Showing posts with label Օսմանեան կայսրութիւն. Show all posts
Showing posts with label Օսմանեան կայսրութիւն. Show all posts

6.6.17

Բաթումից մի՛ ամաչէք

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հայաստանը եւ Սփիւռքը պատրաստւում են պետականօրեն նշել Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակը, սակայն հետեւողականօրէն խուսափում են յիշատակել դիւանագիտական առաջին փաստաթուղթը՝ Բաթումի պայմանագիրը, որն առաջին միջպետական փաստաթուղթն է հայերի եւ թուրքերի միջեւ որպէս պետութիւններ։
1918 թ․ Յունիսի 4-ին Բաթումում օսմանեան կայսերական կառավարութիւնը՝ ի դէմս պատուիրակներ Խալիլի ու Վեհիբի, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակները՝ ի դէմս Ալեքսանդր Խատիսեանի, Յովհաննես Քաջազնունու եւ Միքայէլ Պապաջանեանի, ստորագրեցին հաշտութեան եւ բարեկամութեան պայմանագիր։

10.3.17

Օսմանահայե՞ր. այո՛, օսմանահայեր (Կարօ Արմէնեանի յօդուածին առթիւ)

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

Երկար ժամանակ է, որ կ’ուզէի այս յօդուածը գրել, բայց վերջերս քանի մը ընկերներու հետ զրուցելէ ետք անդրադարձայ, որ պահը հասունցած է, որ միտքերս սոյն գրութեան միջոցով ներկայացնեմ եւ դնեմ հանրութեան քննարկման հարթակի վրայ:
16 Մարտ 2015-ին «Օսմանահայեր» խորագրով իր յօդուածին մէջ Կարօ Արմէնեան խստիւ կը քննադատէ եւ կ’ըմբոստանայ օսմանահայեր եզրի օգտագործման դէմ` վիճարկելով, որ այս երեւոյթը միայն օրինական շղարշ մը կը կապէ Թուրքիոյ ցեղասպանական անցեալին եւ ժխտողապաշտ մեքենային: Կը մէջբերեմ յօդուածագիր ընկերոջս տողերը. «Վերջերս փորձեր կ’ըլլան արեւմտահայութիւն (Western Armenians) եզրը օսմանահայութիւն անհեթեթութեամբ փոխարինելու: Այս երեւոյթը առայժմ կը դրսեւորուի անգլիագիր յօդուածագրութեան եւ հրապարակային ելոյթներու մէջ եւ սակայն հետզհետէ կը թափանցէ համացանցային կայքերու լաբիւրինթոսէն ներս եւ կը ձեւաւորէ իր եզրաբանական նստուածքը: Ասիկա ոչ միայն կոպիտ սխալ մըն է եւ մեղանչում մը` պատմական ճշմարտութեան դէմ, այլեւ վիրաւորական պիտակաւորո՛ւմ մը` մեր ժողովուրդի հասցէին: Այն, ինչ տեղի կ՛ունենայ, բացայայտ դիմազեղծումն է մեր մշակութային ժառանգութեան. ինքնութեան ջա՛րդ մը` իր բոլոր եպերելի հետեւանքներով»: Այս կարճ պարբերութեան մէջ կան կարեւոր, բայց եւ այնպէս վիճարկելի գաղափարներ, որոնց մէկ առ մէկ պիտի անդրադառնամ` նպատակադրելով ցոյց տալ, որ  Արմէնեանի այս մօտեցումը հիմնաւորուած չէ եւ պատմաքաղաքական առումով վտանգաւոր կամ զազրելի ոչինչ կայ օսմանահայեր եզրի օգտագործման մէջ:

Օսմանահայեր...

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Վերջերս փորձեր կ՛ըլլան «արեւմտահայութիւն» (Western Armenians) եզրը «օսմանահայութիւն» (Ottoman Armenians) անհեթեթութեամբ փոխարինելու: Այս երեւոյթը առայժմ կը դրսեւորուի անգլիագիր յօդուածագրութեան եւ հրապարակային ելոյթներու մէջ եւ սակայն հետզհետէ կը թափանցէ համացանցային կայքերու լաբիւրինդոսէն ներս եւ կը ձեւաւորէ իր եզրաբանական նստուածքը: Ասիկա ոչ միայն կոպիտ սխալ մըն է եւ մեղանչում մը` պատմական ճշմարտութեան դէմ, այլեւ վիրաւորական պիտակաւորո՛ւմ մը` մեր ժողովուրդի հասցէին: Այն, ինչ տեղի կ՛ունենայ, բացայայտ դիմազեղծումն է մեր մշակութային ժառանգութեան. ինքնութեան ջա՛րդ մը` իր բոլոր եպերելի հետեւանքներով:

22.10.16

Օդային հնագիտութեան ռահվիրան եւ նրա հայապատում գործերը

ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ
 
Բելգիացի մի ընկերուհուց վերջերս ստացածս նուէրը՝ 2016-ին, Շուէյցարիայում հրատարակուած լուսանկարչական ալբոմը, ավելի քան հաճելի անակնկալ էր: Լեւոն Նորդիկեանի եւ Մարկ-Անտուան Կեսերի հեղինակած «Փոքր Ասիայից Լեւանտի երկինք. Անտուան Պուադըբարՙ հետազօտող եւ օդային հնագիտութեան ռահվիրան» վերնագրուած ֆրանսերէն ալբոմը ոչ միայն ինքնին հետաքրքրական էր որպէս պատմական վաւերագրութիւն, այլեւ, առաջին հերթին, ինձ գրաւեց հայութեան հետ ունեցած իր առնչութեամբ... Սա Բէյրութի Սեն Ժոզէֆ համալսարանի լիբանանեան նախապատմութեան թանգարանի տնօրէն, մեր հայրենակից Լեւոն Նորդիկեանի երկրորդ գիրքն է Պուադըբարի մասին. առաջինը՝ «Օդային հնագիտութեան ակունքներում. Ա. Պուադըբար», լոյս է տեսել 2000-ին, Բէյրութում (հեղինակակից՝ Ժան-Ֆրանսուա Սալ):

4.9.16

Անխոնջ գիտնականը՝ Էմմա Կոստանդեան

 ՍՈՒՐԷՆ Թ. ՍԱՐԳՍԵԱՆ

2014 թ. օգոստոսի 24-ին իր մահկանացուն կնքեց յայտնի պատմաբան, գիտութիւնների դոկտոր Էմմա Կոստանդեանը: Աշխատանքային կենսագրութիւնն սկսելով ՀՀ ԳԱԱ. պատմութեան ինստիտուտում` նա ողջ կեանքում հաւատարիմ մնաց իր կոլեկտիւին` այդ ընթացքում լաբորանտից դառնալով գլխաւոր մասնագէտ, գիտութիւնների դոկտոր ու Նոր պատմութեան բաժնի վարիչ: Երջանկայիշատակ Էմմա Աշոտի Կոստանդեանը (1934-2014) այն սակաւաթիւ պատմաբաններից էր, ում գիտական ժառանգութեան գերակշռող մասը նուիրուած է Հայ Եկեղեցու ու դրա երախտաւորների գործունէութեան պատմութեան ուսումնասիրութեանը: 1958 թուականից Է. Կոստանդեանն սկսեց ակօսել հայոց պատմութեան անդաստանը եւ ուսումնասիրել պետականութեան բացակայութեան պայմաններում Հայ Եկեղեցու ծաւալած հայրենանուէր գործունէութեան պատմութիւնը: Իսկ հայ հոգեւոր գործիչների կեանքի եւ գործունէութեան ուսումնասիրութեան հետ կապուած, հայոց պատմութեան ցանկացած դրուագ արդիական է, յատկապէս՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցու առանցքային հիմնախնդիրների լուսաբանման, հոգեւորականութեանՙ հայ-ազգային ազատագրական պայքարում եւ ազգային մշակոյթի արժէքային համակարգում ունեցած դերակատարութեան գնահատման եւ արժեւորման տեսանկիւնից:

5.5.15

Սեր­տար Տին­չէ­րի հե­տազօ­տու­թիւննե­րով պատ­մութեան նոր էջ մը կը բա­ցուի. «Թուրքիան կը ծա­ռայէ գեր­մա­նական ծաւալապաշտ քաղաքականութեան»

Պատմաբան Սեր­տար Տին­չէ­րի «Թուրք-գեր­մա­նական զի­նուո­րական գոր­ծակցու­թիւնը եւ հա­յերը» խո­րագ­րեալ թրքերէն գիր­քը նոր լոյս կը սփռէ պատ­մա­կան շարք մը իրա­կանու­թիւննե­րու վրայ, որոնց մա­սին հան­րութիւ­նը շատ քիչ բան գի­տէ կամ գրե­թէ ան­տե­ղեակ է։ Հե­ղինա­կը՝ հիմ­նուելով գեր­մա­նական պաշ­տօ­նական փաս­տա­թուղթե­րու վրայ, կը մեկնաբանէ, թէ ինչպէ՞ս Գեր­մա­նիան Առա­ջին Աշ­խարհա­մար­տին առաջ­նորդած է Օսմանեան կայսրու­թիւնը եւ թէ այդ եր­կի­րը ի՞նչ դեր ու­նե­ցած է հա­յոց տե­ղահա­նու­թիւնը եւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը գոր­ծադրե­լու առու­մով։ Այս առի­թով «Նոր Յառաջ» թարգմա­նաբար հրատարակած է Ալին Օզի­նեանի (CivilNet) հար­ցազրոյ­ցը Սեր­տար Տին­չէ­րի հետ։

13.3.14

«Յուշամատեան»­ հիմնարկի "Օttoman Armenians: Life, Culture, Society" գիրքին առաջին հատորը լոյս տեսաւ


«Յու­շա­մատ­եան» հիմ­նար­կը կը տե­ղե­կաց­նէ թէ լոյս ըն­ծա­յած է "Ottoman Armenians: Life, Culture, Society, Vol 1" գիր­քը, որ կը հաշ­ուէ 271 էջ, կ՚ընդգր­կէ հինգ յօդ­ուած­ներ եւ կը պարու­նա­կէ մօտ 250 պատ­կեր­ներ:

24.12.13

Նախնիք

ԱՀՄԷՏ ԱԼԹԱՆ
Թարգմանութիւն՝ «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»
Ընդունինք, որ թուրքերս բան «հնարել»ու շատ կարողութիւն չունինք, բայց լաւ կը «յարմարցնենք»:
Թերեւս ալ այդ պատճառով է, որ ամենէն կոկոզաբանները ամենէն բարձր դիրքերու վրայ կը զետեղենք. թերեւս նոյնիսկ կը կարծենք, որ քաղաքականութիւնը «յարմարցնելու» մրցում է:
Մեր ամենէն լաւ «յարմարցուցած»ներուն մէջ Պատմութիւնը անկասկած առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ:

11.10.11

Օսմանեան արխիւները բաց չեն անգամ թուրք հետազօտողներու համար

Թէեւ թուրք հետազօտողներ (օրինակ՝ Թանէր Աքչամ) հրատարակած են ուսումնասիրութիւններ, որոնք հիմնուած են թրքական արխիւներու մատուցած տուեալներուն վրայ, եւ անոնց մէջ ի յայտ եկած են վաւերական արժէք ունեցող բազմաթիւ նիւթեր, անհերքելի է, որ այդ արխիւներուն «բաց»ի ու «գոց»ի հարցը ցոյց կու տայ փաստաթուղթերու մշակումէն ու ցուցակագրումէն աւելի անդին անցնող պետական քաղաքականութիւն մը, որուն փաստը վերջերս մատնանշուած էր Պոլսոյ Սապանճը համալսարանի դասախօս Խալիլ Պերքթայի՝ "Wikileaks"ի բացայայտումներուն մաս կազմող իր յայտարարութեան մէջ։ Այս առիթով, հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը փոխանցէ հետեւեալ անստորագիր ակնարկը, որ լոյս տեսած է "Armweeklynews.am'' կայքէջին մէջ։