

ՍԻՐԱՆՈՅՇ ՆԱԶԼՈՒԽԱՆԵԱՆ

1. Ծնունդով որտեղի՞ց են ձեր նախնիները:
Նախնիներս վաղուց Հալէպ եղած են, թէ՛ հօրենական, թէ, մօրենական կողմս: Հօրենական կողմս՝ Գազանճեանները, Տիգրանակերտէն Հալէպ եկած են, մինչեւ Իսկէնտէրուն, ապա Ամերիկա երթալու նպատակով։ Սակայն երբ տեսած են, թէ Հալէպը որքան խաղաղ քաղաք է, որքան բարի ժողովուրդ ունի եւ աշխատանքի որքան առիթներ կան, որոշեր են հաստատուիլ: Իսկ մօրենական կողմս՝ Թօփճեանները, կու գան Չմշկածագէն, տեղահանութենէն շատ առաջ Հալէպ հաստատուած:

17.6.14

Ոչ եւս է Պօղոս Սնապեան

Յունիս 14, 2014ի առաւօտուն, կարճատեւ հիւանդութենէ ետք, Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է գրագէտ ու քննադատ, «Բագին» ամսագրի երկարամեայ  խմբագիր եւ Համազգայինի հայագիտական երբեմնի հիմնարկի գրականութեան դասախօս Պօղոս Սնապեանը։

19.8.13

Հարցազրոյց սփիւռքահայ գրող Գրիգոր Պըլտեանի հետ

ԱՆՈՅՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
 
Երեւանեան շոգ Յուլիս. Չարենցի փողոցի բնակարաններէն մէկուն մէջ հիւրընկալուած է հայ գրող Գրիգոր Պըլտեան, որ Փարիզ կը բնակի: Տեղեակ էի, որ իր ժամանակը կարճ է եւ շուտով պիտի մեկնի. կը փութամ հարցազրոյց մը կատարել մեծ մտաւորականին հետ: Հակառակ սուղ ժամանակին, կու տայ ժամադրութիւն: Տանտէրերը տունը քանի մը օրով տրամադրած են գրողին. խորհրդային  նախագծով կառուցուած  յարկաբաժին մըն է՝ բարձր առաստաղով: Բնակարանը լեցուն է գիրքերով ու արուեստի հնաոճ  իրերով. ժամանակակից աշխարհի շունչը կարծես մուտք չէ գործած այս յարկաբաժին, բայց միևնոյն ժամանակ՝ այնքա՜ն խորհրդաւոր է հին իրերու եւ գիրքերու այդ տարածքը։ Դուրսը յուլիսեան տաքը աննախադէպ բարձր ջերմաստիճաններ կ՚արձանագրէ, իսկ հայ գրողը նոյն պահուն տաք թէյ կը խմէ կիսամութ այդ բնակարանին մէջ՝.պահարանէն  հանած է  1970-ականներու խորհրդային ծանօթ գաւաթներ, թէյնիկ ու թէյ կը լեցնէ նաև ինծի  համար. թէյախոտն ալ իր հետ բերած է Փարիզէն, ուր իր տիկնոջ հետ պատշգամբը կ՚աճեցնեն կանաչ բոյսը: Եւ այս բոլորը այնքան բնորոշ է Գրիգոր Պըլտեանին, յար եւ նման իր պատումներուն՝ խորհրդաւոր, ինքնատիպ ու տարբերուող: Միաժամանակ մտածում եւ զգացում կայ այս ամէն ինչի մէջ, իսկ միտքն ու  զգացմունքն անպակաս են Գրիգոր Պըլտեանի ստեղծագործութիւններէն:

26.9.12

Պետրոս Հաճեան՝ Միջին Սփիւռքի արձակագիր

ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼԼԻՒՃԵԱՆ

Մարդիկ կը մահանան ամեն օր։ Անհետացողները իրենց ետին կը թողուն տխուր զգացումներ, ափսոսանք եւ անակնկալի եկած շրջապատ։ Անձեր ալ կան, որոնց մահը կը զանցէ ընտանեկան ու բարեկամական անմիջական շրջանակը եւ կը վերածուի հաւաքական կորուստի, նոյնիսկ անծանօթներու համար, պարզ այն պատճառով, որ անոնք բան մը տուած են իրենց հաւաքականութեան, մշակոյթին եւ, ինչու չէ, մարդկութեան, եւ որ հաւանաբար պիտի յիշուի եւ ընկալուի իրենց մահէն տարիներ ետք ալ։