Showing posts with label Պետրոս Շիրինօղլու. Show all posts
Showing posts with label Պետրոս Շիրինօղլու. Show all posts

24.5.18

Մարդը, որ կ՚ուզէ քանդել 132-ամեայ սրբութիւնը, եւ՝ ոչ միայն…

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՊԷԼԵԱՆ (*)
 
Մայիս 10-ին, Համբարձման տօնին, աւանդաբար նշուած է Պոլսոյ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան տարեդարձը եւ կրօնական ու աշխարհիկ հանդիսութիւններով համայնքը մէկտեղուած է «մեր Գթութեան յարկի շրջափակին մէջ», ինչպէս կը գրէ «Մարմարա»:
Այս առիթով ունեցած իր ելոյթին մէջ, հիւանդանոցի ատենապետ յարգելի պարոն Շիրինօղլու իրեն յատուկ ազգասիրական մարգարիտներով կրկին փայլած է, ըսելով որ պէտք է միացնել մեր դպրոցները, օրինակ՝ Կեդրոնական-Էսաեան, Գարակէօզեան-Ֆէրիգիւղ, խօսելով «խնայողութիւն ընելու հրամակայականին մասին, շեշտելով որ յառաջիկայ օրերուն տագնապալի օրեր պիտի ունենանք»: Հոս կ՚ընդգծեմ պէտք է-ն, քանի որ կատարուածը հաստատում մը կամ թելադրանք մը չէ իրականութեան մէջ, այլ՝ ուղղակի սպառնալիք մը, քանի որ ելոյթին շարունակութեան մէջ այդ սպառնալիքը ամենայն մերկութեամբ նշուած է. «Այդ պարագային է որ Հիւանդանոցը օժանդակութիւն պիտի կատարէ, հակառակ պարագային պիտի չընէ բացարձակապէս»: Ասիկա, պարոն Շիրինօղլուի վերջին հնարքն է, որու նախաճաշակը արդէն ան տուած էր քանի մը ամիս առաջ ալ:

14.11.17

Բարակ գիծ մը



ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Անցեալ Հոկտեմբեր 14-ին, Պոլսոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով նշուած էր Հայաստանի երկրորդ անկախութեան տարեդարձը գեղարուեստական յայտագրով մը, որուն մասնակցած էին Երեւանէն յատկապէս հրաւիրուած «Կադանս» (իմա՛՝ ֆր. cadence) նուագախումբը եւ Պոլսոյ «Մարալ» պարախումբը։ Փառաշուք համերգը, որ կազմակերպուած էր Սեւ ծովու Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան կողմէ՝ կարգադիր յանձնախումբի մը անմիջական գործակցութեամբ, հոծ բազմութեան ներկայութիւնը վայելած է։ Ձեռնարկի աւարտին, յուշանուէրներ յանձնուած են բոլոր մասնակից ու աջակից անձնաւորութիւններուն։

4.8.16

Վերջին արար Մխիթարեանի մէջ

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
 
Ծ.Խ.- «Մաղթելի է, որ պատկան մարմիններու միջամտութիւնը այս դէպքը հարթէ, ու նման ժամանակավրէպ, "ամիրայական" կեցուածքներ այլեւս տեղ չգտնեն Սփիւռքի հանրային կեանքին մէջ», կը գրէինք 17 Յունիսին իբրեւ ներածական Սեւան Տէյիրմենճեանի յօդուածին, ուր ան կը պատմէր, թէ ինչպէ՞ս դուրս դրուած էր Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչի իր պաշտօնէն՝ առանց որեւէ բացատրութեան, տրամաբանական թէ անտրամաբանական։ Դժբախտաբար, հակառակ ազդու միջամտութեան իսկ, կամայականութիւնը իր հերթական յաղթանակը տարաւ. Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր ժամուց» վէպին նիւթը յիշեցնող այս պատմութեան մէջ «խաւարի ասպետները» (ուրիշ գրագէտի մը՝ Նուպար Չարխուտեանի խորագիրը փոխ առնելով) հասան իրենց նպատակին։ Մինչեւ ե՞րբ պիտի հանդուրժենք, որ մեր ճակատագիրը որոշուի գրչի հարուածներով եւ... մատի թափահարումներով։