Showing posts with label Սիվրիհիսար. Show all posts
Showing posts with label Սիվրիհիսար. Show all posts

17.7.16

Այց Մուշեղ Իշխանի ծննդավայրը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ 
 
Ինչպէս հաղորդած էինք, Իս­թանպու­լի Մխի­թարեան վար­ժա­րանի հա­յերէ­նի ու­սուցիչ, բանասէր ու գրականագէտ Սե­ւան Տէ­յիր­մենճեան դպրո­ցի վար­չութեան եւ հիմնա­դիրի փոխանոր­դի որո­շու­մով պաշ­տօ­նազրկուած էր։
Շուրջ ամիս մը առաջ վար­չութեան ան­դամնե­րու եւ հիմ­նա­դիրի փո­խանորդ Պերճ Մենզիլճիօղ­լուի որո­շու­մով կա­յացած այս պաշ­տօ­նազրկու­մէն ետք, զա­նազան շրջանակներ զօրակցութիւն յայտնեցին երիտասարդ ու­սուցի­չին՝ գրաւոր թէ բանաւոր արտայայտութիւններով։
«Ակօս»ի 13 Յուլիսի թիւէն գոհունակութեամբ կ՚իմանանք, որ վար­չութիւ­նը վերատեսութեան ենթարկած է իր անհեթեթ որոշումը, որ պատճառաբանուած էր ոչ-մանկավարժական պատրուակով՝ մամուլի մէջ ստորագրուած յօդուածներով։ Կ՚արժէ այս պարագային վերյիշել... Արփիար Արփիարեանը եւ «Կարմիր ժամուց»ը։

14.5.15

Դէպի Մուշեղ Իշխանի ծննդավայրը՝ Սիվրիհիսար

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
 
Մայիսի 1-ին, առտուն կանուխ, գրեթէ հալածական, կը հեռանանք Պոլիսէն։ Բարեխնամ կառավարութիւնը, իր բոլոր զօրութեամբ իջած է փողոց՝ արգիլելու ոեւէ մէկը՝ չնշելու Աշխատաւորութեան տօնը, յայտնուելով Թաքսիմի հրապարակին վրայ։ Ոստիկանները փակած են բոլոր ճամբաները, նոյնիսկ հետիոտն անցորդներուն համար (մեր անգտանելի նախագահը օրուան ընթացքին դեռ յայտարարէր պիտի, թէ նման միջոցառումներու կը դիմեն, որպէսզի քաղաքացիներուն առօրեան չխանգարուի։ Ճի՛շդ այսպէս)։