Showing posts with label Արժանթին. Show all posts
Showing posts with label Արժանթին. Show all posts

22.5.25

Նորընտիր պապին հայկական ծագման հերթական առասպելը

 ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

14 Մայիսի առաջին ժամերուն, WhatsApp-ր իրերայաջորդ կարճ հաղորդագրութիւններ բերաւ մեզի, Մոնթէվիտէոյէն մինչեւ Պոլիս, հարց տալով, թէ ճի՞շդ է, որ նորընտիր Լեւոն ԺԴ. Պապը հայկական արմատներ ունի, որոնք կ՚երթան մինչեւ... Արժանթին։ Արձագանգն էին վարդապետի մը գրածին, որուն տեղ տուած էին լուրջ համարուող հայկական լրատուամիջոցներ ալ, որ կը կրկնէր թրքահայ ոմն Նուրհան Չեթինքայայի անլուրջ պնդումը, թէ իր մեծ մայրը քոյրն էր ծիրանաւոր Ռոպըրթ Ֆրէնսիս Փրեւոստի (Լեւոն ԺԴ. Պապի) մեծ հօր՝ էվէրէկցի Սեդրակ Բարսեղեանի, որ 1915-ին Արժանթին գաղթած էր, ուր ըստ երեւոյթին անունը փոխած կ՚ըլլար, իսկ յետոյ՝ Միացեալ Նահանգներ գաղթած, որդին ալ ըլլալով Louis Marius Prevost։ Մինչ էվէրէկցիները (եւ կեսարացիները ընդհանրապէս) 1910-1914 թուականներուն նկատելի թիւ մը եղած են դէպի Արժանթին գաղթականութեան, չենք կրցած հասկնալ, թէ ո՞ւր եւ ի՞նչ հիմքով «Բարսեղեան» մականունը պիտի դառնար Preboste (որ ֆրանսերէն prevost բառի սպաներէնն է, հաշուելով որ ենթադրեալ անուանափոխութիւնը տեղի ունեցած էր Արժանթինի մէջ), որուն հետ ամենահեռաւոր առնչութիւնն իսկ չունի։

12.1.18

«Աշխարհի առաջին հայազգի ջազմէնը» Հարաւային Ամերիկայի մէջ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Բազմաթիւ հետաքրքրաշարժ նիւթերու շարքին, վերջերս բանասէր Արծուի Բախչինեանը ընթերցողի ուշադրութեան յանձնած էր ճազի առաջին հայ մեկնաբանի՝ Կրեկորի (Գրիգոր Քէլէկեանի, 1897-1971) իւրայատուկ կենսագրութիւնը: Օրին, այդ յօդուածին հետեւեալ տողերը մեր հետազօտական «ախորժակը» սրած էին.
«1930-ին նրա անունը կապուել է մի խորհրդաւոր աւտովթարի պատմութեան հետ, ուստիեւ երաժիշտը մեկնել է Հարաւային Ամերիկա՝ խուսափելու համար բանտարկութիւնից: Նրա հեռանալուց յետոյ նախկին գրեգորեանները կազմել են նոր նուագախումբ՝ Ալէն Ռոմանի եւ Անդրէ Էքեանի ղեկավարության ներքոյ:
Հաստատուելով Արգենտինայումՙ Քէլէկեանը շարունակել է երաժշտական գործունէութիւնը, կատարել ձայնագրութիւններ Բուէնոս Այրէսում» (1):
1930-1932 թուականներուն Արժանթինի հետ կապը պատճառ դարձաւ, որ այդ բացը փորձէինք լրացնել: Այսպէս, բացայայտ դարձաւ, որ Գրիգոր Քէլէկեանը սերտ յարաբերութիւններու մէջ եղած էր արժանթինեան թանկոյի (ու ընդհանրապէս՝ Արժանթինի) առասպելական դէմք հանդիսացող երգիչ Գարլոս Կարտէլի (1895-1935) հետ՝ թէ՛ Ֆրանսայի եւ թէ՛ այնուհետեւ Պուէնոս Այրէսի մէջ:

9.10.17

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
 
Մինչեւ 2009-2010, Լատինական Ամերիկայի մէջ հակահայ արշաւը գրեթէ բացառապէս թրքական դիւանագիտութեան նախաձեռնութիւնն էր եւ կեդրոնացած Ցեղասպանութեան ժխտումի ջանքերուն վրայ: Այդ արշաւը, որ առաջ կը տարուէր մասնաւորաբար Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ երեք համայնքներու երկիրներու՝ Արգենտինա (*), Ուրուկուայ եւ Պրազիլ քաղաքական-դիւանագիտական շրջանակներու եւ հանրային կարծիքին ուղղութեամբ, չյաջողեցաւ:

23.9.17

Աշխարհի առաջին հայազգի ջազմէնը

ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ

Ջազի սիրահարները մեզանում մեծ թիւ են կազմում, սակայն քանի՞ հոգի կարող է տալ պատմութեան մէջ հանդէս եկած առաջին հայազգի ջազմէնի անունը...
Որքանով պարզել ենք, այդ անձը եղել է Գրիգոր Քէլէկեանը, յայտնի Գրեգոր [Gregor] բեմական անուամբ, որը 1920-ականների վերջին, 1930-ականների սկզբին ճանաչուած դէմք է եղել Ֆրանսիայի երաժշտական շրջանակներում:

18.7.16

Աշխարհի վրայ աւելի քան 10 միլիոն հայ կ՚ապրի

Ստորեւ տրուող տեղեկութիւնները, ի հարկէ, պէտք է որոշ վերապահութեամբ ընդունիլ։ «Գաղթականական ծառայութիւններ»ու եւ «հայկական կառոյցներ»ու տուեալներու համադրութեամբ կատարուած վիճակագրութիւն մը որքանո՞վ կրնայ վստահելի ըլլալ։ Արժանթինի ո՞ր մէկ գաղթականական ծառայութիւնը, օրինակ, 128.000 հայերու թիւ ունի, երբ հայերու գաղթականութիւնը վաղուց դադրած է (Հայաստանէն արտագաղթողներու թիւը բաղդատաբար փոքր է). կ՚արժէ յիշել, որ ո՛չ մէկ «հայկական կառոյց» երբեւէ ամբողջական մարդահամար մը կատարած է երկրին մէջ, իսկ եթէ մօտաւոր գնահատումներու մասին է, արդէն գիտենք թէ ի՞նչ արժէք ունին անոնք մեր իրականութեան մէջ։ Նոյնը պէտք է ըսել Պուէնոս Այրէսի 81.000 հայերուն մասին։ Արդեօք չե՞ն կրնար 84.000 կամ 78.000 ըլլալ։
Հետաքրքրական է, որ Սպանիոյ մասին սովորաբար 35.000-40.000 հայերու մասին կը խօսուի (հիմնականին համայնքը ծագում առած է Հայաստանէն արտագաղթողներու հաշուոյն), իսկ հոս կը տրուի 8.000 թիւը։
Վերջապէս, թէեւ խիստ կասկածներ կան, որ Հայաստանի մարդահամարներու թիւերը ճշգրիտ են, արդեօք ուրկէ՞ քաղուած է Հայաստանի ու Արցախի սահմաններուն մէջ ապրող 2.157.270 հայերու թիւը ։
Աւելցնենք, որ տարիներ առաջ, այս տեղեկութիւնները հաւաքած կեդրոնին պարտական էինք Արժանթինի երբեմնի նախագահ Գարլոս Մենեմի հայկական ծագումի չնաշխարհիկ գիւտը։ Տե՛ս մեր յօդուածը («Ազգ», 26 Սեպտեմբեր 2013), զոր կարելի է գտնել նաեւ սոյն կայքագրին մէջ («Հայկականք»)։

16.11.14

«Սփիւռքում հայ մնալու համար այլեւս միայն պատմութիւնը բաւարար չէ»

ՍՈՒՐԷՆ Թ. ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Ամէն անգամ, երբ առիթ է լինում Սփիւռքի ու սփիւռքահայութեան մասին գրելու, յատկապէս Հայոց մեծ ողբերգութեան հարիւրամեայ տարելիցի նախօրէին, ակամայ մտածում եմ` անհրաժեշտ է, որ բոլորս մէկտեղենք մեր կորովն ու վճռականութիւնը, յստակեցնենք իւրաքանչիւրիս անելիքը արդարութեան վերահաստատման եւ Հայոց պահանջատիրութեան արդարացի լուծման ճանապարհին: Այսօր շատ կարեւոր է, թէ ինչպէս է Սփիւռքի համար ներկայանում Հայրենիքը: Շատ սփիւռքահայերի համար նոյնքան հարազատ է մեր երկիրը, նրանք նոյն ձեւով ուրախանում ու տառապում են նրա լաւ ու վատով, աշխարհի տարբեր ծայրերում բնակուելով` նոյն ձեւով հպարտանում են մեր յաղթանակների եւ նուաճումների համար: Սակայն ոչ պակաս կարեւոր է, թէ ինչպէս է Հայաստանում ապրող մեր ժողովրդի համար ներկայանում սփիւռքահայութիւնն իր ազգային, հասարակական կեանքով, իր անուանի անհատներով, իր կառոյցներով ու գործունէութեամբ: Համոզուած եմ նաեւ, որ հայաստանցին պէտք է ճանաչի Սփիւռքը, հասկանայ, թէ որտեղից է գալիս իր` հեռաւոր, երբեմն նոյնիսկ երբեք չտեսած հայրենիքին օգտակար լինելու մղումը: Կարծում եմ, որ ամենաառաջնային պատմական անցեալի վէրքով հիմնական նմանութիւնը, որ մէկ դար շարունակ սեղմում է մեր կոկորդը, պիտի փոխարինելու գայ յաղթողի, բարգաւաճ ու հզօր լինելու, իր ապագան իր ձեռքով կերտողի զգացողութիւնը:Այս մտորումներով գնացի իմ լաւ բարեկամ, մերօրեայ սփիւռքահայ իրատես ու քաղաքական կեանքում մեծ փորձի տէր, հեռաւոր Արգենտինայում հայոց ցեղասպանութեան իրաւատէրերի առաջամարտիկ Սերխիօ Նահապետեանի հետ հարցազրոյցի:

4.9.14

Անմոռանալի Պետրոս Հաճեանը (մահուան Բ. տարելիցին առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
 
Երկու տարի ի վեր, Սեպտեմբերի 4-ը տխուր թուականի մը վերածուած է ինծի համար։ Տխուր եւ ափսոսալի թուական մը, որ մեզմէ խլեց սիրելի դէմք մը՝ գրագէտ, վաստակաշատ ուսուցիչ եւ բեղուն հրապարակագիր Պետրոս Հաճեանը։

19.8.14

Մեծ Եղեռնի 100ամեակը. Պապը պիտի պատարագէ եւ Վատիկանի նոր փաստաթուղթեր պիտի հրատարակուին

Հռոմի Փռանկիսկոս պապը Ապրիլ 12, 2015ին Մեծ Եղեռնի 100ամեակին առիթով պատարագ պիտի մատուցէ Վատիկանի Ս. Պետրոս Մայր տաճարին մէջ։ Վերոյիշեալ յայտարարութիւնը կատարած է Պուէնոս Այրեսի կարտինալ Մարիօ Փոլին, Օգոստոս 17ին, Պուէնոս Այրէսի հայ կաթողիկէ Նարեկի Ս. Տիրամօր եկեղեցւոյ մէջ կայացած պատարագի մը ընթացքին:

4.6.14

Ալիսիա Կիրակոսեանի՝ Րաֆֆիի «Խենթը»ի «թարգմանութեան» մասին

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ


Ինչպէս հաղորդած է «Նոր Յառաջ»ը, Մայիս 22ին իր մահկանացուն կնքած է բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեան՝ Լոս Անճելըսի մէջ, 78 տարեկան հասակին։
Արժանթին ծնած ու իր կեանքին առաջին 35 տարիները հոն ապրած, նախ՝ սպանագիր, յետոյ՝ անգլիագիր ու հայագիր (հիմնականին՝ արեւելահայերէն) բանաստեղծուհիին արտադրութեան արժեւորումը դեռ ճշդելի կը մնայ։
Այստեղ միայն կ՚ուզենք անդրադառնալ անոր կենսագրութեան մէկ մանրամասնութեան, որ կրկնուած է հայ մամուլի ու համացանցի երկայնքին, նաեւ՝ «Նոր Յառաջ»ի լրատուութեան մէջ. Ալիսիա Կիրակոսեան իբրեւ թէ հայերէնէ սպաներէնի թարգմանած է Րաֆֆիի «Խենթը» վէպը։
Այս պնդումը բացարձակապէս անհիմն է։

27.5.14

Մահ բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեանի

Մայիսի 22-ին Լոս Անջելէսում 78 տարեկանում իր մահկանացուն է կնքել հայ բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեանը, հաղորդել է Asbarez.com-ը:
Ծնուել է 1936 թ. Արգենտինայի Կորդովա քաղաքում: Կիրակոսեանը բազմաթիվ բանաստեղծական ժողովածուների հեղինակ է (հայերէն եւ իսպաներէն): Նաեւ իսպաներէն է թարգմանել Րաֆֆու «Խենթը»: (*)

27.2.14

Լոյս տեսաւ Լեւոն Շառոյեանի «Պուէնոս Այրէս, Արմէնիա փողոց» գիրքը

Լոյս տեսաւ հալէպահայ գրագէտ ու գրականագէտ Լեւոն Շառոյեանի նոր՝ «Պուէնոս Այրէս-Արմէնիա Փողոց»ը գիրքը։
«Ինչպէս անունէն ալ յայտնի կը դառնայ, այս գիրքը կը բովանդակէ այն յօդուածները, զորս ան գրի առած էր, երբ 2011 թուականին Պուէնիս Այրէս գացած էր, հրաւիրուած ըլլալով որպէս առաջին բանախօս այժմ հանգուցեալ Պետրոս Հաճեանի յոբելենական հանդիսութեան։ Յօդուածաշարքը ատենին հրատարակուած էր "Մարմարա"յի մէջ։ Ի՜նչ մեղք որ այս այցելութենէն հազիւ տարի մը վերջ Պետրոս Հաճեան անակնկալ մահով պիտի բաժնուէր մեզմէ։ Բայց անկէ առաջ Լեւոն Շառոյեան, շնորհիւ իւրայատուկ ուշադրութեան ու հայապահպանման գործերու նկատմամբ իր ունեցած բծախնդրութեան, Պետրոս Հաճեանի առաջնորդութեամբ առիթը ունեցած էր հաղորդուելու Պուէնոս Այրէսի հայկական շունչով, տեսակցութիւններ ունեցած էր զանազաններու հետ, պտոյտներ ըրած էր՝ միշտ իր մորթին վրայ զգալով Պուէնոս Այրէսի մէջ Արմէնիա անունով մկրտուած համեստ փողոցին հարուստ ապրումները», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։

26.9.13

Գարլոս Մենեմը հայ չէ՛

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
«Ազգ»ի Սեպտեմբեր 24-ի թիւին մէջ կարդացինք Մ.Խ. ստորագրութեամբ «Տարբեր երկրների հայկական ծագմամբ նախագահներ» գրութիւնը, որուն նիւթը, կ՚ըսէ հեղինակը, «քաղել ենք սոցիալական ցանցերից»: Յօդուածին հեղինակը (կ՚ենթադրենքՙ թերթի վաստակաւոր լրագրողներէն Մարիետա Խաչատրեանը) ներկայացուցած է Լիբանանի երկու, Սուրիոյ մէկ, եւ Արժանթինի մէկ նախագահ, որոնց հայկական ծագում վերագրուած է: Ան կը յայտնէ, թէ այդ նոյն աղբիւրներուն յիշած ու Լիբանանի երբեմնի նախագահ Քամիլ Շամունին վերագրուած հայկական ծագումը շինծու է:

2.9.13

Էտուարտօ Էօրնէկեանը օտարերկրեայ մեծագոյն ներդնողն է Հայաստանի մէջ

Օտարերկրեայ ներդրումներու ծավալը 2013ի առաջին կիսամեակին Հայաստանի մէջ կազմած է 293.1 միլիոն տոլար՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ նուազելով 34.7 առ հարիւրով: Այդ մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի Ազգային Վիճակագրական Ծառայությունը:

16.5.13

Թրքատեացութեան թոյնը կը շարունակէ թունաւորել

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒՔԵԱՆ

Այս [Ապրիլ 24ի] շաբթուան օրակարգը բնականաբար, կամ մի գուցէ ինքնաբերաբար, մեզ կը պարտադրէ խորհրդածել հայկական խնդիրներու մասին։ Արդէն իսկ ամէն օրուան համար միջոցառումներ կը կազմակերպուին, որոնց կը մասնակցինք մերթ ատենախօս, մերթ թղթակից ըլլալով։ Պարտինք յայտնել, որ ի տարբերութիւն սփիւռքահայութեան, մեր երկրին մէջ կազմակերպուած այդ բնոյթի միջոցառումներուն կազմակերպիչը կամ մղիչ տարրը՝ տեղւոյն հայութիւնը չէ, այլ երկրի ո՛չ հայ ժողովուրդները։ Դարձեալ ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, այս տարի հրապարակային հանրահաւաքները ծաւալած են դէպի երկրի այլ քաղաքները։ Ցարդ մեզի հասած լուրերուն համաձայն՝ հանրահաւաքներ եւ երթեր կազմակերպուեցան Իսթանպուլէն զատ, Անգարա, Իզմիր, Պրուսա, Տիարպէքիր, Ատանա, Մալաթիա, Պոտրում, Տէրսիմ եւ այլ քաղաքներու մէջ։

24.12.12

Ժան Ալմուխեան. «Որքան կարողացած եմ, իմ արուեստս ծառայեցուցած եմ հայապահպանութեան նպատակին»»

ՀԱՅԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ


2012 թ. լրացած է արժանթինահայ յայտնի երգահան  ու խմբավար Ժան Ալմուխեանի ծննդեան 80ամեակը եւ երաժշտական գործունէութեան 55ամեակը: Ան 1957էն ի վեր հիմնադիր ղեկավարն է Պուէնոս Այրէսի «Արաքս» երգչախումբին։ Ալմուխեանի յոբելեանը տօնուած է նաեւ Հայաստանի մէջ՝ Հոկտեմբեր 6ին «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահը տեղի ունեցած համերգով։  Ստորեւ կու տանք համերգի նախօրեակին կատարուած հարցազրոյցը։ .

15.11.12

Յարգա՛նք եւ զարմա՛նք այդ սերունդին

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անցեալները բարեկամ մը կը խօսէր, թէ հեռաւոր Արժանթինի մէջ վաստակաւոր կրթական մշակ մը (՚՚*)  իր մահկանացուն կնքելէ առաջ խնդրած է անմիջական իր բարեկամներէն, որ Դաշնակցութեան դրօշով ծածկուի իր դագաղը…
Յիշենք, որ տասնութ տարիներ առաջ նոյն այս մտաւորականը իր տասնեակ տարիներու ծառայութենէն ետք, կուսակցական պատիժ ստացած եւ հեռացուած էր շարքերէն: Սակայն հաւատարիմ իր կուսակցութեան, անցնող տասնամեակին միշտ ալ կարգապահ հայու իր ընթացքով եւ տարիներու իր փորձառութիւնը միշտ նորահաս սերունդին տրամադրութեան տակ դրած` ձեւով մը մղիչ ուժ մըն էր:

20.10.12

Հայրս

 ԱՒԵՏԻՍ ՀԱՃԵԱՆ

Հայրս ու մայրս իմ վրաս ծռած մտահոգութեամբ զիս կը դիտէին, մինչ քիթէս վազող արիւնը ծորակի ջուրին խառնուած դէմքիս վրայէն կը սահէր: Ընկեր մը զիս հրած էր Պուէնոս Այրէսի հին ակումբին աստիճաններէն: Երեք տարեկան էի, 1971-ին, եւ այս է հօրմէս ու մօրմէս ունեցած ամենահին յիշատակս:
Գործի բերումով, այս տարի փոխադրուեցայ Նիւ Եորքէն Սանթիակօ (Չիլէ), որոշ չափով անակնկալ զարգացում մը՝ 13 տարի Միացեալ Նահանգներ ապրելէ ետք: Օդանաւին մէջ կը մտածէի կեանքի անիւները դարձնող խորհրդաւոր շարժիչներուն մասին, անթափանցելի ուժերը, որոնք մեզ կը տանին անծանօթ եւ անսպասելի ուղիներէ, եւ որոնք մոլորակի սրտէն բխած երկրաշարժներու նման լեռներ կը կերտեն եւ աւեր կը գործեն, նոյն այդ մութ օրէնքները, որոնց հետեւանքով թիթեռնիկի մը թեւահարումը Փեքինի մէջ այնպիսի մթնոլորտային փոփոխութիւններ կը յառաջացնէ, որ ամիսներ ետք փոթորիկ կը պատճառեն Նիւ Եորքի մէջ, ըստ 1960-ականներու մշակուած օդերեւութաբանական տեսութեան մը: Ինչո՞ւ այս փոթորիկները մեր կեանքին մէջ, շատ անգամ մենք մեզի հարց կու տանք: Ինչո՞ւ Չիլէ, կը մտածէի, Անտեան բարձունքներուն եւ Խաղաղականի ալեկոծ յատակին մէջտեղ սեղմուած, աշխարհի ծայր ու վերջակէտ, Finis Terrae: Հայրս ալ իր մանկութեան հարց տուած էր՝ ինչո՞ւ Սուրիա, ապա՝ ինչո՞ւ Արժանթին, իսկ անպատասխան հարցականը կը մնայ, արդէն ընտանիքիս չորրորդ սերունդին համար՝ ինչո՞ւ հայրենիք չենք:

24.3.12

Արգենտինա Արգենտինա

ՄԱՐԻՆԷ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
 
Ո՞վ ա յիշում` երբ որ Մարկէսի «Հարիւր տարուայ մենութիւնը» հայերէն թարգմանուեց, ինչ եղաւ յետոյ: Մոգական ռէալիզմի յաղթարշաւ սկսուեց հայոց գրական աշխարհում: Մոգական ռէալիզմը էն ա, երբ որ անիրականն ու անհաւատալին պատմւում  են որպէս իրականում տեղի ունեցած: Մի քանի օր առաջ խօսք գնաց մոգական ռէալիզմի մասին, ու Վահրամ Դանիէլեանը յղում արեց, եթէ ճիշդ եմ յիշում, Մարիօ Վարգաս Լիոսային, որն ասել էր` եթէ լատինաամերիկեան իրականութիւնը նկարագրես չոր ռէալիստական ոճով` կը ստացուի հէնց մոգական ռէալիզմ: Անկեղծ ասած, կար ժամանակ ինձ թւում էր, թէ դա կարելի ա ասել հայ իրականութեան մասին` որ եթէ մեր հետ պատահող դէպքերը պատմենք ոնց որ կան` եւրոպացին դա կ՚ընկալի որպէս ֆանտաստիկա: Բայց էս ամէն ինչի մասին իմ բլոգում գրելու ցանկութիւնը գիտէ՞ք ինչու մէջս առաջացաւ: Որովհետեւ մի տաս օր առաջ ինձ զանգեցին Արգենտինայի դեսպանութիւնից, ելեկտրոնային հասցէս ճշտեցին ու նամակ ուղարկեցին` Արգենտինայի արտգործնախարարի յօդուածը Մալվինեան կղզիների մասին (բրիտանացիները դրանց ասում են Ֆոլկլէնդեան կղզիներ): Կ'ասէք` ի՞նչ կապ ունի սա մոգական ռէալիզմի կամ ֆանտաստիկայի հետ, ինձ ճանաչում են որպէս բլոգէր, դրա համար էլ ուղարկել են, ամենայն հաւանականութեամբ միւս բլոգէրներին ու լրագրողներին էլ ուղարկած կը լինեն նոյն էս յօդուածը, Արգենտինայի համար Մալվինների հարցը շատ կարեւոր ու ցաւոտ հարց ա, դէ դեսպանատունն էլ փորձում ա հայ հասարակութեանը տեղեակ պահել արգենտինեան դիրքորոշման մասին: Ամբողջ խնդիրն էն ա, որ էս երկրի դեսպանատան հետ իմ շփումը նախապատմութիւն ունի` մոգական ռէալիզմի ոճով ճակատագրի կողմից գրուած: Ես ոչ Մարկէսն եմ, ոչ էլ Բորխէսը, բայց փորձեմ էտ պատմութիւնը կարճ պատմել:

27.6.11

Հանդիպում՝ գրականագէտ եւ պատմաբան դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի հետ

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ Գրողներու Համախմբումին, երէկ` Հինգշաբթի, 23 Յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Կամար» պարբերաթերթի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում գրականագէտ եւ պատմաբան դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանին հետ` ներկայութեամբ գրողներու եւ գրասէրներու:

Արժանթինի հայկական դպրոցներուն իրավիճակին մասին

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ «Հայկազեան» համալսարանին, երէկ` Չորեքշաբթի, 8 Յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Հայկազեան» համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը, որուն նիւթն էր «Հայկական դպրոցները Արժանթինի մէջ երէկ եւ այսօր»: Օրուան դասախօսն էր պատմաբան-բանասէր Վարդան Մատթէոսեան: