15.10.26

Հնագոյն Հայաստանի սխալ բանալին

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ահռելին այն է, որ այսպէս դատողների մեծամասնութիւնը բնաւ էլ չգիտի 
ո՛չ մեր Այսինչը, ո՛չ Այնինչը, ո՛չ Էսը, ո՛չ Էնը. նա պարզապէս կրկնում է անուններ:

Պարոյր Սեւակ (1966)


Կարծիքի ազատութիւնը իր ամենէն սանձարձակ դրսեւորումը ստացած է վերջին քառորդ դարուն, սկիզբը՝ համացանցի, եւ յետոյ՝ ընկերային ցանցերու այսպէս կոչուած «անսահմանափակ» ազատութեան մէջ, որուն սահմանափակումները անպակաս են, երբ ամէն ոք արտօնուած է իր մտքի արգասիքը մերկացնելու յաչս հանրութեան, ներառեալ... մտաւոր խեղճութիւնը։ Յառաջ եկած է խօսքահարութեան (logorrhée) իրավիճակ մը, որ կը թուի կրկնել ու կապկել «լեզուն ոսկոր չունի» ժողովրդական ասոյթի հիմնական դրոյթը, ըստ որուն այս խօսքին վաւերականութիւնը եւ տրամաբանութիւնը երաշխաւորող ամուր յենարան մը չկայ։ Ներկայիս կը գտնուինք, առօք-փառօք, կարծիքի ազատութեան այլանդակութեան ու ձեւազեղծման փուլին մէջ։ 
Այսպէս է, որ Դիմագիրքի այգիներուն մէջ մեր դեգերումներուն ընթացքին, մեր աչքին առջեւ կը պարզուի հետաքրքրական երեւոյթ մը։ Մարդիկ սովոր դարձած են յօրինելու կամ կրկնելու, կամայ թէ ակամայ, ստոյգ թէ անստոյգ աղբիւրներէ մեկնելով, գայթակղեցուցիչ ու անճոռնի պնդումներ, ու անոնց անունով իրական կամ երեւակայական հակառակորդներու դէմ ճակատ յարդարելու, ջաղացքներու դէմ պայքարող աշխարհահռչակ հերոսին նման իրենց հոգեբանական խոտորումին, գաղափարական մոլեռանդութեան կամ ինքնավստահութեան պակասի նշանները ցոյց տալով երբ կը գովաբանեն կամ կ՚այպանեն ինչ-ինչ տեսակէտներ։

Յանցաւոր չեն, պիտի ըսէք, երբ աշխարհի ղեկավարները, կամ ինչպէս Պարոյր Սեւակը պիտի ըսէր՝ «դիմակահանդէսի գլխաւորները», յաճախ իրենց փոքրամտութիւնը, մարդկային բովանդակ բոպիկութիւնը կը ցուցադրեն համաշխարհային բեմահարթակներու վրայ՝ իրենք զիրենք ճշմարտութեան տէրերը համարելով, դաւադրական տեսութիւններ ու ստայօդ տեսակէտներ սարքելով եւ աջ ու ձախ հայհոյելով։ Պարզ մարդը ի՞նչ պիտի ընէ, եթէ ոչ հետեւիլ ի վերուստ տրուող «օրինակ»ին։

Ահռելին այն է, սակայն, երբ տրամաբանական հիմքերէ զուրկ տեսութիւններ իբրեւ վերջին ճշմարտութիւն ընդունելու եւ զանոնք չընդունողը կամ չքարոզողը թշնամի, ոչ-գիտնական, ոչ-հայ համարելու այս հիւանդագին կեցուածքը ժահրի նման կը վարակէ մեր պատմութեան ու մշակոյթի իմացութիւնը։ Կիսկատար փաստերու, չմարսուած տեսակէտներու եւ սանձարձակ ենթադրութիւններու համադրութիւն մը տիրական է համացանցի կարգ մը կայքերու եւ ընկերային ցանցերու մէջ, որուն մշակները պէտք չէ վարանիլ որակելէ, փոխ առնելով Մխիթարեան բանասէր Հ. Վարդան Հացունիի աւելի քան դար մը առաջ բանաձեւած ձեւակերպումը, «անծանօթին տենչացող, եւ ենթադրութեան սահմանաց մէջ թափառողներ»[1]։

Ամիսներ առաջ, այսպիսի թափառումներու մէջ մասնագիտազած Դիմագիրքի էջ մը հրամցուցած էր աւելի քան տասնամեայ վաղեմութիւն ունեցող տեսակէտ մը, թէ կարելի բան չէ, «անբարոյ սուտ» է յոյն նշանաւոր աշխարհագրագէտ Ստրաբոնի ասկէ քսանմէկ դար առաջ գրածը, թէ հայուհիները սրբազան պոռնկութիւն կը կատարէին Անահիտ դիցուհիի տաճարին մէջ։ Ինչո՞ւ կարելի չէ։ Հանճարեղ պատասխանը այն էր, թէ մենք ունինք... «կարմիր խնձոր»ի աւանդութիւնը, որ կը բաւէ ամէն ինչ հերքելու։ Եւ ահա մեկնութիւններու բաժնին մէջ զիրար հրմշտկեցին ոչխարամիտներու զօրախումբերը եւ փրթաւ հերթական հաւարը, թէ մենք այսպէս ենք, մենք այնպէս չենք, եւ այլն, եւ այլն։ Յիմարապատումը հասաւ մինչեւ... Հ. Ղեւոնդ Ալիշան, որ իբրեւ թէ համարձակած էր գրել, թէ «Քրիստոնէութիւնը Հայաստանում հաստատուելուց յետոյ ժողովրդի կողմից յարգուած ու սիրուած Աստղիկ դիցուհուն եկեղեցին սկսեց անուանել “ցանկասիրութեան գարշելի չաստուած, որին նրա սիրեկանի եւ Անահիտի հետ մէկտեղ աւերեց եւ անհետացրեց ս․ Գրիգորը"»։ Այս տողերը գրողը, որ անշուշտ Յիսուսը «քրիստոնէութեան չաստուած» կը նկատէր, այդքան հայերէն չի գիտեր (կամ քրիստոնէութիւնը քարկոծելու իր մոլուցքը կը ցուցադրէ սուտ խենթ ձեւանալով), որ հասկնայ, թէ Մխիթարեան մեծավաստակ վանականը, խօսելով յոյն եւ հայ աստուածութիւններու համաձուլման մասին հեթանոսութեան օրերուն, ի մասնաւորի՝ Ափրոդիտէի եւ Աստղիկի նոյնականացման մասին, ըսած է, թէ «այնուհետեւ այս երկու դիցուհեաց գաղափարն միանալով՝ Աստղիկ համարեցաւ հեշտութեանց գարշելի չաստուածն», այսինքն՝ քրիտոնէութիւնը Հայաստանի մէջ հաստատուելէ առաջ[2]։ Բնականաբար, Ալիշանի գրածին մէջ խօսք չկայ հեթանոսական մեհեաններու աւերումին մասին, իսկ հեշտութեանց (այսինքն՝ մարմնական հաճոյքի) չաստուածը «գարշելի» նկատելը իր քրիստոնէական հայեացքի բնական հետեւանքն է ու հոս դատապարտելի ոչինչ կայ։

Մեր նպատակն է միայն չնչին օրինակ մը տալ վերջին քառասնամեակին աստիճանական զարգացում ապրած այս հակագիտական ոչնչապաշտութեան, որուն արմատները կ՚երթան մինչեւ խորհրդային ժամանակաշրջանը եւ թերեւս պէտք է որոնել սեփական ինքնահաստատումը ամրագրելու երկարամեայ ձգտումի մը մէջ։ Նորագոյն տարբերակ մըն է ազգային սնապարծութեան այն երեւոյթին, զոր վաթսուն տարի առաջ Պ. Սեւակ ջախջախիչ քննադատութեան ենթարկած էր Հայաստանի Գրողներու Միութեան 5-րդ համագումարին (Նոյեմբեր 1966), յիշեցնելով, որ «հայրենասիրութեան այս տեսակը մի փափուկ բարձ է, որ լցուած է ոչ թե աղուամազով, այլ քնաբեր հաշիշով, եւ դա այն ժամանակ, երբ մեր շուրջ գնում է մրցութիւն, եթե ոչ պայքար»[3]: Մերօրեայ «հայրենասիրութեան այս տեսակը» իր սնունդը կ՚առնէ ամէնուրեք գոյութենական թշնամիներ (թէ՛ իրական եւ թէ՛ երեւակայական) տեսնելու մոլուցքէն եւ , եթէ այսօր ուղղուած է թուրք-ազերի կեղծարարութեան հակադարձելու, անոր արտայայտութիւնները, դժբախտաբար, շատ չեն տարբերիր իր հակառակորդին դրսեւորումներէն, եթէ բացառենք կեղծարարութեան մէջ անգիտակցաբար եւ ո՛չ թէ դիտմամբ նետուիլը, ինչպէս ըրած է, օրինակ, 2023-ին Սայաթ-Նովան «հայացած ալաուի» բանաստեղծ համարող ազերի ոմն «փրոֆեսոր-դոկտոր»- մը՝ թրքագիտութեան Բ. միջազգային համագումարին, որ տեղի ունեցած է տխրահռչակ անունով քաղաքի մը՝ Չանղըրըի մէջ[4]։

Ազգային սնապարծութեան մերօրեայ ջատագովները իրենց մտքի անդորրը կը թուին գտնել ամէն անգամ որ կը փաստարկեն ճշմարտանման երեւոյթներ, որոնց թէ՛ իրենք եւ թէ՛ քննական մտածողութենէ զուրկ (կամ անոր գոյութեան ուրացման ճանապարհին վրայ գտնուող) հետեւորդները հաւատք կ՚ընծայեն։ Կարգ մը Դիմագիրքի օգտատէրեր իրենց էջերը կը լեցնեն «այլընտրանքային» գիտութեան մը սպասարկուներու գաղափարներով ու գրութիւններով, որոնք իրենց մտայնութիւնը գոհացնող դրոյթներ արտայայտած են, որքան հինցած կամ կաղացող փաստարկներով՝ այնքան լաւ։ Անոնք վերածուած են տեսակ մը հերոսներու, կամ կուռքերու, որոնք աւելի բարձր կը գտնուին, քան «հայագիտութեան դաւաճաններ»ու խաժամուժը՝ հայ թէ օտար։

Իսկական տոնքիշոթական վիճակ։

Այս հերոս-կուռքերէն մէկը հանգուցեալ ակադեմիկոս Պարիս Հերունին է (1933-2008), որ օր մը որոշած է ճառագայթային բնագիտութեան (ռադիոֆիզիկա) բնագաւառին մէջ իր ամբարած վաստակէն ետք պտոյտ մը կատարել իր մասնագիտութեան թաղերէն դուրս։ Մերձ-հայագիտական իր գիւտերը ներկայացուցած է անգլերէն հատորի մը մէջ (2004)[5], որուն յաջորդած է հայերէն թարգմանութիւնը երկու տարի ետք[6]։ Սկզբունքով, Հերունի իրաւունք ունէր այդ քայլին. քիչ չէ այն մարդոց թիւը, որոնք բնական գիտութիւններէն դէպի պատմութեան կամ գրականութեան ուսումնասիրութիւն անցած են. «Բայց լինելով հայ գիտնական, Հայաստանի Գիտութիւնների Ազգային Ակադեմիայի իսկական անդամ, ես չեմ կարող անտարբեր լինել իմ երկրին, իմ ազգին վերաբերող իսկութեան ներկայիս մեծ խեղաթիւրումներին վերաբերեալ» (էջ 6)։

Խեղաթիւրումներու առջեւ անտարբեր չմնալ, սակայն, չի նշանակեր խախտել հիմնական պայմանը. որ նման աշխատանք պատշաճի գիտութեան ընդունելի չափանիշերու, առանց գիտա-երեւակայական համեմատութիւններու հասնելու։

Հետաքրքրական է նշել, որ Հերունիի անգլերէն հատորը խմբագրութեան ակներեւ պակաս ցոյց կու տայ, իսկ հայերէն թարգմանութիւնը՝, լեզուական բազմատեսակ սխալներ։ Պատահական երկու էջ բանալով, կ՚իմանանք, որ Արտաշէս Ա. «Մեծ Հայքի հայոց կեսար» էր (էջ 263) եւ թէ 54 թուականին «Մարկ Կրասի հրամանատարութեամբ» հռոմէական լեգէոնները Հայկական Միջագետք մտած էին «Պարֆիայի վրայ յարձակուելու նպատակով» (էջ 265)։ Արդեօք ո՞ւր մնացեր են «թագաւոր», «Մարկոս Կրասոս» եւ «Պարթեւստան» բառերը։

Հերունի համոզուած էր, որ «հայ ազգը սկսել է ձեւաւորուել 50-40 հազարամեակ առաջ», իսկ «հայոց լեզուի սկիզբը նոյն տարիքը ունի» (էջ 93), բայց նաեւ, որ «Հայաստանի հին պատմութիւնը դուրս է նետուած համայն մարդկութեան հին պատմութիւնից» ու «այդ պատճառով հին պատմութիւնը լի է բազմաթիւ հանելուկներով, ուր առկայ են փաստեր, որոնք չունեն բացատրութիւն» (էջ 201)։

Անոր լեզուի վերլուծական մեթոտը կ՚ենթադրէ, որ հայոց այբուբենի իւրաքանչիւր տառ շարան մը նշանակութիւններ ունի, որուն համար կազմած է «Տարրերի (տառերի) բառարան» մը՝ այբ-էն մինչեւ ֆէ (էջ 111)։ Այո՜, միջնադարուն հայոց այբուբենին մէջ մտած «օ» եւ «ֆ» տառերն ալ տեղ գտած են հոն։ Ըստ հեղինակին, «վերլուծութիւնը ցոյց է տալիս (...), որ «օ» տառը հայկական հին այբուբենում եղել է, բայց Մաշտոցն այն վերացրել է, գուցէ որպէս «(հեթանոսական) ոգի» նշանակութիւնն ունենալու պատճառով եւ փոխարինել է այն «ո» տառով» (էջ 106)։ Օրինակ՝ «ա» կը նշանակէ կեանք, յաւերժ, տաք, առաջին մարդ, իսկ «ֆ»՝ «ետեւ, ֆոն, թիկունք, ծածկուած, բովանդակութիւն»։

Այբուբենով չի վերջանար հարցը։ Աղիւսակը կը շարունակուի երկու ծաւալուն էջերով, 122 այլ «տառեր»ով, որոնք տառակապակցութիւններ են՝ երկու կամ երեք տառերէ բաղկացած։ Օրինակ՝ «կամ» կը նշանակէ «լուսաբաց», իսկ «ուն»՝ «հիմնական» (էջ 112-113)։

Նման «բառարան»ով կարելի է ամէն ինչ «ստուգաբանել»։ Օրինակ՝ տեղ մը կը կարդանք, որ «այժմեան Ասուանի մօտ գտնուող հնագոյն Եգիպտական տեղի լայնութիւնը (...)», իսկ «Ասուան» բառին դիմաց աստղանիշը կը յղէ ծանօթագրութեան՝ ««Ասու-ան» հայերէն նշանակում է «խօսող մարդ»» (էջ 76)։ Կարելի է խնդալ բառի «հայերէն» բացատրութեան վրայ, բայց նաեւ լալ՝ հանգուցեալ հեղինակին փոխարէն, երբ յիշենք, թէ Հին Եգիպտոսի օրերուն քաղաքը կը կոչուէր... Սուէնէթ (Swenett)։

Ինչո՞ւ չյիշել «Միքենաս»ը (Mycenae)՝ Ք.Ա. երկրորդ հազարամեակի յունական քաղաքակրթութեան գլխաւոր կեդրոնը, ուր «Իլիական»ի հերոսներէն Ակամեմնոն թագաւորած է եւ որ իբրեւ թէ կը նշանակէ մ-ի-ք-ե-նա՝ «մեծ մարդկանց ամրոցը եղաւ նա» (էջ 250)։ Եւ եթէ, նորէն ապաւինելով Սեւակին, անցնինք «անհեթեթութեանց այս թանգարանով», կրնանք հասնիլ Ֆրանսա եւ իմանալ, որ Շառլ Մեծի հիմնած հարստութեան անունը հայերէն «նշանակում է Կարո-լինգ. ինչպէս յայտնի է, Կարո-ն տղամարդու շատ տարածուած հայկական անուն է (նշանակում է «Սուրբ քար»), իսկ «լինգ» կամ «լենգ» նշանակում է «կաղ» (էջ 254)։ Հաւանաբար տեղ մը թաթար-մոնղոլ արիւնռուշտ նուաճող Lենկթիմուրի (Թիմուր Լենկ) անունը գտեր է, եւ կարծեր, թէ «լենկ» բառը հայերէն է։ Յուսախաբ ընենք իրեն պէս մտածողները, քանի որ պարսկերէն է։ Կամ Բրիտանիոյ (Bretagne) հին անունը՝ Արմորիկա, «հայերէն նշանակում է Ար-մոր-իկա (ԱՐ-ը Մորն իկա) = «ԱՐ-ը (Արեւը) գնում է մօրը մօտ։ Այլ կերպ ասած, «Արմորիկա»ն «Արեւմուտք» բառի հայերէն բացատրութիւնն է» (էջ 254)։

Ահա մէկ ուրիշը. ««Աստղ» բառը նշանակում է «տիեզերքի (նիւթի) սեղմուածք, խտացում», որովհետեւ «աստ»-ը տիեզերքն է եւ «ղ»-ն տարբեր նիւթերի սեղմուածք, ինչպէս, օրինակ, «իւղ» բառում, որը կաթի խտացումն է։ Խոր փիլիսոփայութիւն է» (էջ 80)։ Այսինքն՝ պիտի ենթադրենք, որ կաթի բաղադրիչ «իւ»-ին մէջ «ղ»տացած է կա՞թը։ Իրապէս մեր համեստ հասկացողութենէն վեր փիլիսոփայութիւն մըն է։ Անշուշտ, ի՞նչ կարեւորութիւն ունի, որ 1960-ական թուականներէն արդէն առաջադրուած ըլլայ, որ հնդեւրոպական մայր լեզուն «աստղ» բառը փոխառած է սեմական մայր լեզուէն։ Եթէ Հերունիի համար հայերէնը աշխարհի մայր լեզուն է եւ 40.000 տարուան հնութիւն ունի, ո՛չ լեզուական ընտանիքները եւ ո՛չ նման լեզուաբանական «մանրուքներ» որեւէ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն։ Արդէն ինք «ցոյց տուած» է, որ «այսպէս կոչուած արամերէն (կամ արամաերէն) լեզուն եւ այբուբենը իրականում հայկականն են եւ հայոց թագաւոր Արտաշէս I-ը (մ.թ.ա. 189-160 թ.) Հայաստանի իր հողաբաժան քարերի արձանագրութիւնները գրել է հայոց լեզուով, հայերէն տառերով Մաշտոցից մօտաւորապէս 600 տարի առաջ (բայց ոչ այսպէս կոչուած արամէերէնով, ինչպէս շարադրում է այսպէս կոչուած սխալ կարծիքը)» (էջ 105-106)։

Հերունի ձեռնարկած է «աշխարհի հին պատմութեան հանելուկը» լուծելու, որուն «հիմնական եւ գլխաւոր պատասխանը Քարահունջի գոյութիւնն է, ոըը այլ փաստերի հետ մէկտեղ (այդ թւում նաեւ լեզուաբանական տուեալները) թոյլ են տալիս ասել, որ այն ժամանակներում անհրաժեշտ գիտելիքներ, սարքաւորումներ եւ տեխնոլոգիաներ ունեցել են միայն հայերը» (էջ 225-226)։ Անոր արծարծած Զօրաց քարերու («Քարահունջ») եւ Սթոնհենճի բաղդատականին, աշխարհի ամենէն հին աստղադիտարանի գոյութեան (7500 տարիէ ի վեր) եւ այս բոլորէն ածանցուած ուռուցիկ տեսութիւններու ամբողջ շարանին վերաբերեալ, ընթերցողը կը յղենք լեզուաբան Հրաչ Մարտիրոսեանի առարկայական քննութեան, որ Հերունիի եւ վերջին քսան տարիներուն անոր ժառանգութիւնը ստանձնած հետեւորդներուն գունազարդ տեսակէտները կը հերքէ ի ցոյց բոլորին[7]։ Ի պէտս զարգացելոց եւ, դժբախտաբար... անգիտաց անպէտ։

Եւ ահա այսպէս կը վերադառնանք Նոյի ժամանակներուն։ Արդարեւ, ի՞նչ տարբերութիւն կը ներկայացնեն «լուսին»ի (լուս-ին, «նա իմ լոյսն է») կամ «սիրտ»ի (ս-ի-ր-տ, «տէր [որ] կրում է մարդու սէրը») նման լեզուական մարզանքներ եւ «Նախիջեւան» (նախ-իջեւան), «Երեւան» (երեւ-ալ) կամ «Ակոռի» (արկ-ուռի) բառերուն Նոյի հետ կապուած բացատրութիւնները, որոնք մաս կը կազմեն լեզուաբանութեան մէջ «ժողովրդական ստուգաբանութիւններ» (folk etymology) անունով եւ գիտութեան հետ կապ չունին։

Հերունիի գիրքը լեցուն է գիտական նման մակարդակի «ապացոյց»ներով, որոնց թուարկումը... գիրք մը պիտի դառնար, եւ զորս ո՛չ անհրաժեշտ է թուարկել եւ ո՛չ ալ մէկ առ մէկ հերքելու ժամանակ յատկացնել։

Ի վերջոյ, հայ թէ օտար իրականութեան մէջ նման շատ հատորներ գրուած են ընկերային գիտութիւններու կալուածին (պատմագրութիւն, լեզուաբանութիւն, արուեստաբանութիւն, եւայլն) պատկանող զանազան առեղծուածային հարցեր «լուծելու» ջանքով։ Մանաւանդ՝ գիտութեան նուաճումները անտեսած թէ անտեսող մարդոց կողմէ, որոնք կը հաւատան, թէ ճշմարտութեան բանալին իրենց քովն է։

Իսկ այդ ենթադրեալ բանալին գետնէն վերցնող եւ ընկերային միջոցներու մէջ աղաղակ բարձրացողները մինչեւ հիմա կը փորձեն դռներ բանալ, առանց ըմբռնելու, որ... հնագոյն Հայաստանի դրան բանալին այդ չէ։ 
 
«Նոր Յառաջ», 13 Հոկտեմբեր 2026 


[1] Վարդան Հացունի, Հայ դրօշներ պատմութեան մէջ, Վենետիկ, 1919, էջ 18։

[2] Ղեւոնդ Ալիշան, Հին հաւատք կամ հեթանոսական կրօնք հայոց, Վենետիկ, 1895, էջ 302։

[3] Պարոյր Սեւակ, «Ազգային սնապարծութի՞ւն, թէ՞...», Գրական թերթ, 18 Դեկտեմբեր 1966։

[4] Salide Şerifova, “Armenianized Alawite Poet Sayat Nava (Sayat Nova)”, https://www.academia.edu/111760481/Armenianized_alawite_poet_Sayat_Nava_Sayat_Nova?email_work_card=thumbnail

[5] Paris M. Herouni, Armenians and Old Armenia: Archaeoastronomy, Linguistics, Old History, Yerevan, Tigran Mets, 2004.

[6] Պարիս Մ. Հերունի, Հայերը եւ հնագոյն Հայաստանը (հիմքերը հայոց). Արքաեօաստղագիտութիւն, լեզուաբանութիւն, հնագոյն պատմութիւն, թարգմանիչ՝ Մերի Սարգսեան, Երեւան, 2006։  Բոլոր մէջբերումները կը կատարենք այս հրատարակութենէն, էջաթիւը նշելով շարադրանքին մէջ։

[7] Հրաչ Մարտիրոսեան, «Քարահունջ – Stonehenge. առասպելի վերջը», տե՛ս  https://www.academia.edu/122986352/Քարահունջ_Stonehenge_առասպելի_վերջը։


No comments:

Post a Comment