ԳՈՀԱՐ ԱՃԵՄԵԱՆ
-
Պարոն Պըլտեան, օրերս լոյս տեսաւ Դանիէլ Վարուժանին նուիրուած ձեր
աշխատութիւնը: Ունեցե՞լ էք արդեօք այլ աշխատութիւն Դանիէլ Վարուժանի մասին:
-
Տարիներ առաջ, 60ական թուականներուն, աշխատութիւն մը գրած էի, նախ՝ լոյս
տեսաւ «Ահեկան» հանդէսի մէջ, յետոյ «Տրամ» հատորիս մէջ (1980), գրեթէ
ամբողջութեամբ արեւմտահայ բանաստեղծութեան յատկացուած, ի շարս՝ Մեծարենցի,
Ինտրայի, Ահարոնի: Յետագային զանազան առիթներով Վարուժանը դարձաւ տեսակ մը
մշտական ուշադրութեան առարկայ: Հոսկէ ծնաւ «Կրակէ շրջանակը Դանիէլ
Վարուժանի շուրջ» ուսումնասիրութիւնը (Անթիլիաս, 1988): Լոյս տեսած
լիբանանեան պատերազմի ամենէն բուռն տարիներուն՝ աշխատանքը լեցուն էր
վրիպակներով: Դժգոհ էի արդիւնքէն: Երբ Խաչենց-Փրինթինֆօ առաջարկեցին որ
հատորը լոյս տեսնէ նաեւ Երեւան, ի հարկէ ընդառաջեցի: Նոր հրատարակութեան
մէջ կան յաւելումներ՝ նոր յառաջաբան մը, ընդլայնուած վերջաբան մը, եւ
յուսամ՝ վրիպակներու սրբագրութիւն: Նիւթին այժմէականութիւնն ալ (Աղէտը),
եթէ կարելի է այժմէական նկատել տեւակա՛նը, պատճառ մը եղաւ, որ հատորը
հրատարակուի վերստին: