ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
«Արաս»
հրատարակչատունը ընթերցողներու սեղանին դրած էր Անդրանիկ Ծառուկեանի
«Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» ինքնապատումին թրքերէն թարգմանութիւնը՝
վաստակաշատ կրթական մշակ Քլեմանս Զաքարեան-Չելիքի թարգմանութեամբ։ Քանի մը
նշումներ, ուրեմն, Ծառուկեանի այս գիրքին առթիւ։
Հայ
գրականութեան մէջ մանկութեան շրջանի ներկայացումը, յուշագրական
ոճով թէ գեղարուեստական, բաւական հարուստ աւանդութիւն մը ունի։ Մեծ
Եղեռնէն յետոյ մանաւանդ, որբերուն կեանքը, Առաջին աշխարհամարտի
արհաւիրքներուն ազդեցութիւնը փոխանցուած են պատկերաւոր ոճերով
թէ իրապատում գրուածքներով։ Մանկութեան աշխարհի անմեղ ու լուսաւոր
շրջանները բազմաթիւ գրողներու համար վերածուած են իտէալական
վայրի մը, ուր փորձած են վերադառնալ իրենց հասուն տարիքին։ Կա՛մ
իրենց մանկութեան, կա՛մ այլոց մանկութեան եւ կամ ուղղակի մանուկներու
միջոցով մանկութիւն կոչուած ժամանակը առհասարակ եղած է
ստեղծագործող անհատներուն ուշադրութեան կեդրոնին։ Արդարեւ, մեր
գրականութեան մէջ մանկութեան մասին գրուած բոլոր գիրքերուն մէջ
առանձնայատուկ տեղ մը կը գրաւէ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն
չունեցող մարդիկ» ինքնապատումը, որ որպէս թերթօն «Նայիրի»
հանդէսին մէջ հրատարակուելէ վերջ, 1955-ին տպագրուած է առանձին
գիրքով, Պէյրութի մէջ։ Գիրքը հետագային արժանացած է բազմաթիւ
վերահրատարակումներու Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի, եւ թարգմանուած
նաեւ բազմաթիւ օտար լեզուներու՝ ռուսերէնի, անգլերէնի,
ֆրանսերէնի, արաբերէնի, պարսկերէնի եւ հիմա նաեւ թրքերէնի (*)։