ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒՔԵԱՆ
Այս [Ապրիլ 24ի] շաբթուան օրակարգը բնականաբար, կամ մի գուցէ ինքնաբերաբար, մեզ կը պարտադրէ խորհրդածել հայկական խնդիրներու մասին։ Արդէն իսկ ամէն օրուան համար միջոցառումներ կը կազմակերպուին, որոնց կը մասնակցինք մերթ ատենախօս, մերթ թղթակից ըլլալով։ Պարտինք յայտնել, որ ի տարբերութիւն սփիւռքահայութեան, մեր երկրին մէջ կազմակերպուած այդ բնոյթի միջոցառումներուն կազմակերպիչը կամ մղիչ տարրը՝ տեղւոյն հայութիւնը չէ, այլ երկրի ո՛չ հայ ժողովուրդները։ Դարձեալ ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, այս տարի հրապարակային հանրահաւաքները ծաւալած են դէպի երկրի այլ քաղաքները։ Ցարդ մեզի հասած լուրերուն համաձայն՝ հանրահաւաքներ եւ երթեր կազմակերպուեցան Իսթանպուլէն զատ, Անգարա, Իզմիր, Պրուսա, Տիարպէքիր, Ատանա, Մալաթիա, Պոտրում, Տէրսիմ եւ այլ քաղաքներու մէջ։