ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Սոյն խօսքը կարդացուած է Շաբաթ, 17 Հոկտեմբերին, Յ. Ճ. Սիրունիի «Այս հիւանդ, հանճարեղ պատանին...» հատորի ներկայացման ընթացքին, որ տեղի ունեցած է Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ (Պոլիս)։ Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած են Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան եւ Վարդան Մատթէոսեան, որ նաեւ գրած է յառաջաբանը։
Կ՚ողջունեմ բոլոր ներկաները, որոնք եկած են այսօր մեծարելու գիրք մը եւ անոր հետ կապուած երկու դէմքերը։ Անշուշտ, նկատի չունիմ սիրելի բարեկամս ու գործընկերս՝ Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմէճեանը, եւ այս տողերը գրողը, այլ այս գիրքին երկու հերոսները, այսինքն՝ հեղինակը՝ Յակոբ Ճ. Սիրունի, եւ «հիւանդ, հանճարեղ պատանի»ն՝ Միսաք Մեծարենցը։ Արդար եւ իրաւ է, որ Երեւան տպուած այս գիրքը առաջին անգամ ներկայացուի այն վայրին մէջ, ուր երկու դրսեցիները՝ Սիրունի եւ Մեծարենց, իրենց գրական մկրտութիւնը ստացան եւ իրենց մտաւորական դիմագիծը կերտեցին, այսինքն՝ Պոլիսը։
Խոստովանիմ, որ Մեծարենցը հայ բանաստեղծութեան իմ նախասիրած դէմքերէս չէ եղած, առանց բնաւ ուրանալու իր արժանիքները։ Պարզապէս զիս ամենէն աւելի հետաքրքրող անունները ուրիշ հասցէներու մէջ պէտք է փնտռել։ Բայց երբ 2012-ի շուրջ առիթը ունեցայ առաջին անգամ Սիրունիի այս մենագրութիւնը լման կարդալու Պէյրութի «Նայիրի» շաբաթաթերթի էջերուն մէջ, ո՛չ միայն պատեհութիւն մըն էր վերադառնալու Մեծարենցի գործերուն եւ ուրիշ աչքով մօտենալու անոնց, այլեւ մտածելու, որ կ՚արժէր մենագրութիւնը առանձին հատորով հրատարակել ու ընթերցողին վերադարձնել։ Գաղափարս կիսեցի Տէր Նարեկին հետ, մտածելով որ Պոլիսը այդ հրատարակութեան վայրը կրնար ըլլալ։ Տէր Հայրը խանդավառուեցաւ գաղափարով եւ զայն հետապնդեց բոլոր կարելի միջոցներով։ Չեղաւ, զանազան պատճառներով, զորս ինք ինձմէ աւելի մօտէն ծանօթ է։ Բայց ամէն պարագայի, ուրախ եմ, որ ի վերջոյ յարմար միջոցը յայտնուեցաւ եւ կարելի դարձաւ այս գիրքը ընթերցողին մատուցել։ Եւ կը յուսանք, որ ան պիտի չմերժէ զայն։
Սիրունի տարիներու ընթացքին քանի մը անգամ անդրադարձած է Մեծարեցին, եւ յատկապէս բազմաթիւ ուսումնասիրական եւ յուշագրական գործերով, որոնք տակաւին ցրուած են մամուլին մէջ, ոգեկոչած ու հանգամանալից կերպով ներկայացուցած է արեւմտահայ գրականութիւնը։ Այս մենագրութիւնը այդ մեծ ճիգին մաս կը կազմէ։ Բայց անոր վկայութիւնը, թէ ինչպէ՛ս խմբակ մը Մեծարենցի փառքը կազմող երկու գրքոյկները մինչեւ մահուան սնարը հասնող հալածանքի ենթարկած է՝ յանուն գրականութեան կատարեալ անհասկացողութեան, չէր կրնար լոյս տեսնել գլխաւոր պատասխանատուին՝ Ենովք Արմէնի ողջութեան, կանխելու համար հնարաւոր բանակռիւ մը։ Տէր Հայրը խնդրեց, որ ես յառաջաբանը գրէի։ Ա՛լ աւելի պարտաւորիչ կը դառնար, որ ո՛չ միայն Մեծարենցի գործերուն վերընթերցումով զբաղէի, այլ ամենէն աւելի ընթերցողին ներկայացնէի այն հանգամանքները, որոնք Սիրունին պարտադրած են իր «պարտքը» մարելու կեանքի վերջալոյսին։ Յառաջաբանը քանի մը ընթացիկ խօսքերէ աւելի, ուսումնասիրութիւն մըն է, որ թերեւս բան մը աւելցնէ մեր գիտութեան եւ յաւելեալ լոյս կը սփռէ այս երկու մեծ դէմքերուն՝ Մեծարեցի ու Սիրունիի վրայ։ Եթէ կարդացողը հաղորդական դարձած է այդ ճիգին, ուրեմն ես լիուլի բաւարարուած պիտի զգամ։
Այդ յոյսով ու այդ լոյսով կրկին կ՚ողջունեմ ներկաները եւ կը մաղթեմ բարի ընթերցում։

No comments:
Post a Comment