Showing posts with label Վատիկան. Show all posts
Showing posts with label Վատիկան. Show all posts

29.6.16

Պապը՝ Հայաստանի բարոյանորոգիչ

Ժ.Չ.

Միջազգային լրասփիւռներու ուշադրութեան առարկան է Պապին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումի վերահաստատումը։ Սակայն անդին, անկախ քաղաքական այն հանգամանքէն, որ արդէն հարիւրերորդ տարելիցին առթիւ Վատիկանի մէջ իր արտասանած խօսքերը քաղաքական երկրաշարժ մը յառաջացուցած էին, անոնք նաեւ խթանող ազդակ հանդիսացած են կարգ մը երկիրներու կողմէ եւս ճանաչումին, ինչպէս՝ Գերմանիոյ եւ Պելճիքայի, իսկ ուրիշներու մօտ ալ, ինչպէս՝ Անգլիոյ, օրակարգի վրայ դրուելուն…

30.4.15

Հարցազրոյց Հռոմի «Լեւոնեան» Վարժարանի տեսուչ Հայր Գէորգ Նորատունկեանի հետ

Ինչպէս ծա­նօթ է, Ապ­րիլ 12ին Վա­տիկա­նի Ս. Պետ­րոս Տա­ճարին մէջ Փրան­կիսկոս Պա­պը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն որա­կեց 1915ի ջար­դե­րը, Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին Տիեզե­րական Եկե­ղեց­ւոյ Վար­դա­պետ հռչա­կուե­ցաւ եւ Նա­փոլիի մէջ Խաչ­քար մը զե­տեղուեցաւ ի յի­շատակ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հատակ­նե­րուն։ Այս ան­նա­խըն­թաց եւ պատ­մա­կան իրադարձութեանց նա­խօրեակին «Նոր Յառաջ»ը Հռո­մի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցած է տեղ­ւոյն «Լե­ւոնեան» վար­ժա­րանի տե­սուչ Հայր Գէորգ Նո­րատունկեանի հետ։

12.4.15

Փռանկիսկոս Պապը Մեծ Եղեռնը կը յայտարարէ Ի. դարու առաջին ցեղասպանութիւնը

Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցին նուիրուած Պատարագի իր քարոզին ընթացքին, Փռանկիսկոս պապը Հայոց Մեծ Եղեռնը նկատեց 20-­րդ դարի առաջին ցեղասպանութիւնը, խօսելով նաեւ անկէ ետք տեղի ունեցած այլ ցեղասպանութիւններու մասին: 

19.8.14

Մեծ Եղեռնի 100ամեակը. Պապը պիտի պատարագէ եւ Վատիկանի նոր փաստաթուղթեր պիտի հրատարակուին

Հռոմի Փռանկիսկոս պապը Ապրիլ 12, 2015ին Մեծ Եղեռնի 100ամեակին առիթով պատարագ պիտի մատուցէ Վատիկանի Ս. Պետրոս Մայր տաճարին մէջ։ Վերոյիշեալ յայտարարութիւնը կատարած է Պուէնոս Այրեսի կարտինալ Մարիօ Փոլին, Օգոստոս 17ին, Պուէնոս Այրէսի հայ կաթողիկէ Նարեկի Ս. Տիրամօր եկեղեցւոյ մէջ կայացած պատարագի մը ընթացքին: