14.11.26

Հաշուեփակ՝ վաղուան համար

 ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Պարսաւագիրները, որոնք առհասարակ հեղինակի ինքնասիրութիւնը, քինախնդրութիւնը կամ գաղափարախական հայեացքները կը ցոլացնեն, յաճախ թիւրիմացութեան, նենգափոխութեան կամ տգիտութեան արդիւնք են, հետեւաբար՝ մեռելածին։ Անոնք նաեւ կը յաջողին գրողը... գրչակի վերածել։

Ուշ, բայց ոչ ուշացած այս անդրադարձին համար սպասեցինք կեանքի բնական թաւալքին, գռեհկութեան եւ զրպարտութեան ժայթքում մը եւս կանխելու նպատակով։ 

2011-ին, ամերիկահայ գրող Թորգոմ Փօսթաճեան (1926-2023) լոյս ընծայած էր «Վահան Թոթովենց. ներբող իր [ԱՆՈՐ] փառապանծ անձին եւ [ՈՒ] վաստակին եւ հաշուեյարդար սրբապիղծ ընդդիմագիրներու»՝ հայերէնի դէմ մեղանչող խորագրով պարսաւագիր մը։ Ստալինեան մաքրագործումներու եղերաբախտ զոհերէն Վահան Թոթովենցի (1889-1938) «սրբապիղծ ընդդիմագիրներու»ն դէմ այս «հաշուեյարդար»ին առաջին մասը (64 էջ) կ՚ամփոփէ ամերիկահայ մամուլին մէջ («Նոր կեանք» շաբաթաթերթ եւ «Նոր Հայաստան» օրաթերթ) տպուած երկու հայհոյագիրները եւ անոնց յարակից նիւթերը։ Այսպէս կոչուած «ներբող»ը՝ գիրքին երկրորդ մասը, Թոթովենցի կեանքին ու գործին երրորդ անգամ տպուած (Բագին»-էն եւ հեղինակի 2006-ի գիրքէ մը ետք) յօդուածով մը եւ գիրքերէ քաղուած լուսանկարներով ու պատահական կտորներով 50 էջ կը լեցնէ։

Առաջին հայհոյագրին (Օգոստոս 2007) թիրախը Մարկ Նշանեանն էր՝ 2002-ին Թոթովենցի մասին լոյս ընծայած յօդուածին համար, յաւելեալ թունոտ սլաքներով պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին (1932-2023), որ զայն հրատարակած էր իր խմբագրած գիրքին մէջ[1]։ Երկրորդը (Նոյեմբեր 2007) գրուած էր ընդդէմ տողերս գրողին, որ համարձակութիւնը ունեցած էր Փօսթաճեանի ըմբռնումի պակասն ու նախատինքներու առատութիւնը գրական փաստերով ի ցոյց հանել «Յառաջ-ի մէջ[2]։

Աւելորդ չէ նշել, որ «սրբապիղծ ընդդիմագիրներ»ը գոյութիւն ունէին միայն հեղինակի խելապատիկին մէջ։ Ո՛չ Մ. Նշանեան եւ ո՛չ ալ մենք գրած էինք Թոթովենցի դէմ, այլ՝ Թոթովենցի մասին։ Քսաներորդ դարու հայ գրականութեան բաժին ինկած 1915-ի եւ 1937-ի երկու աղէտները արգելք չեն կրնար ըլլալ, որ անոնց զոհերը գրական սրբադասման ենթարկուին։ Գրականութիւնը իբրեւ գրականութիւն ըմբռնող այս տեսակէտը, սակայն, գոյութիւն չունի զայն ազգային-հայրենասիրական հարցի վերածողներու մտքին մէջ։

Եզրափակիչ ձօնը առ «պատուական հայր» Վահան Թոթովենց կը բացայայտէ ջաղացքներու դէմ հերթական արշաւին անձնական դրդապատճառը։ 1950-1955-ին, Թորգոմ վրդ. Փօսթաճեան (այնուհետեւ կարգաթող) հովիւ էր Պոստոնի մերձակայ Ուոթըրթաուն աւանի Ս. Յակոբ առաքելական եկեղեցւոյ, ուր եղերաբախտ գրագէտի քոյրերէն մէկը՝ Ձայնիկ Թոթովենց-Ծովիկեան (կինը՝ հանրային գործիչ ու մտաւորական Յովհաննէս Ծովիկեանի), մայրաբար ընդունած է զինք իբրեւ «որդեգրեալ որդի»։ Այս սրտառուչ փաստը յայտնելով, պարսաւագրի հեղինակը կը գրէ, թէ «ճշմարիտ հարազատի զգայնութիւններով ես կը յաւակնիմ ըլլալ համեստ զաւակը քու մտածումիդ, քու անբասիր հայրենասիրութեանդ[,] նաեւ գրական գեղարուեստական անզուգական տաղանդիդ»։ (Խորհուրդ խորին է, թէ հեղինակի աստիճանակարգին մէջ ո՞ւր կը գտնուէին «անզուգական տաղանդ» Թոթովենցի բախտակիցները, ինչպէս Չարենցը, Բակունցը, Եսայեանը, հրաշքով վերապրած Մահարին...)։ «Մտածումի զաւակ»ը ստայօդ, լրբենի, անպատկառ («ընդդիմագիրներ»ուն համար գործածուած բառապաշարը նախաբանին մէջ) նախատինքներով ողողուած ու Թոթովենցի յիշատակը անարգող այս շեղջակոյտը կը ձօնէ... «քու նահատակութեամբ սրբացեալ անունիդ եւ անմոռաց յիշատակին»։

Նոյեմբեր 2007-ին, մեր դէմ ուղղուած հայհոյագրէն ետք, «Յառաջ»-ի մեր յօդուածը յղած էինք վերոյիշեալ երկու թերթերուն հրատարակութեան խնդրանքով, անոր կցելով ներածական ծանօթութիւն մը, որուն հետեւեալ պարբերութիւնը բաւարար կը նկատենք իբրեւ անդրադարձ պարսաւագրի զազրախօսութեան.

«Նման փողոցավայել գռեհկաբանութիւն պատասխանի արժանի չէ։ Հաւանաբար կը գտնուին անոր ոճը գնահատողներ, որոնք դարձեալ իրենց շնորհակալութեան գրաւոր կամ հեռաձայնային խօսքը կը յայտնեն հայհոյագրին։ Յուսալով որ ընթերցողներուն մէջ այդ մակարդակէն վեր անձեր ալ կը գտնուին, յարմար դատեցինք մեր գրութեան անփոփոխ վերհրատարակութիւնը՝ հարցին միւս երեսը ներկայացնելու նպատակով»։

Տեղեակ ենք որ «Նոր Կեանք», որ տարիներով «Յառաջ»-ի մեր գրութիւնները արտատպած էր, յօդուածը չհրատարակեց՝ ինչ-ինչ անձնական հաշիւներով, բայց «Նոր Հայաստան»-ի պարագային չենք կրցած անձամբ ստուգել մեզի հասած տեղեկութիւնը[3]։

Փօսթաճեան այնքան հոգ տարած է իր մտքի գոհարներուն, որ դրամ մսխած է զանոնք հատորի վերածելու համար։ Այս հաշուեփակը թերեւս օգտակար ըլլալ բոլոր անոնց, որոնք օր մը կրնան կարծել, թէ այդ պարսաւագիրը իր տպագրութեան թուղթը կ՚արժէ եւ թէ անոր պարունակած հայհոյանքները փաստի սովի նշան չեն։ Ընկերային ցանցերը ցոյց կու տան, որ նման անձեր չեն պակսիր այսօր եւ դժբախտաբար պիտի չպակսին նաեւ վաղը։

-------------------------------------------------
[1] Տե՛ս Marc Nichanian, “Vahan Totovents: Simulacrum and Faith Lent”, Richard Hovannisian (ed.), Tsopk/Khrrpert, Costa Mesa, Ca., 2002, էջ 419-451 (Խարբերդին նուիրուած 1998-ի գիտաժողովին ներկայացուած զեկուցումներու ժողովածոն)։ Յօդուածը մտած է Մ. Նշանեանի Writers of Disaster հատորին մէջ (Լոնտոն, 2002), որուն ֆրանսերէն բնագիրը լոյս տեսսծ է իբրեւ Entre l’art et le témoignage. Littératures arméniennes au XXe siècle եռագրութեան առաջին հատորը (Ժընեւ, 2006)։

[2] Վսրդան Մատթէոսեան, «Գրական ոստիկանութեան անվերջ վերադարձը», Յառաջ, 9, 10 եւ 11 Սեպտեմբեր 2007։ Ոչ-գրական բաժիններու կրճատումով, յօդուածը վերահրատարակուած է մեր Գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ հատորին մէջ (Անթիլիաս, 2009)։

[3] 2009-ին հանդիպած էինք Նիւ Ճըրզի այցելած երգիծանկարիչ Մասիս Արարատեանին (1929-2023), որ յայտնեց, թէ յօդուսծը կարդացած էր «Նոր Հայաստան»-ի մէջ։ 

«Նոր Յառաջ», 14 Նոյեմբեր 2026 

No comments:

Post a Comment