Showing posts with label Պարաք Օպամա. Show all posts
Showing posts with label Պարաք Օպամա. Show all posts

25.4.20

«Եղեռն» բառի իմաստը եւ հայերէնի չիմացութեան վնասները


ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ինչպէս ընթերցողը գիտէ, 2009-2019 թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Պարաք Օպամա եւ Տոնըլտ Թրամփ (իր նախորդին հետեւողութեամբ ու բանագողութեամբ) ամէն Ապրիլ 24ի առիթով հրապարակած են յայտարարարութիւն մը որուն մէջ ներկայ են ցեղասպանութեան սահմանումը եւ «Մեծ Եղեռն» անուանումը, թէեւ, ի մեծ յուսախաբութիւն հայ քաղաքական գործիչներու, հրապարակագիրներու եւ ընդհանուր հանրութեան, «ցեղասպանութիւն» բառը բացակայ է։

7.5.15

Ժիրայր Լիպարիտեան. «Ի՞նչ "բազար" են անում, երբ մեզ հրամցնում են ցեղասպանութեան ճանաչում»

ԿԱՐԻՆԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Ամերիկահայ պատմաբան եւ քաղաքական գործիչ Ժիրայր Լիպարիտեան, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան գլխաւոր խորհրդականի եւ Արտաքին Գործոց փոխ-նախարարի պաշտօնները վարած է, իսկ այնուհետեւ՝ վերադարձած դասախօսական պաշտօնի (մինչեւ 2012 հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ էր Միշիկըն-Էնն Արպոր համալսրանը), կը պատասխանէ azatamart.am կայքէջի հարցումներուն՝ 100ամեակին ոգեկոչումներուն եւ անոնց շարունակութեան մասին։ 

26.10.14

Մեծ Եղեռնի նոր յուշարձանը Ռումանիոյ մէջ



 ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ («Նոր Յառաջ», Հոկտեմբեր 4), Ժ.Չ. կը տեղեկացնէր Մեծ Եղեռնի յիշատակին նուիրուած ու ռումանական Փիթէշթի քաղաքը տեղադրուած խաչքարին բացումը, որ տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 27ին։ Բացման արարողութիւնը զուգադիպած է «Ա. Աշխարհամարտը եւ անոր ազդեցութիւնը հայ սփիւռքի կազմաւորման վրայ» համաժողովին (Պուքրէշ, Սեպտեմբեր 26-28)։

13.10.14

Քոպանի կամ ո՞վ պիտի վճարէ քրտական արեան դիմաց


ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
 
Ինչ որ կը կատարուի Քոպանիի մէջ, կարեւոր ազդեցութիւն պիտի ունենայ ոչ միայն սուրիական պատերազմի յառաջիկայ զարգացումներուն, այլ յատկապէս մինչեւ հիմա Սուրիոյ պատերազմին հանգիստ աչքերով դիտող Թուրքիոյ վրայ: ISIS, Քոպանին գրաւելով, ոչ միայն նպատակ ունի Թուրքիոյ հետ սահմանային շրջան ապահովել, այլ նաեւ քիւրտերը հարուածել: Այստեղ է, որ ISIS-ի եւ Թուրքիոյ շահերը կը յայտնուին նոյն կէտին վրայ: Միտումնաւոր կամ ոչ, արդէն երկրորդական է: Փաստ է նաեւ, որ Թուրքիա բնաւ անհանգիստ չէ (բացի ձեւական յայտարարութիւններէ) իր սահմաններուն ISIS-ի մօտենալէն: Թուրքիոյ իշխանութինները լաւ գիտեն, որ քիւրտերուն հետ կատարուածը եւ անոնց պահուածքը մեղուի պարսը խառնելու կը նմանի, ու ամէն օր նոր ծաւալներու հասնող բողոքի գործողութիւնները կրնան հասնիլ մինչեւ եւրոպական տարբեր մայրաքաղաքներ:

11.8.14

Լիրբ քաղաքականութիւնը կամ՝ քաղաքականութեան լրբութիւնը

ԱՆԱՐԺԱՆ ԴՊԻՐ
 
Մեր խորագիրը հաստատող օրինակներ չեն պակսած քաղաքականութեան ստեղծման առաջին օրէն իսկ եւ այսօր ալ չեն պակսիր: Ընդհակառակն: Այդ առումով, նորութիւն մը չենք հրամցներ այս գրութեամբ: Բայց, երբեմն  անընդունելի արտայայտութիւնները այնքան գայթակղեցուցիչ կը դառնան, որ անկարելի կ՚ըլլայ սանձել մարդկային բնազդը, կը պայթի նոյնիսկ հայու համբերութեան հաստամաշկ «տոպրակ»ը: 
Հոս, թէեւ մեր լուսարձակը պիտի չբանանք միջազգային անթիւ, անհամար լրջագոյն իրադարձութիւններու վրայ, բայց եւ այնպէս, անոնցմէ ոմանց անմիջական ընդմէջէն պիտի ակնարկենք ուղղակի մեզի՛, հայ ազգին վերաբերող հարցին՝ իր հարիւրամեակը թեւակոխելու պատրաստուող ողբերգութեան նկատմամբ ցուցաբերուող անարգ կեցուածքին, անարդարութեան: 

7.2.14

Արդեօք Պաշար ալ-Ասատ հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցա՞ծ է

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ



Ինչպէս յայտնի է, վերջերս ֆրանսական լրատուական գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ-Ասատ բաղդատած էր Մեծ Եղեռնը եւ Սուրիոյ անմեղ քաղաքացիներու վայրագ սպանութիւնը օտար զինեալներու կողմէ. «Առաւել մօտ ժամանակաշրջանի մէջ անոնք մեզ կը յիշեցնեն օսմանցիներու կողմէն հայերուն դէմ իրականացուած զանգուածային ջարդերը, երբ Սուրիոյ մէջ եւ Թուրքիոյ տարածքին սպաննուեցան մէկ ու կէս միլիոն հայեր ու կէս միլիոն ուղղափառ ասորիներ»:
Իր վերջին անգլերէն շաբաթական սիւնակին մէջ («Ասպարէզ», Յունուար 29, 2014. «Արմինիըն Ուիքլի», Փետրուար 1, 2014. հայերէն թարգմանութիւնը տե՛ս www.yerakouyn.com, Յունուար 29, 2014), ամերիկահայ հրապարակագիր Յարութ Սասունեանը խորհրդածած է այս յայտարարութեան մասին. «Առաջին անգամն է, որ սուրիական պետութեան ոեւէ ղեկավար կ’ընդունի հայկական զանգուածային սպանութիւնները եւ յանցաւոր կը ճանչնայ Օսմանեան Թուրքիան»: Թերեւս առաջին անգամ ըլլայ, թերեւս ոչ։ Կ՚արժէ պրպտել, եթէ այդ պրպտումը կատարուած չէ արդէն, թէ Սուրիոյ անկախութենէն ի վեր (1946), սուրիացի որեւէ նախագահ «հայկական», «ջարդ» եւ «Թուրքիա» բառերը քով-քովի չէ՞ դրած նոյն պարբերութեան մէջ։

6.10.12

Արդէն ժամանակը հասած է



ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ամերիկայի նախագահական ընտրապայքարը մտած է իր վճռական փուլին մէջ։ Արդէն ժամանակը հասած է, որպէսզի ժողովրդային քուէն որոշէ, թէ նախագահ Օպամա պիտի վերընտրուի՞, կա՞մ ոչ։  Թէեւ շարք մը նահանգներու մէջ արդէն սկսած է քուէարկութիւնը, ընտրութիւններու բուն ու վճռական օրը Նոյեմբեր 6ն է։

27.5.11

Հին բաներ, որոնք նոր պիտի սորվինք

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Սպասումներ կան, որոնք բարեբախտաբար ամէն տարի կարճ կը տեւեն։ Անոնցմէ մէկն է ամերիկեան նախագահի մը հերթական յայտարարութիւնը Ապրիլ 24ի առիթով։ Ահա նախագահ Պարաք Օպամայի Ապրիլ 23 թուակիր ուղերձին գլխաւոր մասը.