ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լուսանկար մը կայ, որ վերջին շրջանին հրապարակուելով, սիրելի
դարձած է շատերուն: Շամիրամ Սեւակն է լուսանկարին մէջ՝ խնամուած,
ազնուական դիմագիծով, սպիտակահեր հայուհին, որ լուսանկարին
մէջ ինքն ալ ձեռքը արծաթագոյն շրջանակով լուսանկար մը բռնած է: Այդ
մէկը լուսանկարուած է մէկ-երկու տարի առաջ՝ Ֆրանսա, Նիս:
Սեւ-ճերմակ այդ լուսանկարը մեծ դեր ունեցած է Շամիրամ Սեւակի
կեանքին մէջ: Լուսանկարը կը պատկերէ երկու անձինք՝ Ռուբէն Սեւակն
ու գերմանուհի կինը՝ Եանի Ափփելը: Շամիրամ Սեւակի ծնողքն է,
նահատակ գրող՝ Ռուբէն Սեւակն ու անոր հաւատարիմ կողակիցը՝ Եանի
Ափփելը: