ԽԱՉԻԿ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ (*)
1916 թուականի առաջին օրը Յովհաննէս Խաչերեան արթնցաւ ձայնէն իր մօտերը գտնուող կնոջ մը, որ «Առաւօտ լուսոյ» շարականը կ’երգէր: Քանի մը երկվարկեան տեւեց, մինչեւ որ գիտակցեցաւ, թէ կը գտնուի ո՛չ թէ իր պապերուն հարազատ հողին` Պարտիզակի իր տան մէջ, այլ Ալ Պապ աւանին մերձակայքը գտնուող կեդրոնացման ճամբարի մը մէջ. աւան մը, որուն անունն իսկ նախապէս չէր լսած:
Յովհաննէս Ալ Պապ հասած էր նախորդ իրիկուն` 31 Դեկտեմբերին: Յորդառատ անձրեւին տակ ան եւ իրեն հետ եղողները մօտեցած էին քաղաքին դարպասներուն` ի զուր փորձելով կաշառքով քաղաք մտնել: Անոնց ստիպած էին երթալ մօտակայքը գտնուող կեդրոնացման ճամբար, ուր հազարաւոր հայեր ապաստանած էին վրաններուն տակ :
Յովհաննէս կարճ ժամանակի ընթացքին պիտի հասկնար, որ Ալ Պապի մէջ հայերը չքաւորութեան, հիւանդութեան եւ բռնութեան պայմաններուն զոհ կ՛երթան: Նոյնիսկ եթէ կենդանի մնային, մղձաւանջը տակաւին երկար պիտի տեւէր:
Սակայն Յովհաննէս կրցած է ողջ դուրս ելլել Ալ Պապի գաղթակայանէն, որուն մասին պատերազմէն ետք պիտի գրէր: Յովհաննէսին գաղթակայան հասնելէն 101 տարի անց, այս տողերը գրուած ատեն, ՏԱՀԵՇ-ի հակակշիռին տակ գտնուող Ալ Պապը կը գրաւէ թերթերուն խորագիրները: