Showing posts with label դաստիարակութիւն. Show all posts
Showing posts with label դաստիարակութիւն. Show all posts

29.7.21

«Մեծ Եղեռնի հոգեցունց դրուագներով կը փորձեմ գրաւել աշակերտներուս ուշադրութիւնը»

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Ուսուցչուհի մըն է այս ըսողը, որ կը հպարտանայ իր բացառիկ կարողութիւններով ու, չես գիտեր՝ ինչո՛ւ, կարիքը կը զգայ զանոնք ի լուր աշխարհին յայտնելու: Կը խորհիմ, թէ միթէ հպարտառի՞թ երեւոյթ է սա, թէ՞ հակառակը, այսինքն՝ պարտուողականութեան տիղմին մէջ թաթախուած ըլլալու փայլուն ապացոյց. ո՞ր մէկը:

Ուզէ՛ք՝ առաջին դասարան ըսէք, ուզէ՛ք՝ տասներկրորդ, իմաստ չունի, վասնզի բոլորն ալ դեռ փոքր են եւ զուրկ են այդ բոլորը ընկալելու, ընդունելու եւ մարսելու հոգեբանական պատրաստականութենէն: