ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ
Տասը տարին անգամ մը, Միացեալ Նահանգներու տարածքին տեղի կ՚ունենայ
կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած մարդահամար մը, որ ժողովուրդի
թուաքանակը յստակացնելէ զատ, կը բացայայտէ նաեւ անոր ընկերա-տնտեսական ու
ժողովրդագրական իրավիճակը:
Ամերիկեան սոյն մարդահամարը առիթ կ՚ընծայէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ
բնակող որեւէ անձ՝ օրինական քաղաքացի կամ ոչ, հարցումներուն պատասխանելով
ինք իր մասին կամաւոր կերպով տեղեկութիւններ փոխանցէ երկրի վիճակագրական ու
ժողովրդագրական հարցերով զբաղուող գիտական եւ ուսումնասիրական
հաստատութիւններուն: Այս տուեալները բնականաբար կ՚օգտագործուին յաջորդող
տասը տարիներուն ընթացքին երկրին զարգացումը պատկերացնելու ու այդ
ուղղութեամբ ծրագիրներ մշակելու: Մենք եւս պիտի փորձենք օգտուիլ այս
մարդահամարէն, պարզաբանելու համար ամերիկահայութեան իրական թուաքանակը ու
անոր աշխարհագրական կեդրոնացումները, ինչու չէ նաեւ ներկայացնել որոշ
հետաքրքրական ընկերատնտեսական իրավիճակներ: