Showing posts with label Թուրքիա. Show all posts
Showing posts with label Թուրքիա. Show all posts

21.8.18

Աւետիս Հաճեանի «Գաղտնի ազգ»ը՝ պատուհան մը ինքնութեան թնճուկներուն վրայ

ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Աւետիս Հաճեանի կոթողային՝ «Գաղտնի ազգ. Թուրքիոյ թաքուն Հայերը» անգլերէն հատորը («Secret Nation, The Hidden Armenians of Turkey», 2018, «I.B. Tauris» հրատարակչատուն) կու գայ ամբողջացնելու հայոց պատմութեան նորագոյն էջերէն գրեթէ բացակայող հատուածը՝ յետ-եղեռնեան շրջանին իսլամացած եւ իսլամացուած, ինչպէս նաեւ քրտացած, թրքացած, արաբացած հայերուն, կամ, թուրքերուն բնութագրումով՝ «սուրի մնացորդներ»ուն մասին: Ասոնց վրայ վերջերս սկսած են աւելնալ նաեւ քրիստոնէութեան վերադարձողները՝ քաջալերուած մօտաւորապէս տասնամեակ մը առաջ Անգարայի կարծր դիրքին ժամանակաւոր մեղմացումով:
Լրագրող Հաճեան, որ զաւակն է յայտնի հալէպահայ հանգուցեալ ուսուցիչ, գրող եւ մտաւորական Պետրոս Հաճեանի, կանուխ տարիքէն Արժանթին հաստատուած է իր ընտանիքին հետ եւ ուսումը ստացած է Արժանթինի ու Մեծն Բրիտանիոյ մէջ: Այս հատորին մղիչ ուժերէն մէկը եղած է համշէնահայութեան նուիրուած Էօզճան Ալփերի «Աշուն» ֆիլմը, որ եկած է կուտակուելու պատանի տարիքէն իր լսած գաղտնի հայերուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ գտնելու մարմաջին վրան:

2.3.18

Գէորգ Զ.-էն Ճելալ Պայարին՝ «Բողոքելով բողոքում ենք…»

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը անցեալ շաբաթ գումարած իր հերթական նիստի աւարտին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մանրամասնութիւննե­րը կա­րելի է ըն­թերցել առ­ցանց կամ տպա­գիր մամ­լոյ մի­ջոց­նե­րէն։ Հոն կար հե­տեւեալ ար­տա­յայ­տութիւ­նը. «Մեր ակնկա­լու­թիւնն է Թուրքիայի իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րից, որ ըն­­դա­­­ռաջեն Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քի ընտրու­­թիւննե­­րի կազ­­մա­­­կերպման հայ հա­­մայնքի ար­­դար պա­­հան­­ջին»։
Ար­­դեօք Մայր Աթո­­ռը իր այս ակնկա­­լու­­թիւնը պաշ­­տօ­­­նապէս փո­­խան­­ցա՞ծ է Թուրքիոյ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րուն, թէ ան ըն­­թա­­­ցիկ յայ­­տա­­­րարու­­թեան մը տո­­ղերուն մէջ ան­­տե­­­սու­­մի դա­­տապար­­տուած պարզ մաղ­­թանք մըն է. չե՛նք գի­­տեր, քա­­նի որ այդ ուղղու­­թեամբ որե­­ւէ այլ տե­­ղեկու­­թիւն տրուած չէ հան­­րութեան։

25.2.18

Մայրենի լեզուն՝ նաեւ դիմադրութեամբ

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
 
Թուրքիոյ մէջ աւե­­­­­լի քան 30 լե­­­­­զու կը խօ­­­­­սուի։ Այս 30-ի շար­­­­­քին կան լե­­­­­զու­­­­­ներ, որոնց անունն իսկ թե­­­­­րեւս ան­­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­նօթ է մե­­­­­զի, օրի­­­­­նակ՝ կա­­­­­պար­­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­յերէ­­­­­նը կամ, ըսենք, ադի­­­­­կերէ­­­­­նը, որոնք չեր­­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­զական լե­­­­­զու­­­­­ներ են։ Ի՞նչ տար­­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­­թիւն, օրի­­­­­նակ, ապա­­­­­զերէ­­­­­նի կամ աբ­­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­զերէ­­­­­նի մի­­­­­ջեւ։ Կան դեռ ռո­­­­­մանա­­­­­կան լե­­­­­զու­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րը՝ տո­­­­­մարին ու ռո­­­­­մանին։
Չկար­­­­­ծո­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ւի որ քա­­­­­նի մը հո­­­­­գի կը խօ­­­­­սի այս լե­­­­­զու­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րը. օրի­­­­­նակ, ադի­­­­­կերէն կը խօ­­­­­սին 316 հա­­­­­զար, իսկ կա­­­­­պար­­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­յերէն՝ մի­­­­­լիոն մը քա­­­­­ղաքա­­­­­ցիներ, տո­­­­­մարին ու ռո­­­­­մանին շուրջ 100 հա­­­­­զար քա­­­­­ղաքա­­­­­ցիի մայ­­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­նին է։ Ապա­­­­­զերէն կը խօ­­­­­սին 12 հա­­­­­զար, աբ­­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­զերէն՝ 150 հա­­­­­զար մար­­­­­դ։ Կայ­­­­­քէ­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ջը, ուրկէ կը քա­­­­­ղեմ այս տո­­­­­ւեալ­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րը, կու տայ նաեւ այս եւ միւս լե­­­­­զու­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րուն Թուրքիայէ դուրս ու­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ցած տա­­­­­րածու­­­­­մին մա­­­­­սին գի­­­­­տելիք­­­­­ներ ալ։
Հա­­­­­յերէ­­­­­նը, արեւմտա­­­­­հայե­­­­­րէն ու վեր­­­­­ջին տա­­­­­րինե­­­­­րուն արե­­­­­ւելա­­­­­հայե­­­­­րէն իր ճիւ­­­­­ղե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րով, մէկն է այդ աւե­­­­­լի քան 30 լե­­­­­զու­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րու շար­­­­­քին։ Առա­­­­­ւելա­­­­­բար լսե­­­­­լի է Պոլ­­­­­սոյ մէջ, ինչպէս նաեւ, հա­­­­­զուա­­­­­դէպ իսկ ըլ­­­­­լայ, գա­­­­­ւառի քա­­­­­նի մը նախ­­­­­կին հա­­­­­յաշատ քա­­­­­ղաք­­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րուն կամ գիւ­­­­­ղե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րուն մէջ։ Կայ նաեւ հա­­­­­յերէ­­­­­նի Համ­­­­­շէ­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­նի բար­­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ռը, որ այ­­­­­սօր համ­­­­­շէ­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­ներէն անո­­­­­ւան տակ առան­­­­­ձին լե­­­­­զու մըն է գրե­­­­­թէ։ Ոմանք գի­­­­­շերու­­­­­զօր, ան­­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­դար, եղե­­­­­րամօր սե­­­­­ւազ­­­­­գեստ հա­­­­­գած լե­­­­­զուի նա­­­­­հան­­­­­ջին կամ մա­­­­­հուան մա­­­­­սին իսկ խօ­­­­­սին, Պոլ­­­­­սոյ մէջ հա­­­­­յերէ­­­­­նով գիր­­­­­քեր ու պար­­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­­րական­­­­­ներ կը հրա­­­­­տարա­­­­­կուին, մար­­­­­դիկ կ՚աղօ­­­­­թեն այդ լե­­­­­զուով (կան աղօ­­­­­թատե­­­­­ղիներ), կ՚եր­­­­­գեն (հա­­­­­մոյթներ, երգչա­­­­­խումբեր կան), կը խօ­­­­­սին։

20.2.18

Ըստ Թուրքիոյ արխիւներուն՝ ցեղասպանութեան զոհերը «ողջ» են կամ «անյայտ կորսուած»

Թուրքիոյ բնակչութեան հարցերու վարչութեան պաշտօնական արխիւներուն մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն սպաննուած հայերը կա՛մ դեռ «ողջ» են, կա՛մ «կը փնտռուին իբրեւ անյայտ կորսուածներ»: Նման տեղեկութիւն յայտնաբերուած է՝ Թուրքիոյ հանրային ծառայութիւններու կայքէն քաղաքացիներու տոհմածառերը ուսումնասիրելու կարելիութիւն ընծայող նոր ծառայութեան մը ստուգումէն ետք:

25.1.18

«Պոլսահայ համայնքը կը դատապարտէ կատարուած յայտարարութիւնը» կամ՝ «ղազէթաճիութիւն»

Ա. Դ.
 
Թրքական բա­նակին Աֆ­րի­նի մէջ ձեռ­նարկած ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեան առ­թիւ՝ Պոլ­սոյ Հա­յոց պատ­րիար­քա­րանի հրա­պարա­կած զօ­րակ­ցա­կան հա­ղոր­դագրու­թեան լու­րին կից, հայ­կա­կան կարգ մը լրաս­փիւռներ,– հա­ւանա­բար իրար­մէ առ­նե­լով,– գրած են նաեւ, որ «պոլ­սա­հայ հա­մայնքը կը դա­տապար­տէ» այս հա­ղոր­դագրու­թիւնը։
Հոս, իմ խնդի­րը վե­րաբե­րե­լով միայն ու միայն պար­կեշտ լրագ­րու­թեան, մէկ­դի կը ձգեմ թրքա­կան ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեան վեր­լուծու­մը, ինչպէս նաեւ՝ Պոլ­սոյ Հա­յոց պատ­րիար­քա­րանի առած քայ­լին սխալ կամ ճիշդ ըլ­լա­լու դա­տու­մը։

7.12.17

Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է հակահայ յօդուածներէ բաղկացած պատմական զեղծարարութեան հերթական օրինակը


Թուրքիոյ մէջ «Փանտորա» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է պատմութեան քանի մը թուրք զեղծարարներու հեղինակած յօդուածներու ժողովածուն` թրքական պաշտօնական պատմագրութեան ներկայացուցիչներէն Ֆերուտուն Աթայի խմբագրութեամբ: Այդ մասին կը հաղորդէ «Ակունք»-ը` հիմնուելով յիշեալ հրատակչութեան պաշտօնական կայքէջին մէջ հրապարակուած տեղեկութեան վրայ:

14.11.17

Բարակ գիծ մը



ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Անցեալ Հոկտեմբեր 14-ին, Պոլսոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով նշուած էր Հայաստանի երկրորդ անկախութեան տարեդարձը գեղարուեստական յայտագրով մը, որուն մասնակցած էին Երեւանէն յատկապէս հրաւիրուած «Կադանս» (իմա՛՝ ֆր. cadence) նուագախումբը եւ Պոլսոյ «Մարալ» պարախումբը։ Փառաշուք համերգը, որ կազմակերպուած էր Սեւ ծովու Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան կողմէ՝ կարգադիր յանձնախումբի մը անմիջական գործակցութեամբ, հոծ բազմութեան ներկայութիւնը վայելած է։ Ձեռնարկի աւարտին, յուշանուէրներ յանձնուած են բոլոր մասնակից ու աջակից անձնաւորութիւններուն։

9.10.17

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
 
Մինչեւ 2009-2010, Լատինական Ամերիկայի մէջ հակահայ արշաւը գրեթէ բացառապէս թրքական դիւանագիտութեան նախաձեռնութիւնն էր եւ կեդրոնացած Ցեղասպանութեան ժխտումի ջանքերուն վրայ: Այդ արշաւը, որ առաջ կը տարուէր մասնաւորաբար Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ երեք համայնքներու երկիրներու՝ Արգենտինա (*), Ուրուկուայ եւ Պրազիլ քաղաքական-դիւանագիտական շրջանակներու եւ հանրային կարծիքին ուղղութեամբ, չյաջողեցաւ:

23.9.17

Աշխարհի առաջին հայազգի ջազմէնը

ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ

Ջազի սիրահարները մեզանում մեծ թիւ են կազմում, սակայն քանի՞ հոգի կարող է տալ պատմութեան մէջ հանդէս եկած առաջին հայազգի ջազմէնի անունը...
Որքանով պարզել ենք, այդ անձը եղել է Գրիգոր Քէլէկեանը, յայտնի Գրեգոր [Gregor] բեմական անուամբ, որը 1920-ականների վերջին, 1930-ականների սկզբին ճանաչուած դէմք է եղել Ֆրանսիայի երաժշտական շրջանակներում:

26.7.17

Սեւան Նշանեանէն նոր բացատրութիւններ. “Զգացուցին, որ պիտի շարունակեն հոգիս ցաւցնել”

Անցեալ շաբաթ բանտէն փախած պոլսահայ մտաւորական Սեւան Նշանեան թրքական եւ հայկական զանազան լրասփիւռներու հետ զրոյցներուն՝ նոր բացատրութիւններ կու տայ բանտային պայմաններուն, փախուստի դրդապատճառներուն մասին:
Այսպէս, «Ակօս»-ի հետ զրոյցին՝ Նշանեան սապէս բացատրած է իր փախուստին պատճառները. «Մէկ-երկու տարի բանտը պառկիլը աչքի առած էի։ Երեք ու կէս տարի արգելափակումը քիչ մը յոգնեցուց։ Դեռ կը մնար երեք տարի եւ պարզ դարձաւ, որ անկէ ետք ալ զիս ազատ արձակելու նպատակ չունին»։

14.5.17

Շարունակել աւանդութիւնը...

Պոլսոյ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին արք. Պեք­ճեան, որ կը գտնուի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Հա­յաս­տա­նի զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մէջ հան­դէս կու գայ զա­նա­զան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով՝ Պոլ­սոյ աթո­ռի առ­կայ հար­ցե­րուն շուրջ։ 11 Մայիսի երեկոյեան, ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ «Շանթ» հե­ռուս­տա­կա­յա­նի «Հե­ռան­կար» հա­ղոր­դա­շա­րի ըն­թաց­քին՝ պա­տաս­խա­նե­լով յայտ­նի լրագ­րող-հրա­պա­րա­կա­գիր Ա­րամ Աբ­րա­հա­մեա­նի հար­ցում­նե­րուն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Նորին Սրբազնութեան յայտարարութիւնները՝ «Ժամանակ»ի Երեւա­նի աշ­խա­տա­կից Ա­նուշ Թրուան­ցի կող­մէ կա­տա­րուած սղագ­րու­թեան հի­մամբ։ Սղագրութիւնը պահած է խօսակցական ոճն ու շեշտադրումները, Ա. Աբրահամեանի հարցումները արեւմտահայերէնի վերածելով։ 

10.3.17

Օսմանահայեր...

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Վերջերս փորձեր կ՛ըլլան «արեւմտահայութիւն» (Western Armenians) եզրը «օսմանահայութիւն» (Ottoman Armenians) անհեթեթութեամբ փոխարինելու: Այս երեւոյթը առայժմ կը դրսեւորուի անգլիագիր յօդուածագրութեան եւ հրապարակային ելոյթներու մէջ եւ սակայն հետզհետէ կը թափանցէ համացանցային կայքերու լաբիւրինդոսէն ներս եւ կը ձեւաւորէ իր եզրաբանական նստուածքը: Ասիկա ոչ միայն կոպիտ սխալ մըն է եւ մեղանչում մը` պատմական ճշմարտութեան դէմ, այլեւ վիրաւորական պիտակաւորո՛ւմ մը` մեր ժողովուրդի հասցէին: Այն, ինչ տեղի կ՛ունենայ, բացայայտ դիմազեղծումն է մեր մշակութային ժառանգութեան. ինքնութեան ջա՛րդ մը` իր բոլոր եպերելի հետեւանքներով:

27.1.17

Ռուբեն Շուգարեան. «Հայաստանի դիւանագիտութիւնը պէտք է մտածի նոր գաղափարների եւ հարցադրումների մասին»

Panorama.am-ը զրոյց մը վարած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի առաջին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (1993-1999), 1999-2005ին Արտաքին Գործոց փոխնախարար, 2005-08ին Իտալիոյ, Սպանիոյ եւ Փորթուկալի մէջ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, իսկ 2009էն ի վեր Թաֆթս համալսարանի Ֆլեթչերի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցի փրոֆեսոր Ռուբէն Շուգարեանի հետ: Նախկին դեսպանը խօսած է հայ-թրքական (ցիւրիխեան) կարգաւորման գործընթացի դասերուն, ապրիլեան պատերազմի շրջանին եւ անկէ ետք Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դիւանագիտութեան եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ Հայաստանի տեղի եւ դերի մասին:

10.12.16

«Կեաւուր»ի քննութեան նշանակութիւնը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
 
Այս շաբաթ «Ակօս»ի հայերէն էջերուն մէջ տեղ գտաւ աշխարհի 72 երկիրներու ուսանողներուն ունակութիւնը գնահատող քննութեան արդիւնքները։ Առաջին հերթին բոլորը կը խօսին Թուրքիոյ ցած մակարդակին մասին։ Եթէ չափանիշը գիտակցութիւն, ընթերցածը հասկնալու ունակութիւն, թուաբանութեան նման վերացական միտքի գործադրութեամբ յաղթահարելի գիտութիւններու մէջ յաջողութիւնը ստուգել է, անշուշտ որ Թուրքիա բաւական տկար արդիւնք մը ստացաւ։
Բայց Թուրքիոյ վարիչներուն համար այս բոլորը իսկապէս նշանակութիւն ունի՞ն։ Ի վերջոյ «կեաւուր»ի կազմակերպած քննութիւնը ի՞նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ մեր հաւատացեալ սերունդի արժանիքները գնահատելու գործին մէջ։

4.11.16

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման... հետեւանքները

ԱՆԱՀԻՏ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ 
 
Բեռլինի Թիեգարթեն վարչական շրջանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը դրամական տուգանք է սահմանել ԳԴՀ [Գերմանիայի Դաշնակցային Հանրապետութեան] երկու քաղաքացիների նկատմամբ, որոնք ֆէյսբուք սոցիալական ցանցում վիրաւորական, ատելութիւն հրահրող գրառումներ էին արել Բունդեսթագի ազգութեամբ թուրք պատգամաւորներ Ջեմ Էօզդեմիրի եւ Սեւիմ Դագդելենի հասցէին: «Ազգ»-ի ընթերցողները տեղեակ են, որ Բունդեսթագի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի՝ վերոնշեալ ջերմ պաշտպանների հասցէին մինչ Յունիսի 2-ը ու դրանից յետոյ սպառնալից, ատելավառ, վիրաւորական ու հայհոյալից բառամթերքով բանաւոր կոչեր էին արւում, նամակներ էին ուղարկւում նրանց էլեկտրոնային փոստին, նոյնատիպ վերաբերմունք արձանագրելով նաեւ սոցիալական ցանցում: Բանաձեւի ընդունումից յետոյ Բունդեսթագի թուրք պատգամաւորների հանդէպ ատելութեան կրակը Գերմանիայում էլ աւելի բորբոքեց Թուրքիայի իշխանական վերնախաւը, յատկապէս նախագահ Էրդողանն՝ իր հրահրող արտայայտութիւններով:

Հայուն երկուութիւնը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
 
Այս երկրին մէջ ապրիլը երկուութիւններու առջեւ կը դնէ քեզ։
Այդ զգացումն է որ կ՚ապրիս ամենաչնչին պատահարի իսկ առջեւ․ կ՚ունենաս երկրի ղեկավար մը, որ մէկ կողմէ քու ազգային պատկանելիութիւնդ իր ամօթը կը համարի, միւս կողմէ սակայն ունեցած, անցեալէն ժառանգուած քանի մը շէնք ու շինութիւնդ գործածելի ու եկամտաբեր դարձնելու որոշումներ կ՚ընդունի (հոգ չէ թէ ապիկար վարիչներդ ոչինչ կրնան ընել ատոնցմով)։ «Հայու փիճեր» պոռացող ամբոխին առջեւ ծպտուն իսկ չհանող մարդը կը բարձրացնես մինչեւ երկինքի եօթներորդ յարկը՝ ցեղասպանութեան զոհերու սերունդներէն կէս-բերան ներողութիւն խնդրած ըլլալուն համար։ Ապրած երկուութիւնդ ծածկելու տարազն ալ պատրաստ է․ «Սոխին անուշը չ՚ըլլար, թուրք է»։ Չես մտածեր իսկ, որ նոյն վարքը քու վարիչներդ ալ կ՚ունենան․ ինքզինք համայնքին ղեկավարը հռչակած անձը չէ՞ր որ եղբայրասպան կռիւ մը սոսկ կոչած էր 1915-ի պետական յանցագործութիւնը, նոյն անձը չէ՞ որ դպրոցները փակել տալու համար հազար ու մի խաղեր կ՚ընէ, հայերէնի ուսուցիչներ վռնտել կու տայ վարժարաններէն, կամ քու հոգեւոր առաջնորդդ չէ՞ր, ոճրագործին իսկ լեզուով, որպէս կայսերապաշտ ուժերու գործիք բնութագրողը 1915-ի զոհերը (այս պատճառով նոյնիսկ Հայաստանի կէս ճամբայէն ետ դարձուցած էին զինքը)։

30.9.16

Տօնական ցնծութիւն

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ՝ Սեպտեմբերի 26-ին, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Թրքերէնի տօնը։ Հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը հրապարակեցին պատգամներ, կայացան զա­նազան ձեռ­նարկներ։ Ին­չո՞ւ սա­կայն Սեպ­տեմբե­րի 26-ը։ Որով­հե­տեւ 1932-ին, այդ օր բա­ցուած էր թրքե­րէնի առա­ջին հա­մագու­մա­րը, Տոլ­մա­պախ­չէի պա­լատին մէջ (մասնակիցնե­րու կար­գին էին քա­նի մը հայ մտա­ւորա­կան­ներ եւս՝ Յա­կոբ Մար­թա­եան, Ստե­փան Կուրտի­կեան, Գէորգ Սիմ­քե­շեան)։

9.9.16

Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման փուլերը Թուրքիայում

ԼԻԼԻԹ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
 

Հերքումը ցեղասպանութեան վերջին փուլն1 է եւ քանի դեռ այն շարունակւում է, ցեղասպանութիւնն էլ է շարունակւում: Հետեւաբար ցեղասպանութիւնը սկիզբ է առել Օսմանեան կայսրութիւնում եւ որքան էլ Թուրքիան իրեն պատասխանատու չհամարի տեղի ունեցածների համար, ժխտողական կեցուածքով շարունակում է իր իսկ նախահայրերի սկսած գործը:
Հարիւր տարի անց, երբ յետադարձ հայացք ենք նետում Թուրքիայի ցեղասպանութեան հարցում վարած քաղաքականութիւններին, ակնյայտ է դառնում, որ հիմքում որեւէ էական փոփոխութիւն չի գրանցուել: Ժխտողական քաղաքականութիւնը ձեւաչափ, լեզուական ոճ եւ երանգ է փոխել, բայց երբեք՝ բովանդակութիւն: Երբեմն բացէ ի բաց, երբեմն քօղարկուած ժխտողականութիւնը ներկայ է եղել: Հերքելու, սովորական իրադարձութեան նման ներկայացնելու, հայերին դաւաճանութեան մէջ մեղադրելու եւ իրենց զոհի կարգավիճակում ներկայացնելու ակտիւ ժխտողականութեան կողքին իր ուրոյն տեղն է գրաւել նաեւ պասիւ ժխտողականութիւնը` լռելու, չլսելու եւ չիմանալու տալը:

23.8.16

Թուրքի կերպարը Հրանտ Մաթեւոսեանի ստեղծագործութեան մէջ

ՍԷՅՐԱՆ  ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

1980-ական թթ. սկզբին Երեւանում թափառում էր մի լեգենդ, թէ իբր Մեծ Եղեռնի պատկերմանը դէմ է հայաստանցի գրողներից մէկը՝ Հրանտ Մաթեւոսեանը: Իրականում շուրջ քառասուն տարի տեւած իր գործունէութեան ընթացքում նրան երբեք չի լքել այդ նիւթը: Ինչո՞ւ եղաւ եղեռնը, ինչո՞ւ եղաւ յատկապէս իր լուսաւոր դարի սկզբին, ո՞վ է դրա մեղաւորը, եւ ի՞նչ պէտք է անել եղեռնի կրկնութիւնը թոյլ չտալու համար: Խորհրդային կարգերի օրօք այս հարցերը գրողը քննել է առաւելապէս գեղարուեստի միջոցներով, իսկ անկախութեան շրջանումՙ հրապարակախօսութեան լեզուով:

15.8.16

Արխիւային ռազմավարութիւն

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
 
Դաշնակցութեան արխիւները բա՞ց են, թէ՞ փակ, հասանելի՞ են, թէ՞ ոչ: Ահա հարց մը, որ յաճախ օրակարգի վրայ է մանաւանդ ակադեմական շրջանակներու հաւաքներու, քննարկումներու եւ գիտաժողովներու ընթացքին: Դժբախտաբար այս վերջին մէկուկէս տասնամեակին սոյն հարցադրումը իբրեւ քաղաքական լծակ կ’օգտագործուի թրքական ժխտողական մեքենային կողմէ, երբ Պոլսոյ մէջ գտնուող օսմանեան արխիւներուն հասանելիութեան դիմաց ՀՅԴ արխիւներուն «անմատչելի» կարգավիճակը կ՛որակուի որպէս հայկական կողմի դժկամութիւնը` «քննարկելու» կամ «ուսումնասիրելու» 1915-ի «դժբախտ դէպքերը»: